Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Ազատագրումի Օրը` 24 Օգոստոս 1944-ին, Երկու Հայ Զինուորներու Դերակատարութիւնը

Յուլիս 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կարօ Գէորգեանին «Ամէնուն տարեգիրք»-երը, 1954-էն 1968, աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայերու մասին հետաքրքրական դրուագներ, նշանաւոր հայերու կենսագրութիւններ, գաղութային հաստատութիւններու, եղելութիւններու եւ այլնի մասին հայկական սփիւռքի հանրագիտարանային արժէքաւոր հաւաքածոյ մըն է: Ստորեւ 1965-ի տարեգիրքէն, էջ 324, կը ներկայացնեմ դրուագ մը, որուն վրայ կ՛աւելցնեմ յաւելեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ: Նախ` Գէորգեանին գրածը.

«Փարիզ մտնող առաջին զինուորը 1944-ին (1).

«Անցեալ տարի (1964*) Փարիզի մէջ եռօրեայ հանդիսութիւններով տօնուեցաւ գերմանական ուժերուն անձնատուութեան եւ մայրաքաղաքի ազատագրումին 20-ամեակը: Արդարեւ, 24 օգոստոս 1944-ին էր, որ զօր. Լըքլերի ֆրանսական ուժերը Փարիզ մտան: Առաջին մտնողները եղան հարիւրապետ Ռեմոն Տրոնի զրահապատ կառքերը, որոնք կանգ առին քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, անհամար ֆրանսացիներու խանդավառ ցոյցերուն եւ բացագանչութեանց մէջ:

1. Աջէն երկրորդը` Գրիգոր Փիրլեան սաղաւարտով,  իր քշած «ճիփ»-ին քով, Փարիզի քաղաքապետարանին առջեւ: Ձախէն առաջինը` պէրէով, հաւանաբար ֆրանսական դիմադրութեան անդամ Տիգրան Լորենեանն է, որ Փարիզի ապահով ճամբաներէն ջոկատը քաղաքապետարան առաջնորդեց:
2. Աջէն երկրորդը Փիրլեան` թնդանօթին վրայ:

«Ճիշդ այդ պահուն, ֆրանսական Դիմադրութեան ճակատի կամաւորներուն կողմէ երկու օր առաջ ազատագրուած ձայնասփիւռի կեդրոնին խօսնակը` Փիեր Կրենես, բարձրախօսը ձեռքին ելլելով առաջին անգամ հոն հասած «Շանփոպեր» զրահապատ կառքին վրայ, յայտարարեց քաղաքապետարանի շէնքին առջեւը խռնուած բազմութեան.

«Հիմա պիտի լսէք Փարիզ մտած առաջին ֆրանսացի զինուորին, առաջին ֆրանսացի պարզ զինուորին ձայնը»: Եւ անմիջապէս բարձրախօսը բռնելով անակնկալի եկած եւ կառքին մէջէն դուրս ելած պարզ զինուորի մը դէմքին առջեւը` հարցուց անոր.

– Ո՞ր տեղացի էք եւ ո՞վ էք:

– Պոլսեցի եմ, անունս Գրիգոր Փիրլեան է,- պատասխանեց ան, ժողովուրդին խելայեղ ծափերուն եւ բացագանչութեանց մէջ:

Անակնկալի եկած հայ զինուորին պէս, այս տողերու ընթերցողներն ալ անակնկալի պիտի գան` անկասկած իմանալով, որ 24 օգոստոս 1944-ին Փարիզ մտած առաջին զինուորը եղած է հայ մը:

Ունկնդիրներն ալ հասկցա՞ն արդեօք զինուորին հայ մը եղած ըլլալը, թէ՞ Պոլսոյ անունը լսելով … թուրք մը կարծեցին զայն …

Չըսե՞նք այս առթիւ, թէ իրապէս ո՛ր քարը որ վերցնէք, տակէն հայ մը կ՛ելլէ անպատճառ…

Արդարեւ, բախտի ի՛նչ խաղ է, որ տասնեակ հազարաւոր ֆրանսացի զինուորներուն մէջ հայու մը կը վիճակուի առաջին անգամ Փարիզ մտնելու պատիւը»:

Նախ պէտք է ճշդել, որ Փիրլեանը հարիւրապետ Ռեմոն Տրոնի ղեկավարած, Փարիզ ուղղուող զրահապատ կառքերու ջոկատին առջեւէն առաջնորդող «Ճիփ» մակնիշի հրամանատարական ինքնաշարժին վարորդն էր: Այդպիսով է, որ կը դառնայ գերմանացիներուն կողմէ գրաւուած, Փարիզ մտնող առաջին պարզ զինուորը: Այլ խօսքով, Փիեր Կրենես վրան բաց «Ճիփ»-էն իջնող Գրիգորին հետ է, որ կը զրուցէ: Ստորեւ, զինուորական տոմարին մէջ նշուած` Փիրլեանի գլխաւոր քաջագործութիւնները:

3. Գրիգոր Փիրլեանի զինուորական տոմարին մէջ իր քաջագործութեան նշումը:

Մասնակցած է առանձնապէս երկու վտանգաւոր հսկողութեան խմբակի` 1944 հոկտեմբեր 31-ին եւ նոյեմբեր 1-ին, Վաքվիլի մէջ, (Փարիզէն 336 քմ արեւելք, Սթրազպուրկի մօտ*): Հոկտեմբերի 31-ի երեկոյեան ան ներթափանցած է գերմանական «Փենթըր» հրասայլի մը մօտ եւ երկու հրթիռ արձակած` անոր ուղղութեամբ: Նոյեմբեր 1-ի առաւօտուն թեթեւօրէն վիրաւորուած է հրասայլի ռումբէն, երբ իր ականանետով կը յառաջանար» (2):

Փիրլեան ծնած է Պոլսոյ Փերա թաղամասին մէջ, 16 սեպտեմբեր 1921-ին, հայ ընտանիքի մէջ: «Ազատ Ֆրանսա» բանակին միացած է Թունուզի մէջ, 1943-ին: Պատերազմէն ետք կը վերադառնայ դերձակութեան արհեստին: Կը մահանայ 20 նոյեմբեր 2007-ին, Նիսի մէջ, Ֆրանսա:

4. Տիգրան Լորենեան իր զաւակներուն հետ` շարժանիւին վրայ:    5. Ձախէն երկրորդը` հարիւրապետ Ռեմոն Տրոն, ետին` Գրիգոր Փիրլեան:

Փարիզի ազատագրումի այս փուլին մասնակից երկրորդ հայ մըն ալ կայ` Տիգրան Լորենեան (3), որուն մասին Կարօ Գէորգեան նշած չէ:

Ազատ Ֆրանսայի հրամանատարներէն Ֆիլիփ Լըքլեր, որուն պարտականութիւն տրուած էր Փարիզը ազատագրել գերմանացիներէն, Տրոնի ջոկատին հրահանգած էր Փարիզ հասնիլ եւ ազատագրել անոր խորհրդանիշը եղող քաղաքապետարանը: Ջոկատը ապահով կը հասնի Փարիզի հարաւային շրջանի Փորթ Տիթալի քառուղին, որ շուրջ 8 քմ հեռու էր Փարիզի քաղաքապետարանէն: Բոլորովին անտեղեակ գերմանական ուժերուն գտնուած վայրերէն եւ անցարգելներէն` ջոկատը կանգ կ՛առնէ այնտեղ: Փարիզի ժողովուրդը, որ երկար ատենէ ֆրանսացի զինուոր չէր տեսած, նախ կը կարծէ, որ անոնք ամերիկացիներ էին:

Ահա յանկարծ կը յայտնուի ընդյատակեայ Դիմադրութեան կամաւորներէն` «փարթիզան», նախկին զինուոր, փարիզահայ Տիգրան Լորենեանը, որ Տրոնին կ՛առաջարկէ իր ծառայութիւնները` անոնց քաղաքապետարան առաջնորդելու` խուսափելով գերմանական անցարգելներէն, որոնց ծանօթ էր ինք: Տրոն կը հեռաձայնէ հրամանատար Լըքլերին, որ կը հրամայէ հետեւիլ փարթիզանին:

Շնորհիւ Տիգրան Լորենեանին` փարիզեան դիմադրութեան ցանցերուն հետ գործող այս պատահական քաջ հետախոյզին, որ իր շարժանիւով` մոթոսիքլ, առաջնորդեց Փարիզը ազատագրել ու առաջադրանքը ունեցող Տրոնի շարասիւնը, նեղ ու երկրորդական, սակայն ապահով ճամբաներէ, մինչեւ Փարիզի քաղաքապետարանը ապահով կը հասնին: Ահա երկու հայեր` Տիգրանը իր շարժանիւով, շարասիւնին գլուխը, որուն կը յաջորդէ հրամանատարական ինքնաշարժը, որ կը վարէր Գրիգոր Փիրլեան, երեկոյեան ժամը 9:22-ին կը հասնին Փարիզի քաղաքապետարանը: Ուրեմն երկու ֆրանսահայեր կ՛ըլլան զայն ազատագրելու համար առաջին Փարիզ մտնողները:

6. Փարիզի ժողովուրդը կը տօնէ մայրաքաղաքին ազատագրումը 26 օգոստոս 1944-ին:

Լորենեան ծնած է 13 յունուար 1908-ին, Պոլիս, ան Մարսէյ հասած է 1922-ին իր ծնողներուն, երկու եղբայրներուն եւ երկու քոյրերուն հետ: 1930-ին կ՛ամուսնանայ եւ կ՛աշխատի իբրեւ կաթնագործ եւ պանրագործ: 30 յունուար 1981-ին է, որ մոռացութենէ կը փրկուի, երբ Փարիզի քաղաքապետ Ժագ Շիրաքի կողմէ կը պարգեւատրուի Փարիզ քաղաքի մետալով (վերմէյ մակարդակ), իսկ 31 դեկտեմբեր 1982-ին` 1939-45 թուականներու պատերազմի Ֆրանսայի յուշամետալով (France bar): Կը մահանայ 1998-ին:

Այս երկու հայերուն մասին տակաւին կը գրեն: Օրինակ` «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը 1 հոկտեմբեր 2021-ին. «Այս անծանօթը առաջնորդեց Փարիզը ազատագրողները 1944-ին (4),  (Cet inconnu qui a guidé les libérateurs de Paris en 1944) խորագիրով, ուր կը մատնանշէ, որ` «Պատմութիւնը երկար ատենէ մոռցեր է Տիգրան Լորենեանին անունը»: «Փարիզի ազատագրումը» կայքէջը ժամանակագրական կարգով կը նկարագրէ վայրկեանը վայրկեանին եղելութիւնները` նշելով մեր երկու հերոսները (5), նոյնպէս` (6) կայքէջը:

Ժան Մարի Տէտէեան` Շարլ տը Կոլ անուան հիմնարկի փոխնախագահը, 24 ապրիլ 2023-ին «Ինչո՞ւ Ֆրանսան կ՛ոգեկոչէ 24 ապրիլ 1915»-ը խորագիրով (7) երկար յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հայ ֆրանսական հազարամեայ պատմութեան, ականաւոր ֆրանսահայերու, Միսաք Մանուշեանի, Գրիգոր Փիրլեանի, Տիգրան Լորենեանի, Ազնաւուրի եւ տասնեակներով այլ հանրածանօթ հայերու մասին, որոնցմէ շատերը, ոչ հայկական անուններով, չէի գիտեր, որ հայ են:

Միւս կողմէ` Բ. Աշխարհամարտը սկսող Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին մտնող առաջին զօրախումբն ալ զուտ հայկական Թամանեան զօրախումբն էր, որուն զինուորները տհոլ զուռնայով քոչարի պարեցին: Այս մասին` յաջորդիւ:

22 յունիս 2024

Haroutchekijian.wordpress.com

———————-

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին:

  1. Ամէնուն տարեգիրքը, ԺԲ. տարի, 1965, Կարօ Գէորգեան, «Մշակ» տպարան, Պէյրութ, Լիբանան, էջ 324:
  2. http://www.francaislibres.net/liste/fiche.php?index=36524
  3. https://www.24-aout-1944.org/dikran-lorenian-l-eclaireur/
  4. https://www.lefigaro.fr/actualite-france/cet-inconnu-qui-a-guide-les-liberateurs-de-paris-en-1944-20211001
  5. https://liberation-de-paris.gilles-primout.fr/le-siege-de-la-prefecture-3
  6. http://mapage.noos.fr/liberation_de_paris2/episodeassistantessociales6.htm
  7. https://www.charles-de-gaulle.org/blog/2023/04/24/pourquoi-la-france-commemore-le-24-avril-1915
Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Բանահիւսական Պատումի Միջավայրը (Կրօնափոխ Համշէնահայերի Մի Զուարճապատումի Տարբերակները)» (Հեղինակ` Սերգէյ Վարդանեան)

Յաջորդը

Ֆրանսայի Եւ Բրիտանիոյ Ընտրութեանց Արդիւնքներուն Լոյսին Տակ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?