Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Բեմերու Տիրական Ներկան` Պայծառ Արզումանեան – Գարագաշեան

July 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Պայծառ Արզումանեան-Գարագաշեանը բազմատաղանդ եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւն մըն էր Համազգայինի թատրոնի եւ պարարուեստի կեանքին մէջ, սակայն անոր հետ իմ անձնական առաջին ծանօթութիւնս կու գայ պատանեկութեանս օրերէն:

1960-ական թուականներուն Զաւարեան աշակերտական միութիւնը սովորութիւն ունէր մասնակցելու Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի  կազմակերպած Ֆոլք տենսի միջազգային պարերու մրցումին, ուր բազմաթիւ այլ  խումբեր եւս կը ներկայանային, եւ բոլորը  պարտադիր  կը պարէին նոյն  պարը, նոյն երաժշտութեամբ:

Այս շատ ժողովրդականութիւն ունեցող մրցումը տեղի կ՛ունենար ամէն տարի, մայիս ամսուն,  Պէյրութի ամերիկեան  համալսարանի ֆութպոլի դաշտին վրայ:

Զաւարեան աշակերտական խումբին պատրաստութեան  պատասխանատուները երկու երիտասարդ պարուսոյցներ էին` գեղադէմ եւ բարեձեւ Պայծառ Արզումանեան-Գարագաշեանը, որ պատասխանատուն էր աղջիկներուն, իսկ տղոց` Վռամ Եղբայրեանը:

Մենք` խումբ մը ճեմարանականներ, բոլորովին անփորձ, պարզապէս ժամանակ անցընելու համար ներկայացանք ժողովրդային տուն (Դաշնակցութեան քաղաքի ակումբը), ուր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենար:

Շատ մը հայ աշակերտներ եւս եկած էին` յուսալով մաս կազմել այս պարախումբին:

Պայծառ եւ Վռամ  շատ լուրջ կերպով ընտրութեան ձեռնարկեցին եւ ընտրեցին միայն 12 զոյգ:

Կարճ ժամանակի մը մէջ Պայծառին եւ Վռամին ցուցմունքներուն շնորհիւ` խումբը  տիրապետեց զանազան եւրոպական, մէկ հայկական եւ մէկ արաբական պարերու:

Այսօրուան պէս կը յիշեմ Պայծառին ժպտադէմ դէմքը, վայելուչ  «queue de cheval» մազերը, փորձերու քաջալերանքը, յարատեւութիւնը:

– Հայտէ՛ աղջիկներ,- կ՛ըսէր ան,- այսօր փորձերը տարբեր պիտի ըլլան, այլեւս փորձ չէ, այլ սեպեցէք, որ հանրութեան առջեւ կը պարէք:

Պայծառ եւ Վռամ շաբաթներ հսկեցին, ուղղեցին`  խումբին ձեռքերու շարժումները, գլուխներու ուղղութիւնը, շարքերու ճշգրտութիւնը.  այսօր կ՛անդրադառնամ, որ միայն 15-16 տարեկան ըլլալու էինք, սակայն անոնց եռանդը, վճռակամութիւնը, հայ պարախումբ մը  ներկայացնելը պատուի հարց էր:

Է՜, իրենց պարուսոյցին վարկը պէտք էր պահել, մեզմէ առաջ միշտ խլած էին այս դաշտահանդէսի մրցումներուն առաջնութիւնը եւ կը կարծեմ, թէ կարճ ժամանակի մը մէջ մենք ալ, մեր կարգին, տուինք մեր լաւագոյնը:

Հանդիսութեան օրը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հայ ուսանողները ողողած էին դաշտը. քաջ գիտէին, որ Զաւարեան աշակերտականի պարախումբը պիտի շահի առաջնութեան մրցանակը, եւ երբ հայկական տարազներով մուտք գործեցինք դաշտ, հուռռա՛ներով դիմաւորուեցանք եւ, ըստ ակնկալութեան, շահեցանք մրցումը:

Յիշողութեանս մէջ պարի փորձերը աւելի ցայտուն կը պատկերուին, քան` այդ օրը:

Պայծառ Գարագաշեանին շնորհիւ երբ մաս կազմեցի Զաւարեան աշակերտական պարախումբին, կրնամ ըսել շատ  հաճելի ընկերային  մթնոլորտ մը վայելեցի, բայց այսօր հարց կու տամ ես ինծի` այդ երիտասարդ տարիքին Պայծառ ուրկէ՞ իւրացուցած  էր այդքան տարբեր պարատեսակներ…

Վալսի համաչափութիւն ու սահունութիւն, փոլքայի կշռոյթ եւ  պտոյտներ, ռուսական զիկան, արեւմտեան սքուեր տենսի աղջկանց եւ տղոց տեղերու փոխանակում, խաչաձեւում, արաբական տապքէի շարժուձեւեր, ուսերու խաղ, հայկական աղջկանց պարի նազանք:

Լիբանանի մէջ այդ թուականներուն չեմ կարծեր, թէ այդպիսի միջազգային պարերու դպրոց մը գոյութիւն ունեցած ըլլար:

Պայծառին եւ Վռամին շնորհիւ` Զաւարեանի աշակերտական խումբի մէջ  մարզուեցան հայ տղաք ու աղջիկներ, որոնք նաեւ բազմիցս տիրացան ֆոլք տենսի առաջնութեան:

Կրնանք ըսել, որ Պայծառ Գարագաշեան տոքթոր եւ տիկին Աբրահամեաններու  պարախումբերու նախաքայլ դնողներու աջակից եղաւ,  մենապարուհի` Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, տիրապետեց զանազան ազգերու պարարուեստին:

Կեանքի գոհունակութեան գաղտնիքը բնազդ էր Պայծառին մէջ: Ան սիրով պարարուեստը փոխանցեց սերունդներու, իսկ իր պարի եւ թատերական  տաղանդով երկար տարիներ մնաց Համազգայինի «Քնար» պարախումբի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմերուն  վրայ:

Յիշատակդ վառ կը մնայ, սիրելի՛ Պայծառ:

 

 

 

 

Նախորդը

Անունին Պէս Պայծառ

Յաջորդը

Հայ Մշակոյթն Ու Հայկականութիւնը Սիրող, Անոր Ծառայող Եւ Պաշտպան Հանդիսացող Պայծառ Գարագաշեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.