Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մշակոյթն Ու Հայկականութիւնը Սիրող, Անոր Ծառայող Եւ Պաշտպան Հանդիսացող Պայծառ Գարագաշեանի Յիշատակին

July 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւ այսպէս անցան 40 օրեր Պայծառ Գարագաշեանի ֆիզիքական բաժանումէն: Անունն իսկ կը վկայէ, որ ան պայծառ էր թէ՛ մտքով, թէ՛ հայեցի շունչով: Մանկութեան օրերէն ան յաճախած է Ճեմարան, հասակ նետած է հայեցի շունչով ու դաստիարակութեամբ լի ընտանիքի մէջ եւ նուիրուած է հայ մշակոյթին: Ճեմարանը աւարտելէ ետք Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն ստացած է մանկավարժութեան վկայական: Եղած է Թորգոմեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի եւ  Լուսին Մալիքեանի հովանիին ներքոյ աշխատած է երկար տարիներ` հայ մշակոյթին հանդէպ իր սէրն ու գուրգուրանքը փոխանցելով հայ մատղաշ սերունդին:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եղած է դպիր, ՀՄԸՄ-ի մէջ` արենուշ: Աւելի ուշ մաս կազմած է Բարսեղ Կանաչեանի խմբավարութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ինչպէս նաեւ եղած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբին մենակատարը: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վաստակաւոր դերասանուհիներէն է, մարմնաւորած է բազմաթիւ դերեր:

Պայծառ Գարագաշեանի կեանքին մէջ Ճեմարանը լոկ դպրոց եւ վարժարան մը չէ եղած: Ան կը հաւատար Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին եւ ամէն գնով մինչեւ իր վերջին շունչը ջատագովն ու նեցուկն էր Ճեմարանին: Ան 1956-ի շրջանաւարտ էր:

Խառնուածքով ուրախ, աշխուժ եւ լայնասիրտ էր Պայծառը:

1965-էն սկսեալ անդամակցած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին` ստանձնելով զանազան դերեր, զանազան թատրոններու մէջ իր տաղանդով գրաւելով հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը եւ խումբին անմասն մէկ տարրը դառնալով: Ան խումբին հետ մասնակցած է նաեւ զանազան շրջագայութիւններու` դէպի Թեհրան, Նոր Ջուղա եւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա եւ այլն:

Բեմին վրայ տիրական, սիրուած եւ տաղանդաշատ ներկայութիւն եղած է Պայծառ Գարագաշեան, որ հայ թէ օտար հեղինակներու տարբեր թատերախաղերու մէջ ստանձնած է կարեւոր ու դժուար դերեր եւ զանոնք մարմնաւորած է ամենայն հմտութեամբ ու բնականութեամբ: Ան սիրուած եւ փնտռուած անձնաւորութիւն էր նաեւ իբրեւ մարդ` հայ գիրին, մշակոյթին, արուեստին, թատրոնին, դպրոցին եւ հայկական արժէքներուն հաւատացող եւ կարելի եղածին չափ անոնց պաշտպանը հանդիսացող:

Մեզմէ առյաւէտ բաժանումով չի փակուիր անոր գիրքին էջը այս աշխարհին վրայ, որովհետեւ ան պիտի ապրի հայկական, յատկապէս մշակութային ու կրթական կեանքին մէջ ունեցած իր ներդրումով, նուիրական աշխատանքով եւ կերտած բեմական կերպարներով:

Նման անձնաւորութեան մը կորուստը ծանր է բնականաբար, սակայն անոր յիշատակը անմար պիտի մնայ բոլորիս մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Թատերախաղեր, Որոնց Մէջ Պայծառ Գարագաշեան Դերեր Ստանձնեց

– Լ. Փիրանտելլօ` «Պատուի վայելքը»: 1966-ին ներկայացուած է Պէյրութի եւ աւելի ուշ Թեհրանի մէջ:
– Կրետի եւ Պարիլլէ` «Փշածաղիկ»: 1967-ին` Պէյրութ, ապա` Թեհրան:
– Լեւոն Շանթ` «Եսի մարդը»: 1965-ին` Պէյրութ, 1968-ին` Թեհրան:
– Րաֆֆի` «Ոսկի աքաղաղը»:

1957-էն մինչեւ 1971` Պէյրութ, Պաղտատ, Թեհրան, Հալէպ, Նիկոսիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Պուէնոս Այրես, Մոնթէվիտէօ, Սան Փաուլօ, Նոր Ջուղա:

– Լեւոն Շանթ` «Կայսրը»:

1945-ին Պէյրութ, 1969-ին` Լոս Անճելըս, Տիթրոյթ, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Մոնրէալ:

– Քլոտ Մանիէ` «Օսքար»:
– Մուշեղ Իշխան` «Մեռնիլը որքան դժուար է»:
– Ժագ Ս. Յակոբեան` «Կռունկը կը կանչէ»:

«Եսի մարդը»
«Ոսկի աքաղաղը»
Նախորդը

Համազգային Բեմերու Տիրական Ներկան` Պայծառ Արզումանեան – Գարագաշեան

Յաջորդը

Իսկէնտէրեանի Եւ Կիրակոսեանի Գեղանկարները` Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Յարկին Տակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.