Կը Սպասենք Լուսաւոր Վաղուան
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Դարձեալ ես ինծի հետ հաշտ չեմ: Շուարած եմ: Կարծես բան մը նորէն փլած է հոգիիս մէջ, բազմախաւ տառապանքի նման: Որովհետեւ ազգային ալեկոծութիւններն ու մեր երազանքները կեանքի սովորական հոլովոյթը դժուարացուցած են: Նաեւ ազգովին դժգոհ ենք իրարմէ: Գանգատներ շատ ունինք: Մեր բոլորին երջանկութիւնը կորսուած է: Կասկածը իր հակասական զգացումներով կերած է նաեւ մեր հոգին: Անոր համար հանգիստ չունինք: Ամէն մարդ...




















