Նշմար. Ռո՜ւհ, Պալլեթ Ըլ-Պահըր…(*)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եւրոպական խորհրդարանը, ձայներու յստակ առաւելութեամբ, քանի մը օր առաջ բանաձեւ մը որդեգրեց, որուն մէջ խտացուցած է Ազրպէյճանը գրեթէ ամէն բանի մէջ դատապարտող, Արցախի եւ արցախցիին իրաւունքները անգա՛մ մը եւս ամրագրող, Միջազգային ատեանի (եւ բազում այլ) որոշումներու եւ վճիռներու կենսագործման պահանջը (քննարկումներուն ընդմէջէն, չմոռցուեցան Ազրպէյճանի «խաւիարի քաղաքականութենէն» օգտուող կաշառակերները...): Երկրորդական է (թէեւ ոչ` անկարեւոր) այն, որ այս բանաձեւը կ'որդեգրուի...




















