Թոռնիկդ` ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Այս գրութիւնը 2011 թուականին տրուած խոստումի մը գործադրութիւնն է:
Բնականաբար փափաքս էր, որ աւելի ուշ կատարեմ զայն, բայց «կեանքին օրէնք»-ին պարտադրած իրականութեան պատճառով, այսօր արդէն` խոստումս յարգած, կը գրեմ:
Մեծ հօրս` Յակոբ Պալապանեանի մահուան քառասունքին, երբ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած էր յօդուածս` «Մեծ հօրս յիշատակին» վերնագիրով, մեծ մայրս` Վարդուհի Պալապանեանը կարդալէ ետք, իր գեղեցիկ ժպիտով ըսաւ. «Շատ աղուոր գրած ես, ես ալ երբ մահանամ, իմ մասիս ալ կը գրես, չէ՞»: Կատակելէ եւ անշուշտ երկար կեանք մաղթելէ ետք համաձայնեցայ` «Կը գրեմ»:
«Ազդակ» օրաթերթի այդ էջը միշտ իր կողքին էր, եւ ամէն անգամ, որ կ՛այցելէի, անպայման կը նշէր, որ տակաւին պահած է այդ գրութիւնը, եւ որ` յաճախ կը կարդայ:
40 օրեր առաջ մեծ մայրս լուռ հեռացաւ այս աշխարհէն եւ այս իրականութեան պատճառած ափսոսանքին ու ցաւի կողքին, «հանգչեցաւ, աւելի չչարչարուեցաւ» արտայայտութիւնը յաճախ կրկնեցինք ու կը շարունակենք կրկնել, որովհետեւ իր կեանքին վերջին տարիներուն յոգնած էր իր մարմինը, իսկ վերջին ամիսներուն ան գրեթէ անկարող էր նոյնիսկ ամենատարրական շարժումները կամ պէտքերը կատարել:
Բայց այս գրութիւնը այդ բոլորին մասին չէ, այլ մեծ մօրս յիշատակը վառ պահելու փորձ մը եւ միջոց մըն է:
Այդ փորձին մէջ առաջին հերթին պէտք է անպայման յիշել իր գեղեցկութիւնը, աչքերուն բիբերուն կապոյտի երանգը եւ միշտ կոկիկ եւ վայելուչ հագուածքն ու քալուածքը:
Պէտք է անպայման յիշել իր ազնիւ նկարագիրը, բարի ու գուրգուրոտ սիրտն ու հոգին:
Իր ամուսինին` լաւ կին էր, իր չորս զաւակներուն` լաւ մայր, եւ իր վեց թոռներուն` լաւ մեծ մայր:
Առատաձեռն էր, վարպետ խոհարար` ամէնէն համեղ ճաշերու բաղադրատոմսերը իր մտքին մէջ պահած:
Կը սիրէր կեանքը, միշտ բարի ժպիտը դէմքին, միշտ անկեղծ, միշտ պարզ, հեռու` ձեւականութիւններէ:
Յարգուած էր ու կը յարգէր բոլորը: Կը յարգէր ու կը պահպանէր մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները եւ հաւատացեալ էր:
Անդամ էր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, որուն ճամբով ալ իր կարելին ըրած է ծառայելու ազգին ու ժողովուրդին:
Եւ այս բոլոր վերնագիրներուն տակ կ՛ամփոփուին 85 տարիներու վրայ երկարող մեծ մօրս երկրային կեանքը: Իսկ արդէն 40 օր է, ան կը հանգչի իր ամուսինին կողքը` Այնճարի մէջ:
Խաղաղօրէն ննջէ, մեծ մամա, եւ շարունակէ քու երկնային կեանքդ` մեր բարեւներն ու կարօտը փոխանցելով բոլոր մեր հարազատներուն, յատկապէս մեծ պապային եւ քու փեսայիդ:
Այսօր խոստումս յարգեցի: