Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարի Հաստատմա՞ն, Թէ՞ Ընտրական Նպաստաւոր Մթնոլորտի Ստեղծման Փորձ

Նոյեմբեր 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակներ Էյմըս Հոքշթայն եւ Պրեթ ՄքԿըրք 31 հոկտեմբերին այցելեցին Երուսաղէմ, ուր հանդիպում ունեցան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն մը:

Անոնց առաքելութիւնը, սակայն, սկիզբէն դատապարտուած էր ձախողութեան: Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը կը գտնուի իր իշխանութեան վերջին քանի մը օրուան մէջ, ուստի չի կրնար երաշխաւորել իր միջնորդութեամբ գոյացած որեւէ համաձայնութիւն, այդ պատճառով ալ իսրայէլեան կողմը բնականաբար կը նախընտրէ քիչ մը եւս սպասել եւ նոր վարչակազմին հետ աշխատիլ:

Ամերիկեան վարչակազմին համար 5 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն օրեր առաջ համաձայնութեան գոյացումը կրնայ նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուին նպաստաւոր ըլլալ եւ անոր որոշ թիւով յաւելեալ քուէներ ապահովել:

Իսրայէլի վարչապետը բնականաբար կը նախընտրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ կողմ չըլլալ կամ առնուազն չօգնել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որուն հետ յարաբերութիւնները այնքան ալ դրական չէին: Այդ պատճառով ալ Իսրայէլի վարչապետը ականահարեց ամերիկեան ջանքը` ճշդելով այնպիսի պայմաններ, որոնք հաստատօրէն անընդունելի պիտի ըլլան լիբանանեան կողմին համար: Նեթանիահուն նաեւ նախագահական ընտրութենէն քանի մը օր առաջ, ներկայ վարչակազմին վերջալոյսին անոր ու դեմոկրատականներուն պիտի չտայ այն, ինչ որ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր` ամբողջ 13 ամիսներ մերժած էր տալ:

Ամերիկեան վարչակազմը վերոնշեալները լաւ գիտէ, ուստի իր պատուիրակները Իսրայէլ ուղարկելուն իսկական նպատակը քարոզչական է: Վարչակազմը կը մեկնի այն մտածումէն, թէ այցելութիւնը, եթէ յանկարծ դրական արդիւնք տայ, շա՛տ աղէկ, իսկ եթէ նոյնիսկ շօշափելի արդիւնքի չյանգի, առնուազն լաւատեսութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ այն դրական տպաւորութիւնը, թէ ներկայ վարչակազմը կը շարունակէ մինչեւ վերջին րոպէ զինադադարի հաստատման համար աշխատիլ: Դեմոկրատական վարչակազմը այս ձեւով եւս ընտրական որոշ կէտեր կ՛արձանագրէ, թէեւ` թիւով ու ազդուութեամբ շատ աւելի նուազ, քան` համաձայնութեան մը ձեռքբերումը:

 

 

Նախորդը

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…

Յաջորդը

Հայերէնը Միայն Քերականութիւն Եւ Գրականութիւն Չէ

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?