Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Թեկնածուները Արցախամէտ Յայտարարութիւններ Կատարեցին. Դո՛ւք Որոշեցէք` Որո՞ւ Պիտի Քուէարկէք

Նոյեմբեր 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահական քարոզարշաւի թէժ մթնոլորտին մէջ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփն ու ներկայի փոխնախագահ Քամալա Հարիսը յայտարարութիւններ կատարեցին ամերիկահայ ընտրողներուն` խնդրելով անոնց աջակցութիւնը:

Նախորդ շաբաթ իր ընկերային ցանցի «Թրութ Սոշըլ» էջին վրայ Թրամփ յայտարարութիւն հրապարակեց` մեղադրելով Քամալա Հարիսը, որ` «Ոչինչ ըրաւ, երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ սարսափելի հալածանքներու կ՛ենթարկուէին եւ բռնի կը տեղահանուէին Արցախէն: Աշխարհի քրիստոնեաները ապահով պիտի չըլլան, եթէ Քամալա Հարիսը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ: Երբ ես նախագահ ըլլամ, պիտի պաշտպանեմ հալածուող քրիստոնեաները, պիտի աշխատիմ դադրեցնել բռնութիւնն ու ցեղային զտումները, եւ մենք պիտի վերականգնենք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ»:

Միւս կողմէ` Հարիս-Ուոլց քարոզարշաւի գրասենեակը 23 սեպտեմբեր 2024-ին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ մօտ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ մահուան կարաւաններու դատապարտուեցան: Ասիկա ողբերգութիւն է, որ կը շարունակէ կազմաւորել հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը… Ես հաւատարիմ կը մնամ կայուն ու մնայուն խաղաղութեան Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ, որոնք կը յարգեն  ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն ապահով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը կենսական նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնելու առումով: Ես կը շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան խթանման վերաբերող ջանքերուն…»:

Թրամփի յայտարարութիւնը չհրապարակուեցաւ Թրամփի քարոզարշաւի գրասենեակին կողմէ, ոչ ալ տեղադրուեցաւ անոր պաշտօնական կայքին վրայ, այլ տեղ գտաւ միայն անոր ընկերային ցանցի հարթակին վրայ, ինչ որ նուազ պաշտօնական կը դարձնէ զայն: Հարիսի յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ անոր քարոզարշաւի պաշտօնական թուղթով, սակայն չտեղադրուեցաւ պաշտօնական կայքին վրայ: Թրամփ օգտագործեց Արցախ եզրոյթը, իսկ Հարիսը շրջանին անդրադարձաւ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղ:

Դրական զարգացում է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական երկու թեկնածուները յայտարարութիւններ կատարեցին`  Հայաստանն ու Արցախը դարձնելով ամերիկեան ընտրական խօսոյթի մաս:

Գաղտնիք չէ, որ բազմաթիւ ամերիկահայեր յուսախաբ են երկու թեկնածուներէն: Թրամփ մատը մատին չդպցուց, երբ 2020 թուականին Ազրպէյճան յարձակեցաւ եւ գրաւեց Արցախի մեծ մասը իր նախագահութեան օրով: Հարիս եւս ոչինչ ըրաւ իբրեւ փոխնախագահ, 2023 թուականին, երբ 120 հազար արցախահայեր բռնի տեղահանուեցան: Երկուքն ալ դատապարտելի են չգործելնուն համար:

Հայութեան վերաբերող հարցերու մասին յայտարարութիւններ կատարելու նպատակով Թրամփի եւ Հարիսի վրայ ճնշում բանեցնելու գծով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) երկարատեւ հրապարակային քարոզարշաւ կատարեց` դատապարտելով զանոնք Արցախի պաշտպանութեան հարցին մէջ ձեռնածալ մնալնուն համար եւ ձախող արժեւորում տալով անոնց:

Թրամփ` իբրեւ նախագահ, նկատառելիօրէն աւելցուցած էր Պաքուին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը` խախտելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան հաւասարութեան նախադէպը: 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մեծ մասի բռնագրաւման ատեն ան որեւէ քայլի չձեռնարկեց` կասեցնելու Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները, խաղաղ հայ բնակիչներուն դէմ արգիլուած cluster զինամթերքի կիրարկումը, Արցախի դէմ կռուելու համար իսլամ ժիհատական ահաբեկիչներու հաւաքագրումը, պատերազմի ընթացքին թոյլ տալով Թուրքիոյ Էֆ.-16 օդանաւերու Ազրպէյճանի մէջ տեղակայումը, այդպիսով խախտելով Միացեալ Նահանգներու վերջնական օգտագործողի համաձայնագիրը, հրաժարելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ աշխուժ կերպով խոչընդոտելով անոր յիշատակումը Քոնկրեսի մէջ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այժմ կը խնդրէ Թրամփէն աջակցիլ արցախահայերու վերադարձի իրաւունքին` կոչ ուղղելով հանրապետական պալատի նախագահին` աջակցիլ արցախամէտ օրէնսդրութեան: Բացի այդ` Հայ դատի յանձնախումը խնդրեց Թրամփի փոխնախագահի թեկնածու, ծերակուտական Ճէյմս Վենսէն ծերակոյտին մէջ հովանաւորել նման նախաձեռնութիւններ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կը քննադատէ Հարիսը, որ ոչ մէկ քննադատական արտայայտութիւն կատարեց, երբ Ազրպէյճան աւարտեց Արցախի բռնագրաւումը եւ 120 հազար արցախահայութիւնը արտաքսեց 2023 թուականին: Այն ատենէն ան ոչինչ ըրաւ` հաստատելու Արցախի հայերուն վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութիւնը, Ազրպէյճանի պաշտօնատարներուն դէմ ռազմական յանցագործութիւններուն համար պատժամիջոցներ կիրարկելու եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած հայ ռազմագերիներն ու Արցախի ղեկավարները ազատ արձակելու առումով օժանդակելու համար:

Նախընտրական անիմաստ խոստումներ տալու փոխարէն, որոնք ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք արագօրէն կը մոռցուին, ամերիկահայերը թեկնածուներէն կ՛ակնկալեն վստահելի քայլեր: Կան բաներ, որոնք կրնան ընել եւ ըսել քարոզարշաւի վերջին օրերուն, հակառակ անոր որ անոնք վաղուց պէտք էր ըսէին ու ընէին այդ բաները:

Նկատի ունենալով, որ երկու թեկնածուներն ալ չկարողացան պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի շահերը, երբ ատիկա իսկապէս կարեւոր էր, հայերը պէտք է դադրին իրենց հարցերու լուծման մէջ դուրսէն ակնկալութիւն ունենալէ, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է այդ դուրսինը: Մեր քանի մը հազարամեայ պատմութեան ընթացքին ոչ ոք եկած է փրկելու Հայաստանը, եւ նման բան տեղի պիտի ունենայ ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ ապագային: Միակ պատճառը, որ իրաւունք կու տայ ամերիկահայերուն թեկնածուներէն պահանջել իրենց հարցերուն աջակցութիւն ցուցաբերել, այն է, որ այդ թեկնածուները անոնցմէ կը պահանջեն իրենց ձայները: Հայերը պէտք չէ իրենց ձայները տան, մինչեւ որ անոր դիմաց յստակ բան մը ստանան, բացի դատարկ խոստումներէն:

Մինչ հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ նախագահական երկու թեկնածուները կը գտնուին ծայր աստիճան հաւասար մրցավազքի մէջ, ասիկա կարելիութիւն կու տայ աւելի փոքր ընտրազանգուածներուն, ինչպէս` հայերը, հաւասարակշռութիւնը խախտել առանցքային նահանգներու մէջ, ներառեալ` Արիզոնան, Ճորճիան, Միշիկընը, Նեւատան, Հիւսիսային Քարոլայնան, Փենսիլվանիան եւ Ուիսքընսինը:

Իւրաքանչիւր ընթերցող ի՛նքը պէտք է որոշէ` որո՛ւ օգտին քուէարկել:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Փերու. Նազքայի «Գծագրութիւնները»

Յաջորդը

«Խոստումս Յարգեցի». Մեծ Մօրս` Վարդուհի Պալապանեանի Յիշատակին

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեանի Անուան Ամրագրման Կարեւորութիւնը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշենք Եւ Յիշեցնենք Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Արհաւիրքը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Տոմս.  Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով
Անդրադարձ

Տոմս. Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?