Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի. (Նախ)Ընտրե՞լ…

Նոյեմբեր 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը օրէն յայտնի պիտի ըլլայ Սպիտակ տան յառաջիկայ չորս տարիներու վարձակալը, կամ աւելի պաշտօնական ըլլալու համար` Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահը:

Երկու թեկնածուներն ալ` դեմոկրատ Քամալա Հարիս եւ հանրապետական Տանըլտ Թրամփ, ոգի ի բռին ընտրարշաւի լծուած են եւ յատկապէս թիրախ ընտրած են անգոյն եւ «փոփոխամիտ», «ճօճուող» նահանգներ (swing states): Ժամացոյցի դէմ մրցում մը, որ կը յատկանշուի իր սանձարձակ… տարօրինակութիւններով ու այլանդակութիւններով: Կանխատեսումներն ալ գունաւոր են. ոմանք կը նախատեսեն Հարիսի լայն առաւելութեամբ յաղթանակը, ուրիշներ կը պնդեն, որ մրցակցութիւնը շատ սուր պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ 6 յունուար 2021-ի ուրուականը սկսած է թռիչք կատարել հոս-հոն…

Քամալա Հարիս, յատկապէս երիտասարդներէ քուէ շահելու միտումով, շրջագայութեան ելաւ հանրածանօթ երգիչ-երգչուհիներու հետ, որոնք ի նպաստ իրեն «երգեցին»: Թրամփ, որ համեմատած Հարիսի` իր կողքին չունի արուեստագէտներու շօշափելի թիւ մը, դիմած է տարբեր ոճի: Միլիառատէր այս մարդը, որուն հարստութիւն դիզելու հնարքներուն մասին բազմաթիւ հատորներ լեցուած են, կ’աշխատի ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ ինք պարզ ժողովուրդէն է, զանազան միջոցներով կ՛ուզէ ներգրաւել քուէարկողը: Ան մինչեւ իսկ մտաւ  հանրածանօթ ճաշարանի մը առաքման յատուկ բաժանմունքը, գետնախնձոր տապկեց ու սպասարկողի պաշտօն կատարեց…

Ամերիկացի քուէարկողը ամէն օր, ամէն ժամ ականջալուր եւ հանդիսատես կ’ըլլայ մրցակիցներու աներեւակայելի յայտարարութիւններուն եւ ցեխարձակումներուն, նաեւ կը տեսնէ, թէ մրցակիցներէն մէկը ինքն իրեն դէմ մրցումի ելած է` ստախօսութեան իր վաստակը հարստացնելու համար: Դիմացինն ալ կը փորձէ տարօրինակ ինքնապաշտպանութիւն ընել:

Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով` տրամաբանող մարդ էակի մը համար դժուար պիտի չըլլար որոշում տալը, եւ առանց այլեւայլ հարցադրումներու` Քամալա Հարիսին ի նպաստ քուէարկելը, մանաւանդ որ մրցակիցին` Թրամփի  անուան դիմաց երկար է շարքը կատարուած ու փաստարկուած բազմաթիւ նիւթաբարոյական մեղքերու եւ դատավարութիւններուն, որոնց ամէնէն սադրիչն ու սահմռկեցուցիչը 6 յունուար 2021-ին Ուաշինկթընի մէջ խորհրդարանի շէնքին` «Քեփիթըլ Հիլ»-ի վրայ իր վայրենաբարոյ ու տգէտ համակիրներուն «անսպասելի», բայց յստակօրէն նախապատրաստուած յարձակումն էր, ամէն օրէնք ոտնատակ ընող արարք, որ արդարացնելու փորձ կ’ընէ այսօր թեկնածու Թրամփ` յայտարարելով, թէ այդ արարքին մասնակիցները անպարտ պիտի հռչակէ Սպիտակ տան բանալին ձեռք ձգելու պարագային…

Քուէարկողին համար ընտրութիւն կատարելը այդքան ալ դիւրին չէ: Փաստօրէն, աշխարհի ներկայ պայթուցիկ վիճակը կը նկատուի Հարիսի եւ դեմոկրատականներու «Աքիլլէսի կրունկ»-ը, անոնց ճիտին ծանրացող մեղք մը: Չէր բաւեր Ուքրանիոյ մէջ աւելի քան 2,5 տարի առաջ ստեղծուած «անլուծելի անելը», եւ ահա աւելի քան տարիէ մը ի վեր ծայր առած են Իսրայէլ-Համաս ճակատումն ու Կազայի քանդումը, աւելի՛ն, անոր վրայ արդէն գումարուած է Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմն ու Լիբանանի (յաւելեալ) քանդումը: Հապա Իսրայէլ-Իրան փոխադարձ յարձակումնե՞րը… Այս յայտնութենական (apocalyptic) ամբողջ կացութեան անմիջական յանցաւորը բնականաբար կը նկատուի Սպիտակ տան այժմու ղեկավարութիւնը, որ Հարիսի պատկանած դեմոկրատական վարչակազմն է: Ի վերջոյ, երբ իշխանութեան ղեկին ես, դրական ու բացասական զարգացումներուն պատասխանաուութիւնը ուսերուդ կ’իյնայ, եւ դուն չես կրնար ամէն բանի համար ինքնարդարացումի դիմել նախկինները քննադատելով: Այլ բան, որ նման զարգացումներու պարագային, իշխանութիւն ըսուածը շարունակականութիւն մը ունի:

Գաղտնիք չէ, որ Ուաշինկթընի կողմէ որդեգրուած, կամ աւելի ճիշդը` գործադրուող քաղաքականութիւնը կրնայ շատ սուղ նստիլ Հարիսի խմբակին վրայ:

Նոյնքան ալ յստակ է, որ դժբախտաբար ոչ մէկ շօշափելի եւ անկիւնադարձային փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել Թրամփի վերադարձով, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, կայ քաղաքական ընդհանուր գիծերու շարունակականութիւն մը: Կարճ ժամկէտի դրուածքով, վերջինը Սպիտակ տուն վերադառնալու իր յայտագրին մէջ խոստումներով լեցուն պարկ մը պատրաստած է` նոյնիսկ համոզելով եւ սիրաշահելով Միշիկընի մահմետական համայնքի ներկայացուցիչները: Մե՜ծ հարցականներ կան, թէ արդեօք անոր կամ մրցակիցին խոստումներէն քանի՞ն կրնան իրականանալ, ո՞վ թոյլ կու տայ, որ իրականացնեն…

Պահ մը գանք մեր դիտանկիւնին: Չմոռնալով հայութեան քուէները` Թրամփ յականէ անուանէ այպանեց Քամալա Հարիսն ու իր գործակիցները, թէ անոնք ոչինչ ըրին, երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ սարսափելի կերպով հալածուեցան եւ Արցախէն բռնի տեղահանուեցան: Բայց մենք չենք մոռցած, որ քանի մը տարի առաջ, 2020-ին, երբ Արցախը կ՛այրէր, նոյնինքն Թրամփն էր նախագահը, որ կորուստներու կասեցման համար ոչինչ ըրաւ: Այլ խօսքով, պէտք չէ տարուիլ իր անտեղի եւ յաւելեալ զգացական կացութիւն ստեղծող սին խօսքերով: Ան ամենայն մանկամտութեամբ կը շեշտէ, որ երբ նախագահ ըլլայ, պիտի պաշտպանէ հալածուած քրիստոնեաները, պիտի աշխատի դադրեցնել բռնութիւնն ու ցեղային զտումը, եւ դեռ, աւելի՛ն, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնէ…

Հարիս, իր կարգին, նախքան Թրամփի յայտարարութիւնը, բաներ մը խօսած էր ի նպաստ հայութեան…

Մէկ խօսքով, ընտրողը կանգնած է առերեւոյթ անել կացութեան մը առջեւ, չի կրնար որոշել, թէ որո՞ւ պէտք է տայ իր քուէն: Ստեղծուած աղմուկին մէջ կը մոռցուի, թէ ո՛վ որ ալ ըլլայ ընտրուողը, ստիպուած է հետեւիլ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳԼԽԱԳԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, որուն տնօրինման մէջ նիւթական հզօրանքի տէրերը կարեւոր խօսք ունին:

Ամերիկահպատակ հայորդին ալ ինկած է նոյն ոլորապտոյտին մէջ…

Նախորդը

Հայերէնը Միայն Քերականութիւն Եւ Գրականութիւն Չէ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզ Յաղթեց Քլիփըրզի Տալաս Պարտուեցաւ

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեանի Անուան Ամրագրման Կարեւորութիւնը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշենք Եւ Յիշեցնենք Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Արհաւիրքը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Տոմս.  Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով
Անդրադարձ

Տոմս. Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?