ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ ես ինծի հետ հաշտ չեմ: Շուարած եմ: Կարծես բան մը նորէն փլած է հոգիիս մէջ, բազմախաւ տառապանքի նման: Որովհետեւ ազգային ալեկոծութիւններն ու մեր երազանքները կեանքի սովորական հոլովոյթը դժուարացուցած են: Նաեւ ազգովին դժգոհ ենք իրարմէ: Գանգատներ շատ ունինք: Մեր բոլորին երջանկութիւնը կորսուած է: Կասկածը իր հակասական զգացումներով կերած է նաեւ մեր հոգին: Անոր համար հանգիստ չունինք:
Ամէն մարդ կ’ուզէ մեզ թալանել, կողոպտել, խաբել, մեզի ստել: Քաղաքական գայլերը պատրաստ են մեզ յօշոտելու: Անստոյգ իրավիճակ:
Հայրենիքէն հասնող լուրերը երկար ատենէ ի վեր կը մրճահարեն մեր միտքերը:
Այս բոլոր մտահոգութիւնները թէեւ նորութիւններ չեն, սակայն նաեւ միայն իմս կամ ձերն ալ չեն, այլ բոլորիս կը պատկանին: Բայց իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր:
Ու իրականութիւնը այն է, որ այս օրերուն` իբրեւ հայեր, մեր մօտ խոր տխրութիւն կայ: Հասկնալի եւ նոյնքան ալ անհասկնալի: Ցաւալի իրավիճակ: Տակաւին` տխրաշունչ պատերազմի յիշատակ: Հայրենիքի համար զոհուիլ, իսկ միւս կողմէ ալ` համայնական հողի կորուստ եւ վիշտ: Աւելի՛ն` սերունդի մը կորուստը: Մեր ազգային երազները սկսած են խաւարիլ:
Արդ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ իրագործել մեր պատմական երազը:
Ամէն առիթով եւ մամուլով նման «բաներ» լոյսին բերած ենք, խօսած, պատմած ու բացատրած` իբրեւ անախորժ ներկայութիւն, իբրեւ անկայուն հոգեկան վիճակ:
Միշտ յիշեցուցած ենք, որ պղտորած է ազգային մեր կեանքը: Այս մասին ո՛չ լսող գտած ենք, ո՛չ կարդացող եւ ո՛չ ալ առաջքը առնող: Անոր համար բոլորիս շրթներուն վրայ նստած են շարունակական աղօթքներ ու մաղթանքներ, իսկ մտքերնուս մէջ` յոյսի երազանքներ:
Լաւ յիշենք… Բոլոր ժամանակներուն մենք վտանգներու տակ մնացած ենք, եւ եթէ չենք անհետացած, որովհետեւ վտանգի պահին գտած ենք մեր իսկութիւնը:
Այդուհանդերձ, անգամի մը համար մենք մեզի հարց տանք, թէ ո՞ւր ենք այսօր… Արդեօ՞ք մոռցած ենք մեր իսկութեան իմաստն ու որակը: Արդեօք կա՞յ գիրք մը, որ կը խօսի հայու ոգիին, անոր զօրութեան մասին: Խնդրեմ, գտէ՛ք, որ կարդանք: Բերէ՛ք, սորվի՛նք: Օրինակե՛նք: Օգտուի՛նք:
Գիտենք, որ երբ ոտքի կենանք, մեր բարեկամներու թիւն ալ կը շատնայ:
Հարցը այն է, թէ նման մտահոգութիւններու առջեւ յանկարծ մեր մտքերուն դիմաց «ինչպէ՞ս»-ներու շարան մը կը յայտնուի:
Այսպէս, ինչպէ՞ս կարելի է չափել հայուն ուրախ եւ տխուր իրավիճակները:
Ինչպէ՞ս հաշտուիլ հայրենի ներկայ անըմբռնելի վիճակին հետ: Ինչպէ՞ս ճոխացնել հայուն եւ անոր հայրենիքին վաղուան յոյսը: Ինչպէ՞ս գտնել վաղուան հայուն յատուկ լուսաւոր եւ պատշաճ «ճամբան»: Ինչպէ՞ս սողոսկիլ ներկայի հայ մարդոց թմրած ուղեղներուն մէջ: Ինչպէ՞ս վերաշինել ու բարեփոխել հայրենի կեանքը:
Կը զարմանամ, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը տանին այս կեանքը: Յուսախաբ եմ եւ յաճախ ալ տխրութեամբ կը մտածեմ: Երբեմն նման զգացումները կը խեղդուին կուրծքիս տակ: Բարդ ընթացք:
Մեր բոլորին երազանքն էր կառուցել եւ ունենալ լուսաւոր Հայաստան մը:
Այս նպատակը չկարենալ իրագործելու պատճառով յուսահատ ենք: Ծովը ինկած գերանի նման կ’երերանք ներկայի դէպքերու ալիքներուն վրայ: Կ’ապրինք միայն երազներով: Կ’երազենք ունենալ կայուն պետութիւն մը, որ տէրը ըլլայ մեր բոլոր իրաւունքներուն:
Անհրաժեշտ է ստեղծել մթնոլորտ մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ փոխանցել սէրը, գուրգուրանքը եւ յարգանքը` հանդէպ ազգային մեր բոլոր արժէքներուն, որոնք ամուր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքին վրայ:
«Կեանքը չար է», կ’ըսուի: Ուստի էական է ականջ տալ մեր արմատներու ձայնին:
Կարծես մոռցած են ազգային կեանքի թաքուն ձայներուն ականջ դնել: Այդ պատճառով նեղցած է հայուն հորիզոնը:
Համայն սփիւռքի համար այս բոլորը տեսանելի եւ այրող հարցեր են: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայրենիքը ամէն օր կը բաբախէ մեր սրտերուն մէջ: Որովհետեւ միշտ երազած եւ յուսացած ենք, որ Հայաստանը այսպիսի երկիր մը պէտք չէր ըլլար… Ճշմարտութիւն ըսուածը կորսուած է եւ դարձած է անլսելի ու անարձագանգ: Բայց, դարձեալ, ի՜նչ որ ալ ըլլայ… հայրենիքը մերն է:
Արդ, այս առթիւ` անմեղ հարցումս. մարդոց հոգիները ե՞րբ պիտի լեցուին լոյսով:
Պէտք է լաւ ըմբռնել, որ մեր գիտցած Հայաստանը շուկայ չէ… Ան գաղափա՛ր է… հոգեկան իրականութի՛ւն է… անհրաժեշտութի՛ւն է… պատմական հարստութի՛ւն է: Հարուստ, հզօր եւ գեղեցիկ է մեր երկիրը: Ան նաեւ պէտք է ըլլայ ու մնայ մեր բոլորի կեանքին բանալին եւ առաքելութիւնը:
Պայման է մասնակցիլ հայրենի ընդհանուր կեանքին: Բայց այնպէս կ’երեւի, թէ մարդ չ’ուզեր շարժիլ: Պէտք է հարցերուն էութեան հասնինք եւ ըստ այնմ ուղղութիւն ճշդենք մեր կեանքին մէջ` ըլլայ ան հաւաքական կամ անհատական:
Ըսէ՛ք… ե՞րբ պիտի թեւակոխենք նոր, յուսատու եւ փայլուն փուլը մեր երկրին: Մտքիս մէջ մեր վաղն է աւելի լուսաւոր եւ կենսախինդ:
Հաւատացէ՛ք, մեր անհոգութեան եւ գիտակցութեան պակասին կրնայ զոհ երթալ նաեւ մեր անկախութիւնը: Մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչն է այս:
Մեր կենսագրութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է մեր հողին հետ: Մեր մտածումները համախմբել եւ նորը կառուցել է պէտք: Մեր յառաջդիմութիւնը պայմանաւորուած է մեր կատարած շինիչ քննադատութեան հաստատ ներկայութեամբ: Էական է յարմարիլ ժամանակակից կեանքի պայմաններուն եւ պահանջներուն հետ:
Ներկայիս մեր հայկական ինքնութիւնը կը փնտռենք ամէն տեղ: Նոր սերունդին ներշնչել, անոր վրայ գուրգուրալ եւ զայն ազգային կեանքին հաղորդակից դարձնել է պէտք: Նոր մտածողութեան պահանջ կայ: Անհրաժեշտ է նոր շունչ տալ ազգային ոգիին: Բոլորս ալ կանգնած ենք պատմութեան ճեղքուած ճամբուն վրայ, որուն գլխուն վրայ միշտ վտանգ կախուած է: Ժամանակը շատ բան կը թելադրէ:
Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՛ապրինք: Չեմ ուզեր հաւատալ, այլ` միայն յուսալ: Պատմութիւնն ու պատմականը ուրանալ` դաւաճանութիւն է: Միայն զգացումներով պետութիւն
չի ստեղծուիր: Պէտք է հասնիլ խոր գիտակցութեան:
Ու անհամբեր կը սպասենք լուսաւոր վաղուան: Ահա՛ այն ժամանակ միայն գտած կ’ըլլանք մեր ճիշդ ճամբան:


