ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Նախապատրաստական տքնաջան ճիգերէ ետք, 19-21 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ գումարուեցաւ աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելի Մուսա Լերան հերոսամարտը յաւերժացուցած` «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը: «Հայերի ցեղասպանութիւնը. անցեալի եւ ներկայի ներհայեցումներ» ընդհանուր խորագիրով եռօրեայ գիտաժողովին հայերէն, անգլերէն ու երբեմն գերմաներէն լեզուներով (ուղղակի թարգմանութեամբ) քննարկումներուն կը մասնակցէին Հայաստանի կողքին, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Պրազիլէն, Ռուսիայէն, Սպանիայէն, Քանատայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած աւելի քան եօթանասուն հայ թէ օտար մտաւորականներ, ակադեմականներ, գիտնականներ, դասախօսներ եւ հետազօտող լրագրողներ: Լիբանանէն կը մասնակցէին` Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Վիքի Չափարեան եւ Սիլվա Գարավարդանեան: Մէկէ աւելի մասնակիցներ գիտաժողովին իրենց զեկուցումը ներկայացուցին առցանց, ինչպէս` Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գլխաւոր հետազօտող, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու գլխաւոր բանահաւաք, բանասիրութեան դոկտ. Վերժինէ Սվազլեան, «Գերմանեւհայկական հասարակութիւն» միութեան նախագահ եւ Գերմանիոյ Հանովեր քաղաքին մէջ լոյս տեսնող «Հայ-գերմանական նամակագրութիւն» (Armenisch-Deutsche Korrespondenz (ADK) պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր դոկտ. Րաֆֆի Քանդեան եւ ուրիշներ:
Նախքան ձեռնարկին բացումը, գիտաժողովի գլխաւոր նախաձեռնող եւ ընդհանուր հանդիսավար, ԵՊՀ-ի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի անգլիական բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Սեդա Գասպարեան ներկաները հրաւիրեց ԵՊՀ-ի «Սարգիս եւ Մարի Իզմիրլեան» գրադարանի Երախտիքի ծառուղիին մէջ տեղադրուած Ֆրանց Վերֆելի կիսանդրիին մօտ, ուր ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով մարդասէր գրողի յիշատակին: Այս առթիւ ԵՊՀ-ի զարգացման եւ նորարարութիւններու գծով փոխնախագահ Միքայէլ Յովհաննիսեան խիստ բարձր գնահատեց Վերֆելի հեղինակած «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպը` նշելով անոր ստեղծման պայմանները: Յովհաննիսեան շեշտեց Վերֆելի այդ նախաձեռնութիւնը զայն նկատելով միջազգային բարոյական զօրակցութիւն` Ցեղասպանութենէն ճողոպրած աշխարհասփիւռ հայութեան համար:
«Ասիկա մեզի համար առիթ մը եւս է մտածելու, թէ ի՛նչ դիրքորոշում պէտք է ունենանք, ինչպէ՛ս բարձրաձայնենք, յատկապէս` մարդկային իրաւանց խախտումներու առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ դասեր քաղենք անցեալէն` հասնելով ճիշդ եզրայանգումի», ընդգծեց Յովհաննիսեան:
Բացման արարողութեան ուշագրաւ անակնկալն էր Մուսա Լերան հերոսամարտէն ետք հայրենիք բերուած 1885 թուականը կրող պատմական, աւանդական հսկայ թմբուկը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ ) վաստակաւոր ղեկավարներէն, ազգային փայլուն գաղափարախօս, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուանակից` մուսալեռցի թմբկահար Սարգիս Զէյթլեանի մատներու հարուածներուն բաբախումով ներկաները հոգեպէս փոխադրեց դէպի 1915-ի Մուսա Լերան հերոսամարտի մթնոլորտը:
Ապա ներկաները ուղղուեցան ԵՊՀ-ի Գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճ, ուր փրոֆ. Գասպարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի եւ Մուսա Լերան նահատակներուն յիշատակը:
Իր հայերէն եւ ապա անգլերէն լեզուներով արտայայտած ողջոյնի խօսքով փրոֆ. Գասպարեան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց գիտաժողովը: Նշելով գիտաժողովի շարժառիթն ու նպատակը` ան աւստրիացի մեծ մարդասէր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը նկարագրեց իբրեւ «հայ ժողովրդի անկոտրում ու չնահանջող ոգու խորհրդանիշ»: «Հարկ է արձանագրել, որ այսօր ալ` 21-րդ դարուն, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ արդիական եւ ուղղակիօրէն կախուած` աշխարհաքաղաքական ժամանակակից ելեւէջներէ: Յոյսով եմ, որ այս գիտաժողովին բարձրացուող ու քննարկուող հարցերը կրնան նոր լոյս սփռել հնարաւոր լուծումներու վրայ», ընդգծեց փրոֆ. Գասպարեան: Բարի երթ մաղթելով գիտաժողովի քննարկումներուն` Գասպարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են գիտաժողովի իրականացման, յատկապէս` Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէին, Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի, Համշէնի թէ Լոնտոնի բարեկամ անհատ բարերարներուն:
Ապա ան յաջորդաբար խօսքը փոխանցեց ԵՊՀ-ի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի ներկայացուցիչ, մարդկային եւ հասարակագիտական մասնագիտութիւններու գծով ԵՊՀ-ի փոխնախագահ դոկտ. Էլինա Ասրիեանին, գիտաժողովի Գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսուցման ծրագրի տնօրէն, պատմագիտութեան դոկտ. փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեանին, նոյնպէս` գիտաժողովի Գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի (Լեփսիուսհաուս, Գերմանիա) տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոքին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, գիտաժողովի կազմկոմիտէի անդամ, ԵՊՀ-ի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Գէորգ Բարսեղեանին:
Ողջունելով ներկաները` դոկտ. Էլինա Ասրիեան անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի հեղինակած վէպի իւրայատկութեան, ուր դրուագի մը ընդմէջէն կը պարզուի Մուսա Լերան հայութեան ցուցաբերած խիզախ ինքնապաշտպանութիւնը 1915 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ենթարկուէր թրքական ցեղասպանական բարբարոսութեան: Ակնարկելով Ցեղասպանութեան յատկապէս հոգեբանական հետեւանքներուն եւ անոր յառաջացուցած հոգեցնցումներուն` դոկտ. Ասրիեան յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը առիթ ըլլայ այս մարզը առաւել եւս լուսարձակի տակ առնող նոր հետազօտութեանց արծարծումներու:
Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան նշեց այս գիտաժողովի նախաձեռնութեան իր ներդրումը, երբ ԵՊՀ իր առաջին այցելութեան ընթացքին պատկան մարմիններուն յիշեցուցած է Ֆրանց Վերֆելի հեղինակած վէպի 90-ամեակին թուականը` նշելով անոր ոգեկոչման կարեւորութիւնը: Հայերէն եւ ապա անգլերէն լեզուներով արտասանած իր ողջոյնի խօսքով փրոֆ. Շեմմասեան մաղթեց, որ գիտաժողովը կ՛աւարտի իր նպատակին ծառայող արդիւնաւէտ եզրայանգումներով:
Ակադեմիկոս, դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան իր ողջոյնի խօսքով խիստ բարձր գնահատեց Ֆրանց Վերֆելի վէպին կարեւորութիւնն ու այս գծով գիտաժողովի կայացումը, այն առումով, որ յետեղեռնեան շրջանին գրեթէ մոռցուած էր Ցեղասպանութեան հարցը, եւ Ֆրանց Վերֆելի այս վէպը համայն աշխարհին յիշեցուց, որ 1915 թուականի դժոխային պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը ընդվզեցաւ ու խիզախօրէն պայքարելով` ինքնապաշտպանութեան դիմեց Մուսա Լերան գագաթին, այնպէս, ինչպէս` Շապին Գարահիսարի, Վանի եւ այլ շրջաններու մէջ: «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդին հետ 2020 եւ 2023 թուականներու ընթացքին, Ցեղասպանութեան կրկնութիւնն էր», ընդգծեց փրոֆ. Մելքոնեան` յիշեցնելով, որ հայութիւնը դասեր քաղելով անցեալէն` ահազանգ հնչեցուց, սակայն լսող չկար, ինչպէս չկար Ցեղասպանութեան օրերուն: «21-րդ դարուն եւս մեր ձայնը լսելի չէր: Կը խօսէինք այն մասին, որ մենք նախացեղասպանական վիճակի մէջ ենք, ինչպէս Ա. Աշխարհամարտի նախօրէին, այնպէս ալ` 2020-ի, 2022-ի, 2023-ի նախօրէին: 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին այդ ողբերգութիւնը ամբողջացաւ, ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք ու հայրենազրկուեցանք», ընդգծեց փրոֆ Աշոտ Մելքոնեան: Ան հերքեց, թէ Արցախի հայութիւնը տեղի տուաւ ու հեշտութեամբ լքեց իր հողը, ըսելով. «Ո՛չ, 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին միօրեայ մարտերու ընթացքին հայ ժողովուրդը հերոսաբար կռուեցաւ Արցախի մէջ` ամփոփուած, մեկուսացած, բայց կռուեցաւ»:
«Մեզ վերֆելներ, արմինվեկներներ են պէտք, որպէսզի գրի առնեն այդ ամէնը, այսօր մեր մէջ չկան ֆրանցվերֆելներ», ափսոսաց Մելքոնեան: Ան ողջունեց գիտաժողովին նաեւ օտարներու մասնակցութիւնը` մաղթելով, որ անոնք եւս ահազանգ հնչեցնեն եւ աշխարհին յիշեցնեն, որ այսօր ալ Հայաստան կը գտնուի նախացեղասպանական նախաշեմի իրավիճակի մէջ: «Ցաւալիօրէն աշխարհ կը շարունակէ լուռ մնալ», եզրափակեց փրոֆ. Մելքոնեան:
Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոք անգլերէն լեզուով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց գիտաժողովի կայացման կարեւորութիւնը` նշելով, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ յարակից դէպքերու խորքը «կը քննարկենք ոչ միայն իբրեւ մտաւորականներ, այլ նաեւ` իբրեւ մարդկային էակներ»: Ան յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը ըլլայ տարբեր շրջաններէ ժամանած մասնագէտներու տեսակէտներու եւ փորձառութեանց փոխանակման կարեւոր հարթակ եւ իր բարի գալուստի խօսքը փակեց հայերէն:
Ապա գիտաժողովի կազմկոմիտէին անունով Գէորգ Բարսեղեան անգլերէն լեզուով ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով անոնց մասնակցութիւնը ժամանակակից հարցերու կարեւոր մարտահրաւէրներէն` ցեղասպանութեան, անոր տարբեր երեսներու քննարկման օրակարգով: Ան մաղթեց, որ գիտաժողովը գիտական, յանձնառու եւ անաչառ քննարկումներով լուսարձակի տակ առնէ Մուսա Լերան հերոսամարտի վէպի ստեղծման շարժառիթն ու առհասարակ Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերն ու հետքերը: «Մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնն է յանձնառու կերպով քննելու մարդկային իրաւանց հարցերը», ընդգծեց ան:
Նշենք, որ գիտաժողովի իրագործումը արգասիքն էր զանազան կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու նախաձեռնած ծրագիրին, բարոյական ներդրումին ու համագործակցութեան, ինչպէս` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկ, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ անոր Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկ (ինստիտուտ) (ՀՀԻ), Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագիր եւ Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարան: Գիտաժողովը կայացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի իրականացուող ծրագիրի ծիրին մէջ:
Քննարկումներու ընթացքին ուշագրաւ էր գիտաժողովի յառաջացուցած կազմկոմիտէի անդամ ակադեմական երկու հայուհիներու` փրոֆ. Սեդա Գասպարեանի եւ դոկտ. Լուսինէ Սահակեանի ժրաջան գործունէութիւնը, ուր անոնք առանցքային դեր ունեցած էին գիտաժողովի իրագործման մէջ: Գաղափարներու մտայղացումով ու կազմակերպչական բծախնդիր դասաւորումով անոնք կը ցոլացնէին գիտաժողովի կազմկոմիտէին անաչառ ու յանձնառու մօտեցումը` լաւագոյնս պարզելու հայ թէ ոչ հայ մտաւորականութեան տեսակէտները Ֆրանց Վերֆէլի հեղինակած վէպին ու առհասարակ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Աւելի՛ն. գիտաժողովի մեկնարկին թուականը` 19 սեպտեմբեր, 2024 ինքնին կը զուգադիպէր հայկական հազարամեակներու պատմահենքով յատկանշուող բնօրրանի` Արցախ արծուաբոյնի բռնագրաւումի տարելիցին: Խորքին մէջ Վերֆելի հեղինակած «Մուսա լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպը գրական իրողախառն մէկ պատկերացումն է հայ ժողովուրդին ցուցաբերած խիզախ ինքնապաշտպանութեան` նոյն նպատակով ու թիրախով մեկնարկած ցեղասպան թուրքին հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ` Մուսա Լերան, Վանի, Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ նմանօրինակ այլ շրջաններու մէջ: Այլ խօսքով, նշեալ վէպին ընդմէջէն աւստրիացի գրողը համայն աշխարհին տողատակի կը ներկայացնէր յօշոտուելու վտանգին դէմ ծառանալով` հայութեան ցուցաբերած հերոսական կեցուածքը իր հազարամեակներու բնօրրանի պաշտպանութեան գծով, ընդդէմ թուրք ոսոխին:
Սակայն 19 սեպտեմբեր 2023-ին արցախեան ամրոցի կարճատեւ մարտնչումը եւ ապա կորուստը չունեցան իրենց Ֆրանց Վերֆելը: Անիկա զոհ գնաց գերպետութեանց քաղաքատնտեսական շահերու «ճատրակի քարերուն»: Հոսկէ` գիտաժողովին հրաւիրուած բանախօսներուն զեկոյցներու բնոյթը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր հայութեան ինքնապաշտպանութեան թէ պահանջատիրական ոգին` զգացական, մարդագրական, քաղաքական, տնտեսական, մարտավարական թէ յարակից այլ մարզերու հայաշունչ թէ օտար գրիչներու եւ ոսպնեակներու ընդմէջէն: Արցախեան գոյամարտին պարտադրուած, բռնազբօսիկ «դադարը» իր դառնագոյն յոյզերով, ապագայի յոյսերով ու տունդարձի աննահանջ կամքով գիտաժողովին ընթացքը հունաւորող տիրական ներկայութիւն էր գիտաժողովի ընթացքին:
Գիտաժողովը անուղղակի պատգամներ յղեց հայ թէ ոչհայ հանրային կարծիքին` յիշեցնելով, որ հակառակորդին կողմէ «աւարտած» համարել փորձող Արցախի հարցը տակաւին չէ լուծուած, եւ թէ` հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարի երթը: Խորքին մէջ գիտաժողովի մեկնարկին թուականը` 19 սեպտեմբեր 2024, ինքնին, պատահական զուգադիպութիւն չէ, անիկա կը յիշեցնէ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմահենք ունեցող բնօրրանի` Արցախի բռնագրաւումը:
Նոյն ծիրին մէջ, գիտաժողովը նաեւ միջազգային հարթակ էր հայ թէ ոչ հայ մտաւորական ակադեմականներու ընտրանիին միջեւ հետագայ փոխադարձ գործակցութեան` Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի թէ առհասարակ Հայ դատի առնչուող հիմնահարցերուն գծով: Այլ խօսքով, աշխարհաքաղաքական, գաղափարական, լեզուական, դաւանական տարբեր պատկանելիութիւններու ճոխ ենթահող ունեցող ժողովականներու զեկոյցներուն հասարակաց բնոյթը հիմնականին մէջ կ՛անդրադառնար Արցախի թէ հայկական գրաւեալ հողերու հարցի այլազան երեսներուն` մեկնելով Ֆրանց Վերֆելի հեղինակած «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակով առաջադրուած առիթէն:
Ուշագրաւ էր նաեւ ներկայացուած զեկոյցներու որակի գիտական բարձր մակարդակը, ուր գրական, ընկերային, ազգային, մարդագրական եւ առնչակից ոլորտներու կողքին, առկայ էր նաեւ հաղորդակցութեանց նորարարական արհեստական բանականութեան (ԱԲ) (Artificial inteligence – AI) գործօնին ազդեցութիւնը` իր ընձեռած կարելիութիւններով թէ ցցած մարտահրաւէրներով: Արդարեւ, թէեւ զեկոյցները հետագային պիտի հրատարակուին առանձին հատորով, այսուհանդերձ, կ՛արժէ նշել զեկոյցներէն մէկուն արծարծած մարտահրաւէրի մտավախութիւնը այն առումով, թէ նշեալ մարզի փորձագէտներէն մէկը կը նախատեսէ, որ ԱԲ-ի «բաց» քննարկման (OpenAI) հետազօտութեանց ծիրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ մարդկային ծիներու տուեալներու փոփոխութեան: Կարելիութիւն մը, որ իրականանալու պարագային կրնայ շրջադարձային հետեւանք ունենալ յատկապէս հայ ժողովուրդի հազարամեակներու քաղաքակրթական ենթահող ունենալու ինքնութեան փաստարկման առումով: Ուշագրաւ մէկ այլ երեւոյթ էր իգական դէմքերու տիրական ներկայութիւնը, որովհետեւ զեկուցաբերներու 57 առ հարիւր համեմատութիւնը իգական դէմքեր էին: Գիտաժողովը հեզասահ կերպով ընթացաւ իր ծրագրուած յայտագրով, ուր տեղեկատուական թիւրիմացութեան թէ սրբագրումի պարագային փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին իր հեղինակած ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ, իրազեկ ու քաջատեղեակ Մուսա Լերան հերոսամարտի ծալքերուն` կը փութար տալու անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու լուսաբանութիւնները:
Գիտաժողովին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի, ծագումով մուսալեռցի Մարօ Քէշիշեանը, որ ընդառաջելով իրեն ուղղուած յատուկ հրաւէրին, արտասանեց իր սրտի խօսքը` Մուսա Լերան բարբառով հաճելի դրուագ մը ներկայացնելով իր մանկութեան յուշերէն:
Քննարկումներու աւարտին ժողովականները հրապարակեցին երեք կէտերէ բաղկացած հռչակագիր: Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան ներկայացուց անոր անգլերէն օրինակը, իսկ դոկտ. Լուսինէ Սահակեան ներկաներուն ներկայացուց հռչակագրի հայերէն տարբերակը:
Հռչակագրի նախամուտի բաժնով կը նշուէին գիտաժողովին արծարծուած նիւթերը եւ հոն տիրած մթնոլորտը: «Գիտաժողովին մասնակիցները կ՛արձանագրեն, որ Արցախի 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ու յատկապէս անկէ ետք ակնյայտ դարձաւ թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակական բնոյթը, ինչ որ յանգեցաւ ոչ միայն Արցախի շրջափակման, սեպտեմբեր 2023-ի նախայարձակման ու անոր հետեւանք արցախահայերու բռնագաղթին ու հայկական այլ շրջաններու հայաթափումին, այլեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակման եւ անոր ինքնիշխան տարածքի կարգ մը շրջաններու բռնագրաւման», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը եւ աւելցուց. «Մեկնելով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի դէմ ծառացած գոյաբանական այդ նոր սպառնալիքներէն, նկատի ունենալով նաեւ պարբերաբար ծագող մարտահրաւէրներու դիմակալման գծով նմանօրինակ միջազգային գիտաժողովներու կարեւորութիւնը` գիտաժողովի մասնակիցները կ՛արտայայտեն իրենց վճռակամութիւնը.
1.- Պարբերաբար հրաւիրելու եւ աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր հիմնախնդիրներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն` Հայաստանի թէ գործակցող այլ երկիրներու մէջ:
2.- Մեծապէս նպաստելու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովներու նիւթերու թարգմանաբար հրատարակման եւ տարածման` այդպիսով միջազգային կառոյցներու եւ հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելով ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դատապարտման, այլեւ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպանական նոր սպառնալիքներու զսպումին ու կանխարգիլման վրայ:
3.- Ջանք չխնայելու Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնական պայքարը նոր ռազմավարութեամբ ու մարտավարութեամբ առաւել թիրախային եւ արդիւնաւէտ դարձնելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան` դաշինքին կողմէն ներկայիս շարունակուող ցեղասպանական քաղաքականութեան միջազգային դատապարտման ու կատարուած յանցագործութիւններու հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ, որովհետեւ անիկա ոչ միայն համայն հայութեան իրաւունքներու վերականգնումին ու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ապահովման կարեւորագոյն հարց է, այլեւ սրբազան պարտք` անցեալ ու ներկայ նահատակներու յիշատակին առջեւ:
(Շար. 1)