Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պատրանք, Իրականութիւն, Պահանջ

Նոյեմբեր 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան…»

Յ. ՇԻՐԱԶ

«Մէյ մը որ ընտրուիմ, բուսակեր պիտի դառնամ…»

Այս սիւնակին ընկերակցող երգիծանկարը բարեկամէ մը ստացեր էի քանի մը ամիս առաջ (հաւանական է, որ շատեր տեսած են զայն): Զայն յիշելու բազում առիթներ կ՛ունենամ, երբ կը հետեւիմ այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութեան մը, ուր թեկնածուներ հազար ու մէկ (եւ ընդհանրապէս` անիրականանալի կամ իրենց չթոյլատրուող) խոստումներով կը փորձեն սիրաշահիլ քուէարկողները:

Զայն յիշելու առիթը ներկայացաւ վերջին օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուեցաւ բազում մեղքերու եւ յանցանքներու տոպրակ մը ուսին կրող Տանըլտ Թրամփը: Սա պատճառ դարձաւ, որ մեր ժողովուրդին` Հայաստանի եւ սփիւռքի, որոշ շրջանակներու մէջ բարձրանայ յոյսի ալիք մը, թէ` Թրամփ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ սա՛ պիտի ընէ, նա՛ պիտի ընէ: Չէ՞ որ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հեռաձայնով զրոյցի պահուն, կամ այլապէս, Արցախի մասին ակնարկութիւն ըրած էր, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու պաշտպանի պատմուճան հագած էր… Չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, որոնցմով ողողուած են լրատու աղբիւրներ, շիրազեան տրամաբանութեամբ, ցանկութիւններով տարուած մեկնաբանութիւններ մրցումի ելած են իրարու հետ:

Որպէսզի հակաթրամփ կամ Հերիսի համակիր չհռչակուիմ, անմիջապէս ըսեմ, որ երկու թեկնածուներն ալ հաւասարապէս մարմնաւորողը կը նկատեմ քաղաքական ուղեգիծի մը, որ կը մարմնաւորէ նախ եւ առաջ ամերիկեան շահերը, ապա նաեւ` իրողական պատանդը այն գերադաս ուժերուն, տնտեսական տիրակալութիւն ունեցողներուն, որոնք կը հակակշռեն ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ տնտեսապէս հզօր հռչակուած բոլոր երկիրներուն եւ խմբաւորումներուն (Եւրոպական միութիւն, ՀԱՊԿ, Չինաստան, Հնդկաստան եւ… ցանկը դո՛ւք շարունակեցէք): Անտեսելի չէ այն, որ մրցակից կուսակցութիւններն ու իրենց ներկայացուցիչները (նախագահ եւ խորհրդարան) ունին ծրագրային եւ հարցերու մօտենալու տարբերութիւններ, սակայն ընդհանուր վարքագիծը, ըստ ամենայնի, անփոփոխ է, տարբերութիւններուն խորքին կարելի է տեսնել անոնցմէ վեր կանգնող (ընդհանրապէս չտեսնուող եւ զանոնք ուղղորդող) գերհզօրներուն շահերու մրցակցութիւնը:

Բնական է, որ երբ ընտրութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ արդիւնքներ (ցանկալի կամ անբաղձալի) լոյս աշխարհ կու գան, մարդիկ տարուին ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ իրադարձութիւններով, մեկնաբաններու (խօսքը աշխարհի տարածքին ուղեղալուացքի դերը ստանձնածներուն մասին է) «քարոզներ»-ն ալ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն` որոշ մտածողութիւն պարտադրելու, անոնցմով համակելու եւ կշտացնելու համար հանրութիւնը: Երբ քիչ մը ժամանակ անցնի, ու անմիջական քարոզարշաւի ալիքը մեղմանայ, աւելի՛ն, չոր իրականութիւնները դառնան տիրապետողը, յաղթող-ընտրուողին ամէնէն ջերմ համակիրներն անգամ (խօսքը աչք ու դատողութիւն ունեցողներու մասին է) կ՛անդրադառնան, թէ որքա՜ն արագ տարուած են «դրական քարոզչութեամբ», թէ` իրենց յոյսերը ինչպէ՜ս կը շոգիանան տրուած խոստումներուն ցնդումով:

Ցանկութիւններ, բարի դիտաւորութիւններ ու ակնկալութիւններ ունենալը մե՞ղք է: Ո՛չ, անշո՛ւշտ ոչ, սակայն ոտքերը գետնէն կտրելը եւ ցանկութիւններուն պէտք եղածէն աւելի տուրք տալը առ նուազն օգտակար չեն: Հոս կ՛արժէ յիշել նաեւ երբեմնի թրքախօս հայերու բիւրեղացուցած մէկ իմաստութիւնը, որուն իմաստը հետեւեալն է. «Եթէ խօսքով ճաշ եփի, ծովու չափ իւղ ես կը տրամադրեմ»…

 

***

 

Մտահոգիչը միայն տրուած խոստումներուն տէր չկանգնիլը չէ, այլ` խոստումներուն ճիշդ հակառակը ընելն ու երկիրդ վնասէ վնաս նետելը: Հոն ալ կարելի է վնասները դասաւորել աղէտալիի եւ դարմանելիի ընդհանուր ցանկերու տակ:

Ու եթէ պահ մը մէկդի ձգենք (առանց մոռնալու) ամերիկեան կամ այլ ընտրութիւններու արդիւնքներն ու անոնց դիմաց մեր յոյսերուն «վերելակային խաղերը» ու կեդրոնանանք մեր հայրենիքի իշխանաւորներու վարքագիծին վրայ, վերի երգիծանկարը կը ստանայ յատուկ իմաստ ու խորք (լա՛ւ դիտեցէք գայլին դիմաց խմբուած ոչխարներուն դէմքի արտայայտութիւնները): ՔՊ-ականնեն ու «քալողներ»-ը, եթէ յիշող կայ, իշխանութեան հասան հազար ու մէկ խոստումով, զանգուածին ԲԱՐԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ իրականացնելու հաւաստիքներով (Արցախի պաշտպանութենէն մինչեւ տնտեսութիւն, մինչեւ փտածութեան, կաշառակերութեան եւ այլ նման չարիքներու ի սպառ վերացման խոստումները), հիմա արդէն փաստերու լեռներ կուտակած են, եւ կը շարունակեն կոյտը բարձրացնել, թէ` գործեցին եւ կը շարունակեն գործել խոստումներուն ճիշդ հակառակը: Արցախէն ետք Հայաստանէն ալ հողաշերտեր նուիրած են թշնամիին, խաղաղութիւն կը մուրան անոնցմէ, որոնց ցեղասպան եւ հայատեաց ըլլալը շա՛տ լաւ գիտեն, կը շարունակեն քայքայել եւ այլասերել երկրի ուժի բազուկը (բանակ, ոստիկանութիւն…), պաշարուած երկիրը կը տանին դէպի յաւելեալ մեկուսացում, իսկ տնտեսութեան բարելաւման համար ալ յաճախ հրապարակ կու գան չնաշխարհիկ գիւտերով: Իրաւունք չունի՞նք աղաղակելու. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Մարի Անթուանէթ թագուհի, որ սոված ժողովուրդիդ կը թելադրէիր հացի տեղ կարկանդակ ուտել: Հիմա Հայաստանի «թոռնիկներ»-դ գտեր են ցորենի փոխարէն… բրինձով կերակրուելու ձեւը, ցորեն ցանելը կը նկատեն ոչ նպատակայարմար առանց ըմբռնելու, թէ որոշ կողմէ մը որոշ կախուածութիւնը կրնան վերածել անծանօթէն կախուածութեան»: Եթէ անմահ Օտեանի հարցնէինք, պիտի պատասխանէր, որ ասոնք Փանջունին ալ կը նսեմացնեն ամէն օր, ամէն քայլափոխի, իսկ ամէնէն ողբերգականը, վճռորոշ զանգուածի մը կողմէ կը դիտուին կրաւորականութեամբ ու ստրկամտութեամբ վարակուածի վիճակով…

 

***

 

… Շիրազէն վերի մէջբերումին շարունակութիւնը անգիր գիտէ ոեւէ հայ, Հայաստան-Արցախի թէ սփիւռքի մէջ. պատգամըՊԱՅՔԱՐն է, որպէսզի կործանարարները հեռացուին ղեկէն, խոստմնադրուժները հաշուի կանչուին ԱՄԷՆ ՏԵՂ:

 

 

7 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

Էջերն Անմահութեան. Արմէն Առուստամեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա – Շիքակօ` 135-119

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?