Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Վարչակարգը Ցեղային Զտման Ենթարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութիւնը». «Ֆրիտըմ Հաուս»

Նոյեմբեր 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ահաբեկում, մեկուսացում, բռնութիւն. այս երեք բառով կը բացատրուի, թէ այսօր ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան: «Ֆրիտըմ Հաուս»-ը եւ 6 այլ կազմակերպութիւններ յստակ օրինակներով ու մանրամասն վերլուծութեամբ պատրաստած են 130 էջնոց զեկոյց մը, որ 11 նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ` Պաքուի մէջ ընթացող ՔՈՓ-29-ին զուգահեռ:

Միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մասնակցողները կ՛ընդգծեն, որ Ազրպէյճանի վարչակարգը ցեղային զտումի ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով արշաւ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղը հայերէ դատարկելու համար:

«Ասիկա, ըստ երեւոյթին, առաջին միջազգային փորձն է` կատարելու փաստահաւաք աշխատանք, հաւաքելու վկայութիւններ, կատարելու իրաւական վերլուծութիւն` ներկայացնելու այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ: «Ֆրիտըմ Հաուս»-ը եւ մեր միջազգային ու տեղական գործընկերները փաստագրած են նախորդ չորս տարիներուն ազրպէյճանական պետութեան կողմէն իրականացուած, թիրախաւորուած ու համակարգուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ», դիտել տուաւ Հայաստանի մէջ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Շիրինեան:

Ան յայտնեց, որ փաստահաւաք զեկոյցը մէկ տարուան ընթացքին պատրաստուած է` պատերազմ, շրջափակում, տեղահանութիւն… յաջորդաբար ներկայացուած է, թէ ինչպէ՛ս Պաքու իրականացուց իր ծրագիրը:

Ըստ մասնակցողներէն Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկի ներկայացուցիչ Ալեն Շադունցի, տեղահանուած արցախցիներուն հետ առաւել քան 300 մանրակրկիտ հարցազրոյցներ աւելի քան բաւարար էին` ցոյց տալու աղէտին տարողութիւնը: «Հելսինքեան քաղաքացիական համախմբում»-ի Վանաձորի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վարդինէ Գրիգորեան շեշտեց, որ զրուցակիցներուն մեծ մասը չէր հաւատար, որ պատմութիւնը այս բեմագրութեամբ պիտի ընթանար` նկատի ունենալով ռուս խաղաղապահներու գործօնը:

«Մենք նաեւ իրականացուցած ենք ազատ աղբիւրներու տուեալներու հաւաքագրում, որ համադրած ենք արբանեակներէն ստացած լուսանկարներուն հետ, նոյն ժամանակամիջոցին մենք նաեւ հետեւած ենք ազրպէյճանական կողմի հռետորաբանութեան, որպէսզի ցոյց տանք, թէ հոն ի գործ դրուած քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս կը համադրուի ատելութեան խօսքի, դաւադրապաշտական տեսութիւններու հետ», յայտնեց Շադունց:

«Կը փորձէինք հասկնալ` արդեօք որեւէ փորձ եղա՞ծ է վերադառնալու այն տարածքները, նոյնիսկ` ժամանակաւոր կերպով, որոնք կը գտնուին Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, կ՛ըսուէր` նոյնիսկ երբ փորձած են գերեզմաններ այցելել կամ այլ տարբեր միջոցներ, այդ պարագային առաջին կանխարգելումը եղած է ռուս խաղաղապահներուն կողմէ, որոնք ըսած են, թէ իրենք չեն կրնար ապահովել անվտանգութիւնը: Փաստօրէն մարդիկ որեւէ կարելիութիւն չեն ունեցած վերադարձի. ասոր զուգահեռ, մենք կը տեսնենք ազրպէյճանական հռետորաբանութիւնը, որուն ճամբով անոնք կ՛ըսէին, որ կրնան կամ կը փորձեն ապագային իբր թէ ապահովել վերահամարկումը», իր կարգին ըսաւ Վարդինէ Գրիգորեան:

Զեկոյցի համահեղինակ «Միջազգային գործընկերութիւնը յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլի Պրիւքսելէն ուղիղ կապով միանալով` Երեւանին յայտնեց, որ յաջորդ քայլը ձեռք բերուած ապացոյցներու ծրարներու հիման վրայ դիմելն է Միջազգային քրէական դատարան` յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով:

Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի, թերեւս ասիկա կը հանդիսանայ այն անկախ զեկոյցը, որ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան դիւանագէտները կ՛ակնկալէին ստանալ` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ: Կա՞յ արդեօք պատկերացում, թէ ի՛նչ արձագանգ պէտք է սպասել Ուաշինկթընէն:

«Թէ մինչեւ յունուար ի՞նչ պիտի ըլլար արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը, ատիկա նախարարութեան, որոնց կարգին թերեւս Ճէյմզ Օ՛Պրայընը պիտի ըսէ, թէ բան մը յայտարարած են, սակայն արդէն նոր իշխանութիւնները պէտք է որոշեն», ըսաւ Բեգլարեան:

«Միակ բանը, որ կրնամ ըսել այն է, թէ իրենք նաեւ կը սպասեն ամբողջական զեկոյցի հրապարակման` իրենց եզրակացութիւնները տալու համար», ըսաւ Հայաստանի մէջ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի ներկայացուցիչը:

«Ամէն ինչի մասին խօսուեցաւ` բացի Հայաստանի կառավարութեան դերակատարութենէն, պատասխանատուութեան բացակայութենէն», զեկոյցին մասին ըսաւ Հադրութէն տեղահանուած Մարգարիտա Քարամեան:

Փաստահաւաք ուսումնասիրութեան համահեղինակ «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արաքս Մելքոնեան յայտնեց, որ զեկոյցին մէջ կառավարութեան առաջարկներ ներկայացուած են: «Մենք մեզ խաբելով` ոչ մէկ տեղ կը հասնինք: Այստեղ շատ կարեւոր է նաեւ որոշակի հանրային պահանջը», ըսաւ Մելքոնեան:

Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին փաստահաւաք զեկոյցը անգլերէնով է, թիրախը` միջազգային հանրութիւնը:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Թրամփի Համար Ուքրանիոյ Եւ Լիբանանի Հարցերը Փոխկապակցուած Են

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?