«Էջերն անմահութեան» յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի գաղափարին իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու յանուն այդ կտակի ամբողջացման:
Արդարամիտ, ամէն իրավիճակի ելք գտնող, հաւատարիմ, համեստ, ինքնակամ, եղբայրասէր, ճարտարապետ ու շինարար, ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի անդամ, Արցախեան հերոս Արմէն Առուստամեան ծնած է 19 յունուար 2001-ին, Երեւան:
«Չեմ իջնի բարձունքից»
Այս էր Արմէն Առուստամեանի համոզումը Արցախի հողերը թշնամիին յանձնելու նկատմամբ:
Արմէն, բնածին իր ունեցած ինքնազարգացման սովորութեամբ, միշտ կը սիրէր սորվիլ ու իր սորվածը ուրիշին փոխանցել:
Ան նպատակասլաց անձ մըն էր, ունէր իր անձնական ու կեանքի նպատակները, բայց աւելի՛ն, ան կը հաւատար մեր համազգային նպատակներուն եւ զանոնք իրագործելը դարձուցած էր իր առօրեան: Այդ առօրեան լեցուն էր ազգային, յեղափոխական ու մարտական գիրքերու ընթերցանութեամբ, մարզանքով ու բազկամարտերով, նշանառութեամբ, բայց աւելի՛ն, ան խօսքերը գործի վերածելով` միշտ ներկայութիւն էր հայ ազգի կեանքէն ներս:
2016-ին ան կ’անդամակցի ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի «Յովհաննէս Հինդլեան» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով ա՛լ աւելի կը զարգացնէ իր ղեկավարման ու զինուորական հմտութիւները` իբրեւ ապագայ ղեկավար ու բանակային: Որոշ ժամանակ մը ետք ան կը ստանձնէ մասնաճիւղի գայլիկներուն պատասխանատուութիւնը` պատրաստելու համար ապագայի «լաւագոյն գայլիկ»-ները:
Արմէնին կարդացած վերջին գիրքը Վոյնիչի «Բոռ»-ն էր: Վէպ մը, որ կը նկարագրէ ազգային գաղափարախօսութիւնը իբրեւ միաւորող ուժ մը` հասնելու համար անկախութեան, որ կարելի է իրագործել միմիայն յեղափոխութեամբ, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ անսակարկ նուիրում ու զոհաբերութիւն:
Այս մէկը հեռու չէր իր ունեցած տեսակէտէն: Ան կը փորձէր ամէն ինչ արդարացնել, ունէր տարածուն լաւատեսութիւն մը, կը հաւատար, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է «բարձր» ապրի իր հայ ազգի արժէքներով` հեռու մնալով այլասերման ու ապազգանացման վտանգներէ եւ այդ մարտահրաւերները յաղթահարելու համար պէտք է գտնէ լուծումներ:
2019-ին Արմէն Առուստամեան կը զօրակոչուի հայկական բանակ եւ ծառայութիւնը կը կատարէ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի թիւ երկու զօրամասին մէջ` արժանանալով կրտսեր տասնապետի կոչումին: Աւելի ուշ, արցախեան երկրորդ պատերազմի բռնկումին, ան կը մեկնի առաջնագիծ` դառնալով անկոտրում զրահը արցախահայութեան:
Արմէնին զինակից ընկերները կը պատմեն, որ անոր բարութեան չափ ու սահման չկար: Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ իր ընկերը` Լեւոնը, հազիւ 2 ամսուան ծառայող, կը վիրաւորուի` վնասելով իր աչքերը: Ընկերասէր Արմէնը իր ընկերը գրկած` կը քալէ 2 քմ, որպէսզի զայն հասցնէ բուժօգնութեան ինքնաշարժի մօտ, սակայն երբ կը հասնի, կ՛իմանայ, որ բուժօգնող չկայ, իր ուժերը հաւաքելով ընկերը շալկած կը վերադառնայ իրենց դիրքը:
Արմէնի բարեկամները կը վկայեն, որ ան ամէն իրավիճակի ելք գտնող էր, ինչպէս կ՛ըսեն` «Սկաուտը ստեղծագործ է», անոր ստեղծագործութիւնները լուծումներ էին: Պատերազմի ժամանակ ան կը նշմարէ կիսածանր գնդացիր մը եւ կը խնդրէ հրամանատարէն, որ զայն բերէ իրենց մօտ: Հրամանատարը` մտահոգուած, համաձայն չի գտնուիր գաղափարին, որովհետեւ գնդացիրը հեռու էր իրենց դիրքէն, թիրախաւորուած բաց տարածքի մը վրայ եւ հաւանականութիւն կար, որ այդ զէնքը փճացած ըլլար: Արմէնը յիշելով, որ սկաուտը արկածախնդիր ու ստեղծագործ է, եւ ան ամէն իրավիճակի ելք մը կը գտնէ, անտեսելով վտանգը` կը բերէ կիսածանր գնդացիրը, կը նորոգէ ու կը սարքէ: Նոյն գիշերը իրենց դիրքը շրջափակման կ՛ենթարկուի, սակայն Արմէնը օգտագործելով իր նորոգած կիսածանր գնդացիրը, ծանր հարուածներ կը պատճառէ թշնամիիին` վերջ տալով շրջափակման:
9 նոյեմբեր 2020-ին առաւօտուն Արմէն կը վիրաւորուի, սակայն կը շարունակէ իր ամբողջ ուժով պայքարիլ` ծանր վնասներ պատճառելով թշնամիին: Աւելի ուշ, զինադադարէն ժամեր առաջ, վիրաւոր վիճակով կը փրկէ իր ընկերոջ կեանքը եւ կ՛անցնի ԷՋԵՐՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ, երբ թշնամին ականանետով անընդհատ կը ռմբակոծէր Մարտունի շրջանները, մանաւանդ Արմէնին գտնուած բարձունքը, ուր գտնուողները կը ստանան նահանջի հրահանգը: Արմէն լաւ գիտնալով մեր հողերուն արժէքը` իր զինակից ընկերներուն կ՛ըսէ.
«Մենք էս դիրքը արդէն վերցրել ենք,
Ես էս բարձունքից չեմ իջնի»:
Ապա Արմէնն ու իր ընկերները կ՛ապաստանին խրամատներուն մէջ: Նշմարելով իր զինակիցներէն վիրաւորուած եղբայր մը, Արմէն հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄ-ի մէջ իր ստացած դաստիարակութեան եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին, իր վիրաւոր վիճակով կը հասնի այդ եղբօր օգնութեան, ու կը մնայ հաւատարիմ իր խօսքին` «Էս բարձունքից չեմ իջնի»-ին` նահատակուելով բարձրունքին վրայ:
Երբ Արմէնին մայրը հարց տուաւ Արմէնի զինակից ընկերներուն, որ եթէ ան խրամատէն դուրս չգար, արդեօք այսօր ողջ կ՛ըլլա՞ր, Արմէնին կրտսեր եղբայրը պատասխանեց. «Մա՛մ, յիշի՛ր Արմէնին, ու ինքդ քեզ հարց տուր` նա կարո՞ղ էր ողջ վերադառնալ այս պատերազմից»:
Արմէն մինչեւ իր կեանքի վերջը հաւատարիմ մնաց «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին: Ան բարձրացաւ բարձունքը, ծառայեց իր ազգին, իր հայրենիքին նուիրեց իր սէրը, անկատար երազանքները, որոնցմէ մին իրականացաւ` ան իր աչքերը փակեց` մնալով բարձր ու աննահանջ ազատ Արցախի Մարտունիի բարձունքներուն վրայ եւ կը շարունակէ մնալ հոն` մեզի փոխանցելով առկախ կտակ մը` յառա՛ջ անսասան, յառա՛ջ անդեդեւ, դէպի Մարտունիի լեռները, դէպի ազատագրուած Արցախ: