Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփի Համար Ուքրանիոյ Եւ Լիբանանի Հարցերը Փոխկապակցուած Են

November 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վերջերս շատ կը խօսուի Լիբանան-Իսրայէլ կարգաւորման մը կարելիութեան մասին, կը հաղորդուի յառաջընթացի արձանագրութեան,  մինչեւ իսկ տակաւին վիճելի մնացող կէտերու մասին բացայայտումներ կը կատարուին, նաեւ կան լուրեր` ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան այցելութեան մասին: Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ վերջինս յայտնած է. «Մօտ օրէն Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու առիթ գոյութիւն ունի, եւ մենք յոյսով լեցուած ենք»:

Կը խօսուի 20 նոյեմբերէն սկսեալ ժամանակաւոր` 5 շաբաթ տեւողութեամբ, զինադադարի մը մասին, որուն ընթացքին աշխատանք պիտի տարուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վիճելի կէտերուն շուրջ, որոնցմէ մէկը, ըստ իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին, այն է, թէ լիբանանեան բանակը որքան կարելի է արագօրէն տեղակայուի Լիթանի գետէն հարաւ:

Կը խօսուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք եւ պատերազմին վերջ տալու միտող ռուս-ամերիկեան նախագիծի մը ձեւաւորման մօտալուտութեան մասին: Ըստ տեղեկութիւններու, նախագիծը Մոսկուային կը յանձնէ լիբանանեան-սուրիական սահմանի թղթածրարը` արգիլելու համար զէնքերու մաքսանենգումը, իմա` Հըզպալլայի վերազինումը:

Թէեւ կը հաղորդուի, որ Ռուսիոյ դերակատարութեան բարձրացման նկատմամբ իսրայէլեան մտահոգութիւն գոյութիւն ունի, եւ այդ իսկ պատճառով Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր գաղտնաբար այցելած է Մոսկուա, ապա, ոչ գաղտնի այցելութիւն մը տուած Ուաշինկթըն, սակայն Իսրայէլի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր վկայեց ռուսական դերակատարութեան իսրայէլեան կողմին դրական ընկալման մասին, երբ նշեց. «Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ներկայ է եւ կրնայ նպաստել Հըզպալլայի վերազինման դադրեցման»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթն ու սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով աղբիւրներու, անջատաբար հաղորդեցին, որ Հոքշթայնի Լիբանան այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաջալերանքով:

Հոքշթայն 31 հոկտեմբերին Պրեթ ՄքԿըրքի ընկերակցութեամբ այցելած էր Երուսաղէմ, ուր հանդիպում ունեցած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը: Օրին, սակայն, անոր առաքելութիւնը սկիզբէն դատապարտուած էր ձախողութեան, որովհետեւ 5 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին էր եւ անոր յաջողութիւնը կրնար նպաստաւոր ըլլալ նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, փոխնախագահ Քամալա Հարիսին եւ անոր որոշ թիւով յաւելեալ քուէներ ապահովել:

Իսրայէլի վարչապետը բնականաբար նախընտրած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ կողմ չըլլալ կամ առնուազն չօգնել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որուն հետ յարաբերութիւնները այնքան ալ դրական չէին, մանաւանդ որ Նեթանիահուի համակրանքը Թրամփին նկատմամբ:

Այժմ պայմանները փոխուած են: Նախագահական ընտրութիւնները աւարտած են Թրամփի յաղթանակով: Ուստի, այլեւս Պայտընի համար «առաւել» մը ինքնաբերաբար Թրամփի համար «նուազ» չի նշանակեր:

Ինչպէս յայտնի է, վերջինս մտադիր է պատերազմներուն վերջ տալ, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ պատերազմին, որ անոր արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն թեմաներէն մէկն է եւ թերեւս` հետաքրքրութեան գլխաւորը նիւթը:

Պայտընի ընթացաւարտ վարչակազմին կողմէ Լիբանան-Իսրայէլ հակամարտութեան կարգաւորումը Թրամփի նորակազմ վարչակազմին առիթ կ՛ընծայէ աւելի ազատ կերպով կեդրոնանալու եւ յաւելեալ ներուժ տրամադրելու Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման:

Մոսկուայի հետ Լիբանանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք նախագիծի վրայ համատեղ աշխատանքն ու այդ հարցի կարգաւորման մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան վստահիլը իր կարգին ռուս-ամերիկեան դրական ենթահող, երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան կամուրջ մը կը ստեղծէ, ուստի եւ կը նպաստէ ուքրանական խնդիրի կարգաւորման:

Յայտնի չէ, թէ այս բոլորը ինչպիսի աւարտ մը պիտի ունենան, սակայն մէկ բան յստակ է` Թրամփի համար Ուքրանիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի հարցերը փոխկապակցուած են:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Վարչակարգը Ցեղային Զտման Ենթարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութիւնը». «Ֆրիտըմ Հաուս»

Յաջորդը

Հայաստանի Իշխանութիւններուն Լռութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.