«Այլանդակ Տառեր». Սրբապղծութի՞ւն, Թէ՞ Սրբազան Վերածնունդ
Սրբութեան Սահմաններէն Անդին` Հայերէնով Ապրելու (Այսինքն` Անոր Հետ Ստեղծագործելու, Խաղալու, Սխալելու Եւ Այլն) Հրաւէր Մը ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այս տարի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով մենք` «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնս, որոշեցինք վերահրատարակել Րաֆֆի Սարգիսեանի` Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնին, 2015-ին գրած «Հայերէնը պէտք Է գործնական լեզու դառնայ» յօդուածը («Թորոնթոհայ», 29 հոկտեմբեր 2015, առցանց): Այս գրութիւնը կը շեշտէ հայերէնը գործնական, օգտագործելի լեզու դարձնելու կարեւորութիւնը. այսինքն`...




















