Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այլանդակ Տառեր». Սրբապղծութի՞ւն, Թէ՞ Սրբազան Վերածնունդ

Դեկտեմբեր 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբութեան Սահմաններէն Անդին` Հայերէնով Ապրելու
(
Այսինքն` Անոր Հետ Ստեղծագործելու, Խաղալու, Սխալելու Եւ Այլն) Հրաւէր Մը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս տարի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով մենք` «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնս, որոշեցինք վերահրատարակել Րաֆֆի Սարգիսեանի` Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնին, 2015-ին գրած «Հայերէնը պէտք Է գործնական լեզու դառնայ» յօդուածը («Թորոնթոհայ», 29 հոկտեմբեր 2015, առցանց): Այս գրութիւնը կը շեշտէ հայերէնը գործնական, օգտագործելի լեզու դարձնելու կարեւորութիւնը. այսինքն` լեզու մը, որով մարդիկ իսկապէս կրնան ապրիլ` փոխանակ զայն հեռուէն դիտելու, ինչպէս` թանգարանի ապակիին ետեւ դրուած ցուցանմուշ:

Յօդուածին հետ զետեղեցինք նաեւ ամերիկահայ շնորհալի գծանկարիչ Մարտիրոս Չիլիանի (Myke Chilian) ստեղծած «Հայկական այբուբեն» խորագրով գունագեղ եւ կենդանի (երբեմն` բառին բուն իմաստով կենդանի) պատկերը (տեսնել մեկնաբանութիւններուն մէջ): Տառերը նկարազարդուած (կամ «կեանքի կոչուած») են` գունեղ, զուարճալի, երբեմն` քիչ մը տարօրինակ. ոմանք մարդակերպ (նոյնիսկ` այլմոլորակակերպ) տեսք ստացած են: Ասիկա Րաֆֆիին միտքերուն տեսողական ներկայացումն էր. հայերէնը պէտք է ըլլայ կենդանի, շնչող լեզու մը:

Սակայն, հաւանաբար, ինչպէս կը սպասուէր, հակազդեցութիւնը արագ եկաւ: «Դիմատետր»-ի մէջ առաջին մեկնաբանութիւններէն մէկը հարցուց. «Էս ո՞վ մեր սուրբ գրերը էսպես այլանդակել»: Կարծես մեծ մեղք մը գործած էինք` համարձակելով հայկական այբուբենի տառերը ներկայացնել ոչ թէ հազարամեայ քարի մը վրայ փորագրուած, այլ` նորարար, ստեղծագործ ձեւով:

Եւ հոս կը հասնինք խնդրոյ առարկային սիրտը: Հայերէնին եւ, այս պարագային, հայկական այբուբենին հանդէպ այս տեսակ կոշտ, կարծր, գրեթէ կրօնական ակնածանքը ճիշդ այն մտայնութիւնն է, որ պէտք է մարտահրաւէրի ենթարկենք: Ինչո՞ւ, որովհետեւ երբ բան մը կը բարձրացնենք սրբութեան աստիճանի, երբ զայն այնքան կը սրբացնենք, որ անձեռնմխելի կը դառնայ, կը զրկենք զայն իր օգտագործութենէն: Կը սպաննենք անոր աճելու եւ ստեղծագործելու ներուժը: Փորձելով պահպանել անոր «մաքրութիւնը»` ի վերջոյ կը խեղդենք զայն:

Պահ մը երեւակայենք. կարելի՞ է արուեստ ստեղծել, եթէ մեր իւրաքանչիւր վրձնահարուածը քննադատուէր ու ստիպուէր, որ ճշգրտօրէն համապատասխանէր եւրոպական Վերածնունդի վարպետներու չափանիշներուն: Կամ կարելի՞ է երաժշտութիւն յօրինել, եթէ մեր նուագած իւրաքանչիւր նոթը պէտք է կատարելապէս արձագանգէր Պախին: Ո՛չ տեղ` նորարարութեան, ո՛չ տեղ` սխալներու, պարզապէս սառած, անշարժացած արուեստի ձեւ մը, որով կը հիանան հեռուէն, բայց երբեք չեն մասնակցիր: Ահա թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ այնքան կը յարգենք բան մը, որ այլեւս կը վախնաք անոր դիպչելէն:

Լեզուները, ճիշդ` ինչպէս արուեստը կամ երաժշտութիւնը, չեն կրնար զարգանալ, եթէ զետեղուին պատուանդանի վրայ` անձեռնմխելի եւ անփոփոխ: Անոնք պէտք է օգտագործուին (այո՛, երբեմն սխալներով), ծռմռատուին, այլանդակին. անոնցմով պէտք է ստեղծագործել, երգել, պարել եւ, համարձակիմ ըսելու, հայհոյել: Անոնք պէտք է զարգանան, որովհետեւ եթէ լեզու մը չի զարգանար, ան կը դառնայ անտեղի:

Տարբերութիւնը թանգարանին եւ խաղավայրին միջեւ է: Թանգարանը հիացման տարածք է, անշուշտ, բայց նաեւ` հեռաւորութեան տարածք: «Դիտեցէ՛ք, բայց յանկարծ չդպչիք»: Միւս կողմէն` խաղավայրը այն տեղն է, ուր կը խաղանք, կը գործենք, կը փորձարկենք եւ, ի վերջոյ, կը ստեղծենք: Հայերէնը, եթէ պիտի վերաբերի սփիւռքի ապագայ սերունդներուն, պէտք է աւելի նմանի խաղավայրի եւ ո՛չ թանգարանի:

Խօսինք մեր հայերէն տառերուն մասին. այո՛, անոնք սուրբ են այն իմաստով, որ ունին խոր պատմութիւն եւ խոր կապ մեր ինքնութեան հետ: Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք պէտք է սառած մնան ժամանակի մէջ: Միթէ տառերը քիչ մը զուարճալի կամ գունագեղ դարձնելը կը նուազեցնէ՞ անոնց կարեւորութիւնը: Ընդհակառակը, ասիկա զանոնք կեանքի կը կոչէ եւ թոյլ կու տայ յաջորդ սերունդին կապուիլ անոնց հետ, տեսնել զանոնք իբրեւ բան մը, զոր կրնան սեփականացնել, ոչ թէ` պարզապէս բան մը, որով պարտաւոր են հիանալ հեռուէն:

Մենք անգլերէնին հետ այսպէս չենք վարուիր, չէ՞: Չենք սրբացներ լատին այբուբենը եւ չենք պնդեր, որ տառերը սահմանափակուին սեւ ու ճերմակ, չոր ու ցամաք Times New Roman տառատեսակով: Երբ երեխաներուն անգլերէն կը սորվեցնենք, տառերը մեծ, յստակ եւ զուարճալի կը դարձնենք: Կը խրախուսենք անոնց հետ խաղալ, սխալիլ, քրքրել ու փորձարկել. եւ որպէս չափահասներ` նոյնը կ՛ընենք: Ոչ ոք կը մտահոգուի անգլերէնը կամ տառերը պղծելու մասին: Բոլորս ալ գիտենք, որ անգլերէնը խառնաշփոթ է, լեցուն` ուղղագրական անհամապատասխանութիւններով, քերականական տարօրինակութիւններով եւ ժամանակի ընթացքին զարգացած ոչ պաշտօնական կիրարկութիւններով: Եւ ճիշդ ասոր համար է, որ ան կը բարգաւաճի: Մեզմէ ո՞վ կրնայ ըսել թէ անգլերէնը կատարեալ կը խօսի. սակայն ատիկա մեզի չ՛արգիլեր ամէն օր անգլերէն գործածելէ, նոյնիսկ երբ սխալներ կ՛ընենք: Ինչո՞ւ ուրեմն նոյնը չընել մեր մայրենի լեզուին հետ:

Հայերէնի պարագային, յաճախ կը վարուինք այնպէս, կարծես ան չափազանց փխրուն է: Կը դառնանք դռնապաններ` կանգնելով լեզուի մուտքին առջեւ եւ ըսելով` «ո՛չ այսպէս, ո՛չ այս ձեւով», կարծես զայն օգտագործելու մէկ ճիշդ ձեւ կայ: Եւ ո՞վ կը տուժէ ի վերջոյ. ինքը` լեզուն, եւ մենք` կրողներս: Որովհետեւ երբ լեզուին կը վերաբերինք որպէս այնքան թանկարժէք բանի, որ չի կրնար յարմարիլ կամ զարգանալ, կը խրտչեցնենք մարդիկը անոր հետ յարաբերելէ:

Անոնք, որոնք ստեղծեցին հայկական այբուբենը, եւ անոնք, որոնք հովանաւորեցին մեր տառերու ստեղծումն ու սփռումը, արժանի են յարգանքի, նոյնիսկ` սրբացման. Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սահակ Պարթեւ, սուրբ թարգմանիչներ: Գլխուս վրայ. անոնց ըրածը հսկայական էր: Մեզի տուին գրելու համակարգ մը, որուն կապուած է մեր ժողովուրդը աւելի քան 1600 տարի: Բայց տառե՞րը. կ՛ենթադրեմ, որ անոնք երբեք նախատեսուած չէին իբրեւ պաշտամունքի առարկաներ, այլ` որպէս գործիքներ: Իսկ գործիքները, ըստ սահմանման, նախատեսուած են օգտագործուելու համար:

Հայերէնը լոկ հին մասունք մը չէ, ան կենդանի, շնչող բան մըն ալ կրնայ ըլլալ: Եւ ինչպէս բոլոր կենդանի էակները, անոր պէտք է տեղ` աճելու, յարմարելու, սխալելու համար: Այնպէս որ, այո՛, շարունակենք պատուել մեր այբուբենի ստեղծողներուն ժառանգութիւնը, բայց եկէք` նաեւ համոզուինք, որ մեր լեզուն թանգարանային ցուցանմուշի պէտք չէ վերածենք: Եկէք` զայն կենդանի պահենք` օգտագործելով, խաղալով եւ, այո՛, նոյնիսկ սխալելով անոր հետ:

Ուստի, եկէք` դադրինք վախնալէ մեր լեզուն «աղտոտելէ»: Փոխարէնը եկէք` զայն թաթխենք կեանքի մէջ. թող երեխաները խճճեն զայն իրենց մատիտներով, թող երիտասարդները խառնեն զայն օտար բառերու հետ (բայց միշտ ձգտին հայերէն բառը սորվիլ), եւ թող մեր արուեստագէտները զայն ներկեն անսպասելի գոյներով: Որովհետեւ ճիշդ այդ «աղտոտումն» է, որ կը պահէ լեզուն մաքուր եւ կենդանի:

Վերջապէս, յիշենք. մեր լեզուն ապրած է դարեր շարունակ` դիմակայելով կայսրութիւններու, պատերազմներու եւ աքսորներու: Ան գոյատեւած է, ոչ թէ որովհետեւ մենք զայն փակած ենք ապակիէ տուփի մը մէջ, այլ որովհետեւ մենք զայն գործածած ենք մեր առօրեային մէջ: Թող շարունակենք այդպէս ընել, բայց այս անգամ` աւելի համարձակօրէն, աւելի ստեղծագործաբար եւ աւելի ուրախութեամբ:

Որովհետեւ, ի վերջոյ, մեր լեզուն այնքան զօրաւոր է, որ կրնայ դիմանալ մեր սիրոյն, մեր երեւակայութեան եւ, այո՛, նոյնիսկ մեր սխալներուն: Իրականութեան մէջ ան ոչ միայն կը դիմանայ անոնց, այլ կը բարգաւաճի անոնցմով:

Եւ այսպէս, յաջորդ անգամ, երբ տեսնէք մեր սիրելի հայկական տառերը զուարճալի, գունագեղ կամ նոյնիսկ քիչ մը խենթուխելառ ու անսովոր ձեւով ներկայացուած, մի՛ զայրանաք: Փոխարէնը` ժպտեցէ՛ք, որովհետեւ այդ պահուն դուք կը տեսնէք` ինչպէ՛ս մեր հին լեզուն կը վերածնի նոր սերունդի ձեռքերուն մէջ: Եւ ի՞նչ կայ աւելի սուրբ, քան` այդ վերածնունդը:

«Թորոնթոհայ»

Նախորդը

Զէնք` Նաւթի Դիմա՞ց, Թէ՞ Աւելին, Ազրպէյճան-Իսրայէլ Կապերի Ներկան Ու Ապագան

Յաջորդը

Մարդածին Արհաւիրք Մը. Գաղթականները

RelatedPosts

Հայաստանը Կը Փախցնէ Ռազմավարական Առիթ Մը Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ռապպիներու Համագումարի Գումարման Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Հայաստանը Կը Փախցնէ Ռազմավարական Առիթ Մը Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ռապպիներու Համագումարի Գումարման Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 7, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 7, 2025
Տոլարի Անգտանելի Ծառեր
Անդրադարձ

Տոլարի Անգտանելի Ծառեր

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?