Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւը Գարատուրանի Ծովը Ինկաւ

Դեկտեմբեր 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապ շրջանը տասներկու գիւղ ունի: Իւրաքանչիւր գիւղ տարբեր գեղեցկութեամբ ու յատկութիւններով կը զատորոշուի:

Այսօր խօսքս Գարատուրան գիւղին մասին է, որուն գեղեցիկ բնութիւնը` լեռն ու ձորը գրկախառնուած են: Այս հայաբնակ գիւղի գլխաւոր յատկութիւնը այն է, որ հովիտ գիւղին վերջակէտը իր հրաշալի ծովն է:

Էքիզօլուխ եւ Գարատաշ խաչմերուկի ճամբուն վրայ, Գարատաշի ճամբուն վերջաւորութեան, Գարատուրանի ճամբան կը սկսի: Կարծես մանուկի մը գծագրութիւնը ըլլար` երկու լեռները քով-քովի գծուած, անոնց մէջտեղը ծովը կ’երեւի, վերն ալ` գեղեցիկ ու փայլփլուն արեւը: Չէ՛, չէ՛, սա գծագրութիւն չէ, սա երկրի վրայ աստուածային պատկեր է:

Գարատուրանի ճամբան երկու լեռներու մէջտեղէն կը սկսի, այդ լեռները հետզհետէ կը բացուին ու կը բացուին, մինչեւ Գարատուրանի ծովը հասնիս (Միջերկրական ծովը):

Աշուն է: Բերքահաւաքի օրեր են: Աշնան օրերը հետզհետէ աւելի կը կարճնան: Խնձորի բերքահաւաքէն առաջ` յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, սալորի եւ դեղձի բերքահաւաքի օրերը աւելի երկար էին, եւ ամրան այդ տաք օրերուն, երեկոյեան երկար ժամերու ընթացքին բերքահաւաքն ալ աւելի հաճելի էր զով օդին:

Դոյլը ձեռքս առած` խնձորի ծառին շուրջ կը պտտիմ մեծ ու հասուն խնձորի հատիկներու փնտռտուքով, զանոնք քաշելով դոյլս կը լեցնեմ, ինչպէս հայրս թելադրած էր: Առաջին փուլին «ընտրելով քաշելու» արարողութիւնը զիս կը նեղացնէ: Ես «սկրթելով քաղել» (սկրթել- ամբողջ ծառի վրայ գտնուող խնձորները միասին քաղել) աւելի կը նախընտրեմ ու կը սիրեմ այս գործը: Կը զգամ, որ գործը աւելի արագ ու արդիւնաւէտ կ’ըլլայ: Հայրս ալ կ’ըսէր. «Այդ փոքր խնձորի հատիկները վաղը կը մեծնան, ու անոնց արժէքը աւելի լաւ կ’ըլլայ»:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն եւ հանգիստի ժամէն ետք, յետմիջօրէի բերքահաւաքի գործը կը շարունակուի: Արեւը այնքա՛ն կիզիչ է, որ գլուխ կ’այրէ: Իսկ մարմնիդ տաքութիւնը բարձրանալով` նեղութիւն կու տայ, եւ մարմինդ ծանրացած ու թուլցած կը զգաս: Նոյնիսկ աչքերդ ծառերու ճիւղերու մէջէն փնտռտուքի ընթացքին կը նեղանան արեւին շողերէն:

Քիչ ետք արեւը ինքն ալ յոգնած կը զգայ, ա՛լ անոր յոգնութիւնը իրաւացի է, չէ՞ որ ան առաջին արթնցողն է:

Արեւի շողերը` իրենց ուժը կորսնցուցած, նուազ տաքութիւն ու լոյս կը սփռեն ալ: Օրուան այդ ժամերուն արեւը իր վերջալոյսին հասած է, կ’ուզէ, որ իրեն նման աշխատասէր ու կանուխ ժամերուն բերքահաւաքի պարտէզ իջած աշխատողներն ալ հանգչին:

Աչքերս սեւեռած հորիզոնին, զմայլած ու հիացած` արեւի շարժումներուն կը հետեւիմ: Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ գեղեցիկ պատկեր է: Նախ` արեւը իր շողերը ծովու ջուրերուն վրայ կը տարածէ, եւ անոր ջուրերը ցորենի ոսկի արտի մը նման կը սկսին փայլփլիլ: Քանի մը վայրկեան ետք ծովու ջուրն ու երկինքը իրարու կը միանան: Երկուքը միասին կը պսպղան: Կարծէք արեւուն շողերը ոսկեգոյն թելեր ըլլային, իսկ երկինքն ու ծովու ջուրերը իրարու հետ հիւսուած ըլլային: Անոնք իրարու միացած` սիրով լեցուն պահեր կ’ապրին:

Արեւը քիչ մըն ալ վար կը սահի: Ան այնքան նազանքով ու հանգիստ կ’իջնէ, որ շարժումն իսկ չի նկատուիր:

Այս անգամ արեւը նարնջագոյնով կը զգեստաւորէ ծովուն վերեւ տարածուող նօսր ամպերը, որոնք սկիզբը, երկնքի վրայ զուգահեռներ կազմած, արեւուն ուղղութեամբ կը խուժեն, կարծէք անոր վրայ պիտի յարձակին, բայց ո՞վ կրնայ հսկայ արեւուն յաղթել: Անոնք շուտով նարնջագոյն ոչխարներու հօտ կազմած` հլու-հնազանդ իրենց տեղերը կը գրաւեն:

Մինչ ապշահար կը դիտեմ նարնջագոյն «ոչխարները», մեղմ հովը կը ցրուէ զանոնք, ու այս անգամ մեծ արծիւի նման հսկայ թեւերով ուրուական մը կը գծուի` կրկին նարնջագոյն ներկուած: Շուտով այդ արծիւը կ’անհետանայ ու արեւուն երկու կողմերը երկար գիծեր կը յայտնուին: Այդ ամպերը կարծէք ըլլային ձեռքեր, որոնք արեւուն ձեռքերը կ’ուզէին բռնել ու անոր օգնել իր վայրէջքի ճամբուն վրայ, սակայն արեւը ինքնավստահ կը մերժէ անոնց օգնութիւնը ու հեզաճկուն ճամբան կը շարունակէ:

– Շաղի՛կ, ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ այդպէս զմայլած կը դիտես,- հայրս էր` ամէն մէկ ձեռքին դոյլ մը շալկած, խնձորի սնտուկներուն մօտեցած, կը պատրաստուէր պարպել դոյլերը: Հօրս ձայնը վերացած միտքս կը սթափեցնէ:

– Հայրի՛կ, նայէ՛, արեւը որքա՜ն գեղեցիկ է, հապա ծովուն ու երկնքի երանգնե՞րը…

Աշնան, երբ արեւը ծովու ջուրերուն մօտենայ, շուտով մութը կ’իյնայ: Կարծէք ծովու թաղին վերջին տան մէջ բնակողը կոճակ մը ունեցած ըլլար ու այդ կոճակը երբ փակէր, ամէնուրեք կը մթննար:

– Դեռ կ’աշխատիս, արեւը յոգնեցաւ, մար պիտի մտնէ, դուն լուսնի լոյսո՞վ պիտի աշխատիս,- մեր պարտէզի դրացին էր, որ հօրս հետ կը խօսէր, կարծէք հօրս ժրաջան աշխատանքը անոր նախանձը շարժած ըլլար:

Հայրս ժպիտով պատասխանեց անոր:

Արեւուն ճակատն ու աչքերը կ’երեւէին միայն, ինքն ալ տխուր էր բաժանումին համար, ու ամէն բաժանում արցունք կը խլէ, նոյնիսկ` արեւէն: Լաւ էր, որ անոր արցունքները ծովուն աղի ջուրերուն հետ կը միաձուլուէին, որպէսզի կարենար ձեւացնել, թէ ինք հսկայ արեւն է ու տխուր չէ, պարզապէս ամէն բաժանում դառն է:

Տան պատուհանէն կը շարունակեմ դիտել: Արեւը ծովու ջուրերուն մէջ ինկած է: Ծովուն ջուրերը մութ գոյնի գիշերանոց հագած` կը պատրաստուին քնանալու:

Բոլորը կ’անհետանան մութին մէջ: Արեւը եւ ծովը նոյնպէս կ’անհետանան: Բայց` ի՛նչ հոգ, վաղը կրկին նոր օր պիտի բացուի, կրկին արեւը պիտի ծագի, ու կրկին արեւը մեզի պիտի այցելէ: Նոր օրուան հետ նոր յոյսեր ու կեանք պիտի բացուին:

 

Նախորդը

Պատմական Յիշողութեանը Կառչելով…

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաշտօնական Կողոպուտ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?