ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշիի եւ շրջակայքին մէջ հայ-թաթարական կռիւները գրեթէ աւարտած էին 1906-ի ամրան, երբ Թուրքիայէն օգնական ուժեր հասան Կովկասի թաթարներուն:
Թուրքիայէն հասնող ուժերը եւ թաթար հրոսակախումբերը Սօս գիւղի ուղղութեամբ յարձակման անցան եւ գրաւեցին Ամարասի վանքը:
Ամարասի վանքը, Խազազ եւ Լուսաւորիչ լեռներուն միջեւ, հիմնուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ: Հոն թաղուած է անոր թոռը` Աղուանքի առաջին եպիսկոպոս Սուրբ Գրիգորիս, որ քրիստոնէութիւնը քարոզելու ժամանակ նահատակուեցաւ: Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի մէջ դպրոց բացաւ:
Բարձր պարիսպներով շրջապատուած վանքը կրօնական նուիրական կեդրոն եւ եպիսկոպոսանիստ եղած է:
Ամարասի պատմութիւնը մեր ազգի ինքնուրոյն դիմագիծի, հայկական տոկունութեան պատմութիւնը եղած է: Ներխուժող հորդաներ բազմիցս ջանացած են հողի երեսէն ջնջել, պատմութենէն վերցնել քրիստոնէութեան օճախ Ամարասը, բայց չեն յաջողած: Վանքը տարբեր ժամանակներ ամայացած, բայց կրկին շէնցած է:
Ամարասի բարեբեր հովիտին մէջ, համանուն Ամարաս գետի ափին Մաճկալաշէն գիւղն է, որուն արեւելքը Լուսաւորչի, իսկ հարաւ-արեւելքը Խազազի լեռներն են: Հոն կը գտնուի Սուրբ Գրիգորիսի սրբավայրը: Իսկ Լուսաւորչի լերան արեւմտեան ստորոտին, լանջի վրայ Սօս գիւղն է` Կարմիր քար սրբավայրով:
Մաճկալաշէնցիք, սօսեցիք, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները համատեղ ուժերով դիմադրութիւն կազմակերպեցին: Անոնք ուժգին հակահարուած տուին յելուզակներուն եւ ցիր ու ցան փախուստի մատնեցին զանոնք: Թուրքիայէն եկած ջոկատի հրամանատարը սպաննուեցաւ:
Ամարասի վանքը անգամ մը եւս փրկուեցաւ աւերածութենէ ու կողոպուտէ:
Ծանր կորուստներ կրած թուրք թաթար հորդաները հայերէն խնդրեցին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները:
* * *
Ռուսական կայսրութեան տարածքին 1905 յունուարին ծայր առած էր յեղափոխական շարժումը, իսկ հոկտեմբերին սկսած էր համառուսաստանեան գործադուլը: Նիկոլայ Բ. կայսր 17 հոկտեմբեր 1905-ի հռչակագիրով քաղաքական ազատութիւններ խոստացած էր: Յեղափոխական շարժումը 1906-ին աստիճանաբար տկարացաւ:
Կովկասի փոխարքայ կոմս Իլլարիոն Վորոնցով-Դաշկովի պնդումով Նիկոլայ Բ. կայսր 1 օգոստոս 1905-ին հրամանագիր ստորագրած էր, 1903-ին բռնագրաւուած հայկական եկեղեցական ունեցուածքը վերադարձնելու եւ հայկական դպրոցները վերաբանալու մասին:
Փիոթր Ստոլիպին 1906-ին Ռուսաստանի վարչապետ եւ ներքին գործոց նախարար եղաւ: Ան ղեկավարեց յեղափոխութեան ճնշումը, որմէ ետք խրախուսեց յեղափոխականներու դէմ ռազմական դատարաններու գործունէութիւնը եւ մահապատիժները: Ստոլիպին 8 յունիս 1907-ին ցրուեց պետական երկրորդ դուման:
Ռուս յեղափոխականներու դէմ հալածանքները սաստկացան: Խռովութիւններ եւ հակապետական գործունէութիւն ծաւալելու ամբաստանութեամբ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ահաբեկիչներ, բազմաթիւ յեղափոխականներ երեւութական դատավարութիւններէ ետք գնդակահարուեցան, կախաղան բարձրացան կամ Սիպերիա աքսորուեցան:
Ստոլիպին մեծապէս մտահոգուած էր Կովկասի մէջ հայերու ներկայացուցած ուժով: Հայերը եւ յատկապէս Հայ յեղափոխական
դաշնակցութիւնը Կովկասի մէջ հակապետական գործունէութիւն ծաւալած գլխաւոր ուժն էին եւ գործակցած էին ռուս յեղափոխականներու ու ահաբեկիչներու հետ: Հայ յեղափոխականները զինուած էին եւ մարտական վաշտեր ունէին: Անոնք ճիւղաւորուած էին նաեւ Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ եւ Ռուսական կայսրութեան ամբողջականութեան պահպանման դիտանկիւնէն լուրջ վտանգ կը ներկայացնէին:
Ռուսական մամուլը իր կարգին կը փաստարկէր, որ հայ յեղափոխականները կ՛ուզեն հայկական թագաւորութիւն մը հաստատել Կովկասէն մինչեւ Վորոնէժ:
Ստոլիպին իր վրդովմունքը յայտնեց Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի, հայերու նկատմամբ անոր բարեացակամ վերաբերմունքին համար:
Ռուսական իշխանութիւնները կը փաստարկէին, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը թաթարներուն դէմ կռուելու պատրուակով հարուստներէն դրամական խոշոր միջոցներ կը հաւաքէ, զէնքեր եւ փամփուշտներ կը գնէ, ռումբեր կը պատրաստէ, արհեստանոցներ կը հիմնէ եւ կոմիտէն անտեսողները եւ ոստիկանութեան օգնութեան դիմողները տուգանքի կամ ահաբեկումի կ՛ենթարկէ:
Ստոլիպին Վորոնցով-Դաշկովի կը գրէր. «Ներկայիս կառավարութիւնը իր հանդէպ ունի իր ուժով եւ գործելակերպով սպառնալիք ներկայացնող յանցաւոր կազմակերպութիւն մը»: Վարչապետը փոխարքային թելադրեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ ամենախիստ եւ դաժան միջոցներ գործադրել:
* * *
Արցախի մէջ իրավիճակը համեմատաբար կայունացած էր 1907-ին, երբ ռուսական իշխանութիւնները, յօրինելով այսպէս կոչուած «դաշնակցութեան գործը», սկսան հետապնդել եւ ձերբակալել հայ-թաթարական կռիւներուն մասնակիցները:
Հայ երիտասարդներու դէմ արշաւը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ: Կառավարութեան համար դաշնակցական էին բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ դեր ստանձնած էին ժողովրդական ինքնապաշտպանական կռիւներուն մէջ:
Հալածանքները, խիստ խուզարկութիւնները եւ ձերբակալութիւնները Ելիզաւետպոլի նահանգէն տարածուեցան Երեւան, Պաքու եւ Թիֆլիս: Հայ խաղաղ բնակչութիւնը ամէնուրեք ահ ու դողի եւ խուճապի մատնուած էր: Բազմաթիւ երիտասարդներ, ուսուցիչներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, վաճառականներ եւ հոգեւորականներ բանտերը լեցուեցան:
* * *
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ վախճանեցաւ 29 հոկտեմբեր 1907-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսական ընտրութեան ազգային-եկեղեցական ժողովը Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս արքեպիսկոպոս Իզմիրլեանը Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան առաջին թեկնածու առաջադրեց: Ցարական 15 ապրիլ 1909-ի հրովարտակով Մատթէոս արքեպիսկոպոս հաստատուեցաւ իբրեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս: Կաթողիկոսական օծումը` իբրեւ Մատթէոս Բ., տեղի ունեցաւ 13 սեպտեմբեր 1909-ին, Խաչվերացի օրը:
Մատթէոս Բ. կաթողիկոս, մեկնելով այն սկզբունքէն, որ եկեղեցին Աստուծոյ տաճարն է եւ վեր` քաղաքական ամէն ուղղութենէ կամ կուսակցութենէ, յատուկ կոնդակով արգիլեց հայ եկեղեցւոյ բեմը քաղաքական նպատակներու ծառայեցնել եւ եկեղեցիէն ներս հանրահաւաքներ կազմակերպել:
Մատթէոս Բ. հայրապետ 1 ապրիլ 1910 թուակիր կոնդակ յղեց Արցախի թեմի բոլոր եօթանասունչորս եկեղեցական ծխական դպրոցներու հոգաբարձութիւններուն` թեմին մէջ գործող դպրոցներու հաստատման առիթով: Նմանօրինակ 3 ապրիլ 1910 թուակիր հայրապետական կոնդակ յղուեցաւ Շամախիի թեմի եկեղեցական-ծխական հոգաբարձութիւններուն, թեմին մէջ գործող տասներեք ծխական դպրոցներու հաստատման առիթով:
Մատթէոս Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս վախճանեցաւ 11 դեկտեմբեր 1910-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Նոյն օրը Գէորգ արքեպիսկոպոս Սուրէնեանց կաթողիկոսական տեղապահ եղաւ:
Գէորգ արքեպիսկոպոս 13 դեկտեմբեր 1911-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրուեցաւ եւ 1 յուլիս 1913-ին օծուեցաւ իբրեւ Գէորգ Ե.:
* * *
Արցախ եւ յատկապէս անոր մայրաքաղաք Շուշի մշակութային բեղուն կեանք կ՛ապրէր: Հոն ծնած եւ ստեղծագործած են հայագիտութեան եւ գրականութեան շատ մը երախտաւորներ:
Լէօ (Առաքել Բաբախանեան, 1860-1932) շուշեցի էր: Մեծ է անոր վաստակը հայ հասարակական մտքի, հայ գրականութեան ու մշակոյթի պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառէն ներս: Առաւել արժէքաւոր են անոր պատմագիտական աշխատութիւնները: Բազմամեայ աշխատանքի արդիւնք է անոր «Հայոց պատմութիւն»-ը` գրուած պարզ ու գրաւիչ լեզուով: Ան առաջին պատմաբաններէն է, որ ձեռնամուխ եղաւ հայ ժողովուրդի նոր եւ նորագոյն շրջաններու պատմութեան ուսումնասիրութեան:
Խաչիկ վարդապետ Դադեան-Տէր Գրիգորեան (1863-1936) Վարանդայի Թաղավարդ գիւղէն էր: 1888-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով հոգեւոր ծառայութեան լծուեցաւ Ամարասի, Սուրբ Յակոբի եւ Խութայ վանքերուն մէջ: Միաժամանակ հնագիտական պեղումներ կատարեց Առաջաձոր եւ Քոլատակ գիւղերուն շրջակայքը եւ հետազօտեց Կաչաղակաբերդը: Հայոց պատմութեան առնչուող բազմաթիւ հնութիւններ, ձեռագիրներ ու վաւերագիրներ հաւաքեց եւ վիմական արձանագրութիւններ ընդօրինակեց: 1894-ին Էջմիածին դառնալով զանոնք մատենադարանին յանձնեց: 1898-ին Սալմաստի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուեցաւ: Պարսկաստանի հայաբնակ վայրերը շրջագայելով բազմաթիւ ձեռագիրներ, վաւերագիրներ եւ հնագիտական նիւթեր յանձնեց: Խրիմեան Հայրիկի հովանաւորութեամբ 1900-1904-ին պեղեց Զուարթնոցը: Պեղումներ կատարեց նաեւ Դուինի եւ Արմաւիրի մէջ: Ան նաեւ ժողովրդական ու ազգագրական երգեր հաւաքած է, ինչպէս նաեւ գրի առած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմածները:
Միրզա Տէր Սարգսեան (1859-1927) Փրջամալ գիւղէն էր, Առաքել քահանայի որդին: Եղած է Ղարաբաղի կոնսիստորիայի (թեմական հոգեւոր մարմին վարչական եւ դատական իրաւասութիւններով) գրագիր, ուսուցիչ եւ առաջնորդարանի ատենադպիր: Ան ականատեսի եւ դէպքերու մասնակիցի վկայութիւններով ու հաւաստիութեամբ ներկայացուցած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները: Նկարագրած է թաթարներուն վայրագութիւնները, որոնց նպատակն էր տիրել հայկական հինաւուրց Արցախ երկրամասին:
Դաւիթ Անանուն (Տէր Դանիէլեան. 1879-1942) Մեծշէն գիւղէն էր: Հրապարակախօս, պատմաբան եւ հասարակական գործիչ, հեղինակ է հայ ժողովուրդի նոր պատմութեան հարցերու եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու վերաբերեալ աշխատութիւններու:
Մուրացան (Գրիգոր Տէր Յովհաննիսեան. 1854-1908) շուշեցի էր: 1878-ին տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս եւ իբրեւ հաշուապահ ծառայեց հայ առեւտրական տան մը մէջ: Հեղինակ է բազմաթիւ պատմուածքներու, վիպակներու եւ վէպերու: Անոր համոզումով ազգութեան եւ հայրենիքի պահպանման հիմքը գիւղացիութիւնն է: Անոր «Ռուզան կամ հայրենասէր օրիորդ» թատրերգութեամբ բացուեցաւ Շուշիի Խանդամիրեան թատրոնի խաղացանկը: Անոր ստեղծագործութիւններու գլուխ գործոցը «Գէորգ Մարզպետունի» վէպն է:
Տլմբաչի Խաչան (Կոնստանդին Մելիք Շահնազարեան. 1857-1940) շուշեցի էր: Երգիծաբան եւ գիւղատնտես, ան իր գրական գործերը գրած է Արցախի բարբառով, իսկ գիւղատնտեսական գործերը` գրական լեզուով: