Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Թաթար Քոչուորներու Զանգուածային Տեղաշարժեր Եւ Շուշիի Շրջափակումը

Յուլիս 17, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի, Սիւնիքի եւ յարակից շրջաններու հայութեան համար կատարեալ պատուհաս էին թրքական քոչուոր ցեղերը: Անոնց տարեկան զանգուածային տեղափոխութիւնները` հայկական տարածքներու մէջ գտնուող լեռնային արօտավայրերը, աղիտալի հետեւանքներ կ՛ունենային հայութեան համար:

Սպառազինուած քոչուոր ցեղերը շարժուն բանակներ էին: Գարնան անոնք իրենց ոչխարներու անհամար հօտերով, ուղտերով, ձիերով եւ էշերով ու ամբողջ ունեցուածքով ձմեռանոցներէն զանգուածաբար լեռնային արօտավայրեր կը բարձրանային եւ ջուրերու եզրին վրաններ կը լարէին: Քոչուորներ հայերու ցանքերը կը փճացնէին, անասունները կը գողնային եւ գիւղացիներուն հետ տեւաբար ընդհարումներ կ՛ունենային:

Քոչուոր ցեղերէն Ռումլումները, իրենց չորս ճիւղերով` Այրումլու, Սէյիտլու, Աքշաքլու եւ Սաատլու, տարածուած էին Արարատեան դաշտէն Վայոց Ձոր, Ղազախ եւ Ատրպատական: Անոնց ցեղապետ էմիր Սաատի անունով Արարատեան դաշտը կոչուած էր Չուխուր Սաատ:

Մուղանլուները մեծ մասամբ իրենց ձմեռանոց Մուղանի տափաստաններուն, ինչպէս նաեւ Զաքաթալայի եւ Արիշի գաւառներուն եւ Պաքուի Ջաւադի շրջանին մէջ կեդրոնացած էին:

Շահսաւան, Շամլու, Պայաթ, Աֆշար, Ալփաուտ, Ահմէտլի, Փատար եւ Խալաճ ցեղերը տարածուած էին Ատրպատականէն մինչեւ Շիրվան, Ղուբա եւ Գանձակ:

Ջաւանշիրներու ցեղի ներկայացուցիչ Համիտա Ջաւանշիր

Ղարաբաղի նախկին խանութեան իշխող Ջաւանշիրներու ցեղէն այդ ժամանակ ամէնէն աւելի ազդեցիկ էր Ահմէտ պէյ Ջաւանշիրի դուստրը` Համիտա Ջաւանշիր, որ 1903-ին ռուսական բանակի սպայ հօր մահէն ետք ժառանգած էր տոհմապետական իրաւասութիւնները:

* * *

Թիֆլիսի մէջ 1906 մարտ-ապրիլին կայացած ռայոնական ժողովին Համազասպ ելոյթ ունենալով ներկայացուց քոչուորներուն պատճառած հսկայական վնասները: Ան ըսաւ. «Չպիտի կարծել, որ եթէ մենք առիթ չտանք, թուրքերը խաղաղ կը մնան: Ո՛չ, եւ իբր թէ քոչը վնասակար չէ: Հարցը նրանումն է, թէ ի՞նչ միջոցներով պիտի կարողանանք զսպել այդ վտանգաւոր տարրին: Զանգեզուրի աշխարհագրական դիրքը տարբեր լինելով քան Գանձակինը, նոքա այնտեղ իրենց յետեւը կը թողնեն ձիաւոր խմբեր, որ մեծ աւերած կարող են անել: Մեր բոլոր ջանքը պիտի լինի այդ խմբերի առաջն առնել, բայց ինչպէ՞ս: Արդեօք ամէն գիւղում բազանե՞ր ստեղծենք. բայց չէ՞ որ մթերք չունենք: Ցանկալի է, որ այս ուղղութեամբ խօսուի թէ ի՛նչ գործնական միջոցներով (կարելի է) նրանց առաջն առնել»:

Բայց քոչուորներու տեղափոխութիւնները արգիլելու հնարաւորութիւններ չկային: Հետեւաբար սպառազինուած քոչուոր ցեղերուն անակնկալ յարձակումները դիմագրաւելու նպատակով Համազասպ առաջարկեց այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկել եւ միշտ պատրաստ ըլլալ զանոնք դիմագրաւելու համար:

Համազասպ ըսաւ. «Մենք ոչ մի հնարաւորութիւն չունենք քոչը արգիլելու, բայց ոչ մի դէպքում չպիտի լաւատես լինել. ուստի անհրաժեշտ է միշտ պատրաստ լինել, քանի որ թուրքերը լաւ զինուած լինելով եւ մեծ խմբերով արշաւելով` ոչ մի հնարաւորութիւն չպիտի ունենանք առաջն առնելու»:

Ռայոնական ժողովը քննեց նաեւ հակահայ տրամադրութիւններ ունեցող ռուս պաշտօնեաներու հանդէպ վերաբերմունքի հարցը:

Աբրահամ Գիւլխանդանեան ըսաւ, որ պէտք է պատժել միայն գործող պաշտօնեաները: Համազասպ հակադարձելով ըսաւ. «Ցարական պաշտօնեաները չպէտք է մտածեն, որ կարող են ամէն տեսակ ոճիրներ գործել եւ ապա պաշտօնաթող լինելով հանգիստ ապրելու. ուստի որպէսզի նրանց մէջ այդ համոզմունքը չմտնի, պէտք է նրանց եւս պատժել»:

* * *

Խաշնարած ցեղերու քոչը սկսաւ 1906 ապրիլին, ձիւնհալէն ետք: Մուղանի տափաստաններէն եւ այլ վայրերէ տասնեակ հազարաւոր քոչուորներ իրենց անհամար խաշինքներով սկսան բարձրանալ Արցախի եւ Սիւնիքի լեռնային արօտավայրերը:

Հազիւ քոչը սկսած, լարուած վիճակ ստեղծուեցաւ յատկապէս Խաչենի ու Վարանդայի մէջ:

Համազասպ, որ այդ օրերուն Մոխրաթաղ կը գտնուէր, 25 ապրիլ 1906 թուակիր նամակով, ուղղուած` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւելեան բիւրոյին, կը գրէր. «Դրութիւնը հետզհետէ նկատելի չափով սուր կերպարանք է ստանում մեր գաւառում, լիրբ Ֆիլիգինսկին (ոստիկանապետը) տեղս գալուց անմիջապէս յետոյ: Էրէկ թուրքեր յարձակուեցին Ջանեաթաղի վրայ տաւար տանելու մտքով, բայց էրեք զինուոր շուտ հասնելով յետ են դարձնում ապրանքը»:

Լեռնային բարձունքներուն վրայ լարուած քոչուորներու վրանախումբերը շարժուն բանակներ էին: Ցեղախումբերը իրենց հակակշիռին տակ առին հայկական բնակավայրերու վրայ իշխող բարձունքներն ու հաղորդակցութեան ուղիները:

Խանասորոյ Վարդան 26 մայիս 1906 թուակիր նամակով Համազասպին կը գրէր. «Լեռ բարձրացած թուրքերը չափազանց լրբացել են…: Նկատւում է մի ընդհանուր ծրագիր թուրքերի կողմից, կառավարութեան պարզ աջակցութիւնը եւ խրախուսանքը: Դրութիւնը մեր շրջանում առհասարակ լարուած է. միշտ սպանութիւններ եւ թալաններ են տեղի ունենում»:

Համազասպ Մոխրաթաղէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյին յղած իր մէկ նամակին մէջ դժգոհութիւն կը յայտնէր ռայոանական ժողովին` քոչի եւ մարտավարութեան վերաբերեալ ընդունուած որոշումէն: Ան կը գրէր. «Ռայոնական ժողովի առաջ, երբ կայացաւ  զինուորական ժողով եւ միաձայն վճռուեց քոչին չթողնել բարձրանալ… ռայոնական ժողովի վարժապետները քանդեցին այդ վճիռը, կարծելով, որ թուրքը իրենց հետ եղբայրացել է: Ոչինչ, այդպիսի անհեռատես վճիռների մէջ շատ է տապկուել հայ ժողովուրդը»:

Խաչեն գաւառին մէջ տիրող ծանր դրութեան անդրադառնալով Համազասպ կը գրէր. «Գրել եմ, էլի ստիպուած եմ գրելու. բաւ է խնամութիւն անել. այս ռայոնի (Խաչենի) համար խոստացած 8000 ծայր 50 մաուզերի ատրճանակ. 90 հրացանի փոխարէն գոնէ մի քառորդ ուղարկէք, ինչպէս եւ որոշուած գումարը»:

* * *

Հայութեան համար կատարեալ պատուհաս դարձած էին Ջիվանշիր գաւառի թաթարաբնակ Քեւան Քայա, Քոչուր Ամիլեար, Քուշնազար եւ Նարիշատ բնակավայրերը:

Համազասպ որոշեց նախայարձակ ըլլալ եւ պատժել այդ գիւղերը: Բայց նախքան զինուորական գործողութիւններու սկսիլը ան այցելեց այդ բնակավայրերը եւ անոնց բնակիչներուն խորհուրդ տուաւ հայերուն հետ հարցեր չստեղծել եւ անոնց վրայ չյարձակիլ, բայց ապարդիւն:

Հայկական մարտական ուժերը Համազասպի գլխաւորութեամբ 19 յունիս 1906-ին յարձակեցան թաթարական այդ գիւղերուն վրայ եւ նուաճեցին զանոնք: Թաթարները ցիրուցան փախուստի դիմեցին:

* * *

Թաթար թափառաշրջիկ ցեղախումբերու քոչը կատարուած էր ռազմական յստակ ծրագիրով մը:

Թաթարներուն նպատակակէտը Շուշին էր: Անոնք վճռած էին օղակի մէջ առնել քաղաքի հայկական թաղերը, հաղորդակցութեան ուղիները կտրել եւ հետեւողական յարձակումներով կոտորել եւ ցիր ու ցան ընել շուշեցի հայերը:

Թաթար քոչուորներ

Շուշիի յարակից բարձունքներուն վրայ վրանախումբեր հաստատելէ ետք թաթար քոչուորները կտրեցին ճամբաները, հայկական թաղերը կղզիացուցին եւ սկսան յարձակումներ գործել հայերուն դէմ: Իրենց հանդիպած հայերը կը բռնէին եւ խումբ-խումբ կը տանէին ու կը կոտորէին:

Շուշիի շրջակայ հայկական գիւղերը պաշարուեցան: Անոնց բնակիչներուն մէկ մասը յաջողեցաւ խոյս տալ եւ Շուշիի հայկական թաղերը մտնել: Յաջորդող օրերուն Շուշիի կացութիւնը սկսաւ աւելի տագնապալի ու օրհասական դառնալ:

Շուշի

Լայնածաւալ յարձակումի պատրաստուելով, թաթարներ կտրեցին Շուշիէն Եւլախ եւ Պաքու ճանապարհները: Եւլախէն Շուշի ուղղուող հանրակառքերը կանգնեցնելով  թաթարներ հայ ուղեւորները դուրս նետեցին եւ այր թէ կին, մեծ թէ փոքր բոլորն ալ կոտորեցին կամ գերեվարեցին: Հարիւրաւոր հայեր այս ձեւով սուրի քաշուեցան:

Նոյն ժամանակ Աղտամի մէջ թաթար մեծաթիւ հրոսակախումբեր կեդրոնացուեցան, իբրեւ նպատակակէտ ունենալով Շուշին:

Շուշի

Իրենց յաջողութիւններէն քաջալերուած, թաթարներ սաստկացուցին յարձակումները Շուշիի շրջակայ հայկական գիւղերուն վրայ:

Հայկական մարտական խումբերը կ՛աշխատէին խոյս տալ լայնածաւալ բախումներէ եւ պաշտպանողական դիրք բռնած էին:

Ռուսական զօրքը, զօրավար Գոլոշչապովի հրամանատարութեամբ, չէզոք դիրք բռնած էր եւ միջամուխ չէր ըլլար բախումներուն:

Հայերու դէմ յարձակումներուն իբրեւ հակադարձութիւն, հայկական մարտական թռուցիկ խումբը Խոջալուի մէջ տասնեակ մը թաթար սայլապաններ գերեվարեց եւ սուրի քաշեց:

Հայերու պաշտպանողական եւ չհակադարձելու մարտավարութիւնը թշնամիին կողմէ կը մեկնաբանուէր իբրեւ տկարութիւն, եւ անհրաժեշտ էր ամէն գնով կիրարկել «ակն ընդ ական»-ի սկզբունքը:

Ընդհանուր հրամանատար Խանասորայ Վարդան ըսաւ. «Այս սրիկաների համար մեծահոգութիւնը նշանակութիւն չունի: … Լրբանում են եւ քաջալերւում, … ենթադրելով որ հայերը չափազանց վախենում են»:

Երբ քոչուոր հրոսակախումբերու յարձակումները սաստկացան, Շուշիի թաթարները եւս գլուխ բարձրացուցին եւ սպառազինուած` սկսան շրջագայիլ քաղաքին մէջ:

Վարդան 1 յուլիս 1906-ին նամակ ուղարկեց Համազասպի, ուր կ՛ըսէր. «Համազասպ, քաղաքի դրութիւնը շատ լուրջ է. յուզումը իր գագաթնակէտին է հասել: Երէկ թուրքեր սպաննեցին Եաղբալուից չորս հոգու եւ գերի տարան մէկին»: Վարդան Համազասպի կը հրահանգէր փութով իր մօտ ուղարկել քանի մը տասնեակ ձիաւորներ եւ յատուկ որոշուած մարդիկ ունենալ, որ երբ Շուշիի մէջ կռիւը սկսի, անմիջապէս օգնութեան հասնին:

 

 

Նախորդը

Ամբոխահաճութենէն Եւ Խնամակալութենէն Անդին. Հայաստանի Ազգային Իրապաշտ Այլընտրանքը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ
Պատմական

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ

Օգոստոս 13, 2025
Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ.  Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ
Պատմական

Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ. Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ

Օգոստոս 6, 2025
Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը
Պատմական

Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?