ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի լեռները բարձրացած թաթար վրանաբնակ խաշնարած ցեղերը ճամբայ ելած էին իրենց պետերուն կողմէ մշակուած ռազմական յստակ ծրագիրով:
Շուշիի շրջանի հայկական բնակավայրերը 1906-ի ամրան սկիզբը պաշարուած էին թաթար զինուած ուժերու կողմէ: Քոչուորները անպատիժ սկսած էին թալանել հայկական գիւղերը եւ սպաննել անոնց բնակիչները:
Շուշիի շրջակայ բարձունքները գրաւուած էին թաթար հրոսակախումբերուն կողմէ եւ քաղաքին հայկական թաղերը ամբողջութեամբ մեկուսացած էին:
Արցախի մարտական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Խանասորայ Վարդան Համազասպէն քանի մը տասնեակ կռուողներ պահանջած էր, որպէսզի անոնք որոշ ժամանակով տեղակայուին Շուշիի մէջ:
Շուշիի թաթարները քաղաքի հայկական թաղերուն վրայ յարձակելու համար պատրուակի կը սպասէին, բայց հայերը կը խուսափէին առիթ տալէ:
* * *
Թաթարներ 12 յուլիս 1906-ին Շուշիի մէջ սպաննեցին զինուոր Սահակ Միրզոյեանը:
Ոստիկանութիւնը, դատախազը եւ մեծ թիւով հայեր հասան սպանութեան վայրը: Թաթարներ իրենց դիրքերէն կրակ բացին հայերուն վրայ: Ընդհատ-ընդհատ արձակուած գնդակները շուտով դարձան յաճախակի:
Երբ կրակոցները յաճախակի դարձան, հայկական մարտական ուժերը դիրքեր մտան եւ պատասխան կրակի դիմեցին:
Նոյն պահուն Շուշիէն փութով սուրհանդակ ուղարկուեցաւ Ասկերան եւ հրթիռներու ազդանշանով շրջաններու հայկական մարտական ուժերուն իմաց տրուեցաւ, որ կռիւը սկսած է քաղաքին մէջ:
Շուշիի հայկական մարտական ուժերը մօտաւորապէս երեք հարիւր կամաւորներ կը հաշուէին: Կային յատուկ հրաձիգներ: Հայերը ունէին հրդեհաշէջ երկու մեքենայ եւ տակառներով ջուր, դոյլեր, քանդելու գործիքներ եւ բահեր ապահոված էին: Վտանգուած թաղերուն մէջ ջրմուղներ կեդրոնացուած էին: Ամէն թաղի մէջ կային նաեւ բուժօգնութեան խումբեր` իրենց պատգարակներով, եւ վիրակապական կէտեր, ուր մնայուն կերպով բուժքոյրեր կը հսկէին:
Թաթարները Շուշիի մէջ մօտաւորապէս հազար կռուող ունէին, որոնք գլխաւոր հինգ` Խանին Աղջկայ, Գէոհվար Աղայի, Աղա Իրզայի, Դիքտան Ղուռուի եւ Հաճի Վալիեւի տուներու դիրքերուն վրայ կեդրոնացուած էին:
Սկզբնական որոշումին համաձայն, հայկական մարտական ուժերը բուռն եւ վճռական յարձակողականի անցան:
Հայկական մարտական ուժերու յառաջխաղացման լուրը առնելով, ռուսական իշխանութիւնները վրացի սպայ Մաչաւարիանիի առաջնորդութեամբ զօրք ուղարկեցին: Զօրքը համազարկերով ստիպեց հայերուն ետ դառնալ գրաւած դիրքերէն:
Հայ մարտիկներուն նահանջը երկար չտեւեց: Տղաքը, զայրացած վրացի սպային դէմ, կրակ բացին, եւ ռուս երկու զինուորներ սպաննուեցան: Մաչաւարիանի խոհեմութիւն նկատեց հեռանալ կռուի դաշտէն: Հայ մարտիկները կրկին յառաջ խաղացին, եւ կռիւը աւելի սաստկացաւ:
Զօրավար Գոլոշչապով, ձեւականութեան համար, հրամայեց թնդանօթ արձակել դէպի թաթարական դիրքերը:
Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին հայ մարտիկները շրջապատեցին պարսկահպատակ Աղա Իրզայի եւ Ֆաթալի Միրզայի կողք-կողքի գտնուող հոյակերտ տուները, որոնք բարձունքի վրայ գտնուելով կ՛իշխէին հայկական շատ մը դիրքերու վրայ, կաշկանդելով կռուող տղոց ազատ շարժումները: Թաթարները իսկական ամրոցի վերածած էին այդ դիրքը: Անոնք որոշած էին այդ բարձունքէն արշաւել դէպի հայկական թաղերը եւ հրդեհել զանոնք:
Հայ մարտիկները երեկոյեան ժամը 6:00-ին կրակի տուին Աղա Իրզայի եւ Ֆաթալի Միրզայի տուները: Միաժամանակ հրձիգ տղաք կրակի տուին թաթարներէն գրաւուած բոլոր տուները:
* * *
Յուլիս 12-էն 13 լուսցող գիշերուան ընթացքին հայկական մարտական խումբերը շարունակեցին յարձակողականը: Կռուող խումբերուն միջեւ սուրհանդակային կապ ստեղծուած էր: Փամփուշտները բաժնելու համար յատուկ խումբեր կազմուած էին: Հրդեհներու ճարճատիւնը խառնուած էր կռուի ժխորին: Թաթարական թաղերուն մէջ շատ մը տուներ հրոյ ճարակ եղան: Այրեցաւ նաեւ Դումլուղի թաղի Կանաչ մզկիթը:
Յուլիս 13-ի լուսադէմին հրացանաձգութիւնը գրեթէ դադրեցաւ: Կէսօրէ ետք գաւառներէն 120 կամաւորներ մտան Շուշի եւ ստուարացուցին կռուող տղոց շարքերը: Երեկոյեան հայ մարտիկները նոր յարձակողական մը շղթայազերծեցին, իբրեւ նպատակակէտ ունենալով Շէյթան Պազարը: Թաթարներ կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին: Հայ տղաքը իրենց պատրաստած հրթիռներով եւ երեք թնդանօթներով սկսան ռմբակոծել թաթարական թաղերը: Թաթարներու շուրջ երկու հարիւր տուներ աւերուեցան ու այրեցան:
* * *
Յուլիս 13-էն 14 լուսցող գիշերուան ընթացքին հայ մարտիկներու շղթայազերծած բուռն յարձակումը յուսալքեց թշնամին: Հայ տղաքը գրաւեցին Շէյթան Պազարը: Թաթար բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց տուներէն խոյս տալով բանտի պարիսպներէն ներս խուժեցին ու հոն պատսպարուեցան: Միաժամանակ սկսաւ թալան` թաթարներու ձեռքով, թաթարական թաղերուն մէջ:
Հայկական մարտական ուժերու յարձակումները, հրացանաձգութիւններն ու հրդեհները շարունակուեցան մինչեւ առաւօտ:
Երկու օրուայ կռիւներու ընթացքին կռուող տղաքը պահեստանոցէն շուրջ ութսուն հազար փամփուշտ կրակած էին:
* * *
Յուլիս 14-ի առաւօտուն թաթար ազդեցիկ երեւելիներէն բժիշկ Մեհմանդարով աղերսագիրով մը դիմեց զօրավար Գոլոշչապովի եւ անոր միջնորդութիւնը խնդրեց հայերուն հետ հաշտութեան համար:
Հայկական կողմէն ութ կէտերէ բաղկացած պայմանագիր մը մշակուեցաւ եւ ներկայացուեցաւ թաթարներուն: Գլխաւոր պահանջներն էին` քանդել Դիքտան Ղուռուն եւ Գէոհվար Աղայի տան դիրքերը եւ ապահովել սպաննուած զինուոր Սահակ Միրզոյեանի ընտանիքը:
Թաթարներ սկսան ձգձգել իրենց պատասխանը: Յստակ էր, որ անոնք կ՛ուզէին օգտուիլ ժամանակաւոր զինադադարէն, դուրսէն օգնութիւն ստանալու համար:
Միւս կողմէ զօրավար Գոլոշչապով վերջնագիր տուաւ հայերուն` յառաջխաղացք չկատարել, հակառակ պարագային սպառնաց թնդանօթի բռնել հայկական թաղերը:
* * *

Շուշիի մէջ ընթացող կռիւներուն զուգահեռ, թաթար երեք հարիւր հրոսակներ յուլիս 13-ին յարձակեցան Խրամորթի վրայ:
Ասկերանէն հիւսիս, Կարկառ գետի ձախափնեայ հովիտին, Հաւքախաղացի եւ Խաչախութի արեւելահայեաց լանջի հարթավայրին մէջ գտնուող Խրամորթ նախորդ կռիւներուն հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած էր:
Թաթարներու լայնածաւալ յարձակումը դիմագրաւելու համար Խաչենի թռուցիկ խումբը Համազասպի հրամանատարութեամբ օգնութեան հասաւ խրամորթցիներուն:
Ինը ժամ տեւած կատաղի գօտեմարտերէ ետք հայ մարտիկները դիրքերէն դուրս խոյացան եւ սեպաձեւ խրեցան թշնամիի շարքերուն մէջ ու խուճապի մատնելով զանոնք քշեցին մինչեւ Զուխուր Մահլալու թաթարական գիւղը:

Յուլիս 15-ի արեւածագէն առաջ թաթար հրոսակախումբերը աւելի լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծեցին Քարագլուխ եւ Խրամորթ գիւղերուն վրայ:
Գիշերուան մութէն օգտուելով թշնամին յաջողեցաւ աննկատելի խմբուիլ Քարագլուխի տակ, ապա թեւերով տարածուելով յարձակեցաւ երկու գիւղերուն վրայ:
Թէեւ Խաչենի թռուցիկ խումբը հասած էր օգնութեան, այսուհանդերձ թշնամին կրցաւ գրաւել կարեւոր դիրք հանդիսացող ժայռը:
Օգնութեան հասնող թռուցիկ խումբերուն ուշադրութիւնը շեղելու եւ միաժամանակ գիւղերուն պաշտպանները օղակելու նպատակով թաթարական Շելլու գիւղէն մօտաւորապէս հինգ հարիւր զինեալներ սրարշաւ հասան Նախիջեւանիկի տակ գտնուող Մոսունց Թափա կոչուող բլրակը եւ անկանոն համազարկ տալով միացան Մարզլուի կողմէ օգնութեան հասնող հարիւրաւոր հեծեալներուն:
Կռուին մասնակից Արամայիսի համաձայն, այս ռազմախաղով թշնամիի ստուար զանգուածը պէտք է աւերէր Խրամորթն ու Քարագլուխը, իսկ միւս մասը Շելլուի մօտ պէտք է փակէր Վարանդայէն օգնութեան եկող մարտիկներուն ճանապարհը: Թշնամիին հաշուարկով` Վարանդայի մարտական ուժերը ստիպուած պաշարուած գիւղերուն օգնութեան պիտի փութային, որուն հետեւանքով զգալիօրէն պիտի թուլնային Վարազաբուն, Փիրջամալ եւ Նախիջեւանիկ գիւղերու պաշտպանական դիրքերը:
Համազասպի գլխաւորած Խաչենի, ինչպէս նաեւ Վարանդայի թռուցիկ խումբերը, կռահելով թշնամիին նպատակը, ոչ միայն շտապեցին վտանգուած գիւղերու օգնութեան, այլեւ յարձակեցան Շելլու գիւղին վրայ:
Արամայիս կը յիշէ ըսելով. «Այդ յանդուգն քայլից թուրքերն այնպէս շփոթուեցին, որ մի գնդակ անգամ պարպել չկարողացան»:
Թաթար հրոսակախումբերը, այդ խայտառակ պարտութենէն ետք, շրջափակումէ խուսափելով, կեդրոնացան Շելլու գիւղին մէջ, ապա փախուստ տուին դէպի այգիները:
Խրամորթի շուրջ կռիւները կը շարունակուէին: Գիւղի պաշտպաններուն օգնութեան հասած Խաչենի թռուցիկ խումբերէն մէկը, հերոսական խոյանքով` վճռեց կռուին ելքը: Թշնամին խուճապահար սկսաւ փախուստի դիմել:
Արամայիս կը գրէ. «Խաչենու կենտրոնից հասել էր մի թռուցիկ խումբ տեղական ուժերի հետ եւ ժայռը մաքրել յարձակումներից, իսկ Ասկերանից էլ այնտեղ էր անցել մի փոքրիկ խմբակ, եւ Ղարաղաջի մօտ գտնուող թրքական հանգստարանից զարկելով` թուրքերի թիկունքը բռնել: Թուրքերը պարտուած յետ են խաղում վերջապէս Շելլուի մօտ թողնելով 7 դիակ, 3 ձի, իսկ Քարագլխի մօտ` 8 դիակ, 7 ձի, մի հրացան եւ մի դրօշակ»:
* * *
Շուշիի մէջ հայերու ու թաթարներու միջեւ հաշտութեան բանակցութիւնները կը շարունակուէին: Թաթարներ անընդհատ կը ձգձգէին բանակցութիւնները: Անոնց նպատակն էր ժամանակ շահիլ, մինչեւ որ դուրսէն իրենց օգնական ուժեր հասնէին:
Հայոց զինուորական մարմինին համար պարզ էր, որ թաթարները հաշտութիւն չէին ուզեր եւ օգնական ուժերու կը սպասէին:
Զինուորական մարմինը սկսաւ պատրաստուիլ նոր կռիւներուն համար: Վճռուեցաւ ամէն գնով ոչնչացնել թաթարական ամէնէն վտանգաւոր դիրքերը եւ յատկապէս Դիքտան Ղուռունը:
Յուլիս 14-էն 16, հատուկենտ հրացանաձգութիւններ տեղի ունեցան Շուշիի մէջ: Անդորրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուէր:
Յուլիս 16-էն 17 լուսցող գիշերուան ընթացքին հայ մարտիկները Դիքտան Ղուռունի պատին տակէն մեծ դժուարութեամբ անցք մը փորելով, անոր մէջ մէկ արկղ, մօտաւորապէս 30 քիլօ պայթուցիկ նիւթ զետեղեցին: