ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
Ահաւասիկ հինգ տարիներ անցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն, որուն ընթացքին Հադրութն ու անառիկ Շուշին ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւՄարտակերտի, Մարտունիի եւ հարաւային Քաշաթաղի շրջաններէն հատուածներ բռնագրաւուեցան, իսկ Աղտամը, հիւսիսային Քաշաթաղն ու Քարվաճառը ամբողջութեամբ հայաթափուեցան եւ 9 նոյեմբերի չարաբաստիկ յայտարարութեամբ յանձնուեցան թշնամիին: Մնացեալ շրջանները երկու տարի շարունակ մնացին շրջափակուած` բաժնուած Հայաստանէն,երբ թշնամին յանկարծ սկսաւ նոր պատերազմ մը եւ ամբողջութեամբ բռնագրաւեց Արցախը: Արցախի իրերայաջորդ դէպքերը,...
















