Գրական

Արասէն Նոր Գիրք.  Արա Կիւլերի Լուսանկարներն Ու Պատմուածքները` Միատեղուած

Արասէն Նոր Գիրք. Արա Կիւլերի Լուսանկարներն Ու Պատմուածքները` Միատեղուած

«Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Արա Կիւլերի «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» գիրքը (144 էջ), որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն` Արա Կիւլերի վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու հետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ` գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը: Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը...

«Փրկիչը…»

«Փրկիչը…»

Խօսքը Յիսուսի մասին չէ: Այլ` յատկանշական գրքոյկի մը, որ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» տարի մը առաջ լոյս տեսաւ Երեւանի «Վան Արեան» հրատարակչութենէն: Հեղինակը` լրագրող, հրապարակախօս եւ գրող Լիւսիա Մեհրապեան, «Փրկիչը» խորագրեալ վիպակի մը մէջ կը ներկայացնէ կործանման ենթակայ ժամանակակից գիւղի մը պատմութիւնը, որ միաժամանակ իր ընդհանուրին մէջ հայրենիքը կը խորհրդանշէ: Ոսկիի երկրպագուները` անտեսելով մարդկային ու հայրենասիրական որեւէ տեսակի արժէք` ոգի ի բռին...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Ծաղիկին Պէս Հմայիչ… (Հ. Աւետիք Վրդ. Թալաթինեանի Վախճանման 25-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ  Ինը տարեկան երեխայ մը անշուշտ գիտէ, թէ ի՛նչ է «ծաղիկ»-ը: Նոյնիսկ կրնայ թուել ծաղիկներու որոշ անուններ` վարդ ու մեխակ, մանուշակ, յասմիկ կամ կակաչ, շուշան... Բայց նոյն երեխան կրնա՞յ բացատրել մեզի, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հմայիչ»: Ե՛ս եւս չէի կրցած հասկնալ իմաստը այս բառին, երբ...ինը տարեկան էի: 70-ական թուականներուն էր: Նախակրթարանի երրորդ կարգի աշակերտ էի ու նշագեղձերու վիրաբուժական գործողութեան մը...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Պէշիկթաշլեան Ինչպէ՞ս Անդամակցեցաւ Հայկական Մասոնական Օթեակին Բանաստեղծ Մ. Պէշիկթաշլեանի կենսագիրներէն ոմանք չեն վարանիր յիշեցնելու, թէ Զէյթունի ապստամբութեան մեր սիրելի այս երգիչը իր կեանքին վերջին շրջանին մաս կազմեց նաեւ ազատ-որմնադիրներու (մասոն) Պոլսոյ հայկական «Սէր» օթեակին (հիմնուած 1866-ին եւ գործած` մինչեւ 1898): Ոմանք թերեւս զարմանան այս տեղեկութիւնը կարդալով, պարզապէս անհամատեղելի գտնելով քնարերգակ բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանի նուրբ խառնուածքը կամ ուսուցիչի իր համեստ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Երկու Անմոռանալի Ձեռնասուններ Առաքել Պիպէռճեան, որուն անգամ մը ակնարկեցի արդէն` որպէս Պէշիկթաշլեանի կենսագիրներէն մին, իր գրքին մէջ թուելով բանաստեղծին աշակերտած կարգ մը անուններ` կը գրէ. «Պէշիկթաշլեանի բազմաթիւ աշակերտներէն ու աշակերտուհիներէն մանաւանդ երկուքը` Սրբուհի  Վահանեան ու Միքայէլ Փորթուգալ, մեծապէս օգտուեցան իրենց մեծ վարպետէն ու յետոյ եղան մտաւորական նշանակելի դէմքեր»: Այո՛, այս երկու անունները, մին` իբրեւ արեւմտահայ կին գրողներու փաղանգին...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Արծուաբոյն Զէյթունն Ու Անոր Երգիչը 1862 օգոստոսին օսմանեան մայրաքաղաքը ցնցուեցաւ Կիլիկիոյ կողմերէն հասած մտահոգիչ լուրերով: Բարձրադիր ժայռաքարերու վրայ կառուցուած Զէյթո՛ւնն է, որ կը խօսեցնէր իր մասին` ապստամբութեան դրօշ պարզելով պետութեան դէմ: 18 հազարի չափ հայութիւն կ՛ապրէր հոն այդ շրջանին: Անոնք 1620-ական թուականներէն ի վեր կիսանկախ կարգավիճակ մը ունէին օրինաւորապէս` շնորհիւ այն հռչակաւոր հրովարտակին, որով սուլթան Մուրատ Դ. զէյթունցիները...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Պէշիկթաշլեանի Անմոռանալի Պատգամը` «Եղբայր Եմք Մեք» «Եղբայր եմք մեք»-ը գրաբար արտայայտութիւն մըն է, որ այսօրուան աշխարհաբարով կը նշանակէ «Եղբայր ենք մենք»: Ասիկա Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի շատ նշանաւոր մէկ բանաստեղծութեան վերնագիրն է: Բանաստեղծութիւն մը, որ գրի առնուեցաւ իբրեւ տեսակ մը կոչ կամ ահազանգ` զգաստութեան հրաւիրելու համար պոլսահայ զանգուածները, որոնք ԺԹ. դարու կէսերուն թշնամացեր էին իրարու` դաւանական բուռն վէճերով: Հակամարտող կողմերէն...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Փատովայէն Պոլիս դարձին միայն դպրոցն ու ուսուցչութիւնը չէր, որ կլանեց Պէշիկթաշլեանը: Ան շուտով բաժին վերցուց Պոլսոյ մշակութային, իմացական եւ ազգային եռուզեռին մէջ, աշխուժօրէն ծաւալեց հանրային գործունէութիւն ալ, որուն հիմնական առանցքը պիտի դառնար «Համազգեաց ընկերութիւն»-ը: Համազգեա՜ց: Թովիչ անուն: Ի՞նչ իմաստ ունէր այս անուանումը: «Համազգի» կը նշանակէ միեւնոյն ազգին պատկանող, ազգակից, համացեղ: Իսկ «համազգեաց»-ը վերոնշեալ բառին գրաբարեան յոգնակի սեռ.- տրակ....

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը. (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Կրնանք անվարան պնդել, որ բաւական կոկիկ գրադարան մը կարելի է կազմել` քով-քովի բերելով այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը խօսին Պէշիկթաշլեանի մասին. գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, ակնարկներ, վկայութիւններ, յուշեր, արժեւորումներ, վիտէօ- ժապաւէններ, պատկերասփիւռային յայտագիրներ եւ այլն, եւ այլն: Օրինակ, Յակոբ Օշական 100 էջի չափ նուիրած է անոր` իր «Համապատկեր»-ի Բ. հատորին մէջ (Երուսաղէմ, 1953), քիչ մը դժուար ընկալելի ու իրեն յատուկ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Պէշիկթաշլեանի Կենդանագիրը «Կենդանագիր» բառը մեր օրերուն գործածական չէ այլեւս: Նոյնիսկ անըմբռնելի է: Բայց եթէ պրպտել ուզենք ԺԹ. դարուն պատկանող գրական գործեր կամ հրատարակութիւններ, յաճախ մեր դիմաց պիտի ցցուի այս մեռեալ բառը: «Կենդանագիր»: Գրողի մը կամ ոեւէ անձի մը կենդանագիրը: «Կենդանագիր», ուրեմն, պարզապէս կը նշանակէ...դիմանկար: Լուսանկարիչի մը կողմէ կենդանի նկարուած, բնական ու հարազատ գիծերով արտայայտուած դիմապատկեր: Ու հիմա հարց...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Եկէ՛ք` հաւաքական պտոյտի մը ձեռնարկենք դէպի ԺԹ. դարու կէսերը: Քալենք ժամանակին հակառակ ուղղութեամբ, երթանք մինչեւ 150-160 տարի ետ: Մտնենք Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին դռներէն ներս ու շրջինք հայահոծ թաղամասերը` Գումգաբու, Սամաթիա, Պէշիկթաշ, Բերա, Օրթագիւղ, Խասգիւղ, Կէտիկփաշա, Գատըգիւղ կամ Սկիւտար: Ականատես ըլլանք այն մեծ խմորումներուն, արտաքին ազդակներու եւ պատմաքաղաքական իրադարձութեանց արդիւնք, որոնք կը պատրաստէին արեւմտահայոց Զարթօնքի շրջանը: Այդ օրերու Պոլիսը, ինչպէս` աւելի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դ. Պոլիս Հրատարակուած Հայկական  Բժշկական-Առողջապահական Ժողովրդային Գիրքեր 1. «Առողջապահութիւն առտնին եւ ի պէտս ազգ. երկրորդական վարժարանաց» Հրատարակուած է 1898-ին` հեղինակութեամբ բժիշկ Ն. Տաղաւարեանի, յանձնարարութեամբ Պոլսոյ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին: 2. «Առողջապահութիւն» Հրատարակուած է 1915-ին` հեղինակութեամբ տոքթ. Պ. Սերոբեանի: «Առողջապահութիւն» 1898                                ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Գ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթեր 1. «Աստղիկ արեւելեան» Հայ իրականութեան մէջ առաջին հայ ամսաթերթը, որ պարբերաբար անդրադարձած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու: Եղած է բարոյախօսական, բանասիրական, տնտեսագիտական, բնագիտական առողջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1855-56, ամիսը մէկ անգամ: Խմբագիրը եղած է Գաբրիէլեան Յովհաննէսը: Հրատարակիչը` Պոլսոյ «Մեսրոպեան» ընկերութիւնը: Ունեցած է 16-20 էջ: Տպուած է Յովնաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանը: Դադրած է հրատարակուելէ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բ. Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր 1. Ատամնաբուժական առողջաբանութիւն (Պոսթըն) Հրատարակուած է 1939-ին: Հեղինակն է տոքթ. Ն.Տ.Ս. Թաշճեանը: Գեղատիպ հատոր մը` 200 էջերով: 2.«Բժշկարան, բժշկական բառարան» (Թիֆլիս) Հրատարակուած է 1892-ին: Հեղինակ-թարգմանիչն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանցը: Բժշկարան, բժշկակն բառարան 3. «Բժշկականութիւն» (Վենետիկ) Հրատարակուած է 1832-ին Վենետիկ: Հեղինակն է Միքայէլի Ռեստենը: Բժշկականութիւն 4. «Բժշկականութիւն եւ հասարակութիւն» (Թիֆլիս)...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ «Հայ բուժ»-ի յօդուածս գրելէն ետք պարտականութիւն սեպեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել հայ բժշկական ժողովրդային պարբերականներու եւ գիրքերու մասին, որոնք հրատարակուած են Հայաստանէն դուրս` 1850-1980 ժամանակաշրջանին, այլ խօսքով` 130 տարիներու ընթացքին: Ուսումնասիրութենէս ի յայտ եկաւ, որ հայկական սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին շատ մեծ աշխատանք տարուած է հայ բժիշկներու, բժշկական մարմիններու եւ հայ մամուլով հետաքրքրուող անհատներու կողմէ` հրատարակելու...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Աւետիս Ահարոնեան. Տունդա՞րձ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ «Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին,... վասնզի կամրջընկէց Արաքսի ափերին, Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ,... որ ակնդէտ ու խռովայոյզ` նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին...»: Քառասնամեայ յոբելեանի ճառէն (1930, մայիսի 10) Վերջին տասնամեակին հայրենի գրական-ակադեմական գործունէութիւնը զգալի աճ մը ճանչցաւ` կապակցաբար հրատարակչական գործին, ու յատկապէս` խորհրդային տասնամեակներու արգիլուած-անտեսուած հեղինակներու եւ երկերու: Աճ մը, որ հակում ունի շարունակուելու....

Զարեհ Խրախունիի Ծննդեան 90-Ամեակին Առթիւ

Զարեհ Խրախունիի Ծննդեան 90-Ամեակին Առթիւ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ 2016 թուականը կը զուգադիպի Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 90-ամեակին: Պոլսահայ մեծանուն գրողը ծնած է 1926-ին եւ իր մահկանացում կնքած` 2015 թուականի նոյեմբեր 27-ին: Ան հեղինակն է բանաստեղծական ժողովածուներու, արուեստաբանական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու` («Լուսնապարտէզ» 1968, «Տօնակարգ» 1973, «Զբօսապտոյտ» 1978, «Ամպ ու աւազ ափերուս» 1982, «Ստուեր եւ արձագանգ» 1988): Իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուներն են` «Ես եւ ուրիշներ» Երեւան, 1982, «Ազատերգութիւն» Ե. 1993,...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Ռ. Հատտէճեան – 90. Առաստաղէն Դէպի Առաստաղին Միւս Կողմը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հոն` Վոսփորի ափին,Պոլիս, կայ հայու սիրտ մը, որ հեւքով ու աշխուժով կը տրոփէ 90 տարիէ ի վեր: Սիրտ մը, որուն բաբախումները կ՛արագանան կամ կը դանդաղին` ըստ հայ կեանքի ելեւէջներուն, ըստ մեր ժողովուրդին խանդավառութիւններուն կամ տագնապներուն, ըստ մեր մշակութային ձեռքբերումներուն կամ տոհմային ընկրկումներուն: Սիրտ մը, որ երբ 10 տարի առաջ (2006) վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, վիրաբուժները զարմանքով նշմարեցին, որ անոր մաշած...

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Սիմոնեան` Վիպագիր Սիմոն Սիմոնեան իր գրական բազմաթիւ հետաքրքրութիւններուն շարքին չմոռցաւ նաեւ վէպը, վիպագրութիւնը: Մահէն մօտ տարի մը առաջ սկսած էր գրել վէպ մը` իրեն շատ մօտիկ անձերու կամ ընտանեկան հարազատներու կեանքէն: Յառաջ գացեր էր մինչեւ 50-60 էջ, յետոյ` կանգ առեր: Ասիկա վիպագրական իր առաջին փորձը չէր: 1978-ին աւարտեր ու իր սեփական տպարանին մէջ տպագրել տուեր էր արդէն աւելի...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Երբ Սիմոն Սիմոնեան Կը Վազէր Մեծ Ծրագիրներու Ետեւէն... Այո՛, Սիմոնեան միշտ ու միշտ վազեց մեծ ու համազգային ծրագիրներու ետեւէն` հաւատալով անոնց անհրաժեշտութեան, հաւատալով մանաւանդ զանոնք կենսագործելու կարելիութիւններուն: Բայց այնքա՜ն ընդարձակ էին իր այս ծրագիրները, որ մէկ մարդու կեանքը երբե՛ք բաւարար չէր`  գլուխ հանելու համար զանոնք: Իր մահէն երկու-երեք տարի առաջ, Լիբանանը հրդեհող պատերազմի օրերուն, Սիմոնեան բազմափուլ երկա՜ր զրոյցի...

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?