ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ինը տարեկան երեխայ մը անշուշտ գիտէ, թէ ի՛նչ է «ծաղիկ»-ը: Նոյնիսկ կրնայ թուել ծաղիկներու որոշ անուններ` վարդ ու մեխակ, մանուշակ, յասմիկ կամ կակաչ, շուշան…
Բայց նոյն երեխան կրնա՞յ բացատրել մեզի, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հմայիչ»:
Ե՛ս եւս չէի կրցած հասկնալ իմաստը այս բառին, երբ…ինը տարեկան էի:
70-ական թուականներուն էր: Նախակրթարանի երրորդ կարգի աշակերտ էի ու նշագեղձերու վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելէ ետք, ապաքինման շաբաթ մը կը բոլորէի տան մէջ` իմ ծնողքին ու հարազատներուն մնայուն գուրգուրանքին առարկայ դարձած:
Ազգականուհի մը «բարի ապաքինում» մաղթելու համար այդ օրերուն նուէր մը բերաւ ինծի: Գունաւոր փայլուն թուղթի մէջ ճաշակաւոր կերպով փաթթուած նուէր մը:
Երբ աճապարանքով բացի զայն` ԳԻՐՔ մը գտայ այնտեղ: Խորագիրը` «Ծաղիկին պէս հմայիչ» (Վենետիկ, 1970):
Ի՞նչ կը նշանակէր «հմայիչ»: Կ՛երեւի, թէ տան երէցներէն մէկը բացատրեց ինծի այդ անծանօթ բառին իմաստը, սակայն կը թուի, որ չէի կրցեր կատարելապէս ըմբռնել, իւրացնել զայն: Քանի մը տարի պիտի սահէր-երթար, քիչ մը հասակ պիտի նետէի, որպէսզի հասկնայի «հմայիչ»-ին իմաստը. կախարդական, թովիչ, հրապուրիչ, դիւթիչ, զմայլելի, զգլխիչ…:
Իմ կեանքին մէջ առաջին անգամն էր, որ գիրք մը նուէր կը ստանայի: Ուստի, այդ նոյն գիրքն ալ, ճակատագրականօրէն, պիտի դառնար իմ կարդացած ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԻՐՔԸ: Հաստատօրէն` առաջին հայերէն գիրքը, զոր պիտի կարդայի ծայրէ ի ծայր, հաճոյքով ու գոհունակութեամբ: Արդէն, պատանիներու կամ դպրոցականներու ուղղեալ գիրք մըն էր, ըստ երեւոյթին:
Իսկ ինչի՞ մասին կը խօսէր «Ծաղիկին պէս հմայիչ»-ը:
Գիրք մըն էր ասիկա, որ շատ մատչելի ու դիւրահաղորդ ոճով մեզի կ՛ուսուցանէր քաղաքավարութեան դասեր կամ կենցաղագիտութեան օրէնքներ:
Ան կը սորվեցնէր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է բարեւենք զիրար, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է արթննանք կամ պառկինք, ինչպէ՞ս պէտք է ուտենք-խմենք, մեր մարմինն ու շրջապատը ինչպէ՞ս մաքուր պիտի պահենք, դպրոցին ու դասարանին մէջ ինչո՞ւ բարեկիրթ պէտք է ըլլանք, այցելութիւններու կամ հիւրընկալութեան ընթացքին պատշաճութիւնները ինչպէ՞ս պիտի յարգենք, ինչպէ՞ս պիտի ճամբորդենք, ինչպէ՞ս պիտի յարգենք դիմացինը, ինչպէ՞ս նամակ պիտի գրենք մեր բարեկամներուն… Բոլորն ալ` «ոսկի օրէնքներ», որոնցմէ առատօրէն կրնային օգտուիլ փոքրահասակներն ու… մեծահասակները` դառնալու համար բարեկիրթ հայորդիներ:
Հեղինակը խօսքն ուղղելով իր պատանի ընթերցողներուն, կ՛ըսէր.«Պիտի համոզուիս ապագային, որ կեանքի մէջ գիտութենէն ու դրամէն աւելի՛ արժէք ունին ազնուութիւնն ու կրթութիւնը»:
Եւ որպէսզի «օրէնք»-ներու այս ուսուցումը փրկուէր չոր ու ցամաք խրատատուութիւն մը դառնալու վտանգէն, գիրքը վարպետօրէն համեմուած էր բազմաթիւ զուարճալի պատմութիւններով, որոնք մէկ կողմէ ուղղակի կ՛առնչուէին քաղաքավարական տուեալ դասին կամ խրատին, միւս կողմէ ալ քահքահի կամ խնդուքի կը մղէին ընթերցողը… Դեռ աւելի՛ն. գիրքը զարդարուած էր նաեւ գծանկարներով:
Անցեալները իմ գրադարանէն դարձեալ վար առի այդ գիրքը: Մաշած էր ա՛լ, թերթերը բեկբեկուած էին` բազմաթիւ անգամներ ափէ ափ փոխանցուած ըլլալով: Ո՜վ գիտէ, քանի՛ անգամ կարդացեր եմ զայն անցնող տասնամեակներուն, քանի՛ անգամ փոխ տուեր եմ ուրիշներու, որպէսզի անոնք ալ օգտուին այդ «ոսկի օրէնքներ»-էն…
Յուզումով շօշափեցի պատառոտուն գիրքը: Մի առ մի դարձուցի անոր էջերը` դիտելով գծանկարները, որոնք հին յուշեր կ՛արթնցնէին իմ մէջ, զիս կը տանէին մինչեւ 30-40 տարի ետ…
Բայց այս անգամ իմ ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ գիրքի հեղինակին անունին վրայ` Հ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ԹԱԼԱԹԻՆԵԱՆ:
Ա՛ն ալ մէկն էր Վենետիկի Մխիթարեան ուխտի նուիրեալ միաբաններէն:
Անդրադարձայ, որ ճիշդ 25 տարիներ սահեր էին անոր վախճանման թուականէն ասդին (1993-2018): Եւ ինչպէս որ կը պատահի ընդհանրապէս, ա՛ն ալ մոռցուած դէմք մըն էր այլեւս: Նոր սերունդը այս անունը չէր իսկ լսած: Իսկ անոր ծաղկաբոյր գիրքը, շատո՜նց սպառած, մոռցուեր էր ամենայն հաւանականութեամբ:
Ի՜նչ փոյթ, որ անձամբ չէի ճանչցեր Ս. Ղազարու այս համեստ ու լռիկ-մնջիկ վարդապետը, որ մեզի ժամանակակից դէմք մըն էր:
Հիմա յստակօրէն կը յիշեմ, որ մամուլի էջերուն քանիցս հանդիպեր էի իր լուսանկարին. հետեւաբար իր դիմագծութիւնը քանդակուած էր մտքիս մէջ:
Աւելի ուշ բախտն ունեցայ գրադարանիս մէջ ունենալու իր գիրքերէն քանի մը նոր անուն եւս: Բոլորն ալ մանկապատանեկան հրատարակութիւններ էին, գրուած` մատչելի լեզուով եւ ուղղեալ դպրոցական տարիքի տղոց: Ակնյայտ էր, որ Թալաթինեան վարդապետին գլխաւոր մտահոգութիւնը նոր սերունդն էր, անոր հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, անոր կապուածութիւնը` մարդկային ու հոգեկան արժէքներու:
Հ. Աւետիք ծնած էր Մարաշ, 1912-ին: Ինչպէ՞ս պատահեր էր` չեմ գիտեր, Մեծ եղեռնի տարիներուն զինք կրցեր էին ազատել ու բերել Պոլիս: Ժամանակ մը յետոյ, 1922-ին, տասնամեայ այս պատանին տարուեր էր Վենետիկ` իբրեւ սան Ս. Ղազարու Մխիթարեան վանքին, ուր 25 դեկտեմբեր 1938-ին վարդապետ ձեռնադրուեր էր: Այնուհետեւ ուսուցչական առաքելութեան կոչուած էր միաբանութեան աշխարհատարած դպրոցներուն մէջ` Մուրատ-Ռափայէլեան (Վենետիկ), Սամուէլ Մուրատեան (Փարիզ), Հալէպ եւ Աղեքսանդրիա: 1964-ին վերջնականապէս կայք հաստատած էր Պէյրութ` իբրեւ տեսուչ Մխիթարեան ժառանգաւորաց վարժարանին. պաշտօն մը, զոր պիտի վարէր գրեթէ մինչեւ իր վախճանումը:
Մխիթարեան բազմաթիւ հրատարակութիւններ կը կրեն հ. Աւետիքի ստորագրութիւնը: Ասոնցմէ առանձնաբար կ՛արժէ յիշել 70-ականներուն սկիզբ առած «Գիսաւոր աստղեր» շարքը, ուր ներկայացուցած է հայ պատմութեան երեւելի դէմքեր, ինչպէս` Հռիփսիմեանց կոյսերը, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մխիթար աբբահայր Սեբաստացի եւ այլն:
Հ. Աւետիք միշտ կարեւորութիւն տուած է հայ թէ օտար սուրբերուն, պրպտած է անոնց կեանքին մանրամասնութիւնները, այդ կեանքին ուսանելի պատգամները ուզած է սեփականութիւնը դարձնել նոր սերունդին: Այդպէս է, որ հրատարակած է փոքրածաւալ հատորներ` սրբուհի Թերեզայի, սրբուհի Ռիթայի կամ սրբուհի Պայծառի (Սանթա Գլարա) մասին: Կազմած է տակաւին երգարան ու աղօթագիրք: Եւ այս բոլորին կողքին` «Կրօնքի դասագիրքս» կոչուած վեց հատորանի սիրուն շարքը, որ 1975-էն ետք սկսաւ օգտագործուիլ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, հոն, ուր Մխիթարեան վարժարան մը կար:
Հ. Աւետիք Թալաթինեան կը վախճանէր Պէյրութ, 13 յունուար 1993-ին, յետ անողոք հիւանդութեան մը, որ զինք անշարժացուցեր ու գրեթէ անդամալոյծ դարձուցեր էր վերջին երեք տարիներուն:
***
Գրադարանիս մէջ կը փնտռեմ ու շուտով կը գտնեմ իր գիրքերէն մէկ քանին. «Ծաղիկներ», «Գանձեր ունեմ...» եւ «Վարդաստան»: Մանկապատանեկան եռաշարք մըն է այս, տպուած` Պէյրութ, 1970-ին: Վարդապետը հոս մէկտեղած է բարոյալից պատմութիւններ, առաւելաբար` օտար լեզուներէ թարգմանուած, երբեմն ալ` ուղղակի իր կողմէ գրի առնուած:
«Գանձեր ունեմ»-ին մէջ ան խօսած է իրական դէպքի մը մասին, որ կ՛արժէ վերապատմել այստեղ:
«Անապատի ծաղիկը»
Հ. Աւետիք կը պատմէ, որ երիտասարդ վարդապետ եղած շրջանին (40-ական թուականներուն), օր մը զինք պաշտօնով ղրկեցին հիւսիսային Սուրիոյ Արաբ-Բունար գիւղը, թրքական սահմանին կից, Աւագ շաբթուան ու Զատկի արարողութիւններ կատարելու համար:
Աղքատիկ մատուռ մը ունէր գիւղը: Այդ մատրան հոգածուն ալ Աբրահամ անունով երիտասարդ մըն էր, որ միաժամանակ կը վարէր ծխական դպրոցին տնօրէնի պաշտօնը: Հոգեւոր կեանքի շեշտուած հակում մը ունէր այս տղան, սիրայօժար կ՛օժանդակէր վարդապետին` մկրտութիւններու, գերեզմանօրհնէքի եւ այլ առիթներով:
Վարդապետին Արաբ-Բունար կեցութեան վերջին օրը Աբրահամ իր սիրտը բացաւ անոր.
– Վա՛րդապետ, ես հոգեկան մեծ պարապ մը կը զգամ ներսիդիս: Մանկութենէս փափաքած եմ Աստուծոյ նուիրուիլ, քահանայ ըլլալ, բայց մարդիկ չեն հասկցած զիս: Այս նպատակով մինչեւ իսկ Պէյրութ գացած եմ, սակայն բախած եմ սառն անտարբերութեան: Տարի մը առաջ զիս նշանեցին խորամանկութեամբ, բայց շուտով ետ եղանք: Ամուսնութիւնը չի խօսիր սրտիս: Հիմա 21 տարեկան եմ:
Վարդապետը համոզուեցաւ, որ կրօնաւորի կոչում ունէր իր դիմացինը: Քաջալերեց զինք իր աստուածահաճոյ զգացումներուն մէջ ու խոստացաւ տեղեկագրել Վենետիկ` Աբրահամը Ս. Ղազարու Մխիթարեան վանքը ընդունելու համար:
Իսկապէս ալ, չորս ամիս ետք արաբ-բունարցի մեր երիտասարդը Հալէպի ճամբով մեկնեցաւ Վենետիկ: Հոն, դպրեվանքի տեսուչ վարդապետին ներկայանալով` ըսաւ.
– Ահա ես եմ «անապատի ծաղիկ» կոչուած Աբրահամը… Ձեզի կը յանձնեմ իմ հոգիս ու գանձերս (նշանածէն մնացած ոսկի շղթայ մը ու մետալ մը): Գիտցէ՛ք, որ ես ուխտած եմ Մխիթարեան մը ըլլալ անպայման:
Տարիները սահեցան արագ-արագ: Աբրահամ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ ու նուիրուեցաւ կրթական առաքելութեան` միջինարեւելեան գաղութներու մէջ: Դարձաւ արժանաւոր Մխիթարեան մը:
Հ. Աւետիքի բառերով` «անապատի ծաղիկը դարձաւ ազնիւ տունկ մը»:
Պատմութիւնը կ՛աւարտի այսքանով:
Բայց հետաքրքիր ընթերցողին միտքը կը մրճահարուի մնայուն հարցումով մը. «Ո՞վ էր այս Մխիթարեանը»…
Գաղտնի՞ք մը պարզած կ՛ըլլամ` տալով անոր անունը:
Ի՜նչ փոյթ:
Իննսունամեայ վաստակաւոր մըն է ան հիմա, որ դեռ երիտասարդական կորովով կը վազէ հոն, ուր առաքելութիւնը կը կանչէ զինք:
– Հ. Արիստակէս վրդ. Մանուկեան:
Արձանագրեցէ՛ք այս անունը ձեր յուշատետրին մէջ` իրրեւ «Անապատի ծաղիկը»…
(Հալէպ)