Հայաստանեան Համացանցային Մամուլը
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն հայաստանեան գրականութեան հետ առնչուած ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկը համացանցային մամուլի ծաղկումն է: Առցանց մամուլի տարածման պատճառները բազմաթիւ կրնան ըլլալ եւ առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ են, սակայն դժուար չէ ենթադրել անոնց ստեղծման պարագաներէն մի քանին: Խորհրդային վարչակարգի փլուզումին հետ, երբ մամուլը պետական-կուսակցական կառոյցներու միջոցով կը հովանաւորուէր, որուն ամենակարեւոր գործիքը Գրողներու միութիւնն ու պետական հրատարակչութիւնն էին, որոնց հետ կապուած...