Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

Օգոստոս 1, 2016
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Սիմոնեան` Վիպագիր

Սիմոն Սիմոնեան իր գրական բազմաթիւ հետաքրքրութիւններուն շարքին չմոռցաւ նաեւ վէպը, վիպագրութիւնը:

Մահէն մօտ տարի մը առաջ սկսած էր գրել վէպ մը` իրեն շատ մօտիկ անձերու կամ ընտանեկան հարազատներու կեանքէն: Յառաջ գացեր էր մինչեւ 50-60 էջ, յետոյ` կանգ առեր:

Ասիկա վիպագրական իր առաջին փորձը չէր:

1978-ին աւարտեր ու իր սեփական տպարանին մէջ տպագրել տուեր էր արդէն աւելի քան 500 էջանի ծաւալուն վէպ մը, որ կը կոչուէր «Անժամանդրոս»: Տարօրինակ վերնագիր մը, տարօրինակ բովանդակութեամբ եւ նո՛յնքան տարօրինակ… ճակատագրով մը:

Արդարեւ, «Անժամանդրոս»-ը թէեւ տպուեցաւ հեղինակին ողջութեան, սակայն հեղինակի՛ն իսկ փափաքով ատիկա հրապարակ պիտի հանուէր միայն ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ…

Ինչո՞ւ այս անբնական կարգադրութիւնը. ո՛չ ոք գիտէր:

Հետեւաբար, տպագրեալ վէպին հարիւրաւոր օրինակները, ամրափակ սնտուկներու մէջ, «Սեւան» հրատարակչատան մթերանոցին մէկ անկիւնը «քնացան» ութ երկա՜ր տարիներ, մինչեւ Սիմոնեանի մահը, 1986 մարտ: Մինչ այդ հեղինակը մատի վրայ համրուող քանի մը մտերիմ մտաւորականներու միայն թոյլ տուած էր կարդալ այս «խորհրդաւոր» վէպը` պահանջելով սակայն, որ հրապարակային-գրաւոր կարծիք չյայտնեն այդ մասին երբե՛ք: Այդ սակաւաթիւներէն մէկն էր, օրինակ, Կարօ Փօլատեան, որ վէպին մասին կ՛արտայայտուի գովեստով ու հիացումով` իր «Զրոյց»-ի Զ. հատորին մէջ:

Ձախէն՝ Արմէն Դարեան, Երուանդ Քասունի, Սիմոն Սիմոնեան (Պէյրութ, 1984)
Ձախէն՝ Արմէն Դարեան, Երուանդ Քասունի, Սիմոն Սիմոնեան (Պէյրութ, 1984)

Սիմոնեանի մահէն 30 տարիներ անց, երբ կը գրուին այս տողերը, ես նո՛ր է որ կրցայ ձեռք բերել այդ վէպը քաղաքիս «Քրիստափոր» գրադարանէն ու համբերութեամբ կարդացի զայն ծայրէ ի ծայր:

Եթէ հարց տրուի ինծի, թէ ինչո՞ւ Սիմոնեան իր ողջութեան փականքի տակ պահեց իր ամէնէն ծաւալուն այս երկը, պիտի վարանիմ համոզիչ ու տրամաբանական արդարացում մը բանաձեւելու:

Հեղինակը ի՞նչ դրդապատճառներէ ելլելով` լոյս աշխարհ գալէ զրկեց տպագրեալ իր մէկ գործը, ինչո՞ւ արհեստական պատ մը բարձրացուց ի՛ր ու զինք սիրող բազմահարիւր ընթերցողներուն միջեւ, եւ ինչպէ՞ս կրցաւ տոկալ «պատրաստ ճաշ մը սառնադարանին մէջ պահել»-ու յամառ արարքին:

Անճիշդ ու անիրաւ կարգադրութիւն մըն էր այս: Սասունցիական «ծուռութիւն» մը:

Քանզի, հեղինակէն մահէն ետք, երբ քակուեցան փականքները սնտուկներուն, վէպը չստեղծեց ակնկալուած շահագրգռութիւնը, արտասովոր արձագանգ մը չթողուց բնաւ: Ընդհակառակն, կարծես զարնուեցաւ անտարբերութեան պատին: Այդ շրջանի սփիւռքահայ գրական մամուլին մէջ գրեթէ ոչի՛նչ գրուած է այս վէպին մասին: Ափսո՜ս:

Կը տարուիմ ենթադրելու, որ աւելի բախտաւոր կրնար ըլլալ «Անժամանդրոս»-ին ճակատագիրը,  եթէ անիկա հրապարակ հանուէր հեղինակին ողջուցը: Մեկնաբանութիւններ, վերլուծումներ, գրախօսականներ պիտի յաջորդէին մէկզմէկու, թերեւս գրական ասուլիսներ ալ կազմակերպուէին վէպին շուրջ, ընթերցողներ արտայայտէին իրենց տեսակէտը, իսկ հեղինակն ալ անհրաժեշտ պարզաբանումներ ու բացատրութիւններ բերէր բոլորին հարցումներուն` իր կենդանի՛ խօսքով: Չեղաւ:

Ի՞նչ կը նշանակէր «Անժամանդրոս»: Ըստ հեղինակին, այս ինքնակերտ վերնագիրը կազմուած էր «անժամ» (իմա` անժամանակ) եւ «անդրոս» (յունարէնով` մարդ) բառերէն, եւ ուրեմն կը նշանակէր ժամանակէն դուրս ապրող մարդ:

Վէպը արտասովոր կառոյց մը ունի: Վէպին հերոսը` ճարտարապետ Արսէն Զամանեան, մէկ կողմէ դերակատար կ՛ըլլայ հետաքրքրական իրադարձութիւններու յորձանուտի մը մէջ, միւս կողմէ ալ կը սկսի գրի առնել վէպ մը, որուն պարունակութիւնը (իր բոլոր մանրամասնութիւններով) զուգորդուելով մայր վէպին հետ` կը գոյացնէ այսպիսով ԵՐԿՃԻՒՂ ՎԷՊ ՄԸ: Վէպ` վէպի մէջ:

Ուրեմն, այս գիրքի կողքին տակ կը գտնենք երկու վէպեր, մէկը` իրական, միւսը` անիրական: Անիրական վէպին գլխաւոր հերոսը Անժամանդրոսն է, որ կրկներեւոյթն է մէկէ աւելի անձերու, եւ որ իբր թէ ապրած է 9999 տարիներ առաջ ու վերստին աշխարհ եկած է հիմա: Ան գլխագիր Մարդն է` իր ունակութիւններով եւ առաքինութիւններով: Թերեւս նաեւ գլխագիր Հայն է` իր տկարութիւններով, յաջողութիւններով, տատանումներով, վերածնելու կարողութեամբ: Բեմահարթակին վրայ մեր դիմաց կը ցցուին` կեղծաւորը, հացի համար պոռնկութիւն ընող աղջիկը, վաշխառուն, ապերախտը, ըմբիշը, որ կաղնիներ կը տապալէ, բայց որ սեռայնօրէն անզօր կը մնայ իր կնոջ դիմաց, եղբայրներ, որոնք զիրար կը յօշոտեն դրամի սիրոյն…

Այլաբանական պատկերները չափազանց առատ են այս պատումին մէջ, որովհետեւ Սիմոնեան տեղ-տեղ իրարու դիմաց կը հանէ զոյգ վէպերուն հերոսները (անիրականներն ու իրականները): Հեղինակին մտասեւեռումները կատարելապէս հասկնալը դժուար է: Կրկնութիւններ, աւելորդաբանութիւններ ալ կան, որոնք կը «ծանրացնեն» վէպը, ընթերցողին լարուածութիւնը կը թուլցնեն երբեմն: Բայց ընդհանուր առմամբ, վէպը հոսուն է, զերթ վարար գետ մը: Սիրային թեման եւս կարմիր թելի մը պէս կ՛երկարի-կ՛անցնի գիրքին մէկ ծայրէն միւսը` խռովայոյզ ելեւէջներով ու կ՛աւարտի ողբերգական ու ցնցիչ վերջակէտով մը:

Վէպին մէջ բացայայտ հեգնանք կայ համայնավարութեան նկատմամբ: Օրինակ, գլխաւոր հերոսուհին` Ալիա Կասեան, որ իրանահպատակ հաւատաւոր համայնավար մըն է, առիթով մը կը պոռթկայ յուսախաբ.

– Կոմունիզմը, զոր մենք կարծեցինք մարդոց տառապանքին վերջին դեղագիրը, հեռու է մարդը երջանկացնելէ եւ նոյնիսկ չէ յաջողած բուժել նախապատմական մարդու հիմնական հիւանդութիւնները` երկիւղ եւ կարիք: Մարդոց իսկական երջանկութիւն շռայլելու փոխարէն` ներարկած է ինքզինք երջանիկ կարծելու ցնորանքը, ինչ որ շատ հեռու է մարդը երջանիկ դարձնելէ: Կոմունիզմը չէ կրցած նոյնիսկ ՍԻՐԵ՛Լ սորվեցնել. ջնջած ու սրբած է սէրը սիրտերէն (տե՛ս էջ 455):

Իսկ ուրիշ հերոս մը` Գոլիա (Ալիային նշանածը), նմանապէս` եռանդուն համայնավար յեղափոխական գործիչ, իր կարգին կը խոստովանի.

– Կոմունիզմը  չկրցաւ երջանկացնել մարդը: Ով որ տարբեր կը խորհի, ստախօս մըն է: Մարդը  չի կրնար 100 ռուբլի թոշակ ստանալ եւ ծախսել 300 ռուբլի ու չստել, չխաբել, չգողնալ… Այս իրողութիւնը մինակը կը հերքէ ամէն առասպել (տե՛ս էջ 473):

«Անժամանդրոս»-ը հրատարակուեցաւ Հայաստանի մէջ եւս, մայր տպագրութենէն քսան տարի ետք, 1998-ին: Այս վերահրատարակութիւնը, որուն նախաձեռնութիւնը կու գար գրող Աբգար Ափինեանէն, հովանաւոր ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը, «Նոր դար» հրատարակչատան գործակցութեամբ: Տպուեցաւ մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ:

Բայց, դժբախտաբար, կը թուի, թէ այս մէկը եւս Պէյրութի անդրանիկ տպագրութեան ճակատագրակից եղաւ` մնալով գրեթէ անարձագանգ, գէթ գրական մամուլին մէջ:

Ամերիկահայ Գաղութը Ինչպէ՞ս Մեծարեց Ու Պատուեց Սիմոն Սիմոնեանը

1983-ին էր:

Սիմոնեան կը գտնուէր իր 70-ամեակի շեմին: Գրական, կրթական, խմբագրական ու հրատարակչական իր մեծղի վաստակը պէ՛տք էր գնահատուէր հրապարակաւ: Արդա՛ր տուրք մը պիտի ըլլար ատիկա:

Այդպիսի նախաձեռնութիւն մը ամէնէն առաջ կ՛ակնկալուէր լիբանանահայ գաղութէն, որուն ծոցին մէջ գործեր էր ան աւելի քան 35 տարի: Եւ կամ` հալէպահայ գաղութէն, որ ի տարբերութիւն Պէյրութին` 80-ականներուն կ՛ապրէր կայուն ու խաղաղաւէտ կեանք մը, հեռու` այդ օրերուն մայրիներու երկիրը  բռնկեցնող ներքին պատերազմէն: Հալէպը Սիմոնեանի հարազատ «տուն»-ը կը սեպուէր: Հո՛ն առած էր իր նախնական ուսումը, ուսուցչագործած էր հոն տասը տարի, իր պատմուածքներուն հերոսները հալէպաբնակ սասունցիներն էին: Գէթ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը (միա՛կ միութիւնը, որուն անդամակցած է ինք) իրագործէր այդպիսի երախտագիտական հանդէս մը: Բա՜յց… մտածող մարդ չէր մնացեր:

Միւս կողմէ` Խորհրդային Հայաստանը եւս կը շարունակէր անտեսել Սիմոնեանը: Երեւան ջերմ չէր այս «ծուռ սասունցի»-ին նկատմամբ…

Բայց ահա, շարժման անցան ամերիկահայերը: Մասնաւորաբար Լոս Անճելըս համախմբուած Սիմոնեանի երբեմնի երախտագէտ աշակերտներն ու «Սփիւռք»-ի նախկին աշխատակիցները կազմակերպուեցան փութով եւ պատշաճ տնօրինումներով ձեռնարկեցին Սիմոն Սիմոնեանին յոբելեանը տօնախմբելու աշխատանքին` Ամերիկայի երեք տարբեր քաղաքներուն մէջ, մեծարեալին ներկայութեամբ:

Կազմուեցաւ «Յոբելենական յանձնախումբ» մը` իր պատուոյ անդամներով, գործադիր դիւանով եւ անձնակազմով (շուրջ 70 հոգի): Կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէր Լոս Անճելըսի մէջ այդ շրջանին գործող «Գրական խմբակ»-ը (Armenian Literary Group)` հրապարակագիր Հրանդ Սիմոնեանի ատենապետութեամբ:

Սիմոն Սիմոնեան ճամբայ ելաւ դէպի Ամերիկա:

Իր մտերիմներէն Արմէն Դարեանն է, որ կը վկայէ.

– Անբաւ ուրախութեամբ է, որ ճամբայ ինկաւ դէպի Ամերիկա, թէեւ քանի մը ամիսներ առաջ սրտի ծանր տագնապ մը հրաշքով միայն խնայեր էր իր կեանքին եւ բժիշկները զգուշացնելով զգուշացուցեր էին զինք մեծ յոգնութիւններու եւ յուզումներու դէմ: Ու հո՛ն, ուր գնաց, ներշնչեց խանդավառութիւն ու հաւատք` «հայ ժողովուրդի յաւերժութեան մասին», ֆիզիքական իր սպառումին գնով («Շիրակ» ամսագիր, 1989, թիւ 8-9):

Ամերիկայի տարածքին իրագործուեցան քսանի չափ հաւաքներ ու հանդիպումներ, բայց գլխաւոր ձեռնարկները երեքն էին:

Անոնցմէ առաջին կայացաւ Լոս Անճելըսի մէջ, 13 մարտ 1983-ին: Հանդիսավարը լրագրող Օշին Քէշիշեանն էր: Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Երուանդ Գոչունեան, Վեհանուշ Թէքեան, բժ. Յարութիւն Սաղըրեան եւ Զարեհ Զարգուն: Այս առթիւ հրատարակուեցաւ 60 էջանի գրքոյկ մըն ալ` պատշաճ բովանդակութեամբ:

Երկրորդ հանդէսը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, 9 ապրիլին: Գլխաւոր բանախօսներն էին` Գառնիկ քհնյ. Հալաճեան, Անդրանիկ քհնյ. Գասպարեան (դպրեվանքի իր աշակերտները), Նուպար Քիւփէլեան եւ Անդրանիկ Փօլատեան:

Իսկ Ֆիլատելֆիոյ յոբելեանը կայացաւ 15 ապրիլին, Թէքէեան մշակ. միութեան հիւրընկալութեամբ: Այստեղ  զոյգ բանախօսներն էին Գուտցի Միքայէլեան եւ Անդրանիկ Փօլատեան:

Simon-Simonian-15_80116Ամէնուրեք գործադրուեցան գեղարուեստական յայտագրեր` յոբելեարին ստեղծագործութիւններուն ծանօթացումով: Այդ շրջանի ամերիկահայ մամուլին էջերը լեցուն են այս բարեբաստիկ ու ոգեշնչող այցելութեան նկարագրականներով:

Սիմոնեան, որ երբե՛ք փառատենչիկ մը չէ եղած, այլ` իր սերունդին համեստագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը, Ամերիկայէն Պէյրութ վերադարձաւ հոգեպէս կազդուրուած ու նո՛ր ծրագիրներով խանդավառ: Սակայն, ինչպէս Արմէն Դարեան պիտի գրէր, Սիմոնեան դառնացած էր այս յոբելեանին առիթով լիբանանահայ մամուլին ցուցաբերած ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ: Ու կը կրկնէր վաղեմի ճշմարտութիւնը` «Մարգարէն իր երկրին մէջ չունի յարգ…»

Սիմոն Սիմոնեանի Կտակն Ու Մահը

Ամերիկայի մէջ իրեն ի պատիւ սարքուած մեծարանքի հանդիսութիւններէն ճի՛շդ 3 տարի անց, 24 մարտ 1986-ին, Սիմոն Սիմոնեանն ալ հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին:

Վերջին տարիներուն մահուան ուրուականը սկսեր էր արդէն հալածել զինք: «Ա՛լ կը սոսկամ այդ օրէն: Անոր իրաւութենէն: Մօտաւորութենէն: Յանկարծութենէն: Վերջնութենէն», կը գրէր ան տագնապահար գրչով (տե՛ս «Կանչ» շաբաթաթերթ, 20 փետրուար 1983):

Տարօրինակ ու արտասովոր կտակ մը թողած էր ան իր ետին:

Զուտ «անձնական» կտակ մըն էր ասիկա.  Սիմոնեան, որ ամուսնացած էր Մարի Աճեմեանին հետ 1946-ին եւ բախտաւորուած էր հինգ զաւակներով (Յովիկ, Մարալ, Վարդան, Տարօն եւ Սասուն), հիմա իր կտակով կը պահանջէր, որ գերեզմանատան մէջ իր թաղումին ընտանիքին անդամներէն զատ ո՛չ ոք ներկայ գտնուի…

Այդպէս ալ եղաւ:

Բայց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, վերջին առիթ մը հանդիսացաւ բոլո՛ր անոնց համար, որոնք իրենց սէրն ու երախտիքը կ՛ուզէին յայտնել լեռնականներու այս վերջին շառաւիղին: Ու ատոնց գլուխը կը գտնուէր Գարեգին Բ. կաթողիկոս (Սարգիսեան), ողբացեալին երբեմնի աշակերտը:

Տաճարին մէջ հայրապետը կը խօսէր գեղահիւս դամբանական մըն ալ, ուր մասնաւորաբար կը շեշտէր. «Սիմոնեանի ամէնէն մեծ արժանիքներէն մէկը, այնպէս` ինչպէս` ճանչցած եմ զինք, այն էր, որ գիտէր ուրիշները բերել դէպի այն դաշտերը, որոնց մէջ ակօսումի աշխատանք կը կատարէր: Հիմա կ՛երեւակայեմ, թէ քանի՜ տասնեակ երիտասարդներ իր միջոցով, իր քաջալերանքով հայ գիրին կապուեցան` հայ մամուլով կամ առանձնական հրատարակութիւններով»:

Լիբանանեան հողին վրայ ապրուած ճի՛շդ 40 տարուան կեանք մը (1946-86) կը փակուէր այսպէս:

Այդ կեանքը սկսեր էր Անթիլիասի մէջ, Գարեգին Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով, եւ հիմա իր լրումին կը հասնէր դա՛րձեալ Անթիլիասի մէջ, այս անգամ ալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին սգակիրի «Հուսկ բանք»ով…

* * *

Սիմոն Սիմոնեանի վաստակը, իր բոլոր երեսներով ու իր ամբողջութեանը մէջ, շշմեցուցիչ ըլլալու չափ մեծ է ու ծանր:

Աշխատունակ ու բազմաշխատ մտաւորական մը եղած է ան: Իր «քաւարան»-ին մէջ, որ «Սեւան» տպարանն էր, գրած, սրբագրած ու ստեղծագործած է` «ոտքերը կօշիկին մէջ` օրական քսանհինգ ժամ» (վաղամեռիկ երգիծաբան Տիգրան Վասիլեանի մէկ արտայայտութիւնն է), ալիշանեան ծով ջանասիրութեամբ ու վանականի մը համբերութեամբ: Սովորութիւն ըրած է միաժամանակ աշխատիլ 4-5 գործերու վրայ:

Իր այս աշխատասիրութիւններուն ակնարկելով` եգիպտահայ երգիծագիր Պարոյր Մասիկեան հետեւեալը կը պատմէ.

Առիթով մը հարցուցի իրեն.

– Այդ հսկայ գործերը ե՞րբ կրցաք պատրաստել:

Քմծիծաղով մը Սիմոնեան պատասխանեց.

– Հանգուցեալ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան ինծի համար մասնաւոր տող մը գրած է…

– Ի՞նչ…

– «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս»…

* * *

Իր ողջութեան, թերեւս, Սիմոնեանի զուտ գրական վաստակը չարժանացաւ արդար գնահատանքի: Եղան դիտումնաւոր անտեսումներ:

Օրինակ, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն»-ը (նկատի ունիմ անոր վերամշակեալ Բ. տպագրութիւնը, 1977) նախընտրած է քար լռութիւն պահել Սիմոնեանի նկատմամբ, մինչ հոն փառաւորապէս տեղ գրաւած են Սիմոնեանի իսկ հասցուցած սերունդէն երեք-չորս անուն (Գ. Աճեմեան, Վեհանուշ Թէքեան, Պ. Գուբելեան):

Գայթակղեցուցիչ է «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-ի կեցուածքն ալ: Ան եւս նախընտրած էր դուրս ձգել Սիմոնեանը` 12 հատորանի իր շարքէն…

Բայց անդին, Ամերիկայի մէջ հրատարակուած «Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն»-ը (1994, Բ. հատոր, հեղ. Սեդա Տեմիրճեան) Սիմոնեանին տուած է պատշաճ տեղ ու բաժին: Անկախութենէն ետք Հայաստան տպուած «Ով ով է» կենսագրական արդի հանրագիտարանն ալ (2007, Բ. հատոր) հիւրընկալած է Սիմոնեանը ժպտերես:

Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ Սիմոնեանի մասին մշտարթուն հետաքրքրութիւն մը նկատելի եղած է մանաւանդ իր մահէն ետք: «Յուշի երեկոյ»-ներ սարքուած են Հալէպ (նշեցինք մեր յօդուածաշարքին սկիզբը), Պէյրութ (մահուան Ա. տարելիցին առթիւ` 1987, նաեւ` 2014-ին) ու Երեւան (ծննդեան 85 ամեակին առթիւ, 1999): Իբրեւ գրաւոր ընծայ` իրեն ձօնուած է Պէյրութի «Սփիւռք» պարբերագիրքին (Նոր շրջան) թիւ 2-ը (1986),   ինչպէս նաեւ «Շիրակ» ամսագրի 1989-ի թիւերէն մին, մասամբ:

Երկու մենագրութիւններ ալ գրուած են իր մասին: Առաջինը` Երեւանէն Սասուն Գրիգորեանինն է («Բազմատաղանդ երախտաւորը», 1999, 104 էջ), երկրորդը` Հալէպէն Թորոս Թորանեանինը («Սիմոն Սիմոնեան երեւոյթը», 2004, 240 էջ): Դեռ աւելի՛ն. Պէյրութէն Անդրանիկ Տագէսեան ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է «Սեւան» հրատարակչատան լոյս ընծայած հայալեզու դասագիրքերը (Հայկազեան համալսարանի կողմէ հրատարակուած գիրքի մը մէջ, 2014): Լոնտոնէն` Սիմոնեանի երբեմնի աշակերտներէն Ասատուր Կիւզելեանն ալ առանձին հատորով մը լոյս ընծայած է իր ուսուցչին հետ փոխանակուած նամակները, թիւով` 50-ի չափ (2014): Իսկ Հալէպէն` Յակոբ Չոլաքեան իր պատրաստած «Անդաստան» դասագիրքերու նորատիպ շարքին Զ. հատորին մէջ (2014) տեղ տուած է Սիմոնեանի «Լեռնականներ»-էն վերցուած պատմուածքով մը:

Ու հիմա, Սիմոն Սիմոնեանի մահուան երեսնամեակին առթիւ իմ այս բուռ մը խօսքը, որ կը բխի իր կրտսեր մէկ հայրենակիցին սրտէն…

 

 

(Շար. 7 եւ վերջ)

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Յուշատետր. Եթէ Ծառին Ճիւղերը Չըլլային

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?