Թռչնակրիփ – Bird Flu
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Թռչնակրիփը մասնաւորապէս թռչնազգիներու ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը ինֆլուենզա Ա ժահրի պատկանող որոշ խմբաւորումներ են, մասնաւորապէս` H եւ N խմբաւորումները: Այս ժահրը կը հարուածէ մասնաւորապէս` հաւերը, բադերը, սագերը եւ հնդկահաւերը: Յարուցիչ ժահրը կ՛ապրի վարակուած թռչունին քիթի, բերանի եւ աչքի հեղուկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց կղկղանքին մէջ: Թռչունէ թռչուն ժահրի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ անմիջական դիպչելով: Թռչնակրիփը տեսնուած...





