Գլխապտոյտ (ԳԴՆ Գլխապտոյտ) Paroxysmal Position Vertigo (PPV)
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Գլխու դիրքաւորման նոպայական գլխապտոյտը (ԳԴՆ գլխապտոյտը) յաճախ պատահող գլխապտոյտի (vertigo) տեսակ մըն է: Գլխապտոյտ ըսելով` կը հասկնանք մարմինի հաւասարակշռութեան խանգարում եւ մարմնական անբնական թաւալումի զգացում, ինչպէս նաեւ` շրջապատի թաւալում ու տեղաշարժ: Գլխապտոյտը շարժումի եւ թաւալումի խաբկանք է: Մեր մարմինի ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը կը պահուի շնորհիւ մեր մարմինի երեք հիմնական կեդրոններու բնական գործունէութեան: Այս կեդրոնները հետեւեալներն են. Ա. Ներքին...





