Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձայնալարերը, Անոնց Դերը Եւ Հիւանդութիւնները Vocal Cords, Their Functions And Diseases

August 11, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ձայնալարերը կը գտնուին խռչափողին-խռչակին (larynx) մէջ: Անոնց մասին խօսելէ առաջ հարկ է, որ ամփոփ ձեւով խօսինք խռչափողի մասին:

Խռչափողը կը կազմէ շնչափողի (trachea) վերին բաժինը: Անիկա կը գտնուի շնչափողին եւ ըմբանին միջեւ եւ վիզին յառաջամասը: Անոր սահմաններն են` վերէն` ենթաըմբանը (hypopharynx), վարէն` շնչափողը, առջեւէն` վիզի երկու մկանները եւ վահանագեղձը (thyroid gland) ու ետեւէն` որկորի վերի բաժինը: Խռչափողը կազմուած է կմախքէ (skeletal) եւ մկանային մասերէ: Կմախքը բաղկացած է անզոյգ եւ զոյգ աճառներէ (cartilage): Անզոյգ աճառներն են`  մակալեզուակը (epiglottis), վահանաճառը (thyroid bone) եւ մատանիաճառը (cricoid bone). Իսկ զոյգ աճառներն են`  շերեփաճառները (arytenoid  cartilages), եղջերաճառները (corniculate cartilages) եւ սեպաճառները (cuneiform cartilages): Մակալեզուակը կը գտնուի խռչափողի վերի մասը եւ կը ծառայէ որպէս կափարիչ` պէտք եղած պահուն գոցելու եւ պաշտպանելու համար խռչափողը: Մնացեալ աճառները իրարու կապուած են կապաններով (ligaments) եւ լորձնաթաղանթային ծալքերով: Խռչափողը իր շրջապատին կապուած է արտաքին մկաններով, որոնց միջոցով կը շարժի վեր եւ վար: Ան ունի նաեւ ներքին մկաններ: Խռչափողը ունի  երկու իսկական ձայնալարեր (true vocal cords), որոնք կը գտնուին խռչափողին սկիզբը: Անոնք ունին հորիզոնական դիրք, կապուած են խռչափողի յառաջամասին եւ յետսամասին: Անոնք կը շարժին կամովին խռչափողի ներքին մկաններու պրկումներով ուղեղէն եկած հրահանգներուն համաձայն եւ կ՛արտադրեն զանազան ելեւէջներով եւ ուժգնութեամբ ձայներ: Տղամարդիք եւ կիներ ունին տարբեր չափի ձայնալարեր: Անոնք աւելի մեծ են տղամարդոց մօտ, քան` կիներուն մօտ: Չափահաս տղոց մօտ անոնք կ՛ըլլան մօտաւորապէս 17-25 մմ երկարութեամբ, իսկ չափահաս կիներուն մօտ` մօտաւորապէս 12,5-17,5 մմ: Անոնք կազմուած են ճերմակ շարակցական (connective tissue) թելերէ եւ շրջապատուած են բարակ թաղանթային ծալքով: Իսկական ձայնալարերու միջեւ եղած բացութիւնը կը կոչուի ձայնաճեղք (glottis): Ներքին մկանները  կը ծառայեն ձայնալարերու շարժման եւ ձայնաճեղքին լայնացումին ու նեղացումին: Իսկական ձայնալարերու վերեւ կը գտնուին ոչիսկական ձայնալարերը (false vocal cords), որոնք խլնաթաղանթային ծալքեր են: Անոնք ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին ձայնի արտադրութեան հետ: Իսկական եւ ոչ իսկական ձայնալարերուն միջեւ եղած փոսիկը կը կոչուի խռչափողային ծոց (laryngeal ventricle): Խռչափողի լորձնաթաղանթը (mucous membrane, epithelium) ըմբանի լորձնաթաղանթին շարունակութիւնն է:

Խռչափողը կը բաժնուի չորս մասերու`

  1. Խռչափողի նախադուռը, որ կը կազմէ մակալեզուակի եւ կեղծ ձայնալարերու միջեւ եղած տարածքը:
  2. Խռչափողի խոռոչը, որ կը կազմէ կեղծ ձայնալարերու եւ իսկական ձայնալարերու միջեւ եղած տարածքը:
  3. Հագագը-ձայնարանu, այսինքն` ձայնալարերը եւ ձայնաճեղքը:
  4. Ենթաձայնալարային տարածք, որ ձայնալարերուն անմիջապէս տակի տարածքն է:

Խռչափողը աջ եւ ձախ կողմերէն ունի  հաւասարապէս երկու ջիղեր` վերին եւ ստորին ջիղեր: Իւրաքանչիւր վերին ջիղը կը բաժնուի երկու ճիւղերու, որոնցմէ առաջինը զգայական (sensory) ջիղ է եւ կը ջղաւորէ խռչափողին ներքին մակերեսը, իսկ երկրորդը շարժական (motor) ջիղ է եւ կը ջղաւորէ խռչափողի արտաքին մկանները: Ստորին ջիղը շարժական է եւ կը ջղաւորէ ներքին մկանները:

Խռչափողը ունի երեք բնախօսական (physologic) պաշտօններ`

  1. Շնչառական պաշտօն

Քիթէն եւ բերանէն ներշնչուած օդը անցնելով խռչափողէն` կը հասնի շնչափող եւ ապա թոքեր: Շնչառութեան ընթացքին երկու ձայնալարերը պրկուելով կը հեռանան իրարմէ եւ ձայնային ճեղքը կը մնայ բաց:  Հետեւաբար օդի ներշնչումը կը կատարուի հանգիստ եւ ամբողջական: Ներշնչումի ընթացքին ձայնային ճեղքը կ՛ըլլայ եռանկիւնաձեւ:

  1. Պաշտպանողական պաշտօն

Բերնին մէջ գտնուած կերակուրը կլլելու ընթացքին խռչափողը կը խցուի, որպէսզի կերակուրի պատառիկները խռչափող մտնելով` թոքերուն չհասնին: Այս գործողութիւնը կ՛իրականանայ հետեւեալ ձեւով. խռչափողը կը տեղափոխուի իր սովորական վայրէն եւ վեր կ՛ելլէ, մակալեզուակը կը ծածկէ խռչափողի անցքը եւ իսկական ու կեղծ ձայնալարերը պրկուելով` կը խցեն խռչափողին անցքը: Այս միջոցին ակնթարթի մը չափ շնչառութիւնը կը դադրի: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ակամայ, անգիտակցաբար եւ անկախ մեր կամքէն: Կուլ տալու ընթացքին, եթէ խօսինք, իսկական եւ կեղծ ձայնալարերը անգիտակցաբար կը հեռանան իրարմէ, ձայնաճեղքը կը բացուի եւ ենթաըմբանին մէջ գտնուած կերակուրի կտորիկներ կը մտնեն խռչափող: Այս միջոցին խռչափողի վերի բաժնի խլնաթաղանթը կը գրգռուի, որուն պատճառով կը յառաջանայ հակադարձային (reflex) հազ:

  1. Ձայնային պաշտօն

Ձայնը կը յառաջանայ իսկական ձայնալարերու պրկումներով եւ թրթռացումներով: Ձայնալարերը իրարու կը մօտենան եւ անոնց հասակն ու հաստութիւնը կը փոխուի, իսկ թոքերէն դէպի վեր մղուած օդը իր ուժով կը թրթռացնէ ձայնալարերը: Այս ձայնի արտադրութիւնը կը կոչուի ձայնատւութիւն (phonation):

Առողջ ձայնալարեր` գոց եւ բաց վիճակի մէջ
Առողջ ձայնալարեր` գոց եւ բաց վիճակի մէջ

Ձայնը ունի երեք յատկութիւններ`

  1. Ուժգնութիւն (intensity), որ կախեալ է արտաշնչուող օդի ճնշումէն եւ ձայնալարերու լարուածութենէն եւ թրթռացումէն:
  2. Ձայնի բարձրութիւն-ձայնաստիճան ((pitch). ան կախեալ է ձայնալարերու հասակէն, լարուածութենէն, թրթռացումի քանակէն եւ արտաշնչուող օդի ուժէն: Երեխային ձայնը կ՛ըլլայ բարձր, որովհետեւ անոր ձայնալարերը կ՛ըլլան կարճ: Արբունքի շրջանին, աճումով տղամարդոց ձայնալարերը կ՛երկարին եւ, հետեւաբար, անոնց ձայնաստիճանը կը նուազի եւ ձայնը կ՛ըլլայ հաստ:
  3. Արագութիւն (velocity).

Երգիչներու ձայնը ունի այլ յատկութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` ծաւալ, կշռոյթ (rhythm), ելեւէջ (intonation), ձայնեղանակ (tone), որակ (timbre), հնչողութիւն, գեղեցկութիւն, երանգ եւ ճկունութիւն:

Մեր արտադրած ձայնը կ՛ըլլայ`

  1. Կրծքային, երբ մեծ քանակութեամբ օդ կը կուտակուի թոքերուն մէջ:
  2. Խռչափողային, երբ խռչափողը լարուած վիճակի մէջ կ՛ըլլայ եւ խռչափողի բոլոր մկանները կը գործեն կատարելապէս:
  3. Գլխային:

Ձայնալարերը մարմնի բոլոր օրկաններուն նման` կ՛ախտահարուին զանազան ձեւերով:

Ձայնալարերու հիւանդութիւններէն կարելի յիշել հետեւեալները.

Ա. Ձայնալարերու անդամալուծութիւն (vocal cord paralysis): Ասիկա հետեւանք է խռչափողի շարժական ջիղերու անբնական գործունէութեան, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ազդակներով.

ա. Խռչափողի շարժական ջիղի ուղղակի վիրաւորում-վնաս: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ`

  1. Վիզի վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին եւ յատկապէս վահանագեղձի վիրահատման (thyroidectomy) ընթացքին:
  2. Վիզի զանազան ուռերու ճնշումով.

բ. Վիզի արտաքին հարուած, վնաս վիրաւորում.

գ. Խռչափողի պրկում, կծկում (spasm ), երբ տեղի կ՛ունենան ձայնալարերու զօրաւոր կծկումներ: Անիկա առաւելաբար կը պատահի մանուկներու մօտ նոպայական ձեւով եւ տարբեր ուժգնութեամբ:

Միակողմանի ձայնալարային անդամալուծութիւն
Միակողմանի ձայնալարային անդամալուծութիւն

դ. Ուղեղային եւ թոքային ուռեր, որոնք կը ճնշեն ձայնալարերու շարժուն ջիղերուն վրայ եւ պատճառ կը դառնան անոնց անգործութեան:

ե. Ոչ օրկանային պատճառներով ձայնալարերու անշարժութիւն:

Անիկա կը պատահի կը պատահի հետեւեալ ձեւերով.

  1. Առողջ չափահաս անձ մը կամովին եւ ուզած ժամանակ իր հակակշռին տակ կը պահէ իր ձայնալարերը եւ կը յառաջացնէ ժամանակաւոր ձայնալարերու անդամալուծութիւն:
  2. Ջղացնցային (hysterical) անդամալուծութիւն, որ կը յառաջանայ ակամայ ջղացունց անհատներու մօտ:
  3. Հոգեբանական եւ հոգեկան այլ խանգարումներու պատճառով:
  4. Անակնկալ սարսափ, ահ եւ վախ:

զ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր (malignant tumor, cancer):

Բ. Ձայնալարերու բորբոքումներ

Խռչափողի բորբոքումով կը բորբոքին նաեւ ձայնալարերը: Անոնց բորբոքումը հետեւանք է ընդհանրապէս ըմբանի բորբոքումին, սակայն անիկա կը պատահի նաեւ առանձնաբար: Ձայնալարերը կ՛ախտահարուին մանրէներով ու ժահրերով, եւ տեղի կ՛ունենան մանրէական եւ ժահրային խռչափողատապ (laryngitis): Ասոր ախտանշաններն են` խռպոտութիւն, ոչմաքուր հնչողականութիւն, չոր հազ, քերթուածութեան զգացում:

Ձայնալարերու յատուկ բորբոքում մըն է կեղծմաշկը (diphtheria)` մղձկահազը (croup):

Գ. Ձայնալարերու  ջրուռեցք (edema). ասիկա կը կաշկանդէ ձայնալարերու ազատ շարժումները: Ջրուռեցքը կը յառաջանայ զանազան ձեւերով.

ա. Ձայնալարերու գրգռութիւն. ասիկա տեղի կ՛ունենայ մթնոլորտային փոփոխութիւններու եւ կլիմայի անկանոնութիւններու պատճառով.  ապականած օդ, ծխախոտի գործածութիւն, թունաւոր կազեր, գործարաններու ծուխեր եւ խտացած շոգի:

բ. Խռչափողի գերզգայնութիւն (allergic laryngitis):

գ. Գերզգայնութեան հակադարձութիւն (anaphylaxis):

Դ. Ձայնալարերու անխնայ գործածութիւն, մասնաւորապէս` երգիչներու, կղերականներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու կողմէ: Անոնց ձայնալարերը կը կորսնցնեն իրենց բնական գործելակերպը եւ շրջան մը ետք կ՛ունենան ձայնալարային հանգոյցներ եւ խոցեր, որոնք առաւել կը վատթարացնեն կացութիւնը:

Ե. Ձայնալարերու այրուածք. ասիկա կը յառաջանայ ներշնչուած քիմիական կազերու, ստամոքսա-որկորային ետհոսքի (gastro-esophageal reflux) թթուային հեղուկի եւ այլ տեսակ թունաւոր հեղուկներու ներխժումով խռչափողէն ներս:

Զ. Ենթաձայնալարային տարածքի ջրուռեցք:

Է. Խռչափողի աճառներու յօդաբորբ, որ արգելք կը հանդիսանայ ձայնալարերու պրկումներուն:

Ը. Օտար մարմիններու ներխժումը խռչափողէն ներս:

Թ. Մանկական-պատանեկան ձայնալարային ցցօնային խմբաւորումներ (papilloma, polyposis):

Ժ. Ձայնալարերու լաւորակ ուռեր` սպիտակաբիծեր (leukoplakia), հանգոյցներ (nodes) եւ ցցօններ (polyps):

Ձայնալարային հանգոյց
Ձայնալարային հանգոյց

ԺԱ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր` քաղցկեղ,

Ձայնալարային քաղցկեղ,
Ձայնալարային քաղցկեղ,

ԺԲ. Ծերութեան ձայնալարերու տկարութիւն,
ԺԳ. Ընդոծին ձայնալարային թաղանթ (congenital web),

Վերոյիշեալ ձայնալարային բոլոր հիւանդութիւններուն պատճառով տեղի կ՛ունենան` ձայնալարային ճեղքի նեղացում, որ  կը յառաջացնէ մասնաւորապէս շունչի զանազան աստիճանի դժուարութիւն-շնչահեղձութիւն, կապտութիւն, շնչասլոց, չոր հազ, թեթեւ ցաւ, որ կը տարածուի դէպի ականջներ:

Ձայնալարերու քննութիւնը կը կատարուի խռչափողի ուղղակի կամ անուղղակի դիտումով (direct and indirect laryngoscopy): Խռչափողադիտակի (laryngoscope) միջոցով կը տեսնենք ձայնալարերուն շարժումները, թրթռացումները, անդամալուծութիւնը, խռչափողի խլնաթաղանթի իրավիճակը եւ խռչափողային լաւորակ ու վատորակ ուռերը:

Ձայնալարային հիւանդութիւններու դարմանումի պարագային կը թելադրուի`

  1. Կատարեալ ձայնի հանգիստ` չխօսիլ, չերգել, չպոռալ,
  2. Շոգիի ներշնչում,
  3. Հակագերզգայնութեան եւ հակամանրէական դեղեր,
  4. Հեռու մնալ ծխախոտէ եւ ծխողներէ:

Իւրաքանչիւր հիւանդութեան պարագային կը կիրարկուի յատուկ դարմանամիջոց:

Հոս կ՛ուզեմ շատ հակիրճ ձեւով անդրադառնալ կեղծմաշկի եւ մղձկահազի մասին:

Կեղծմաշկը կը պատահի ընդհանրապէս մանուկներու: Ասիկա մանրէական բորբոքում մըն է: Անոր ախտանշաններն են` ձայնալարերու խիստ կարմրութիւն, մակերեսային փառ, այտուց, ձայնաճեղքի նեղացում, շնչասլոց եւ խզզոց, ձայնի խիստ խռպոտութիւն, հաչոցանման չոր հազ,  դժուար-աղմուկով շնչառութիւն եւ ուժգին շնչահեղձութիւն ու կապտութիւն:

Մղձկահազը նոյնպէս մանկական մանրէական հիւանդութիւն մըն է: Անոր ախտանշաններն են` ժամանակաւոր կարճ տեւողութեամբ գիշերային յանկարծակի շնչարգելութիւն, շնչասլոց, որոնք բոլորը կ՛անհետանան ինքնաբերաբար: Ասոնց հետ միատեղ կը պատահին` գրգռուած չոր հաչոցանման հազ, վիզի եւ անրակի (clavicle) վերին եւ ստորին ու վերնափորի փոսիկներու խորացում:

Կեղծմաշկի եւ մղձկահազի դարմանումը կը կարօտի յատուկ հակամանրէական դեղերու, հիւանդանոցային խնամքի եւ երբեմն մեկուսացումի, թթուածինի ներարկումի: Յառաջացած պարագաներուն ստիպողաբար շնչահեղձութեան համար կը կատարուին` խռչափողային ներփողարկում (intubation) եւ յաճախ խռչափողածակում (laryngotomy) ու ներխռչափողային մետաղային կամ կերպընկալ խողովակի մը ներմուծումը: Այս խողովակը կազմուած է ներքին եւ արտաքին բաժիններէ: Արտաքին բաժինը կ՛ամրացուի մորթին, իսկ ներքին բաժինը կարելի է դուրս հանել ամէն օր մաքրութեան համար: Այս երկու միջոցառումները կը կատարուին բաւականաչափ օդ եւ թթուածին մատակարարելու համար թոքերուն:

Մոնրէալ

Նախորդը

Այլազան. Ընկերներու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.