Առողջութիւն Եւ Առողջապահական Գիտելիքներ
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Յարգելի՛ ընթերցողներ, այսօր ձեզի հետ եմ, որովհետեւ առողջ եմ: Բայց ի՞նչ է առողջութիւնը: Առողջ ըլլալ` կը նշանակէ ունենալ մարմնի, մտքի եւ հոգիի ներդաշնակ գործունէութիւն եւ կարողութիւններու լրիւ վայելում. այսինքն` ողջ մնալ, երկար, ուրախ եւ արդիւնաւոր կեանք ունենալ: Առողջ ապրելու համար պէտք է մշակենք մեր ֆիզիքական, մտային, հոգեկան ե զգացական կարողութիւնները: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` «Առողջ միտք` առողջ մարմնի...




