ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Դդում կարելի է սպառել առանց երկմտելու, որովհետեւ քիչ քանակութեամբ ջերմուժ կը պարունակէ` 15 քիլոքալորի 100 կրամի մէջ, եւ մեծ քանակութեամբ ջուր կը պարունակէ, մօտ` 95 տոկոս: Ան երրորդ տեղը կը գրաւէ վարունգէն եւ հազարէն ետք` իբրեւ քիչ ջերմուժ պարունակող բանջարեղէն եւ ջերմուժներու իմաստով անհաւասար է մէկ լոլիկի արժէքին:
Կը քաջալերենք, որ իւրաքանչիւր անհատ սպառէ տարին 12 քիլոկրամ դդում:
Անոնք, որոնք կը փափաքին բարեձեւ մարմին ունենալ, պէտք է իմանան հետեւեալը դդումի մասին.
– Միջակ պնակի մէջ զետեղուած դդումի ճաշը, որ մօտ 250-էն 300 կրամի հաւասար է, կը պարունակէ միմիայն 50 քիլոքալորի:
– Դդումին` արեան շաքարի` կլուքոզի բարձրացման ազդանշանը հաւասար է զերոյի, այսինքն դդումը ոչ մէկ ձեւով կը բարձրացնէ արեան շաքարը, հետեւաբար գիրութիւն ալ չի պատճառեր:
– Դդումը բաւարար չափով կուշտ կը պահէ, մասնաւորաբար երբ հում սպառուի:
– Դդումը աղքատ է սոտիոմով (3 միլլիկրամ` իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ), իսկ հարուստ է փոթասիումով (230 միլլիկրամ` իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ):
– Դդումը մեծ քանակութեամբ ջուր կը պարունակէ, հետեւաբար կարիքը չկայ իւղի կամ ձէթի օգտագործման եփելու ընթացքին: Դդումը կ՛օգնէ ձերբազատելու մարմնի թոյներէն եւ աւելորդ ճարպէն` սելիւլիթէն:
– Ինչպէս նշած էինք նախապէս, դդումը կը պարունակէ փոթասիում, որ հիմնական սննդական արժէք կը ներկայացնէ եւ դէմ կը դնէ արեան գերճնշման` անօթները լայնցնելու յատկութեան շնորհիւ: Դդումի հատիկը կը պարունակէ նաեւ ռութին (Rutine), որ կ՛օգնէ սրտանօթային համակարգի ինքնապաշտպանական աշխատանքին, որ իր կարգին կ՛ուշացնէ վատ քոլեսթերոլի` LDL-ի նեխումը:
– Դդումը զանազան տեսակի բնաթելեր կը պարունակէ, որոնք դիւրութեամբ կը հալին աղիքներուն մէջ եւ, հետեւաբար, կ՛օգնեն մարսողութեան:
– Մանրուած, հում դդումը երբ զետեղուի արեւէն այրած մորթի վրայ, կը թեթեւցնէ անկէ յառաջացած ցաւը:
Դդումին ամբողջութիւնը, ըլլայ ան որ միջուկը, ծաղիկը կամ կեղեւը, բոլորը օգտակար են:
Միջուկը օգտակար է աղիքներուն: Կը պարունակէ նաեւ կենսանիւթեր` Պէ9, Սէ եւ Էօ, ինչպէս նաեւ փրովիթամին Ա, նաեւ հանքային աղեր` փոթասիում, ֆոսֆոր եւ մակնիզիոմ: Դդումին ծաղիկէն կ՛արտահանուի հիւթ մը, որ կ՛օգտագործուի իբրեւ բարելաւման միջոց կամ դեղ` յղի կնոջ տրամադրութեան վերիվայրումներուն: Դդումին կեղեւը կը պարունակէ նաեւ զանազան կենսանիւթեր եւ հանքային աղեր: Դդումի աճման եղանակը յունիսէն հոկտեմբեր ամիսներու միջեւ է: Անիկա ընդհանրապէս կ՛աճի դաշտերը:
Դդումը կարելի է պահպանել սառցարանը 3-4 օր, իսկ եթէ լուացուի, մանրուի եւ երկու վայրկեան եռացուի, ապա զայն կարելի է պահել սառցարանը ամբողջ ձմեռը:
Դդումը կարելի է եփել մօտաւորապէս 5 վայրկեան` ելեկտրական սարքի մէջ, 5-10 վայրկեան` տապակի մէջ, 10-15 վայրկեան` շոգեկաթսայի մէջ, կամ փուռը` մօտ 30 վայրկեան:


