Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջղային Ախորժազրկութիւն (Anorexia Nervosa)

Սեպտեմբեր 8, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ջղային ախորժազրկութիւնը (anorexia nervosa) կը յատկանշուի նիհարնալու տենչով, գիրութեան վախով, ընդունելի եւ բնական մարմնի ծանրութեան  մերժումով ու կիներուն մօտ դաշտանի խանգարումով (amenorrhea): Անիկա շատ բարդ եւ լուրջ բժշկական հարց մըն է:

Այս անուանումը հաւանաբար սխալ եղած է, որովհետեւ ենթակաները ախորժակ կ՛ունենան, սակայն նախապաշարուած կ՛ըլլան կերակուրով:

Այս հիւանդութենէ տառապողներուն 95 տոկոսը կիներ են: Անիկա ընդհանրապէս կը սկսի պատանեկան տարիներուն:

Ջղային ախորժազրկութեան հիմնական պատճառը անորոշ է, սակայն արդի կենցաղային մօտեցումներու շնորհիւ նիհարնալու կամ նիհար տեսնուելու փափաքը տիրական ազդակ է:

Մասնագէտ հոգեբուժներու համաձայն, անհատական ճնշուածութիւն, առանձնութիւն, անապահովութիւն, կատարեալին ձգտում, բարդ հարցեր եւ զգացական կացութիւններ ունեցողները աւելի հակամէտ կ՛ըլլան ունենալու ջղային ախորժազրկութիւն քան` ուրիշներ: Ըստ այս մասնագէտներուն, հիմնական հարցը ընկերային, զգացական եւ կենսաբանակ խորք ունի: Ծնողական պարտադրանքը, ընկերային շրջանակի ճնշումը, մարմնական լաւ երեւոյթ ունենալու մարմաջը եւ պարուհի դառնալու փափաքը մեծ դերակատարութիւն ունին այս հիւանդութեան յառաջացման մէջ:

Այս հիւանդութենէ տառապողներուն անհատականութիւնը հիմնուած է որքանով նիհարնալու եւ ծանրութիւն կորսնցնելու վրայ: Անոնք կը կարծեն, որ ուրախ պիտի ըլլան, եթէ ծանրութիւն կորսնցնեն: Անոնց հիմնական նպատակը նիհարնալն է եւ ոչ թէ առողջութիւնը: Անոնք նախապաշարուած են միայն իրենց մարմնի երեւոյթով եւ երկար ժամեր կ՛անցընեն հայելիին դիմաց` դիտելով իրենց արտաքին երեւոյթը:

Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը տնտեսական լաւ վիճակ ունեցողներ են: Անոնք կ՛ըլլան շատ բծախնդիր, ուշիմ եւ լաւագոյնին, կատարեալին ու  մեծ յաջողութեան ձգտողներ: Անոնք շարունակ կերակուրի մասին կը մտածեն եւ կը խօսին, կը սերտեն կերակուրներու տեսակները եւ սննդեղէններու ջերմուժի քանակը,  շուկայի պատրաստ կերակուրներու տուփերուն վրայ գրուած գրութիւնները շարունակ կը կարդան, կերակուրի պատրաստութեան թերթիկներ կը պահեն, կերակուր պատրաստելու դասընթացներու կը հետեւին, սննդականոնի գիրքեր կը կարդան, ճաշացուցակներ կ՛ուսումնասիրեն, դժուար եւ բարդ կերակուրներ կը պատրաստեն ուրիշներու համար, յաճախ կը ստեն, թէ ինչ կերած են, իրենց կերակուրը գաղտնի տեղ մը կը պահեն եւ կամ կը թափեն, որպէսզի չուտեն: Անոնք շատ քիչ կ՛ուտեն, կը հետեւին զօրաւոր սննդականոնի, կը սպառեն քիչ շաքար պարունակող սննդեղէններ, հանրութեան մէջ չեն ուտեր եւ կը փորձեն փախուստ տալ, կը մերժեն հրամցուած կերակուրը, շատ կը ծամեն եւ ծամելէ ետք կուլ չեն տար:  Որքան կը նիհարնան, աւելի նիհարնալ կ՛ուզեն:

Ջղային ախորժազրկութենէ տառապող անձը կ՛ունենայ փքուածութիւն, փորի անորոշ ցաւ, փորի պնդութիւն, սեռային կեանքի անտարբերութիւն, ընկճուածութիւն, թեթեւ մարմնական ջերմ, դաշտանի խանգարում եւ անդաշտանութիւն (amenorrhea), ջրանուազում (dehydration), սրտի զարկի դանդաղանք եւ անկանոն տրոփում, զարկերակային ճնշումի նուազում, սիրտի աշխատանքի դանդաղում եւ երբեմն` սրտականգ (cardiac arrest):

Այս անձերը կը հետեւին ծանր եւ երկարատեւ մարզանքի եւ կ՛ըլլան շատ շարժուն: Անոնք չեն ընդունիր, որ հարց մը ունին, չեն ուզեր բժիշկ տեսնել եւ կը մերժեն դարմանումի որեւէ ձեւ: Ամէն օր եւ նոյնիսկ մէկ օրուան ընթացքին քանի մը անգամ կը կշռուին տեսնելու համար որեւէ  փոփոխութիւն: Կը պժգան եւ կը զզուին, եթէ 5 կրամ աւելցած են: Անոնց միակ մտասեւեռումը կերակուրներն են, ջերմուժն է, խիստ սննդականոնն է եւ մարմնի արտաքին տեսքն է:

Անոնք շատ քիչ ժամանակ կը տրամադրեն ընկերային կեանքի, ընկերներու, ընտանեկան կեանքի եւ այլ հաճելի աշխատանքներու եւ ժամանցներու: Յաճախ կը թերանան իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն մէջ եւ կ՛ունենան ընտանեկան անհասկացողութիւններ:

Ջղային ախորժազրկութիւնը կրնայ ըլլալ մեղմ եւ անցողակի, կամ` զօրաւոր եւ երկարատեւ:

Ջղային ախորժազրկութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.

  1. Խիստ ծոմապահութիւն, չուտել, ծանրութիւն կորսնցնել, նուազագոյն ջերմուժ առնել եւ առաւելագոյն չափով ջերմուժ կորսնցնել մարզանքով:
  2. Միզամղիչ դեղերու (diuretics) եւ լուծողական դեղերու գործածութեամբ, ինչպէս նաեւ` ինքնափսխունք յառաջացնելով:

Երկարատեւ ջղային ախորժազրկութեան  պատճառով ենթական կ՛ունենայ` նորաստեղծ ընկճուածութիւն, մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, մտածելու դանդաղանք, մոռացկոտութիւն, տկար յիշողութիւն, չոր եւ դեղնորակ մորթ, դիւրաբեկ եղունգներ, փորի պնդութիւն, փքուածութիւն, ակռաներու փտում, սակաւարիւնութիւն, սրտի անկանոն զարկ եւ տկարութիւն, դաշտանի խանգարում եւ դադար, տղոց մօտ թեսթոսթերոն (testosterone) մղօնի նուազում, արեան ճնշումի նուազում, գլխապտոյտ, նուաղում, գլխու ցաւ, աղուամազերու աճ ամբողջ մարմնին վրայ, անքնութիւն, ջրանուազում, ոսկրափխրում, պաղի անհանդուրժողականութիւն, ոտքերու եւ ձեռքերու ուռեցք, ջղագրգռութիւն եւ անձնասպանութեան մտածողութիւն:

Ջղային ախորժազրկութենէ տառապող հիւանդներուն 10 տոկոսը, որոնք դարմանումի չեն ենթարկուիր, կ՛ունենան վատ հետեւանքներ, մինչեւ իսկ` մահ:

Յառաջացած պարագաները ենթարկուելու են շտապ դարմանումի եւ հիւանդանոցային խնամքի ու հսկողութեան: Անոնց կը ներարկուին ներերակային հեղուկներ եւ աղ, կրածին (calcium), Տէ. կենսանիւթ եւ առողջապահական սննդեղէններ: Շատեր պէտք կ՛ունենան հոգեբուժական դարմանումի: Ջղային ախորժազրկութիւն ունեցող անձը անգամ մը որ առողջ ինքնաճանաչում ունենայ եւ ընդունի, որ հիւանդագին հարց մը ունի, կրնայ դարմանուիլ շուտով եւ վերջնականապէս:

 

 

Մոնրէալ

 

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Հուրի Կեպեշեան

Յաջորդը

Ռիօ-2016 Եւ Մեր «Փոքր Ածու»-ն

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?