Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլերա Կամ Ժանտախտ Cholera

February 23, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Քոլերա հիւանդութիւնը հայերէնով կոչուած է հնդկախտ: Ան բարակ աղիքներու մանրէական բորբոքում մըն է: Քոլերան կոչուած է «ՀՆԴԿԱԽՏ», որովհետեւ մնայուն հիւանդութիւն մը եղած է Հնդկաստանի մէջ:

Հնդկախտի յարուցիչը քոլերա (cholera) մանրէն է, որ կը տարածուի եւ կը փոխանցուի ոչ առողջապահական պայմաններով: Հիւանդութիւնը կը զարգանայ միլիոնաւոր մանրէներու գոյութեամբ: Քոլերան առաւելապէս կը պատահի մանուկներու, վատառողջ պայմաններու մէջ ապրողներու, ձեռքբերովի ախտամերժողութեան անբաւարարութեան համախտանիշէ (AIDS) տառապողներու, մարմնական տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներու եւ արեան «Օ» խմբաւորում ունեցողներու: Զարգացող երկիրներու մէջ այս հիւանդութեան փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ՛ունենայ ապականած եւ վարակուած ջուրի միջոցով, այսինքն` վարակուած ջուրի սպառումով եւ վարակուած ջուրով լուացուած սննդանիւթերու սպառումով: Իսկ զարգացած երկիրներու մէջ տարածումը տեղի կ՛ունենայ ծովային կենդանիներու միջոցով:

Հնդկախտի ախտանշաններն են` փորհարութիւն, անզուսպ փսխում, անցաւ եւ մեծածաւալ փորհարութիւն-լուծ եւ ջերմ: Հեղուկային փորհարութիւնը յաճախ կը կոչուի «բրնձաջուր» (rice water): Յառաջացած հնդկախտէ տառապող ենթական, որ չէ դարմանուած, օրական կրնայ ունենալ 10-20 լիթր հեղուկային կղկղանք, որուն պատճառով կը յառաջանայ մարմնի սուր ջրանուազում (dehydration), մորթի տժգունութիւն, արեան ճնշումի նուազում, աչքերու խոր ինկած վիճակ եւ մահաքունանման վիճակ:

Հնդկախտը կը յառաջանայ ախտաբանական հետեւեալ ընթացքով.

Վարակուած ջուրի եւ սննդանիւթերու սպառումով քոլերա մանրէներուն մեծամասնութիւնը ստամոքս հասնելէ ետք կ՛ոչնչանայ: Իսկ ապրող մանրէները կը հասնին բարակ աղիքներ, ուր անոնք կ՛արտադրեն գլանաձեւ (cylindrical) յատուկ բնասպիտ (protein) մը, որ ֆլաճելլին (flagellin) կը կոչուի: Մանրէները ֆլաճելլինի միջոցով կը շարժին աղիքներու խլնաթաղանթային  հեղուկին մէջ եւ կը տեղափոխուին տեղէ տեղ: Մանրէները կ՛արտադրեն նաեւ թունաւոր բնասպիտ մը, որ կը յառաջացնէ մանրէներով հարուստ կղկղանք եւ ջրանման փորհարութիւն:

Ուրեմն հնդկախտէ վարակուած անհատ մը կը դառնայ քոլերա մանրէներու շտեմարան մը: Վատառողջ պայմաններու մէջ անհատին կղկղանքը հանդիպելով հանրային ընպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու` կը վարակէ զանոնք քոլերա մանրէներով, որոնք շուտով կը բազմապատկուին եւ կ՛աճին:

Ժանտախտի ախտանշանները կը յայտնուին քոլերա մանրէներու թխսումէն (incubation) ետք, որ կը տեւէ 4-5 օրեր:

Հնդկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի քննելով հիւանդին կղկղանքը, այսինքն` ապացուցելով քոլերա մանրէներու գոյութիւնը կղկղանքին մէջ:

Հնդկախտէ տառապող հիւանդը ընդհանրապէս կը դարմանուի տան մէջ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ եւ առատ ջուր խմելով: Յառաջացած պարագաներուն դարմանումը կը կատարուի հիւանդանոցի մէջ, ուր հիւանդին կը ներարկուի ներերակային հակամանրէական դեղեր եւ առատ հեղուկներ:

Գոյութիւն ունի հնդկախտի դէմ պատուաստ մը, որ կը կիրարկուի բերանի միջոցով:  Անիկա ազդու է 60-75 տոկոսով:

Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնները այս պատուաստի գործածութիւնը կը յանձնարարեն հետեւեալ պարագաներուն` մանուկներու, տեղաճարակային երկիրներու մէջ ապրողներու եւ  մարդկային ախտամերժողութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցող հիւանդներու:

Հիւանդներուն 50 տոկոսը կը մահանայ, երբ դարմանում տեղի չ՛ունենար, իսկ դարմանումով` մէկ տոկոսը:

Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին տարեկան մօտաւորապէս 5 միլիոն անձեր կը վարակուին հնդկախտով:

Առողջապահական  խիստ միջոցառումներու կիրարկումով կարելի է կանխարգիլել հնդկախտը: Անիկա շուտով կրնայ համաճարակի վերածուիլ, եթէ կանխարգիլելի միջոցառումները ձախողին:

Հնդկախտի կանխարգիլումը կ՛իրականանայ հետեւեալ միջոցառումներով.

  1. Հսկել ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու մաքրութեան,
  2. Դաստիարակել ժողովուրդը առողջապահական գիտելիքներով, օրինակ` յաճախ լուալ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով,
  3. Հսկել կոյուղիներու մաքրութեան,
  4. Հականեխել հիւանդին գործածած սպասները եւ անկողինը,
  5. Լուալ անոր հագուստը օճառով եւ տաք ջուրով,
  6. Հիւանդին շուրջը գտնուող անհատները լուալու են իրենց ձեռքերը հականեխիչ հեղուկներով եւ օճառով:

 

 

 

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի «Լորին Եւ Նարեկը Արարատին Հետ» Մանկապատանեկան Նոր Գիրքը

Յաջորդը

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Բ.

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.