ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Sciatica բառը կու գայ sciatic բառէն, որ կը նշանակէ զստային-նստատեղային: Sciatic nerve կը նշանակէ` զստաջիղ կամ նստաջիղ: Իսկ sciatica կը նշանակէ` նստաջղացաւ կամ զստաջղացաւ, զստաջղատապ:
Զստաջիղը մարմնի ամէնէն մեծ եւ երկար ջիղն է: Մարմինը ունի երկու զստաջիղեր: Իւրաքանչիւր զստաջիղ կը կազմուի գօտկա-ողնածուծի (lumbar spinal cord) թիւ L4 եւ L5 ջիղերէն եւ սրբանա-ողնածուծի (sacral spinal cord) թիւ S1, S2 եւ S3 ջիղերու միացումով: Զստաջիղը կը ճիւղաւորուի եւ կը ջղաւորէ սրունքը եւ ոտքը ամբողջութեամբ:

Զստաջիղը ունի երկու հիմնական գործառոյթներ (function):
Առաջին` ան ուղեղէն որոշ շարժիչ (motor) ազդանշաններ կը հաղորդէ սրունքի եւ ոտքերու մկաններուն:
Երկրորդ` ան սրունքէն եւ ոտքերէն կը հաւաքէ զգացողական (sensory) տեղեկութիւններ եւ կը հաղորդէ ուղեղին:
Զստաջիղին գրգռութիւնը կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի զստաջղատապ: Անոր ցաւը կը զգացուի նստատեղային տարածքէն, այսինքն` յետոյքէն սկսեալ մինչեւ ոտքերուն մատները:
Զստաջղատապի, այսինքն նստաջղի գրգռութեան ախտապատճառներն են`
- Միջողնոսկրային (intervertebral) սալի (disc) ճողուածք-սալաթափութիւն (herniation). ճողուած սալը կամ սալերը կը ճնշեն զստաջիղի սկզբնաղբիւր հինգ ջիղերուն վրայ եւ կը յառաջացնեն ջղացաւ,
- Տեղային եւ կամ յարակից ոսկորներու, մկաններու եւ ուռերու ճնշում,
- Ողնայարի եւ անոր շուրջը զարգացող բորբոքումներ,
- Ողնայարի արտաքին հարուած-վնաս,
- Յղութեամբ մեծցած արգանդի ճնշում,
- Զստաջիղի ոչ մանրէական բորբոքում,
- Ողնայարի խողովակի նեղացում (vertebral canal stenosis), ողնոսկրներու հիւծում (vertebral atrophy),
- Ողնածուծային (spinal cord) ուռեր,
- Արտամարմնական ճնշում, օրինակ` մեծ դրամապանակի գործածութիւն տաբատի ետեւի գրպանին մէջ:

Զստաջղատապը շատ աւելի կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք կը տառապին հիւծիչ ոսկրայօդաբորբէ: Անիկա առաւելաբար կը պատահի միջին տարիքի մարդոց եւ յղի կիներուն:
Զստաջղատապի ախտանշաններն են`
- Ջղացաւ. անիկա կը նկարագրուի` որպէս այրուածքային կամ ժայթքող ցաւ: Ջղացաւը զգալի կ՛ըլլայ կոնքին, գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի յետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ: Ջղացաւը կրնայ ըլլայ կարճատեւ կամ մնայուն, ուժգին կամ մեղմ, շարունակական կամ ընդմիջումներով:
- Ասղնտոց (tingling sensation) գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի յետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ:
Յառաջացած պարագաներուն կը նշմարուի քալելու դժուարութիւն եւ անկարողութիւն: Զստաջղատապը աւելի կը վատթարանայ արագ քալելով, ոտքի կենալով, նստելով եւ ծռելով: Անիկա կը մեղմանայ կռնակի վրայ պառկելով եւ հանդարտ քալելով:
Ջղացաւին կ՛ուղեկցին յաճախ սրունքներու եւ ոտքերու մկանային տկարութիւն, թմրութիւն եւ անշարժութիւն:
Զստաջղատապի ախտաճանաչումը կ՛իրականանայ լսելով հիւանդին պատմականը եւ հիւանդութեան ընթացքը, բժշկական մանրակրկիտ քննութեամբ, ոսկրանկարումներով, համակարգչային շերտագրական (CT Scan) ու մագնիսարձագանգային (MRI) նկարումներով, ելեկտրամկանագրութեամբ (EMG): Այս բոլորը կը կատարուին յայտնաբերելու համար զստաջղատապի հիմնական ախտապատճառը:
Զստաջղատապի դարմանումը կ՛ըլլայ տարբեր ձեւերով եւ մակարդակներու վրայ: Սկզբնական եւ թեթեւ պարագաներուն կը յանձնարարուի`
- Ֆիզիքական հանգիստ, այսինքն` պառկիլ կռնակի վրայ 2-3 շաբաթ եւ կատարել միայն թեթեւ շարժումներ,
- Ցաւազերծող դեղերու գործածութիւն,
- Կանոնաւոր մարզանք` հսկողութեամբ մարզիչներու,
- Քորթիզոն (cortisone) ներծորոյթի (hormone) ներարկում ցաւի վայրը եւ ողնածուծին մէջ,
- Մարձում (massage) եւ մերսումաբուժութիւն (chiropractice),
- Խստակեաց փիլիսոփայութիւն (yoga) եւ խոհականութիւն (meditation):
Հիմնական ախտապատճառը բացայայտելէ ետք կը կատարուի վերջնական դարմանումը, որ ընդհանրապէս վիրաբուժական է:
Հինէն ի վեր գոյութիւն ունին մեծ մամիկին տնային դարմանամիջոցները` տաք եւ փափուկ պզտիկ վերմակի գործածութիւն, սառոյցի զետեղում` ցաւի տարածքին վրայ: Այս երկուքէն մէկը կարելի է գործածել առանձնաբար եւ կամ փոխնիփոխ:
Յառաջացած պարագաներուն տեղի կ՛ունենան որոշ բարդութիւններ, ինչպէս` մէզի եւ կղկղանքի անպահութիւն (incontinence): Ասոնք կը կարօտին անմիջական վիրաբուժական դարմանամիջոցի:
Կարելի՞ է կանխարգիլել զստաջղատապը: Այո՛, կարելի է, բայց` մասամբ. բայց ինչպէ՞ս` ծռելով ծանր առարկաներ գետնէն չվերցնել, այլ միայն ծունկի գալով եւ կատարելով կանոնաւոր ու հետեւողական հսկողութեամբ զանազան տեսակի մարզանքներ:


