Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմրախտ-Շառագոյն Տենդ Scarlet Fever

May 12, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Կարմրախտի մորթային ցան
Կարմրախտի մորթային ցան

Կարմրախտը կամ շառագոյն տենդը (scarlet fever) մանկական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ  ոեւէ անձի եւ որեւէ մէկ տարիքի: Անիկա կը յատկանշուի կոկորդի բորբոքումով եւ մորթային ցանով (rash):

Կարմրախտի յարուցիչը մանրէ մըն է, որ կը կոչուի group A beta hemolytic streptococcus (GABS):

Կարմրախտի  ախտանշաններն են` ջերմութիւն, կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, կոկորդի եւ նշիկներու կարմրագոյն կէտաւորում ու վիզի աւշագեղձերու ծաւալում: Անոր նախանշաններն են` մարմնական ընդհանուր ցաւ, գլխացաւ, ստամոքսի ցաւ, նողկանք եւ փսխունք:

Կարմրախի ամէնէն յատկանշական ախտանշանն է մորթի կարծր կարմիր եւ տարածուն բշտիկաւոր ցանը, որ կը նմանի աւազաթուղթի (sand paper): Մորթի ցանը կը յայտնուի ջերմէն 24 ժամեր ետք: Ցանը կը յայտնուի նախ փորի եւ կուրծքի վրայ եւ ետքը` ամբողջ մարմնին վրայ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի մարմնի ծալքերու մէջ, մասնաւորապէս`  աճուկի (groin), անութի (armpit) եւ  արմուկի (elbow creases): Մորթացանին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ քերուըտուք: Ցանը կ՛անհետանայ 7-10 օրերու ընթացքին եւ վերջաւորութեան մորթը կը կեղուըւի (peel) առանց որեւէ մէկ հետք ձգելու:

Կարմրախտի ելակալեզու
Կարմրախտի ելակալեզու

Այս հանգրուանէն ետք լեզուին վրայ կը տեսնուին կարմիր կէտեր, որոնք կը գրաւեն ամբողջ լեզուի մակերեսը: Լեզուն կ՛ունենայ ելակի երեւոյթ եւ անոր համար կը կոչուի ելակալեզու (strawberry tongue): Այս կարմրագոյն կէտերը քանի մը օր ետք կ՛անհետանան:

Կարմրախտը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչ մանրէները կը փոխանցուին հիւանդին քթահոսքին եւ կոկորդի հեղուկի միջոցով, մասնաւորաբար` հազալով, խնչելով, թքելով եւ փռնգտալով: Փոխանցումը առաւելաբար տեղի կ՛ունենայ` մորթի ցանի եւ ջերմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` ջերմի անհետանացումին յաջորդող 12-24 ժամերու ընթացքին:

Անոր թխսաւորման ժամանակաշրջանը 12 ժամէն մինչեւ 7 օր է:

Կարմրախտի ախտաճանաչումը  բացայայտ է կոկորդի եւ մորթի ախտաբանական երեւոյթով: Սակայն կատարուելու է կոկորդի խլնաթաղանթի կոկորդաջնջան (throat swab) եւ կոկորդէն վերցուած խլնահեղուկի մշակում (culture):

Կարմրախտը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով 7-10 օրերու ընթացքին: Հիւանդին տրուելու է առատ հեղուկ եւ սննդառական հեղուկային կերակուրներ: Հիւանդին եղունգները պէտք է կարճ պահել, որպէսզի քերուըտուքի պատճառով ան չքերէ իր ախտահարուած մորթը եւ մորթային երկրորդական բորբոքում տեղի չունենայ:

Կարմրախտի բորբոքումը կրնայ տարածուիլ կոկորդի յարակից բաժինները, մասնաւորապէս` միջին ականջը, դէմքի խոռոչները (sinuses) եւ թոքերը` յառաջացնելով միջին ականջի բորբոքում (otitis media), դէմքի խոռոչներու բորբոքում (sinusitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Չդարմանուած կարմրախտի պարագային կրնայ տեղի ունենալ յօդացաւային ջերմութիւն     (rheumatic fever) եւ երիկամներու բորբոքում:

Կարմրախտէ վարակուող հիւանդին շուրջը գտնուողները առնելու են հետեւեալ կանխազգուշական միջոցները

1. Պէտք չէ գործածեն հիւանդին գործածած իրեղէնները, յատկապէս` դգալ, պատառաքաղ, պնակ, անձեռոց, անկողին եւ բարձ:
2. Ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լաւ լուալու են, ամէն անգամ որ մօտենան հիւանդին:
3. Հիւանդին շատ չմօտենան եւ յաճախ չայցելեն անոր:

Կարմրախտը պատուաստ չունի:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեղմ Կրակի Վրայ Եփել

Յաջորդը

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Քամերային Երաժշտութեան Դասարաններու Եւ Մենակատարներու Ունկնդրութիւն

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.