ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լեարդը մարմնի կարեւոր օրկաններէն մէկն է: Անիկա ամէնէն մեծ գեղձն է մարմնին մէջ եւ ունի մօտաւորապէս 1500-1750 կրամ ծանրութիւն: Տղամարդոց լեարդը աւելի մեծ է, քան կիներունը, իսկ մանուկներու մօտ լեարդը աւելի մեծ կ՛ըլլայ` համեմատաբար անոնց մարմնի չափին: Լեարդը ունի սրճագոյն-կարմիր գունաւորում: Անիկա կակուղ է եւ առաձգական: Լեարդի բջիջները ունին կարեւոր յատկութիւն մը: Անոնք դիւրաւ կը վերանորոգուին (regenerate), այսինքն կ՛աճին եւ կը բազմանան: Լեարդը շարունակ կը գործէ եւ ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ: Սաղմային կեանքի ընթացքին լեարդը ունի արիւնաշինութեան դերակատարութիւն: Ծնունդէն ետք անոր հիմնական դերակատարութիւնն է մասնակցիլ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) գործընթացին: Լեարդի կենսական դերակատարութիւնները կը դանդաղին եւ կամ կը դադրին, երբ լեարդը ախտահարուի զանազան տեսակի հիւանդութիւններով:*
Լեարդաթորշումը լեարդի ամբողջական եւ վերջնական սպիացումն ու փճացումն է: Անիկա շատ մը լեարդային երկարատեւ հիւանդութիւններու վերջին փուլն է: Տեղի կ՛ունենայ շատ դանդաղ եւ թաքուն ձեւով: Լեարդաթորշումով լեարդի արիւնով մատակարարումը կը նուազի եւ լեարդի գործունէութիւնը կը ձախողի, մասնաւորապէս սննդանիւթերու, ներծորոյթներու եւ բնասպիտի արտադրութիւնը կը խանգարուի եւ կամ կը նուազի:
Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառներն են`
- Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:**
- Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ ան չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ՛այլափոխուին եւ տեղի կ՛ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի եւ ապա` լեարդաթորշումի:
- Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Ուիլսըն-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ` մանկութեան շրջանին եւ կամ տարիներ ետք:
- Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ՛ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի:
- Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն:
- Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմնի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastasized) կ՛ըլլան
- Գիրութիւն:
- Շաքարախտ:
- Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն:
- Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած (heart failure):
- Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis):
Լեարդաթորշումի ախտանշաններն են` ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, ֆիզիքական ընդհանուր տկարութիւն, ծանրութեան կորուստ, դեղնախտ, քերուըտուք, սրունքներու եւ փորի ջրակուտակում (ascitis), մէզի գոյնի փոփոխութիւն`սրճագոյն մէզ, շփոթութիւն, կեդրոնացումի նուազում, արիւնոտ կղկղանք, մորթային կապտաբիծեր (bruises) եւ ջերմութիւն:
Լեարդաթորշումի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին pժշկական ընդհանուր քննութիւն, լեարդի գործունէութեան արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մէզի քննութիւն, լեարդի համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan) եւ լեարդի անդրձայնային նկարում (ultrasound):
Լեարդաթորշումէ տառապող անհատը կ՛ունենայ շատ մը բարդութիւններ, օրինակ` լայնցած երակներու արիւնահոսութիւն, փորի ջրակալում, շաքարախտի զարգացում, մորթային զարկերկային արիւնահոսում, մորթային կապտաբիծերու յայտնաբերում, կանխահաս դաշտանադադար, մկանային տկարութիւն, երիկամի աշխատանքի խանգարում եւ դադարում, արեան թթուածինի նուազում, լեարդային ուղեղատապ, մահաքուն եւ մահ:
Լեարդաթորշումը հիմնական դարման չունի: Սակայն կան որոշ միջոցառումներ, որոնք կը դանդաղեցնեն անոր յառաջխաղացքը: Այս միջոցառումներէն կարելի է յիշել հետեւեալները. ալքոլ չգործածել, աղի գործածութիւնը նուազեցնել, յոգնեցուցիչ աշխատանքէ հրաժարիլ, գործածել քորթիզոն (cortisone), հակաժահրային եւ միզամղիչ դեղեր:
Լեարդաթորշումը կարելի է կանխարգիլել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.
- Ալքոլ բնաւ չգործածել,
- Լեարդի բորբոքումներ չունենալ,
- Ենթակայ չըլլալ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշի (AIDS) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահրին (HIV),
- Չունենալ անպաշտպան սեռային յարաբերութիւն` կասկածելի անձերու հետ,
- Հեռու մնալ քիմիական նիւթերէ, թոյներէ եւ միջատասպան դեղերէ,
- Պատուաստուիլ լեարդաբորբ A եւ B խմբաւորումներու դէմ,
- Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի. ուտել առատ պտուղ եւ բանջարեղէն, ճարպ շատ չսպառել,
- Չգիրնալ,
- Օրինաւոր մարզանքի հետեւիլ:
Լեարդաբորբի A եւ B խմբաւորումները կանխարգիլելի են յատուկ պատուաստներով: Լեարդաբորբի C խմբաւորումը պատուաստ չունի:
«Ասպարէզ», 21 նոյեմբեր 2015
* Տեսնել լեարդի մանրամասն դերակատարութիւնները «Բժիշկին Գ. խօսքը»-ի «Լեարդ» յօդուածին մէջ:
** Տեսնել «Բժիշկին Գ. խօսքը»-ի «Լեարդի հիւանդութիւններ» յօդուածը: