ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յարգելի՛ ընթերցողներ, այսօր ձեզի հետ եմ, որովհետեւ առողջ եմ:
Բայց ի՞նչ է առողջութիւնը:
Առողջ ըլլալ` կը նշանակէ ունենալ մարմնի, մտքի եւ հոգիի ներդաշնակ գործունէութիւն եւ կարողութիւններու լրիւ վայելում. այսինքն` ողջ մնալ, երկար, ուրախ եւ արդիւնաւոր կեանք ունենալ: Առողջ ապրելու համար պէտք է մշակենք մեր ֆիզիքական, մտային, հոգեկան ե զգացական կարողութիւնները:
Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` «Առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ», սակայն այս իրականացնելու համար նախ պէտք է պատրաստել միտքը, որպէսզի ան իւրացնէ եւ հետեւի առողջութեան պայմաններուն: Ուրեմն այսօր մենք պիտի պատրաստենք մեր միտքը:
Մեր մարմնական` ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը մեր ամէնէն թանկարժէք հարստութիւնն է: Այս հարստութիւնը վայելելու համար պէտք չէ, որ հիւանդանանք: Մեր ընդհանուր առողջութիւնը եւ հիւանդութեան մը զարգացումը կախեալ է արտաքին եւ մարդկային-անհատական գործօններէ եւ ազդակներէ:
Ա. Արտաքին գործօնները եւ ազդակները կրնան ըլլալ`
ա. Կենսաբանական,
բ. Սննդառական,
գ. Ֆիզիքական, մեքենական, քիմիական եւ թունաւոր կազեր,
դ. Մթնոլորտային,
ե. Միջավայրային:
ա. Կենսաբանական գործօններն են` մանրէները, ժահրերը, սունկերը եւ մակաբոյծները: Ասոնք են, որ հիւանդութիւն կը յառաջացնեն: Անոնք կը գտնուին տարբեր-տարբեր շտեմարաններու մէջ: Այս շտեմարաներն են`
- Հիւանդ մարդուն քիթի հեղուկը, բերնի լորձունքը, թուքը-խուխը, կղկղանքը, մէզը, սերմնահեղուկը, արիւնը, անկողինը, հագուստը, մազը եւ մորթը,
- Անասունները` կով, այծ, խոզ, շուն, կատու, չղջիկ, թռչուն, հաւ.
- Կարգ մը անասուններու մորթը, մէզը, միսը, կղկղանքը, մազը, բուրդը, լորձունքը,
- Միջատները` մժեղ, մեղու, ոջիլ, ճանճ, թիթեռնիկ,
- Մեր շրջապատի հողը եւ ապականած օդը,
- Աղտոտ ջուրերը եւ ճահիճները:
Կենսաբանական գործօնները հիւանդ անձէ մը առողջ անձի մը կը փոխանցուին ուղղակի եւ անուղղակի փոխանցումով:
Ուղղակի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով`
- Անձէ անձ` հպումով, ձեռք սեղմումով, ողջագուրումով, համբուրելով, բերանի եւ քիթի հեղուկներով եւ սեռային յարաբերութեամբ,
- Միջատներէ եւ անասուններէ մարդուն` խայթուածքով եւ խածուածքով:
Անուղղակի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ ջուրի, կերակուրի, հողի, օդի եւ փոշիի միջոցով:
բ. Սննդառական գործօններ են` խարդախուած եւ թունաւոր կերակուրները, կաթը, ըմպելի ջուրը, զովացուցիչ ըմպելիները:
գ. Ֆիզիքական, մեքենական, քիմիական եւ թունաւոր գործօններ են` անմիջական մարմնական հարուած-վնաս, կրակ, այրուածք, թունաւոր կազեր, արեւու ճառագայթ, քիմիական նիւթեր եւ փոշի, վառելանիւթերու մնացորդաց, ինքնաշարժներու վառած կազերու արտադրութիւններ, այսինքն` բնածուխի միաթթու (CO) եւ բնածուխի երկթթու (CO2).
դ. Մթնոլորտային գործօններ են` ապականած մթնոլորտ, անբնական կլիմայ, օդի խոնաւութիւն, գերջերմութիւն եւ ենթաջերմութիւն, արեւի զօրաւոր ճառագայթներ:
ե. Միջավայրային գործօններն են` մեր գտնուած վայրին աշխարհագրական դիրքը եւ լոյսի նուազումը, ծովու, լողաւազաններու, բաղնիքներու, պէտքարաններու, մեր անմիջական շրջապատի, տունի, դպրոցի եւ գործի վայրի աղտոտութիւնը:
Բ. Անհատական գործօններ. այս գործօններն են` տարիք, սեռ, ժառանգականութիւն, ֆիզիքական կարողութիւն, սննդառութիւն, դիմադրողականութիւն, սովորութիւններ, կենցաղ, նստակեաց կեանք, մարզանք, քուն, ծխախոտի եւ ալքոլի գործածութիւն, աղմկարար վայրերու եւ միջավայրի հպատակութիւն, ընկերային կեանք եւ անկաշկանդ, անբնական ու յոռի սեռային կեանք:
Մարմնական ընդհանուր առողջութեան նախապայմաններն են`
- Ուտել առողջապահական կերակուրներ` բնասպիտով (protein) հարուստ սննդեղէններ` ձուկ, հաւու միս, կովու եւ ոչխարի սեւ միս, կաթ, կաթնեղէններ, պանիր, ընդեղէններ, մաքուր ջուր, առատ պտուղներ եւ բանջարեղէններ, որոնք հարուստ են կենսանիւթերով եւ բնաթելով (fiber),
- Ճարպ, իւղ, շաքար եւ աղ քիչ սպառել: Հում միս եւ հաւկիթ չուտել, կաթը միշտ եռացնելէ ետք խմել, սուրճը եւ թէյը չափաւոր գործածել,
- Ամէն օր կանոնաւոր մարզանք ընել,
- Հանգիստ եւ բաւարար քուն ունենալ. նուազագոյնը 8 ժամ քնանալ,
- Հեռու մնալ վարակուած անհատներէ,
- Փոխանցիկ հիւանդութիւն ունեցող անհատներու ձեռքը չսեղմել, չողջագուրուիլ, չհամբուրել,
- Հազալու ընթացքին երեսը դարձնել մէկ կողմ եւ հազալ արմուկին մէջ. գործածել թաշկինակ եւ գոցել բերանն ու քիթը: Փռնգտալու միջոցին գոցել քիթը եւ բերանը` թաշկինակով: Չխնչել մարդոց դիմաց, այլ` մէկ կողմ քաշուելով:
- Ունենալ առողջ սեռային կեանք,
- Ապրիլ մաքուր եւ խաղաղ միջավայրի մէջ, պահել շրջապատը միշտ մաքուր,
- Չծխել եւ ալքոլ չգործածել:
Մտային-ուղեղային առողջութեան նախապայմաններն են`
- Ունենալ մարմնական ընդհանուր առողջութիւն: Այս նիւթի մասին նախապէս խօսեցանք,
- Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի եւ ուշադիր ըլլալ` չգիրնալու համար,
- Բաւարար չափով թթուածինի, ածխաջրատներու (carbohydrate), շաքարի եւ սննդարար սննդանիւթերու մատակարարում ուղեղին: Բաւարար թթուածին կը մատակարարուի ուղեղին, երբ բաւարար չափով թթուածինով յագեցած (saturated) արիւն կը հասնի ուղեղին: Այս մէկը կը կարօտի առողջ շնչառական եւ սրտանօթային (cardiovascular) համակարգի,
- Ուղեղի բջիջներու արթնութիւն եւ մտային, իմացական ու ճանաչողական գրգռութիւններ, այսինքն` շարունակ կարդալ, տեսերիզ դիտել, տեղեկութիւններ հաւաքել, համակարգիչ գործածել, երաժշտութիւն ունկնդրել, նկարներ դիտել, ցուցահանդէսներու եւ թատրոնի ներկայ ըլլալ, թանգարան այցելել, ընկերային կեանք ունենալ, չմեկուսանալ,
5.Ալքոլ շատ քիչ խմել եւ ծխախոտ չծխել,
- Բաւարար քնանալ,
- Մարզանք ընել,
- Մաքուր միջավայրի մէջ եւ աղմուկէ հեռու ապրիլ:
Հոգեկան եւ զգացական-յուզական առողջութեան նախպայմաններն են`
- Ըլլալ ընկերային, ունենալ հաճելի ժամանցի ժամեր` ընկերներու, ծնողքի, քոյր եղբայրներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հետ,
- Անդամակցիլ քաղաքական, մարզական, մշակութային, գրական, կերպարուեստի, եկեղեցական եւ հոգեւոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու,
- Ըլլալ դրական եւ լաւատես` որեւէ մէկ աշխատանքի մէջ, ըլլալ համբերատար, յարգել դիմացինը, մանաւանդ` ծնողքը, տարեցը, տնօրէնը, ուսուցիչը,
- Ընդունիլ կեանքի լաւ եւ վատ իրականութիւնները հանդարտօրէն,
- Հաւատալ անձնական կարողութիւններուն,
- Ըլլալ ներողամիտ, ծառայասէր, օգնող եւ գթասէր:
Առողջ մնալու համար կատարելու ենք հերթական կարգ մը բժշկական քննութիւններ: Այս քննութիւնները կը յայտնաբերեն թաքուն որոշ հիւանդութիւններ: Նախքան հիւանդութեան մը զարգացումը, այս քննութիւնները կատարելով, կարելի կ՛ըլլայ արագօրէն ձերբազատիլ այդ ախտէն: Հերթական բժշկական քննութիւններն են`
- Բժշկական տարեկան ընդհանուր քննութիւն` արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, մաղձաճարպի (cholesterol), շաքարի եւ բնասպիտներու քննութիւնները, թոքերու Ք ճառացայթային (X-ray) նկարում, պարզ սրտագրութիւն (EKG):
- Ոսկորներու կրածինի (calcium) խտաչափութիւն (bone calcium densitomet-ry): Այս քննութեան միջոցով կը չափուի ոսկորներուն պարունակած կրածինի խտութիւնը: Անոր արդիւնքով կը գիտցուի ոսկրափխրումի (osteoporosis) աստիճանը եւ կը կատարուի անոր ախտաճանաչումը. 65 տարեկանէն վեր բոլոր կիներն ու տղամարդիկը կատարելու են այս քննութիւնը: Բնական արդիւնքի պարագային, քննութիւնը կրկնուելու է երեք տարի վերջ: Իսկ ոսկրափխրումի ախտաճանաչումի պարագային քննութիւնը կրկնուելու է ամէն տարի:
- Կիներու կրծքագեղձի (mammary gland) մատնային քննութիւն:
- Կիներու կրծքագեղձի Ք ճառագայթային նկարում (mammography) եւ անդրձայնային նկարում (ultrasound): Այս քննութիւնը կատարուելու է ամէն տարի` 40-49 տարեկան կիներուն, երկու տարին անգամ մը 50-69 տարեկան կիներուն, եւ ըստ պահանջի, 70 տարեկանէն վեր կիներուն:
- Հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy): Ան կատարուելու է 50 տարեկանէն ետք` երկու սեռերուն ալ: Եթէ առաջին քննութեամբ անբնական երեւոյթ չտեսնուի, քննութիւնը կրկնուելու է 10 տարի ետք: Իսկ անբնական արդիւնքի պարագային, քննութիւնը կրկնուելու է` ըստ մասնագէտ բժիշկի հայեցողութեան:
- Նախաղիի մատնային քննութիւն (rectal finger examination): Նախաղիի մատնային քննութիւնը կատարուելու է բոլոր տղամարդոց` 45 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի: Ան կը կատարուի շագանակագեղձի (prostate gland) վիճակը գնահատելու համար:
- Արեան մաղձաճարպի (cholesterol) քննութիւն: Տղամարդիկ կատարելու են այս քննութիւնը 40 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի, իսկ կիները` դաշտանադադարէն (menopause) ետք եւ ամէն տարի: Արեան գերմաղձաճարպութիւնը (hypercholesterolemia) կը նախազգուշացնէ մեզ սրտանօթային հիւանդութիւններու գոյութեան նկատմամբ:
- Կղկղանքի արեան գոյութեան քննութիւն:
- Արգանդավիզի քսուկի (cervical pap smear) ախտաբանական (pathologic) քննութիւն: Այս քննութիւնը իգական սեռին մօտ առաջին անգամ կատարուելու է արբունքէն (puberty) 3-4 տարի ետք: Ան կրկնուելու է երկու տարին անգամ մը` մինչեւ 70 տարիքը:
- Տեսողութեան քննութիւն` ըստ պահանջի. Շաքարախտաւոր, արեան գերճնշում (hypertension) եւ գերմաղձաճարպութիւն ունեցողներ, ընտանիքի մէջ ակնաքող (cataract), խաժամթութիւն (glaucoma), ցանցենիի շերտաւորում (retinal detachment) եւ ցանցենիի ապասերում (macular degeneration) ունեցող անհատներ պարտաւոր են աչքի յաճախակի քննութեան ենթարկուելու:
Կան շատ մը ախտանշաններ, որոնք պէտք չէ անտեսուին առողջ եւ հանգիստ կեանք մը ունենալու համար: Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են`
- Ծանրութեան անակնկալ կորուստ. նիհարնալ, շաքարախտ, գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), անբնական ուռեր-քաղցկեղ, ջրազրկում-ջրակորուստ (dehydration) եւ հոգեբանական խանգարումներ,
- Մնայուն գերջերմութիւն, բորբոքումներ,
- Անակնկալ շնչարգելութիւն, շնչահեղձութիւն (dyspnea), խաժամթութիւն (cyanosis), արիւնոտ կղկղանք եւ մէզ, արիւնախառն փսխունք եւ խուխ, յօդերու կարմրութիւն` ջերմով եւ ցաւով միատեղ,
- Դաշտանէ (menstruation) դուրս հեշտոցային (vaginal) արիւնահոսութիւն, դաշտանի շարունակական խանգարում,
- Հեշտոցային անբնական հեղուկային եւ կամ թարախային հոսք,
- Տեսողութեան եւ լսողութեան անակնկալ կորուստ,
- Յիշողութեան անակնկալ կորուստ:
Մոնրէալ, 17 փետրուար 2019
(Շար. 1)