Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոռոչատապ Sinusitis

Սեպտեմբեր 27, 2018
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Խոռոչատապը քիթի խոռոչներու (sinuses ) բորբոքումն է: Այս խոռոչները կը գտնուին գլխուն որոշ վայրերուն մէջ, յատկապէս` քիթին շրջապատը, եւ անոնք  հաւաքաբար կը կոչուին քիթի խոռոչներ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի քիթի խոռոչներու չորս խմբաւորումներ, որոնք կ՛անուանուին` ըստ իրենց ձեւին  կամ իրենց գտնուած վայրին: Խոռոչներու չորս խմբաւորումներն են`

  1. Ծնօտային (maxillary) խոռոչներ, որոնք երկու հատ են եւ կը գտնուին քիթին աջ եւ ձախ կողմերը, դէմքին վրայ, այտին ետեւ, աչքին ստորոտը եւ քիմքին ու ծնօտային ակռաներուն վերեւ:
  2. Ճակատային (frontal) խոռոչներ, որոնք նոյնպէս երկու հատ են եւ կը գտնուին աչքերուն վերեւ, ճակատին վրայ եւ ուղեղին առջեւ: Ուրեմն այս խոռոչները անմիջական դրացիներն են աչքերուն եւ ուղեղին: Ճակատային երկու խոռոչները երբեմն կը յայտնուին որպէս մէկ խոշոր խոռոչ` մասնակի բաժանմունքներով եւ երբեմն ալ կ՛ըլլան թերաճ եւ կամ բոլորովին չկազմուած:
  3. Մաղոսկրային խոռոչներ (ethmoid). անոնք թիւով շատ են եւ կը գտնուին քիթի խորշերուն վերի մասին երկու կողմերը, ուղեղին յատակը եւ աչքերուն կից:
  4. Սեպոսկրային (sphenoid) խոռոչ. ան մեծ խոռոչ մըն է եւ կը գտնուի քիթին ետեւ, ուղեղին յատակը եւ գանկին մէջտեղը:
Քիթի խոռոչներ

Բնական պայմաններու մէջ բոլոր խոռոչները կը պարունակեն օդ: Այս խոռոչները կը բացուին քիթին մէջ յատուկ անցքերով, որոնց շնորհիւ խոռոչները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են մեր շրջապատին հետ:

Խոռոչներու ներքին ճնշումի աստիճանը կը հաւասարի մեր շրջապատի օդային ճնշման աստիճանաչափին: Հետեւաբար մթնոլորտային կամ  մթնոլորտային ճնշման աստիճանաչափի որեւէ փոփոխութիւն կ՛ունենայ իր անմիջական ազդեցութիւնը այս խոռոչներուն վրայ:

Առողջ խոռոչներ

Խոռոչները բոլորն ալ ոսկրային խորշեր են, որոնց ներքին մակերեսը  ծածկուած է յատուկ խլնաթաղանթով մը (mucous membrane), որ շարունակութիւնն է քիթի խլնաթաղանթին: Խոռոչներու խլնաթաղանթը շարունակ կ՛արտադրէ որոշ քանակութեամբ խլնաթաղանթային մաքուր հեղուկ մը (mucous), որ կը հոսի յատուկ անցքերով դէպի քիթ:

Դէմքի խոռոչները կը թեթեւցնեն գանկի ոսկրային ծանրութիւնը եւ որոշապէս կ՛օգնեն ձայնատուութեան: Արբունքի շրջանին անոնք կը հասնին  իրենց ամբողջական ձեւաւորման եւ վերջնական մեծութեան: Անոնք կը սկսին կազմաւորուիլ շատ փոքր տարիքէն, սակայն անոնց կազմաւորումը կախեալ է աճման գործընթացէն  եւ գլխու ոսկրային ձեւաւորումէն:

Խոռոչները կրնան բորբոքիլ բոլորը միասին եւ կը յառաջացնեն ամբողջական խոռոչատապ կամ կրնան բորբոքիլ առանձնաբար եւ կը յառաջացնեն մասնակի խոռոչատապ:

Բայց ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ձեւով կը յառաջանայ խոռոչատապը:

Խոռոչներու անցքերուն խցումով խոռոչներու խլնաթաղանթային բնական հեղուկը կը կուտակուի խոռոչներու մէջ եւ կը ճնշէ խոռոչային խլնաթաղանթին ու ոսկրային պատերուն վրայ: Այս հեղուկը կուտակուելով եւ անշարժութեան պատճառով կը թանձրանայ եւ կը թարախոտի, իսկ խլնաթաղանթը ինքնին կը բորբոքի, կը հաստնայ, կ՛ուռի եւ կը սկսի արտադրել թարախային թանձր հեղուկ մը` ենթարկելով խոռոչը յաւելեալ ճնշումի: Հոս կը սկսին հիւանդութեան ախտանշանները:

Մասնակի եւ ամբողջական խոռոչատապ

Խոռոչներու անցքերուն խցումը կրնայ ըլլալ ամբողջական եւ կամ մասնակի: Ամբողջական խցումի պարագային, խոռոչատապը կ՛ըլլայ սուր, արագ եւ անակնկալ, իսկ մասնակի խցումով խոռոչատապը կ՛ըլլայ մեղմ, դանդաղ, երկարատեւ եւ մնայուն: Այս պարագային խլնաթաղանթը կ՛ունենայ անբնական երեւոյթ, ուր կ՛աճին խլնաթաղանթային ցցօններ (polyp), որոնք անվտանգ ուռեր են: Ասոնք կը գրաւեն խոռոչներուն ամբողջ տարածքը կամ անկէ բաժին մը:

Խոռոչներուն անցքերը կը խցուին  քիթի խորշերու խցումով: Որեւէ մէկ անբնական երեւոյթ, որ կը խցէ քիթի խորշերը, կը պատճառէ նաեւ անցքերու խցում եւ ապա` խոռոչատապ: Քիթի խորշերուն խցման պատճառները եւ անբնական երեւոյթները շատ են: Անոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները.  քիթի ընդոծին խցում, օտար մարմինի մը գոյութիւնը եւ կամ զետեղումը քիթի մէջ, քիթի խորշապատի (septum) աճառային եւ կամ ոսկրային ծուռութիւն, քիթի խլնաթաղանթային փոփոխութիւններ, պարզ հարբուխ, բեղմնափոշիի (pollen) գերզգայնութիւն եւ գերզգայուն քթաբորբ (allergic rhinitis), քիթի լաւորակ-անվնաս (benign)  եւ չարորակ-վտանգաւոր (malignant) ուռեր, մթնոլորտային եւ շրջապատի, օդի ու ջուրի, ճնշումի աստիճանաչափի անակնկալ փոփոխութիւն:

Խոռոչատապի ախտանշանները այլազան են:

Սուր խոռոչատապի պարագային, ենթական կ՛ունենայ` բարձր ջերմ, դող, գլխացաւ, ճնշումային ցաւ դէմքին եւ գլխուն որոշ մասերուն վրայ, ընդհանուր հիւանդագին վիճակ, քթային շնչարգելութիւն եւ քիթի չորութիւն: Գլխացաւը անակնկալ է եւ զօրաւոր. ան կը զօրանայ առաւօտուն եւ կը մեղմանայ յետմիջօրէին եւ աւելի նշմարելի կ՛ըլլայ ոտքի կեցած միջոցին:

Ծնօտային խոռոչատապի պարագային ենթական կ՛ունենայ ծնօտային ակռաներու ցաւ:

Ճակատային եւ մաղոսկրային խոռոչատապի պարագային, ենթական կ՛ունենայ աչքի եւ անոր շրջապատի ցաւ:

Սեպոսկրային խոռոչատապի  ցաւը կ՛ըլլայ սաստիկ եւ մնայուն:

Սուր բորբոքումի պարագային խոռոչները կը վերածուին գոց, անհաղորդ ոսկրային խուցերու, լեցուն` թանձր խլնաթաղանթով եւ թարախով: Սուր խոռոչատապը կը կարօտի շտապ դարմանումի, այլապէս երկրորդական բարդութիւններ կրնան պատահիլ:

Մեղմ եւ դանդաղ խոռոչատապի ախտանշանները հետեւեալներն են`  ընդհանուր գլխու անորոշ ցաւ, դէմքի, քիմքի եւ ակռաներու անորոշ ցաւ, թեթեւ  ջերմ, քիթի մասնակի խցում, թանձր քթահոսք, ախորժակի նուազում եւ մարմնական ընդհանուր յոգնածութիւն: Ենթական կ՛ունենայ աւելի լաւ տրամադրութիւն յետմիջօրէին եւ պառկած վիճակի մէջ: Այս տեսակի խոռոչատապը կրնայ երկարիլ եւ դառնալ մնայուն, եթէ դարմանումի հիմնական միջոցառումները չգործադրուին:

Մնայուն խոռոչատապի պարագային, դարձեալ խոռոչներու խլնաթաղանթը  կը վերածուի անբնական ուռած խլնաթաղանթի, ուր կը տեսնուին նաեւ ցցօններ: Այս ցցօնները կը գրաւեն խոռոչներու տարածքը, որոնք յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն  խոռոչներու ոսկրային պատերուն վրայ եւ նոյնիսկ կրնան փճացնել զանոնք: Ցցօնները յաճախ անցնելով խոռոչներու անցքերէն, կը յայտնուին քիթին մէջ` աւելի վատթարացնելով կացութիւնը, որ արդէն  վերածուած կ՛ըլլայ մնայուն խոռոչատապի:

Խոռոչատապի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.

  1. Լսել հիւանդը եւ իմանալ անոր բոլոր գանգատները,
  2. Կատարել բժշկական ընդհանուր մանրակրկիտ քննութիւն եւ յատկապէս` վիզ-բերան-քիթ-ականջ-կոկորդ բաժինները,
  3. Կատարել քիթի եւ դէմքի ընթացիկ Ք-ճառագայթային ու մասնագիտական համակարգչային շերտագրական (CT scan) եւ մագնիսարձագանգային (MRI) նկարումներ,
  4. Կատարել տարրալուծարանային քննութիւններ, յատկապէս` արեան ճերմակ եւ կարմիր գնդիկներուն եւ քիթի խլնաթաղանթի հեղուկին:

Սուր խոռոչատապը կը կարօտի շտապ դարմանումի, որ կ՛ըլլայ ընդհանրապէս դեղերով: Հիւանդը կը պահուի ֆիզիքական կատարեալ հանգիստ վիճակի մէջ, այսինքն կը մնայ անկողին: Գործածուած դեղերն են` հակամանրէական, ցաւաբեկ եւ հակագերզգայնութեան դեղեր հակախցիչներ (decongestant) ինչպէս նաեւ` շոգիի ներշնչում (vapor inhalation): Հիւանդը կամաց-կամաց կ՛ուղղուի դէպի բարելաւում. անոր քիթի խցումը կը մեղմանայ, քթահոսքը կը նուազի, քթահոսքը կը դառնայ նուազ թարախային,  աւելի հեղուկային ու լպրծուն: Այս միջոցին հիւանդը պէտք է ըլլայ մասնագէտ բժիշկին հսկողութեան տակ եւ հետեւի անոր բոլոր թելադրութիւններուն: Սնունդը խիստ կարեւոր է, հետեւաբար առողջապահական եւ սննդարար կերակուր տրուելու է հիւանդին:

Երբեմն դեղերու գործածութիւնը անբաւարար կ՛ըլլայ: Բորբոքած խոռոչներու խլնաթաղանթը ենթակայ կ՛ըլլայ սուր ճնշումի` կուտակուած թարախով, եւ վիրաբուժական գործողութիւն մը կը դառնայ պարտաւորիչ:

Մեղմ եւ դանդաղ խոռոչատապի դարմանումը կ՛ընթանայ սուր խոռոչատապի նման, սակայն` աւելի նուազ ուժգնութեամբ:

Մնայուն եւ երկարատեւ խոռոչատապի պարագային, երբ ցցօններ կը գրաւեն ամբողջ խոռոչներու տարածքը, դարմանումը կ՛ըլլայ վիրահատումով, այսինքն` ցցօններու վիրահատումով եւ կուտակուած թարախի պարպումով:

Ամէն տեսակի խոռոչատապերու պարագային,  մասնագէտ բժիշկին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ խոռոչատապի հիմնական պատճառներու դարմանումին վրայ: Այլ խօսքով, խոռոչատապի դարմանումը պէտք է ընթանայ զուգահեռաբար քիթի խցումի հիմնական պատճառներու դարմանումին հետ:

Խոռոչատապը ունի նաեւ իր բարդութիւնները: Անոնք կը յայտնուին, երբ  դարմանումը ուշանայ կամ կատարեալ տեղի չունենայ: Խոռոչատապի բարդութիւնները անհաճոյ են եւ երբեմն վտանգաւոր: Խոռոչներու բորբոքումը կրնայ տարածուիլ անմիջական յարակից վայրերու` մասնաւորաբար աչքերուն, ուղեղին եւ ակռաներուն վրայ. բորբոքումը կրնայ հասնիլ հեռակայ վայրեր` արեան միջոցով: Մանրամասնելով` աւելցնենք, որ հետեւեալ բարդութիւնները կրնան պատահիլ` կոպերու ուռեցք, տեսողական խանգարումներ, երկտեսութիւն (double vision), խոր աչքացաւ, աչքի պալարներ եւ բորբոքում, արտակապճութիւն, (exophthalmus), խելապատապ (meningitis), ուղեղային թարախատոյտ, ուղեղատապ (encephalitis), մնայուն գլխացաւ եւ փսխունք, մարմնական ցնցումներ, բարձր ջերմ, խոռոչներու ոսկրատապ (osteomyelitis), խոռոչաբերանային կեղանկ (fistula)` անբնական անցքի ստեղծում քիթի եւ բերնի միջեւ, մնայուն թարախային քթահոսք, խոռոչներու թարախային (pyocele) եւ ոչ թարախային խլնաթաղանթային ուռեցքներ (mucocele):

Խոռոչատապ կրնայ յառաջանալ առանց քիթի հիւանդագին երեւոյթներու:

Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ երեք ձեւերով.

  1. Յաճախ ծնօտային ակռաներու արմատները անբնականօրէն կը գտնուին խոռոչներուն մէջ: Այս կրնայ ըլլալ ընդոծին եւ կամ կրնայ պատահիլ ծնօտային ակռաներու հատումի ընթացքին: Խոռոչներու մէջ գտնուած ակռաներու արմատները կրնան բորբոքիլ եւ կը յառաջացնեն խոռոչատապ:
  2. Յաճախ բորբոքած ակռաներու արմատներուն մէջ կը յառաջանան քանդիչ տոպրակներ, որոնք կը մաշեցնեն խոռոչներու ստորին պատերը եւ պատճառ կը դառնան խոռոչատապի:
  3. Երբեմն խոռոչներու անցքերը կը խցուին մեր շրջապատի մթնոլորտային ճնշումի աստիճանաչափի փոփոխութեամբ, որուն պատճառով կը յառաջանայ խոռոչատապ: Ասոր կ՛ընկերանայ ընդհանրապէս քիթի արիւնահոսութիւն: Այս կը պատահի օդանաւով ճամբորդութեան ընթացքին, լողալու եւ կամ սուզուելու ընթացքին:

Մոնրէալ, 4 սեպտեմբեր 2018

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երբ Երեխան Մահէն Կը Վախնայ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. – Հերթական Հանդիպում. Դարձեալ Հերթապա՞հ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?