Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղմուկը Եւ Անոր Վնասները

Օգոստոս 13, 2018
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Աղմուկը տարբեր ձայներու խառնուրդ մըն է, որ ունի բարձր ուժգնութիւն եւ զանազան ու անկանոն ելեւէջներ: Այն ձայները, որոնք չեն գնահատուիր մարդոց կողմէ եւ ենթակայական անհանգստութիւն կը պատճառեն, կը կոչուին աղմուկ: Բարձր, երկար եւ ընդհատուած ձայները աւելի անհաճոյ են, քան` մեղմ, կարճ եւ շարունականները: Անակնկալ եւ բացառիկ ձայները նուազ գնահատուած են ամէնօրեայ մեր շրջապատին մէջ գտնուող ձայներէն: Այն ձայները, որոնք կը խանգարեն մեր քունն ու հանգիստը եւ մեզ կը պահեն վախի ազդեցութեան տակ, զզուելի են:

Աղմուկը արդի դարու քաղաքակիրթ աշխարհի լուրջ հարցերէն եւ գանգատներէն մէկն է: Նոյնիսկ` հիւանդութեան մը անմիջական պատճառը: Մարդիկ իրենց  մտային պաշարը կը գործածեն գիտական զանազան մարզերու մէջ նորութիւններ բերելու մարդու օգտին համար: Սակայն, այս օգտակար նորութիւններու կողքին, կ՛արտադրուին այնպիսի աղմկարար սարքեր, որոնք կ՛ունենան աներեւակայելի վնասակար եւ քանդիչ հետեւանքներ:

Այսօր հաստատուած իրողութիւն է, որ աղմուկը որոշապէս կը վնասէ մեր լսողութեան: Ան կը փճացնէ ներքին ականջի լսողութեան ջիղի բջիջները եւ կը յառաջացնէ լսողութեան զգալի տկարութիւն: Տարբեր ուժգնութեամբ աղմուկներ կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի լսողութեան տկարացումներ: Ներքին ականջի զանազան բաժինները տարբեր ձեւերով կ՛ազդուին որոշ ուժգնութիւն ունեցող աղմուկէ:

Աղմուկին պատճառած լսողութեան տկարութիւնը ընդհանրապէս մնայուն է եւ անդարմանելի, որովհետեւ ներքին ականջի լսողութեան բջիջները երբ վնասուին, անկարելի կ՛ըլլայ անոնց վերանորոգումը եւ փոխարինումը նորերով: Լսողութեան այս մնայուն տկարութիւնը կախեալ է հետեւեալ չորս ազդակներէն` աղմուկի ուժգնութիւն, ձայներու կազմուածք, աղմուկի տեւողութիւն եւ աղմուկի ընդհանուր ենթակայութիւն:

Մարդիկ հաւասարապէս չեն ազդուիր աղմուկէն` ենթակայական զանազան պարագաներու եւ ազդակներու գոյութեամբ:

Աղմուկը ընդհանրապէս ցաւ չի պատճառեր:

Նկատի ունենալով աղմուկին ուժգնութիւնը` կարելի է բաժնել աղմուկի աղբիւրները երեք խմբաւորումներու`

1.- Մեր տուներուն, գրասենեակներուն եւ գործատեղիներուն սովորական աղմուկը,

2.- Փողոցի երթեւեկի եւ փոքր գործարաններու ժխորը,

3.- Ճարտարարուեստական մեծ գործարաններու, օդակայաններու եւ ռումբերու գերբարձր ուժգնութիւնը, ինչպէս նաեւ` յաճախ ճաշկերոյթներու ու հաւաքոյթներու ընթացքին մեզի մատուցուած ներկայ դարուս ոչ դասական երաժշտութեան ուժգնութիւնը:

Աղմուկը կրնայ վնասել շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, եւ լսողութեան տկարացումը կը մնայ թաքուն, այսինքն ենթական չի գանգատիր լսողութեան տկարացումէ: Այս պարագան ի յայտ կու գայ բժշկական մանրակրկիտ լսելաչափական քննութեամբ:

Երկարատեւ աղմուկի գոյութիւնը ենթականերուն կը պատճառէ լսողութեան որոշ աստիճանի տկարութիւն եւ կամ խլութիւն: Այս տեսակի խլութիւնը դարմանելի չէ, սակայն որոշապէս` կանխարգիլելի: Յաճախ կը յանձնարարուին զանազան դարմաններ, որոնք ապարդիւն են: Լսողութեան օգնական գործիքներ, եթէ ճշգրտօրէն յանձնարարուին մասնագէտ բժիշկին կողմէ, կրնան մասամբ բարելաւել լսողութեան մասնակի տկարացումը:

Զօրաւոր պայթումներ, հրթիռներ եւ ռումբեր կը վնասեն ականջի թմբուկին` յառաջացնելով մասնակի կամ ամբողջական թմբուկի պատռուածք, միջին ականջի երեք ոսկրիկներուն` յառաջացնելով անջատում, հատում եւ կամ կոտրուածք, ինչպէս նաեւ ներքին ականջի խալիզոնին (cochlea)` յառաջացնելով լսողութեան աղուամազերու տեղաշարժ եւ ցնցում ու խալիզոնային հեղուկի ճնշում: Այս բոլորը կրնան պատահիլ անջատաբար կամ միասնաբար եւ  զանազան ախտանշաններով, ինչպէս` լսողութեան տկարութիւն, խլութիւն, ականջի աիւնահոսութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն:

Ականջաթմբուկի պատռուածքի օրինակներ

Օդակայաններու, աղմկոտ գործարաններու, արդի անախորժ երաժշտական հաւաքավայրերու մէջ արտադրուած ձայները նմանապէս ուղղակիօրէն կը վնասեն ներքին ականջի լսողական աղուամազերուն, որոնց մէջ տեղի կ՛ունենան կենսաբանական խանգարումներ. ասոնց ախտանշանները կրնան ըլլալ լսողական տկարութիւնը եւ յաճախ ականջաբզզիւնը: Այս ախտանշանները կը յայտնուին դանդաղօրէն, աղմուկի գոյատեւման հետ եւ աւելի եւս կը զարգանան շարունակական ու երկարատեւ աղմուկի միօրինակ ներկայութեամբ:

Ներքին ականջի վնասումով յառաջացած լսողական խանգարումները վերջնական են եւ անդարմանելի, դժբախտաբար: Իսկ միջին ականջին եւ թմբուկին վնասուելով յառաջացած լսողական խանգարումները դարմանելի են, հետեւաբար` ժամանակաւոր:

Աղմուկը ունի նաեւ ուրիշ ազդեցութիւններ` մեր մարմնի ընդհանուր գործելակերպին վրայ:

Անիկա կ՛ազդէ ջղային դրութեան վրայ: Ենթական կը դառնայ ջղագրգիռ, կը տառապի մտային յոգնութենէ եւ կը կորսնցնէ իր կեդրոնացումը:

Աղմուկը  նաեւ կը վնասէ սրտին, շնչերակներուն, ստամոքսին եւ աղիքներուն: Այս բոլորը ժամանակաւորապէս փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին:

Աղմուկը կը խանգարէ մեր քունը եւ կը նուազեցնէ մեր ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան հանգիստը: Ասոնց պատճառով մեքենավարներ կ՛ունենան աւելի յաճախակի արկածներ:

Նկատի ունենալով վերոյիշեալ բոլոր վնասները, կը թելադրուի մասնաւորապէս պաշտպանել մեր ականջի բջիջները այնպէս, ինչպէս կը պաշտպանենք մեր մարմնին զանազան գործարանները: Այս պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ` չէզոքացնելով աղմուկի աղբիւրը, նուազեցնելով արտադրուած աղմուկին ուժգնութիւնը եւ մեղմացնելով ձայներու փոխանցումը դէպի մեզի: Անհատական պաշտպանութիւնը պէտք է խստօրէն կիրարկուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք ստիպողաբար իրենց կեանքի որոշ ժամերը կ՛անցընեն աղմուկի մէջ: Այս պաշտպանութիւնը կարելի է ընել զանազան միջոցներով, օրինակ`  ձայնարգելներու (sound mufflers) եւ ականջախցաններու (ear plugs) գործածութեամբ: Իսկ մեր ճաշկերոյթներու եւ հաւաքոյթներու ընթացքին մեզի հրամցուած ոչ դասական  երաժշտութեան ուժգնութիւնը, այսինքն պարեղանակներու, ժողովրդային եւ ճազ երաժշտութեան ուժգնութիւնը կարելի է մեղմացնել` առանց խանգարելու օրուան ուրախ մթնոլորտը…

Մոնրէալ

 

Նախորդը

Խոստովանանք

Յաջորդը

Խռոված Ապաստան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?