Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Շնչադադար կամ շնչականգառ կը նշանակէ` շնչառութեան դադրիլը, կենալը, կասեցումը, կանգ առնելը: Շնչականգառի մասին խօսելէ առաջ անդրադառնալու ենք շնչահեղձութեան (dyspnea), որ կը նշանակէ շնչառութեան դժուարութիւն: Ան ենթակայական ախտանշան մըն է: Շնչականգառը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ շնչահեղձութենէ ետք:
Շնչահեղձութիւն կը պատահի բնականօրէն` ֆիզիքական ծանր աշխատանքէ, յոգնութենէ եւ մարզանքէ ետք: Անիկա մտահոգիչ կը դառնայ, երբ պատահի վերոյիշեալ պայմաններէն դուրս եւ կը դառնայ ախտաբանական երեւոյթ, որուն տարողութիւնը կախեալ է անոր ախտապատճառներուն տեսակէն, որակէն եւ չափէն:
Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը յառաջանայ շնչառական համակարգի վերի եւ վարի բաժիններուն հիւանդութիւններուն եւ ախտաբանական երեւոյթներուն գոյութեամբ, որոնք կը յառաջացնեն շնչառական համակարգի մասնակի եւ կամ ամբողջական խցում:
Վերի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններէն եւ ախտաբանական երեւոյթներէն կարելի է յիշել` քիթի միջնորմի (septum) ծռութիւն, ցցօններ (polyps), վատորակ ուռեր, քիթի յետսամասի ոսկրային ընդոծին խցում (cհoanal atresia), քթաըմբանի գեղձուռոյցք (adenoids), լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, ըմբանի ծաւալած նշիկներ (tonsils), պալար, լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, խռչափողի ձայնալարային ուռեր եւ անդամալուծութիւն, խռչափողի աճառային թուլութիւն (laryngomalacia), խռչափողի ընդոծին թաղանթ, մղձկահազ (croup), կեղծմաշկ (diphtheria), շնչափողի աճառային թուլութիւն (tracheomalacia), մակալեզուի բորբոքում (epiglottitis), հարբուխ եւ կրիփ (influenza), ձայնալարերու խլիրդ, ինչպէս նաեւ օտար մարմիններու ներշնչում:
Վարի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններն ու ախտաբանական երեւոյթներն են`ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (bronchiolitis), ցնցղակծկում (bronchial spasm), թոքատապ (pneumonia), թոքային անօթախցում (pleural embolism), փքուռոյց (emphysema), մնայուն շնչարգելք (asthma), թոքի եւ թոքապատեանի միջեւ օդի կուտակում ( pneumothorax), թոքի ջրուռեցք (pleurisy), օտար մարմիններու եւ թունաւոր կազերու ներշնչում, թոքի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, մթնոլորտային եւ միջավայրային ապականում` փոշի, թունաւոր կազեր, բեղմնափոշի (pollen), ինչպէս նաեւ` ծխախոտի գործածութիւն:
Ախտաբանական շնչահեղձութիւն կը յառաջանայ նաեւ սրտային հիւանդութիւններով, օրինակ` սրտի պսակաձեւ զարկերակներու (coronary artery) խցում եւ սրտի կաթուած (MI, myocardial infarction), բորոքային բլթակներու արատներ (ventricular valvular defects), սրտապարկային զեղում (pericardial effusion), սրտապարկաբորբ (pericarditis), սրտի ընդոծին թերութիւններ ու սրտի բաբախումի անկանոնութիւններ (arrhythmias): Անոր պատճառներէն են նաեւ` սակաւարիւնութիւն (anemia), հոգեբանական, յուզական, զգացական եւ ջղային կացութիւններ, կոտրուած կողոսկր (rib), գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), քունի շնչադադար (sleep apnea), գերզգացական ցնցակաթուած (anaphylactic shock), որ կը յառաջանայ ենթակայ ըլլալով որոշ սննդանիւթերու, միջատի խայթուածքի, կարգ մը դեղի, ինչպէս նաեւ` գիրութիւն-Ճարպակալում, յղութիւն, որովայնային ջրուռեցք (ascitis) եւ ստամոքսային աղեթափութիւն (hiatal hernia):
Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը զարգանայ երկու ձեւերով` անակնկալ-սուր եւ դանդաղ յառաջընթաց:
Շնչականգառ կը պատահի ախտաբանական շնչահեղձութեան յարաճուն (progressive) վատթարացումով եւ կամ անակնկալ ցնցղակծկումով (bronchial spasm), օտար մարմնի մը եւ թունաւոր կազերու ներշնչումով:
Շնչականգառ կը պատահի որեւէ տարիքի, սակայն` առաւելաբար տարեցներու եւ մանուկներու մօտ: Տարեցներու շնչականգառը հետեւանքն է ախտաբանական շնչահեղձութեան վատդարացումը: Իսկ մանուկներու շնչականգառը կը պատահի առաւելաբար օտար մարմիններու ներշնչումով:
Մանուկներու շնչականգառի ախտանշաններն են` շնչառութեան բացակայութիւն, թոքային շնչասլոց (stridor), խօսելու, ձայնարկելու եւ կամ պոռալու անկարողութիւն, կապտութիւն (cyanosis), անգիտակցութիւն եւ մահաքուն: Այս բոլորը շատ հաւանաբար հետեւանքն են շնչառական համակարգի վերին բաժնին խցումը` օտար մարմինով մը եւ կամ շնչուղիի (respiratory tract) ներքին խլնաթաղանթին (mucous membrane) անակնկալ ուռիլը` գերզգայնութեան պատճառով եւ կամ ներշնչուած թունաւոր կազերով:
Մանուկի մը շնչականգառի պարագային, երբ ան գիտակցութիւնը չէ կորսնցուցած, շտապ օգնութիւն պէտք է կիրարկուի, այլ խօսքով հետեւեալ անմիջական միջոցները պէտք է կատարուին ներկայ գտնուող անձի մը կողմէ.
- Բանալ մանուկին բերանը եւ հարուածել անոր կռնակը որպէսզի հազայ: Եթէ մանուկը հազայ, կը նշանակէ, որ խցումը մասնակի է: Այս պարագային, շարունակել կռնակը հարուածել, որպէսզի ան շարունակ հազայ: Օտար մարմինը շատ հաւանաբար դուրս կու գայ հազալով: Իսկ հազի բացակայութիւնը շատ հաւանաբար կը փաստարկէ խցումին ամբողջական ըլլալը: Այս պարագային, կանչել բժշկական շտապ օգնութեան եւ կատարել հետեւեալը.
- Երկու ձեռքերով հարուածային ճնշում բանեցնել ստամոքսին վրայ եւ շարունակ հարուածել կռնակը յուսալով, որ օտար մարմինը արտահանուի:
Անգիտակցութեան պարագային, անմիջապէս կանչել բժշկական շտապ օգնութեան: Մինչ այդ պառկեցնել մանուկը կարծր տախտակամածի վրայ եւ կիրարկել թոքասրտային վերակենդանացում (cardiopulmonary resussitation)` երկու ձեռքերը իրարու վրայ դրած 25 անգամ հարուածել կրծքավանդակին` ճնշում բանեցնելով կրծոսկրին (sternum) վրայ, բանալ բերանը եւ ստուգել, թէ օտար մարմինը հասա՞ծ է բերան: Եթէ այո, ձեռքով բռնել եւ դուրս հանել օտար մարմինը եւ ապա բերնով երկու անգամ շնչել մանուկին բերնին: Եթէ կրծքավանդակը բարձրանայ եւ լայնածաւալի, կը նշանակէ, որ շնչուղին բաց է, եւ շնչականգառը անհետացած է: Իսկ կրծքավանդակի անշարժութեան պարագային, երկրորդ անգամ նորէն 25 հարուածներ տալ կրծքավանդակին եւ ճնշել կրծոսկրին վրայ յուսալով, որ օտար մարմինը պիտի արտաքսուի:
Օտար մարմիններու ներշնչումի մասին տարիներ առաջ մանրամասնօրէն գրած ենք մեր «Բժիշկին խօսքը» հատորներու շարքին առաջինին մէջ: Անոնք, որոնք կ’ուզեն յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղել այս նիւթին շուրջ, կրնան դիմել «Բժիշկին խօսքը» հատորին:
Մոնրէալ