Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուր Անակնկալ Շնչառական Համախտանիշ (ՍԱՇՀ) Severe Acute Respiratory Syndromy (SARS)

Մարտ 23, 2017
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

ՍԱՇՀ-ը շնչառական համակարգի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ քորոնա (corona) ժահրի որոշ մէկ տեսակով վարակուելով:

Հարբուխը կը յառաջանայ քանի մը տեսակ քորոնա ժահրերով: ՍԱՇՀ-ի ժահրը քորոնա ժահրերու յատուկ մէկ տեսակն է:

ՍԱՇՀ-ը առաջին անգամ ախտաճանաչուեցաւ 2002-ին, Չինաստանի մէջ, երբ տեղի ունեցաւ ՍԱՇՀ-ի համաճարակը: Արձանագրուեցան 8096 վարակումներ եւ 774 մահեր, որոնց մեծամասնութիւնը պատահեցաւ Հոնկ Քոնկի մէջ: ՍԱՇՀ-ը շուտով տարածուեցաւ այլ երկիրներ` վարակուած անձերու ճամբորդութեան պատճառով: Ճամբորդներ երկրէ երկիր փոխադրուելով` տարածեցին այս ժահրը շատ մը երկիրներ: Մէկ տարուան ընթացքին 37 երկիրներ ունեցան ՍԱՇՀ-ի հարիւրաւոր պարագաներ: Քանատայի մէջ արձանագրուեցան 400-ի մօտ ՍԱՇՀ-ի պարագաներ եւ 44 մահեր:

ՍԱՇՀ-ը կը հարուածէ ընդհանրապէս բոլոր տարիքի մարդիկը` առանց սեռի խտրութեան, սակայն առաւելաբար` 15-70 տարեկան անձերը:

ՍԱՇՀ-ի ախտանշանները կրիփի (influenza) ախտանշաններուն կը նմանին: Տեղի կ՛ունենան ախտանշաններու յարաճուն (progressive) զարգացում: Ախտանշաններուն կարեւորագոյնը շնչառութեան սուր անբաւարարութիւնն է: Անոր  նախնական ախտանշանները կրիփի նման ախտանշաններ են, ինչպէս` ջերմութիւն, դող, չոր հազ եւ մկանային ցաւ, գլխացաւ, փորհարութիւն եւ քթահոսք: Յատկանշական է արեան ճերմակ գնդիկներու նուազումը եւ հակամարմիններու յայտնաբերումը վարակումէն երեք շաբաթ ետք: Հակամարմինները կը գործեն 3-4 ամիս եւ ապա կը սկսին նուազիլ: Վարակուած անհատներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապաքինի ինքնաբերաբար 1-2 շաբաթներու ընթացքին: Վարակուածներուն փոքր մէկ տոկոսը կ՛ունենայ շնչառութեան դժուարութիւն եւ թթուածինի անբաւարարութիւն, որոնք ազդանշաններն են ՍԱՇՀ-ին: Այս հանգրուանին կը յառաջանայ ժահրային թոքատապ (pneumonia), որ կրնայ վերածուիլ մանրէական (bacterial) թոքատապի: Ենթական կը մատնուի զօրաւոր շնչահեղձութեան, սուր թթուածինի անբաւարարութեան, կապտութեան (cyanosis), վարակամերժութեան (immunity) նուազում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանքի (shock): Այս զարգացումները տեղի կ՛ունենան շատ արագ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ ենթակային մահուան:

Քորոնա ժահրը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի օդին միջոցով, այսինքն` շնչելով քորոնա ժահրով վարակուած օդ: Վարակուած անհատը հազալով եւ փռնգտալով կը սփռէ ՍԱՇՀ-ի ժահրը օդին մէջ եւ իր շուրջը գտնուող իրերուն, կերակուրներուն եւ անհատներուն վրայ: ՍԱՇՀ-ի ժահրը կ՛ապրի մեր ձեռքերուն եւ հագուստներուն վրայ մօտաւորապէս 6 ժամ: Առողջ անհատներ կը վարակուին ՍԱՇՀ-ով շատ արագ, պարզապէս` ներշնչելով այս վարակուած օդը, դիպչելով վարակուած իրերուն եւ անձերուն եւ ուտելով վարակուած  կերակուրները: Այս ժահրը երկար ժամանակ կ՛ապրի շատ ցուրտ եղանակներուն:

ՍԱՇՀ-ի թխսումը կը տեւէ 2-10 օր: Մահացութեան տոկոսը (mortality rate) 10  է, այսինքն վարակուածներուն 10 տոկոսը կը մահանայ: Մահացութեան տոկոսը կը հասնի մինչեւ 50 տոկոսի տարեցներու մօտ:

ՍԱՇՀ-ի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ տեսնելով ենթակային հիւանդագին վիճակը, ինչպէս նաեւ` կատարելով շատ մը տարրալուծարանային քննութիւններ եւ Ք ճառագայթային նկարումներ: Յաճախ թոքերու պարզ Ք ճառագայթային նկարումը ոչ մէկ ախտաբանական վիճակ կը ցուցաբերէ, հակառակ որ ՍԱՇՀ-ը կը մնայ կասկածելի: Այս պարագային կը կատարուի թոքերու յատուկ համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan): Կը կատարուին արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մասնաւորապէս արեան ճերմակ գնդիկներու քանակական հաշուաքննութիւնը (count), ՍԱՇՀ-ի ժահրի եւ հակամարմիններու յայտնաբերումի քննութիւնները, քթաքսուկ-քթաչնչան (nasal swab) եւ կոկորդաչնչան-կոկորդաքսուկ (throat swab) յայտնաբերելու համար քորոնա ժահրը:

Քորոնա ժահրին դէմ եւ ՍԱՇՀ-ին դէմ յատուկ դեղեր գոյութիւն չունին: ՍԱՇՀ-է վարակուողներուն մեծամասնութիւնը յատուկ դարմանումի պէտք չեն ունենար: Անոնք 1-2 շաբաթներու ընթացքին կը բարելաւուին ինքնաբերաբար, սակայն պէտք է ստանան բաւարար հեղուկ եւ առողջարար սնունդ, ունենան կատարեալ անկողնային եւ ֆիզիքական հանգիստ: Յառաջացած ՍԱՇՀ-ի պարագաները կ՛ենթարկուին հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ օգնութեան: Անոնց կը կիրարկուի ներերակային հեղուկ, արուեստական օժանդակ շնչառութիւն (artificial respiration)` թթուածինի ներշնչումով միատեղ: Մանրէական թոքատապի պարագային կը գործածուին հակամանրէական դեղեր:

ՍԱՇՀ-ի դէմ մինչեւ օրս պատուաստ չէ գտնուած: Սակայն տեսնուած է, որ կրիփի պատուաստ եւ թոքատապի պատուաստ ստացողները նուազ չափով կը վարակուին ՍԱՇՀ-ով:

Յառաջացած ՍԱՇՀ-ը պատճառով կրնան տեղի ունենալ  բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` թոքերու թելային կարծրացում (firosis), ոսկրափխրում (osteoporosis), ոսկորներու մեռուկացում (necrosis) եւ լեարդի աշխատանքի վատթարացում:

ՍԱՇՀ-ը կրնայ շուտով համաճարակի վերածուիլ, եթէ պէտք եղած կանխարգիլելի միջոցներ չկիրարկուին: Վարակուած անհատը պէտք է մեկուսացուի: Բժշկական անձնակազմը, հիւանդապահուհիները եւ հիւանդին հետ յարաբերութիւն ունեցող անձերը գործածելու են բերնադիմակ եւ քթադիմակ, յատուկ հագուստ, գոգնոց եւ ձեռնոց: Բոլոր կասկածելի պարագաները մեկուսացուելու են: Վարակուած պարագաները եւ կասկածելիները արձանագրուելու են պետական առողջապահական հաստատութիւններու մօտ:

Կարգ մը կանխազգուշական թելադրութիւններ կարեւոր են ՍԱՇՀ-ի համաճարակի պարագային.

1.- Լուալ ձեռքերը յաճախակիօրէն,

2.- Լուալ վարակուած անհատին հագուստները, սաւանը, անձեռոցը, կերակուրի սպասները օճառով եւ տաք ջուրով,

3.- Հազալու եւ փռնգտալու միջոցին գոցել քիթը եւ բերանը,

4.- Վարակուած անձէն հեռու մնալ եւ չգործածել անոր կերակուրի սպասները, իրեղէնները, հագուստը եւ անձեռոցը,

5.- Հիւանդին ապաքինումէն 10-15 օրեր ետք սկսիլ  յարաբերութիւն ունենալ անոր հետ,

6.- Համաճարակ ունեցող երկիր չայցելել,

7.- Համաճարակ երկրէ դուրս ելլել շատ զգուշութեամբ:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ժամանակները, Հանդիսատեսը Եւ Մենք

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?