ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ամիս մը առաջ հեռաձայնով հետս խօսեցաւ ազնուափայլ ընկերուհի մը` շուարած, մտահոգ եւ տխուր տրամադրութեամբ. «Կը ներէք, տո՛քթ. Հարպոյեան, կը խանգարեմ ձեզ, սակայն միայն դուք կրնաք օգտակար դառնալ ինծի: Քոյրս երեք օրէ հիւանդանոց կը գտնուի, անգիտակից է, չի խօսիր, թեւերը չի կրնար շարժել, շնչառութիւնը տկար է, ուղեղային կաթուած ունեցած է` ըսին բժիշկները, եւ հիմա խնամող բժիշկը իմացուց, որ քրոջս կոկորդը շտապ պիտի ծակեն: Ի՞նչ ըսել է` կոկորդը պիտի ծակեն եւ ինչո՞ւ: Արտօնե՞մ, որ քրոջս կոկորդը ծակեն»:
Իմանալէ ետք եղելութեան մանրամասնութիւնները փորձեցի հանդարտեցնել ընկերուհին, որոշ տեղեկութիւններ տուի շնչափողածակումի (tracheotomy) մասին եւ թելադրեցի, որ հետեւի խնամող բժիշկին ցուցմունքներուն: Յաջորդ օր լսեցի, որ հիւանդին շնչափողածակումը կատարուած էր, եւ արհեստական շնչառութիւն կը կիրարկուէր անոր:
Այս հեռաձայնային կանչը պատճառ դարձաւ, որ յօդուած մը գրեմ շնչափողածակումի մասին:
Շնչափողածակումը վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, որ կը կատարուի հետեւեալ ձեւով. վիրաբուժը վիզի յառաջամասի մորթին եւ ենթամորթին վրայ վահանանման աճառէն (thyroid cartilage) 1սմ վար հորիզոնական պզտիկ ճեղք մը կը բանայ եւ վիզի յառաջամասի ուղղահայեաց մկանները բութ գործիքով մը կեդրոնէն դէպի աջ եւ ձախ կողմ կը քաշէ եւ կը յայտնաբերէ վահանագեղձը (thyroid gland), որ շնչափողի սկզբնաւորութինը պատած կ՛ըլլայ: Վահանագեղձի վզիկը (isthmus) երկուքի կը հատէ զգուշութեամբ` առանց վնասելու տեղւոյն զարկերակները, երակները եւ վահանագեղձին տակը գտնուող յարվահանագեղձերը (parathyroid gland): Շնչափողի երկրորդ եւ երրորդ աճառային օղակները (tracheal rings), որոնք կը գտնուին խռչափողի ձայնալարերէն վար, ուղղահայեաց եւ 1-2 սմ երկարութեամբ կը ճեղքէ` ստեղծելով շնչափողածակ (tracheostom) մը, որուն մէջ կը մխրճէ կերպընկալ եւ կամ մետաղեայ շնչափողածակի ներխողովակը (endotracheal tube):
Շնչափողածակի միջոցով թոքերը անմիջական կապակցութիւն կ՛ունենան շրջապատի օդին հետ:
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը կատարուի շնչափողածակումը: Անիկա հիւանդին կեանքը փրկելու բժշկական միջոցառում մըն է եւ կը կատարուի հետեւեալ պարագաներուն.
- Վերի շնչառական համակարգի խցում, այսինքն խռչափողի եւ կոկորդի ամբողջական խցում, որ արգելք կ՛ըլլայ խռչափողային եւ բերանային շնչառութեան: Խռչափողի եւ կոկորդի զանազան ուռեր եւ հիւանդութիւներ կը յառաջացնեն խռչափողի եւ կոկորդի խցում: Այս պարագային շնչափողածակում կը կատարուի, որպէսզի հիւանդը կարենայ շնչել շնչափողածակի միջոցով:
- Խռչափողի խլիրդի վիրահատում, խռչափողի վնաս-հարուած, խռչափողի վիրահատում (laryngectomy):
- Երկարատեւ եւ մնայուն շնչադադար (sleep apnea):
- Վիզի ուռեցք (swelling) եւ ուռեր, բերնի եւ վիզի սուր հարուած-վնաս:
- Ձայնալարերու անշարժութիւն-անդամալուծութիւն (vocal chord paralysis) եւ ձայնալարերու ուռեր:
- Սուր շնչահեղձութիւն, որ կը յառաջանայ ուղեղային կաթուածով (brain strock) եւ թոքային զանազան հիւանդութիւններով:
Շնչափողածակը կ՛ըլլայ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն: Վերոյիշեալ հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը դարմանելի է եւ, հետեւաբար, անոնց պատճառով ստեղծուած շնչափողածակը կ՛ըլլայ ժամանակաւոր: Հիւանդութեան անհետացումով շնչափողածակը կը գոցուի վիրաբուժական պզտիկ գործողութեամբ մը: Երբ հիւանդութիւնը դարմանելի չէ, հետեւաբար շնչափողածակը կ՛ըլլայ մնայուն:
Ուղեղային կաթուածի պարագային, հիւանդը կ՛ըլլայ անգիտակից (comatosed-unconscious): Ուղեղէն դէպի թոքեր եւ կրծքավանդակի մկաններ գացող շնչառութեան հրահանգները կը դադրին, եւ տեղի կ՛ունենայ սուր շնչահեղձութիւն, այսինքն թոքերը չեն գործեր: Այս պարագային, շնչափողածակում կը կատարուի, եւ շնչափողածակէն դէպի շնչափող ներմուծուած ներխողովակը կը կապուի արհեստական շնչառական սարքի (artificial respirator) մը, որ հիւանդին շնչառութիւնը կը վերահաստատէ եւ կը հայթայթէ բնական շնչառութիւն: Այս մէկը հիւանդին կեանքը փրկելու շտապ միջոցառում մըն է: Շնչափողածակը կը պահուի եւ արհեստական շնչառութիւնը կը շարունակուի մինչեւ հիւանդին ուղեղային կաթուածի անհետացումը եւ գիտակցութեան ու բնական շնչառութեան վերականգնումը:
Թոքային զանազան հիւանդութիւներով թոքերը կը տկարանան, բնական շնչառութիւն տեղի չ՛ունենար եւ հիւանդը շնչահեղձութեան կը մատնուի: Ուստի շնչափողածակում կը կատարուի եւ արհեստական շնչառութիւն կը կիրարկուի:
Շնչափողածակի արհեստական ներխողովակը կազմուած է երեք մասերէ`
- Ուղղիչ (obturator), որ կը նպաստէ արհեստական ներխողովակի շնչափողէն ներս սահուն եւ դիւրին մտնելուն.
- Արտաքին խողովակ, որ կապուած կը մնայ վիզին վրայ: Կերպընկալ խողովակները կ՛ունենան պզտիկ փուչիկ մը, որ օդով կը լեցուի բժիշկին կողմէ` ամբողջովին խցելու արտաքին խողովակի եւ շնչափողի միջեւ եղած տարածութիւնը:
- Ներքին խողովակ, որ շարժական է եւ հերթաբար դուրս կը բերուի լուալու եւ մաքրութեան համար: Անկախ այս մաքրութենէն, ներքին խողովակին մէջ կուտակուած խուխը կ՛արտահանուի ծծիչ սարքով մը (suction machine):
Շնչափողածակումը ընդհանրապէս պարզ եւ դիւրին վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, սակայն գէր հիւանդներու պարագային, երբեմն վիրաբուժը դժուարութեան կը մատնուի: Գէր հիւանդներուն վահանագեղձը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ խոշոր եւ կը շրջապատէ ամբողջ խռչափողը եւ շնչափողի վերին բաժինը: Ուստի վիրաբուժը առաւել ուշադրութեամբ եւ դանդաղօրէն կատարելու է շնչափողածակումը` խուսափելու համար բարդութիւններէ:
Շնչափողածակումը ունի իր բարդութիւնները: Շնչափողածակումի ընթացքին կրնան պատահիլ` արիւնահոսութիւն, շնչափողի աճառային օղակներու վնաս-կոտրուածք, վահանագեղձի, յարվահանագեղձի, խռչափողի եւ թոքաթաղանթի վնաս եւ օդի կուտակում` թոքի եւ թոքաթաղանթի միջեւ (pneumothorax), խռչափողի եւ կերակրափողի խլուակի (trachea-esophageal fistula) յառաջացում եւ ձայնալարերու անդամալուծութիւն` ձայնալարերու ջիղին հատումով: Իսկ գործողութենէն ետք կրնան յառաջանալ` շնչափողի խցում` խուխի կուտակումով, շնչափողածակի շուրջ ենթամորթային օդի կուտակում-փքուռոյց (emphysema), շնչափողածակի արիւնահոսութիւն, բորբոքում եւ բջիջատապ (cellulitis), ցնցղապրկում (bronchspasm), շնչափողի աճառային թուլութիւն (tracheomalacia), որ երկրորդական շնչահեղձութեան պատճառ կը դառնայ, ինչպէս նաեւ շնչափողի մաշում (erosion)` շնչափողածակի ներխողովակի պատճառով:
Շնչափողածակումը ընդհանրապէս կը կատարուի ընդհանուր զգայազերծումով (anesthesia)` բացի շտապ պարագաներէն, երբ տեղական զգայազերծում կը կիրարկուի փրկելու համար շնչահեղձ անհատը:
Շնչափողածակի ներխողովակ ունեցող անհատը չի կրնար խօսիլ եւ ձայնարկել, որովհետեւ շնչափողի եւ բերանի ու քիթի կապակցութիւնը անհետացած կ՛ըլլայ եւ թոքերու օդի արտաշնչումը շնչափողէն դէպի խռչափող, բերան եւ քիթ տեղի չ՛ունենար, այլ տեղի կ՛ունենայ թոքերէն դէպի շնչափող եւ ապա շնչափողածակէն դուրս: Սակայն բժշկութեան արդի արհեստագիտութիւնը առիթ կ՛ընծայէ, որ նման հիւանդներ մասամբ մը կարենան խօսիլ: Այս կ՛իրականայ երկու միջոցառումով.
- Շնչափողածակի ներխողովակի արտաքին բաժնի փուչիկը չ՛ուռեցուիր եւ, հետեւաբար, թոքերուն մէջ գտնուող օդէն մաս մը արտաքին խողովակին շուրջը կը հասնի եւ կ՛ուղղուի դէպի խռչափող եւ կոկորդ: Խռչափող հասնող օդը ձայնալարերու շարժումով կ՛օգնէ ձայնարկումի (phonation) եւ խօսակցութեան:
- Շնչափողածակի ներխողովակի արտաքին բաժնի ուռեցնող փուչիկը օդով լեցուած վիճակով, ներխողովակի երկու բաժինները կ՛ունենան որոշ թիւով ծակեր, որոնց մէջէն շնչափողին մէջ գտնուած օդէն մաս մը դուրս կ՛ելլէ ծակերէն եւ կ՛ուղղուի դէպի խռչափող եւ կոկորդ: Խռչափող հասնող օդը ձայնալարերու շարժումով կ՛օգնէ ձայնարկութեան եւ խօսակցութեան:
Շնչափողածակ ունեցող հիւանդը կ՛ունենայ գրգռիչ հազ, որովհետեւ շնչափողածակէն դէպի թոքեր ուղուող օդը չոր օդ ըլլալով` կը գրգռէ թոքին մակերեսը եւ կը պատճառէ չոր հազ: Չոր հազ չպատահելու համար թոքերու մակերեսը պահուելու է խոնաւ վիճակի մէջ: Այլ խօսքով` շնչափողածակէն պարբերաբար 0,5-1 սանթիլիթր աղի ջուր եւ կամ շոգիախառն ջուր կը ներմուծուի շնչափողին եւ թոքերուն մէջ:
«Ասպարէզ», 22 յուլիս 2017
Վերանայուած 25 հոկտեմբեր 2018