ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Պարոյր Սեւակի ծննդեան 102-րդ տարեդարձին նուիրուած յօդուածագրութիւնս կը ձօնեմ ծննդավայրիս` Այնճար հայաւանի Համազգային «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անգին վարչութեան եւ թանկագին ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք կոչուած են` կանգուն պահելու մեր հիասքանչ մշակոյթը, մեսրոպածին հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, մեր նախնիներու բարքերն ու աւանդոյթները եւ մեր աննման Մուսա Լերան բարբառը:
Թանկագի՛ն ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
Շարունակեցէ՛ք 116-ամեայ Համազգայինի սրբազան ու նուիրական առաքելութիւնը` դառնալով կենդանի օրինակ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայորդիներուն, հաւատարմութեամբ, ծառայութեամբ եւ լուսաւոր անանձնական յանձնառութեամբ`
միշտ ի փառս հայ մշակոյթի եւ հայ հոգեւոր ինքնութեան ու լինելութեան:
Պարոյր Սեւակ` Անլռելի Զանգակատունը
Հայու Ներաշխարհին
1924 թուականի յունուարի 24-ին լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի ժամանակակից գրականութեան ամենախորհրդանշական դէմքերէն մէկը` Պարոյր Սեւակ: Ան եկաւ ոչ թէ որպէս սովորական բանաստեղծ մը, այլ` որպէս խռովք լեզուի մէջ, խղճի ձայն ժամանակին եւ անլռելի զանգակատուն մը` հայ մարդու հոգեւոր արթնութեան համար:
Թէեւ եղերաբախտ ճակատագիրը իրեն շնորհեց միայն 47 տարի, սակայն Սեւակը իր կարճ, բայց բոցավառ կեանքով կարողացաւ կերտել գրական ժառանգութիւն մը, որ իր խորութեամբ ու ներգործութեամբ կը գերազանցէ ժամանակի սահմանները: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ մարդը այլեւս սոսկ կերպար չէ, այլ` ճակատագիր, ցաւ, պայքար եւ հաւատ: Սեւակը գրեց մարդուն համար, բայց նաեւ ազգին համար` մարդը դարձնելով ազգի բարոյական չափանիշը:
Իր նշանաւոր ժողովածուները` «Անլռելի զանգակատուն», «Մարդը ափի մէջ», «Եղիցի լոյս» եւ ուրիշներ, դարձան ոչ միայն գիրքեր, այլ` հոգեւոր արժէքներ, որոնց մէջ հայ ընթերցողը իր կեանքը, իր վէրքերը եւ իր երազները գտաւ:
Յատկապէս «Անլռելի զանգակատուն»-ը, նուիրուած` Կոմիտասին, վերածուեցաւ համազգային խղճի մաքրման աղօթքի մը, ուր լռութեան մէջ խեղդուած ցեղին ձայնը դարձեալ կը ղօղանջէ:
Սեւակը իր բանաստեղծութիւններուն մէջ չփնտռեց գեղեցիկ բառեր միայն, այլ ներքին մղումով ու ճշմարտախոհութեամբ արբեցած` շարահիւսեց իր զգացումները: Ան քերթեց սէրը` առանց կեղծ նրբագեղութեան, ցաւը` առանց քողածածկոյթի, հայրենիքը` առանց շողոքորթութեան: Այդ իմաստախոհութեամբ ալ իր տողերը մինչեւ այսօր կը յորդորեն, կը գօտեպնդեն, կը խոցեն, կը սթափեցնեն եւ կը մխիթարեն:
Պարոյր Սեւակ եղաւ այն բանաստեղծը, որ համարձակեցաւ ըսել այն, ինչ շատեր կը զգային, բայց չէին համարձակեր բարձրաձայնել: Իր խօսքը դարձաւ հայ մարդու ներքին փայլատակութեան մենախօսութիւնը, իսկ իր գրիչը` արգասաբեր ազգային խղճի արտայայտութիւնը:
«ՈՂԲԱՄ ՄԵՌԵԼՈՑ, ԲԵԿԱՆԵՄ ՇԱՆԹԵՐ, ԿՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ…»
Այսօր, իր ծննդեան 102-րդ տարեդարձին, Սեւակը չի պատկանիր միայն անցեալին: Ան ներկայ է` մեր խօսքին մէջ, մեր մտածողութեան մէջ, մեր պայքարներուն մէջ: Իր անլռելի զանգակատունը տակաւին կը ղօղանջէ` հրաւիրելով մեզ ըլլալու աւելի զգօն, արդարամիտ, խիզախ, ազնիւ, աւելի ճշմարիտ եւ աւելի արժանապատիւ:
Այո՛, Սեւակը եղաւ ոչ միայն բանաստեղծ, այլ նաեւ խղճի ձայն` իր ժամանակին, խռովք ու լոյս` իր ժողովուրդին համար: Ան իր խօսքով սրբագրեց լռութիւնը, իր տողով մխիթարեց վիրաւոր հոգին եւ իր գաղափարով բարձրացուց հայ մարդուն արժանապատուութիւնը: Իր ստեղծագործութիւնները դարձան մեր ազգային ներաշխարհի հայելին, որուն մէջ կը տեսնենք թէ՛ մեր վէրքերը, թէ՛ մեր յոյզերն ու յոյսերը:
Այսօր Պարոյր Սեւակը կը շարունակէ ապրիլ ոչ թէ միայն յուշի մէջ, այլ` մեր մտածողութեան, մեր զգացումին եւ մեր խօսքին մէջ: Ան դարձած է մշտավառ աստղ մը մեր հոգեւոր երկնակամարին վրայ` առաջնորդող, արիացնող եւ գօտեպնդող:
Ակնածանք եւ խոնարհում` Պարոյր Սեւակի անմեռ յիշատակին առջեւ:
Թորոնթօ, 2026


