Նախորդ յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Քրիստափոր Միքայէլեանի «Ամբոխային տրամաբանութիւն» աշխատութեան, որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ ՀՅԴ-ի «Միտք»-ը հանդիսացողին իրապաշտութիւնը եւ գաղափարական հարստութիւնը` ներկայացնելով «Socialist», «Constructivist» եւ «Realist» գաղափարներ:
«Պատմական չարիք»
Այս աշխատութիւնը հրատարակուած է երեք բաժիններով` դարձեալ «Դրօշակ»-ի մէջ, օգոստոս 1900-ին, նոյեմբեր 1900-ին եւ մայիս 1901-ին: «Պատմական չարիք» խորագիրով իր աշխատութեան մէջ Քրիստափոր Միքայէլեան առանց տատամսելու կ՛ընդգծէ. «Մենք թոյլ էինք անցեալ յեղափոխական կռուի ընթացքում, մենք զօրեղ չենք եւ այժմ»: Այս մէկը փաստ է, որ Քրիստափոր չէր վարաներ իրականութիւնը ներկայացնելէ այնպէս, ինչպէս, որ է: Ապա ան անդրադարձ կը կատարէ մեր անցեալ յօդուածին ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուած ամբոխային տրամաբանութեան մասին` այս անգամ անուղղակիօրէն հաստատելով, որ միջավայրը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ժողովուրդի մը մտաւոր ու հոգեբանական կերտման եւ զարգացման վրայ:
Քրիստափոր կը վկայակոչէ յայտնի մտաւորականներ` Գամառ-Քաթիպա, Րաֆֆի, Միքայէլ Նալպանտեան եւ Արծրունի, որոնք իրենց գրութիւններուն մէջ գրեթէ նոյնանման կերպով ու նոյնքան ցաւով կը հաստատեն, որ օսմանեան բռնակալութեան տակ ապրած հայը դարերու ընթացքին կրած է նկարագրային որոշ փոփոխութիւններ: Քրիստափոր այստեղ կը ծանրանայ քանի մը յոռի երեւոյթներու վրայ, որոնց շարքին են` խարդախութիւն, խորամանկութիւն, կոպիտ անձնապաշտութիւն, օտարին ծառայել` փոխան հայրենակիցի, մատնիչութիւն եւ ընդհանրապէս դաւաճանութիւն:
Մեզի համար այլեւս պարզ դարձած իր մեթոտաբանութեամբ ան նաեւ կը մէջբերէ օտար մտաւորականներու խօսքեր, որոնց շարքին` ֆրանսացի ճամբորդ Ֆրանսուա Արման տը Շոլէ, որ Միջին Արեւելք այցելութիւններու ընթացքին նկատած է, որ հայերը աւելի բազմաթիւ, աւելի հարուստ եւ աւելի նեցուկներ ունեցող ժողովուրդ ըլլալով հանդերձ, կորսնցուցած են պատերազմելու ոգին, ապստամբական զգացումը եւ դարձած` աւելի ճնշուած եւ ենթարկուած ազգ, քան` իրենցմէ շատ աւելի նուազ կարող ժողովուրդները:
Քրիստափոր յաւելեալ կը ծանրանայ «Proto-Constructivist» տեսութեան վրայ` հաստատելով, որ ժողովուրդներու զարգացման հոլովոյթին վրայ ազդեցութիւն ունին` ոչ միայն միտքերը, գաղափարները, լեզուն, կրօնը եւ ժառանգութիւնը, այլեւ` նոյնիսկ կլիման, աշխարհագրութիւնը եւ որոշ «Realist» մէջբերումով` միջազգային դրութիւնը: Կեդրոնանալով աշխարհագրութեան եւ կլիմային վրայ` Քրիստափոր կը նկատէ, որ հայութիւնը դարձած է առանձնութիւնը սիրող ազգ: Այս իմաստով, բազմաթիւ հայեր, որոնք նիւթական կարողութիւնը ունէին զինելու ամբողջ հայկական նահանգներ, ըստ Քրիստափորի, մերժեցին այդ մէկը կատարել եւ մնացին անտարբեր: Այսինքն առանձնութեան գաղափարը այնքան զարգացած էր այս պարագային, որ Քրիստափորի միտքերուն մէջ կը գտնենք այն համոզումը, որ այս յօդուածին մէջ կ՛ուզենք զայն որակել իբրեւ «Ազգային առանձնութիւն», այսինքն` առանձնութիւնը նախընտրող ժողովուրդ, որ այդ երեւոյթը վերածած է մշակութային ու ժողովրդագրական յատկութեան:
Շարունակելով` Քրիստափոր ցոյց կու տայ գերագոյն չարիքը, որ անտարբերութիւնն է, որովհետեւ երբ «Դրօշակ»-ի հետ կ՛ընդունին աշխատակցիլ եւրոպացի յայտնի մտաւորական դէմքեր, մինչ հարիւրաւոր հայեր անպատուաբեր կը համարեն յեղափոխական որեւէ կազմակերպութեան համակիր կոչուիլը: Աւելցնելով, ՀՅԴ-ի «Միտք»-ը կը հաստատէ. «… Բայց ե՞րբ պիտի քաղաքացիական համարձակութիւն ունենանք մի փոքր էլ մեզ վրայ անդրադառնալու եւ մեր բարոյական պակասութիւններին…»: Անմիջապէս ետք Քրիստափոր Միքայէլեան կը յայտարարէ. «… Մենք մնում ենք փոքրամասնութիւն, բայց այդ փոքրամասնութիւնը չէ, որ պիտի ենթարկուի անտարբերների, ձեռնպահների…»:
«Պատմական չարիք» աշխատութեան մէջ Քրիստափոր Միքայէլեան կը վերլուծէ հայ ազգի «Social Construct»-ը, այսինքն` ընկերային կառուցուածքը, այլ խօսքով` ամբոխային տրամաբանութեան, կամ մեր որակումով, շինծու մտածողութեան զանազան չարիքները, որ Քրիստափորի համար նման են անէծքի: Քրիստափորի նման իրապաշտի մը համար դատապարտելի են ամէն օր եւ ամէն ժամ:
«Միութիւն թուրքերու հետ»
Հոկտեմբեր 1900-ին լոյս տեսած «Միութիւն թուրքերու հետ» աշխատութիւնը Քրիստափոր Միքայէլեանը կ՛ամրացնէ` իբրեւ հանճարեղ քաղաքագէտ եւ ծայրաստիճան հեռատես: Քրիստափորի համար Երիտասարդ թուրքերու կողմէ ՀՅԴ-ի ուղղուած «Միութեան» հրաւէրը գեղեցիկ միտք է, սակայն` անբաւարար: Ան կասկածի տակ կը դնէ այս հակահամիտեան խմբաւորումներուն նպատակները` մատնանշելով, որ ՀՅԴ-ն բազմիցս կոչ ուղղած է միանալու եւ այդպիսով դէմ դնելու Բարձրագոյն դրան, սակայն` ի զուր: Քրիստափոր նոյնինքն Երիտասարդ թուրքերու մամուլէն քաղելով` կ՛ընդգծէ, որ այս ընդդիմադիրները միակ չարիքը կը նկատեն սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ը, մինչ Օսմանեան կայսրութիւնը բազմաթիւ հարցերէ, անարդարութիւններէ եւ խնդիրներէ կը տառապի:
Ան նաեւ կը մերժէ Երիտասարդ թուրքերու այն մօտեցումը, ըստ որուն, հայը պէտք է պարտական զգայ այս ընդդիմադիրներուն հանդէպ, որովհետեւ անոնք պայքար կը մղեն Բարձրագոյն դրան դէմ: Քրիստափոր Միքայէլեան կը մերժէ միութիւնը, երբ այդ մէկը պիտի խեղդէ հայութեան արդար ձայնը: Աւելի՛ն. ան սուր քննադատութիւն կ՛ուղղէ այս «յեղափոխական»-ներուն` անոնց տալով հետեւեալ որակումը. «… Ծանր է խոստովանել, որ երիտասարդ-թրքութիւնը այժմ ապրուստ ճարելու, անձնական կարիէրա (Ասպարէզ, Ա.) ստեղծելու մի սինոնիմ է (հոմանիշ) դարձել Եւրոպայում: Չկան համոզուած մարդիկ, չկան անձնուրաց գործիչներ, չկան բարոյական մաքուր բնազդների տիպարներ, որոնց հետ միայն կարելի է կապուել յեղափոխական կռուի տատասկոտ ճանապարհին…»:
Քրիստափորի նպատակը կարծես քանդել է այն բոլոր կանոնները, զորս Օսմանեան կայսրութիւնը պարտադրած էր, երբ հարցը կը վերաբերի թուրք-հայ յարաբերութիւններուն, եւ այդպիսով անգամ մը եւս ան դէմ կը դնէ օսմանցիներու ստեղծած ու հայերու իւրացուցած շինծու մտածողութիւններուն: Իր նկարագիրին յատուկ համարձակութեամբ, Քրիստափոր Միքայէլեան նոյնիսկ կ՛առաջարկէ, ՀՅԴ-ի կազմակերպական հոլովոյթէն մեկնած, բարեկարգել Օսմանեան կայսրութիւնը` զայն վերածելով դաշնութեան մը, որուն հովանիին տակ բոլոր ժողովուրդները կը կազմեն անխախտ ամբողջութիւն մը` պահպանելով իրենց ներքին սահմանադրութիւնները:
Այսպէս, ՀՅԴ-ի «Միտք»-ը, այսպէս կոչուած, փոփոխութիւն քարոզող այս ընդդիմադիրներուն կ՛առաջարկէ «Օսմանեան դաշնակցութեան» մը հաստատումը: Շարունակելով` Քրիստափոր Միքայէլեան այս անգամ Երիտասարդ թուրքերը կը հրաւիրէ անկեղծանալու հայութեան հետ: Ան կը հաստատէ, որ ՀՅԴ-ն երբեք խնդիր չունի հայ յեղափոխութեան զօրակցելու փոխարէն` զօրակցելու ընդհանուր օսմանեան յեղափոխութեան. «Realist»-ի առաջարկ: Ակնյայտ է Քրիստափորի քաղաքական ճկունութիւնը եւ ճարպիկութիւնը:
Ընկերվարական գաղափարներ մէջբերելով` ան կը հաստատէ, որ աշխատաւոր դասակարգերը, որպէսզի ունենան իրենց բնականոն զարգացումը, պէտք է նախ եւ առաջ իրենց ազգերը ըլլան անկախ եւ ազատ, ինչպէս նաեւ` նշելով, որ ընկերվարութիւնը հակառակ չէ անհատի զարգացման նոյնքան, որքան որ, միջազգայնութիւնը, այս պարագային օսմանեան դաշնակցութիւն մը, հակառակ չի կրնար ըլլալ ազգերու իրաւունքներուն եւ ապրելակերպին: Քրիստափորի իրապաշտ ընկերվարութիւնը կը տեսնենք այստեղ, որ հեռու է մարքսեան «Utopic» (ցնորական) ընկերվարութենէն:
Դժբախտաբար ՀՅԴ-ի «Միտք»-ին նահատակութենէն ետք գոյացած միութիւնը իր նախատեսածին հիման վրայ չունէր ո՛չ հիմք, ո՛չ վստահութիւն, ո՛չ ալ փոփոխութեան յոյս եւ, ի վերջոյ, մեծագոյն չարիք սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի դէմ պայքարած Երիտասարդ թուրքերէն խաւ մը վերածուեցաւ մեծագոյնը գերազանցող գերագոյն չարիքի:
«Հայ-քրտական յարաբերութիւններ»
Նոյնպէս, Քրիստափոր Միքայէլեան «Հայ-քրտական յարաբերութիւններ» աշխատութեամբ կը քննէ այդ յարաբերութիւնները: Այս գործը հրատարակուած է «Դրօշակ»-ի մէջ յունիս եւ յուլիս 1901-ին:
Քրիստափոր դարձեալ կը փորձէ փոխել մտածողութիւններ եւ ստեղծել նախապէս չպատկերուած ուղիներ` միշտ փորձելով հաւասարակշռել իտէալականը եւ գործնականը: Անոր կարծիքով, քիւրտը զարգացած չէ եւ տակաւին կը պահէ նահապետական ցեղական սկզբունքներ: Այսինքն պետական կամ կազմակերպական որեւէ հասկացողութիւն չունի: Հակառակ «Realist» մտածողութեան, ան կը ճանչնար կրօնի եւ ազգութեան դերը նման յարաբերութիւններու մէջ: Ան բառացի կերպով կը հաստատէ, որ կարելի չէ ժխտել կրօնի դերը յատկապէս հայ-քրտական յարաբերութիւններուն պարագային:
Սակայն, այս բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, նաեւ նկատի առած Համիտէի գունդերուն մէջ քիւրտերու ծառայութիւնը, Քրիստափոր Միքայէլեան զարգացած հայը պատասխանատու կը նկատէ հաւանական գործակցութեան շուրջ գիտակցութիւն ներշնչելու քիւրտերուն: Ան կ՛ըսէ, որ անպայման պէտք է ըլլան քիւրտեր, որոնք կը գիտակցին հայութեան հետ գործակցելու կարեւորութեան, հաստատելով, որ հայը ցոյց կրնայ տալ, որ ինք կրնայ պաշտպանել ոչ միայն ինքզինք, այլեւ` նաեւ իր դրացիները: 1901-ին այս խօսքերը կրնային վրդովեցնել շատեր, որոնք կը յիշէին քիւրտերուն գործած ջարդերը, սակայն Քրիստափորի համար գործը եւ նպատակը գերադաս էր ամէն բանէ: Քաղաքական «Realism»-ը` իր լաւագոյն տեսակով, նոյնիսկ` այդ օրերուն հետագայ հայկական պետութեան մը համար օգտակար միտք:
«Կովկասահայի տագնապը»
Օգոստոս 1903-ին հրատարակուած «Կովկասահայի տագնապը» աշխատութեան մէջ Քրիստափոր Միքայէլեան հիմնականօրէն կ՛անդրադառնայ ցարական Ռուսիոյ այդ օրերու իրավիճակին եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` հպատակ ժողովուրդներուն դէմ իրագործուած ճնշումներուն: Այստեղ Քրիստափորի միտքը պարզ է. մէկ բռնութիւն, որքան ալ ուժեղ ըլլայ, չի կրնար բաժնել այն ժողովուրդը, որ միակամ է, գիտակից է եւ յեղափոխական ոգիի տէր է: Ան կը հաստատէ. «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները»:
Եզրակացութիւն
Այսպէս, երկու յօդուածներու ընդմէջէն վերլուծեցինք Քրիստափորի միտքերը եւ անոր մէջ թաքնուած «Socialist», «Proto-Constructivist» եւ «Realist» երեսները, որոնք միաձուլուելով` կու տան այն պատկերը, որ ՀՅԴ-ի «Միտք»-ը կը ներկայացնէ: Այս հիմքերուն վրայ է, որ Քրիստափոր կ՛արտայայտէ ՀՅԴ-ի ընկերվարական համոզումները, ազգային զգացումները, յեղափոխական ոգին եւ ժողովրդավար դրութիւններու հաստատումը` օսմանեան դաշնակցութեան մը ներքեւ: Քրիստափոր Միքայէլեանի համար կարեւոր են հայութեան բարօրութիւնը եւ զարգացումը, անկախ` պետական կառոյցէն, որ գոյութիւն ունի: ՀՅԴ-ի գլխաւոր հիմնադիրին, Բիւրոյի անդամին եւ նահատակին համար ՀՅԴ-ն բարոյապէս «Socialist», վերլուծութեամբ «Proto-Constructivist» եւ գործով «Realist» անհատներու, Քրիստափորի երկաթեայ իրապաշտութեան ուղին է:
(Շար. 2 եւ վերջ)
——
(Շար. 1)



