Սիրտս Քու Անունովդ, Արարա՛տ

«Արարատը հայութեան խորհրդանիշն է…»:
Թէկուզ դուն խլուած ես մեր ձեռքէն ու փշաթելերու ետին ձերբակալուած` թուրքերու կողմէ, սակայն դուն մեզի համար ուրի՛շ ես
Մեր ազգային կեանքը հիւսուած է քու հիմքիդ ու բարձրութեանդ վրայ, Արարա՛տ…
Մենք ճանչցած ենք մեր պատմութիւնն ու ինքնութիւնը քեզմով, քու հաստատ եւ կանգուն պատկերով:
Դուն մեզ հեռուէն կը դիտես եւ կը խրատես. «Տղա՛ս, մի՛ յանձնուիր , պայքարի՛ր, կամք եւ ուժ ունեցի՛ր»:
Առանց քեզի` չեմ երեւակայեր հայութիւնը եւ հայ ըլլալը:
Դուն մեր պատիւն ու ինքնութիւնն ես:
Մենք քեզմով կր ներշնչուինք, դուն մեր ուժը, հաւատքը եւ կամքը կ՛ամրացնես: Քեզմէ սկսաւ հայոց սրբութիւնը, երբ Նոյեան տապանը հանգչեցաւ քու լանջերուդ, եւ այսպէս, դարեր առաջ արդէն դուն սրբութիւն դարձար մեզի համար:
Բոլոր հայերուն համար յատուկ տեղ ունիս, դուն մեր թագաւորն ես, մեր հրաշքն ես:
Բոլոր հայերու ամենամեծ երազն ես, քեզ տեսնել ու ապրիլ քեզի հետ` ամենամեծ հարստութիւնն է:
Արարա՛տ, դուն իմ երազս ես, կ՛ուզեմ քեզ տեսնել եւ հիանալ քու գեղեցկութեամբդ: Երբ լսեմ, որ ուրիշներ կը խօսին քու մասիդ ու տեսած են քեզ, կը նեղուիմ, որ այդ զգացումը երբեք չեմ ապրած:
Սիրտս ես, Արարա՛տ…
ԼՈՌԻ ԱՅՆԵՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Արարատը` Մեր Գոյատեւման Վկան

Դարերէ ի վեր հայ ժողովուրդը դիտած Է Արարատը միայն մէկ կողմէն` միշտ երազելով այն օրը, երբ պիտի կարենայ զայն դիտել միւս կողմէն ալ: Արարատը ո՛չ միայն լեռ է, այլ` խոր արմատաւորուած խորհրդանիշ մը, որուն հետ յատուկ կապ մը ստեղծուած է, մանաւանդ` սփիւռքահայերուն մէջ: Ան կապ մըն է, որ դժուար է միայն բառերով ամբողջովին բացատրել. ուր որ երթաս` Հայաստան թէ աշխարհի որեւէ անկիւն, սուրբ լերան պատկերը ներկայ է: Ան մեր ինքնութեան անբաժանելի մասն է:
Այս կապը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է եւ պիտի շարունակէ փոխանցուիլ, նոյնիսկ եթէ փորձեն զայն ժխտել կամ ջնջել: Արարատը յոյսի նշան է. ան կը մարմնաւորէ ա՛յն ապագան, որ հայ ժողովուրդը անպայման պիտի ունենայ իր ամբողջական, ազատ ու անկախ հայրենիքի կերտումով, ուր ամբողջ հայութիւնը պիտի զարգանայ ու բարգաւաճի: Այս փոքր, բայց անսասան յոյսին, հայերը զօրաւոր կը կառչին եւ պիտի շարունակեն կառչած մնալ, մինչեւ որ այս երազանքը իրականութիւն դառնայ:
Մենք բոլորս կը փափաքինք բարձրանալ Արարատի գագաթը, հոն պարզել մեր եռագոյնը եւ աշխարհին, մասնաւորաբար` թուրքին, ցոյց տալ, որ մեր ինքնութիւնը անհնար է մոռցնել:
Արարատը մեզի կը յիշեցնէ, որ հայրենիքը միայն տարածք չէ. հայրենիքը հաւաքական հոգեվիճակ մըն է, որ կը միացնէ ամբողջ հայութիւնը: Երբ մենք տեսնենք լերան պատկերը` նկարի, գորգի, յուշանուէրի կամ գիրքի մէջ, մեր սիրտը յանկարծ տուն կը դառնայ: Այդ տունը կրնայ հեռու գտնուիլ, կրնայ օտար երկրի սահմանին ետեւը մնալ, բայց մեր մէջը տակաւին տուն է:
Որքան ալ ժամանակները փոխուին, քաղաքականութիւնը փոխուի, աշխարհը փոխուի, Արարատը կը մնայ ամուր, լուռ, բայց զօրաւոր վկայ մը` մեր գոյատեւման: Լեռ մը, որուն կերպարանքը սերունդներուն ուժ տուած է եւ պիտի շարունակէ տալ:
Արարատը մեր սուրբ լեռն է, ան մերն է եւ պիտի շարունակէ մեզի պատկանիլ յաւիտեանս յաւիտենից:
ԼԻՄ ԼԻՊԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ
Երկու Ափ,
Բայց` Արարատով Մէկ Սիրտ…

Ուր որ հայը կ’ապրի, հոգիին կը հետեւի լուռ պատկեր մը` Արարատ լեռը:
Լեռ մը, որուն գագաթը մառախուղի մէջ է, բայց հայուն հոգիին մէջ մաքուր ու յստակ է: Մեր անսահման կարօտի եւ ամուր պատկանելիութեան խորհրդանիշ Արարատը թէեւ այսօր ներկայ Հայաստանի սահմանին միւս կողմը կը գտնուի, բայց մեր աչքերուն մէջ ան միշտ կը մնայ մեր կողմը: Անկէ վեր կը խոյանան մեր լեռները, մեր գիւղերը, մեր նախնիներու պատմութիւնն ու աղօթքը:
Այս բարձրաբերձ լեռը յատկապէս մեզի` սփիւռքահայերուն համար, դարձած է կապ մը բեմերու միջեւ: Մենք ծնած ենք այլ երկիրներու մէջ, խօսած ենք այլ լեզուներով, բայց Արարատը մեզի սորվեցուցած է, որ կրնանք ունենալ երկու ափ, բայց` մէկ սիրտ: Կը սորվեցնէ, որ նոյնիսկ երբ հեռու ես, կարող ես մնալ մօտ, եթէ գիտես` սիրել, յիշել ու սէր փոխանցել:
Եւ այդպէս, Արարատը կը դառնայ մեզի համար ոչ միայն անցեալի խորհրդանիշ, այլ` ապագայի յոյսի աղբիւր: Ան կը յիշեցնէ, որ հայ ժողովուրդը, որքան ալ ցրուած է աշխարհի վրայ, ունի մէկ ու միասնական շունչ, որ չի կոտրիր, որովհետեւ ունի սուրբ լեռ մը, որուն նման կանգուն կը մնայ:
Արարատը մեզի կը սորվեցնէ, որ իսկական հայրենիքը միայն քու ապրած տեղդ չէ, այլ քու հոգիդ է: Եւ որքան ալ հեռու ըլլանք, որքան ալ սերունդները փոխուին, Արարատի գագաթը մեզի միշտ կ՛ըսէ.
– Վերադարձի՛ր, յիշէ՛ եւ պահէ՛ քու անխախտ հայութիւնդ:
ՍԱՐԻՆ ԱԶԶԱՄ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ
Նոյեան Տապանով` Համայն Մարդկութեան
Կեանքի Խորհրդանիշը

Արարատ լեռը ունի անսահմանօրէն մեծ նշանակութիւն հայ ժողովուրդին համար, ոչ միայն իբրեւ բնութեան գեղեցկութիւն, այլ` իբրեւ ազգային եւ հոգեւոր խորհրդանիշ: Հայերուն համար Արարատը միայն լեռ մը չէ. ան մեր պատմութեան, հաւատքի, մշակոյթի եւ ինքնութեան կեդրոնն է: Արարատը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յարատեւութիւնը եւ իր հինաւուրց արմատներուն խորութիւնը:
Սուրբ Գիրքին համաձայն, երբ մեծ ջրհեղեղէն ետք Նոյան տապանը կանգ առաւ Արարատ լերան վրայ, մարդկութիւնը իր երկրորդ սկիզբը ստացաւ հոնկէ: Այդ պատճառով ալ Արարատը կ՛ըլլայ ոչ միայն հայերու, այլ` ամբողջ մարդկութեան նոր կեանքի եւ հաւատքի խորհրդանիշ:
Արարատ լեռը ունի երկու գագաթ` Մեծ եւ Փոքր Մասիսները, որոնք կողք-կողքի կանգնած են, ինչպէս` մայր ու զաւակ: Այս պատկերին մէջ հայ ժողովուրդը կը տեսնէ մօր ու զաւկին միասնութիւնը, որ արտացոլացումն է` ընտանիքի, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան: Արարատը միշտ ալ ներշնչումի աղբիւր եղած է գրողներուն, բանաստեղծներուն եւ արուեստագէտներուն համար: Բազմաթիւ գործերու մէջ ան կը նկարագրուի իբրեւ լուռ վկան հայ ժողովուրդի պատմութեան, որուն մէջ սերունդներ յաջորդած են զիրար, բայց Արարատը մնացած է միշտ հսկայ ու անսասան:
Թէեւ այսօր Արարատ լեռը կը գտնուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս` Թուրքիոյ մէջ, սակայն ան երբեք չի բաժնուիր հայ ժողովուրդէն: Հայերուն համար ան կը մնայ սրտի մէջ` իբրեւ յաւերժական հայրենիք: Ամէն անգամ, որ հայ մը կը նայի Արարատին պատկերին` զինանշանի վրայ, գիրքերու մէջ, կամ Արարատեան դաշտէն, ան կը զգայ խոր հպարտութիւն եւ կարօտ: Արարատը կը խորհրդանշէ ա՛յն, ինչ որ հայութիւնը կը զգայ իր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հանդէպ` սէր, հաւատք եւ յոյս:
Արարատը նաեւ կը միաւորէ բոլոր հայերը աշխարհի տարբեր անկիւններէն: Ան կը դառնայ հոգեւոր կամուրջ մը, որ կը կապէ հայրենի հողը եւ սփիւռքը: Հայ ժողովուրդին համար Արարատը էապէս կը ներկայացնէ անսասան ոգի մը, որուն արմատները հազարաւոր տարիներէ ի վեր չեն կոտրուած: Ինչպէս լեռը կը մնայ ամուր, ձիւնածածկ եւ վեհ, այդպէս ալ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ գոյատեւել` պահպանելով իր մշակոյթը, լեզուն եւ արժէքները:
Արարատը կ՛ըլլայ հայ հոգիի խորհրդանիշը` հպարտ, խաղաղ եւ յաւերժ անսասան:
ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ
Արարատը`
Հայրենիքի Գաղափարին Կապը

Արարատ լեռը, որ դարաւոր յիշողութեան ու մշակութային ինքնութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած է, հայ ժողովուրդին համար կը ներկայացնէ աւելի քան բնական աշխարհագրական գագաթ մը: Ան սերունդէ սերունդ փոխանցուած յիշատակարան է, որ կը միացնէ` հայրենի բնաշխարհին պատկերները, հոգեւոր խորութիւնը եւ պատմական ճակատագիրի յարատեւ հարցադրումները: Լեռը թէեւ այսօր կը գտնուի Թուրքիոյ պետական սահմաններուն մէջ, սակայն անհետացող չէ հայութեան հոգեւոր աշխարհէն: Արարատը կը շարունակէ մնալ հայկական պատկերացումներու, գրականութեան, երգարուեստի ու ազգային խորհրդաբանութեան սիրտը: Վայր մը, որուն շուրջ կը ձեւաւորուի մշակոյթի տեւականութիւնը: Անոր մշուշով կամ ձիւնով պատուած ուրուագիծը կը մարմնաւորէ ո՛չ միայն անցեալի կորուստներու նրբին յիշեցումներ, այլեւ` տոկունութեան, արմատաւորման ու ինքնութեան պահպանման խորհուրդները:
Այս բոլորին շնորհիւ` Արարատ լեռը կը դառնայ ա՛յն կեդրոնը, ուր կը խաչաձեւուին անձնական ու հաւաքական յարգանքը, արուեստի ուժն ու հոգեւոր ակնածանքը` իր ներկայութեամբ շարունակ ապահովելով կապը հողի, պատմութեան ու հոգիներու խորքին մէջ ապրող հայրենիքի գաղափարին հետ:
ՔՐԻՍԹԵԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ
Արարատը Մերն Է

Արարատ լեռը, որ երկինք խոյացած է Հայկական Լեռնաշխարհի վրայ, միայն բարձրագոյն լեռ մը չէ, այլ սուրբ խորհրդանիշ է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին համար: Դարեր շարունակ հայերը դիտած են Արարատը` որպէս իրենց հողին, պատմութեան եւ ինքնութեան մաս մը, ինչ որ զայն կը դարձնէ հայ մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան անկիւնաքար:
Պատմականօրէն Արարատ լեռը սերտօրէն կապն է Հայաստանին: Հայ թագաւորներն ու առաջնորդները զայն նկատած են իրենց թագաւորութեան մաս կազմող իշխանութիւն, իսկ պատմաբաններ եւ գրողներ փառաբանած են իր գեղեցկութիւնը գրականութեան մէջ: Արարատը տարիներ շարունակ եղած է հազարաւոր հայկական քաղաքակրթութեան վկան, որ կ’ընդգրկուի ձեռագրերուն, աւանդութիւններուն եւ արդի Հայաստանի զինանշանին մէջ:
Մշակութային եւ հոգեւոր տեսանկիւնէն, Արարատը սուրբ տեղ ունի հայ կեանքին մէջ: Ան խորհրդանիշ է` հաւատքի, տոկունութեան եւ ազգային յոյսի: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, թուրքերը չեն կրնար յափշտակել Արարատը հայութեան սրտէն, որովհետեւ ան միշտ ալ ունի իր յատուկ տեղը` իբրեւ խորհրդանիշ ինքնութեան եւ ժառանգութեան:
Մերն է Արարատ լեռը, որ պատմութեան ու հողի անսասան կապի նշանն է:
ԺԻՐԱՅՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ
Արարատը Միշտ Ալ
Պիտի Մնայ Հայկական

Արարատ լեռը մեզի համար միայն բնութեան գեղեցկութիւն մը չէ, ան մեր պատմութեան արմատն է, մեր հաւատքին աղբիւրը եւ մեր կամքի խորհրդանիշը: Դաշնակցական պատանիներս մեծցած ենք Արարատը մեր աչքերուն մէջ ունենալով, որովհետեւ ան մեզի կը սորվեցնէ, որ հայութիւնը ունի խոր անցեալ եւ արժանապատիւ տեղ այս աշխարհին մէջ:
Թէեւ այսօր լեռը մեր սահմաններուն մէջ չէ, բայց ո՛չ մէկ քարտէս կրնայ փոխել այն ճշմարտութիւնը, որ Արարատը դարերէ ի վեր հայկական կեանքին սիրտն է: Մեր գրականութիւնը, մեր երգերը, մեր պատմութիւնը եւ մեր առօրեան շարունակ կը կրկնեն Արարատին անունը:
Արարատը դաշնակցական պատանիներուս կը յիշեցնէ, որ հայ ժողովուրդը երբեք չի մոռնար իր պատմութիւնը եւ չի հրաժարիր իր իրաւունքներէն:
Պատկանելիութիւնը չ՛որոշուիր աշխարհագրական սահմաններով, այլ` ժողովուրդի յիշողութեամբ, պայքարով եւ հայրենիքին նկատմամբ սիրով: Եւ մինչեւ այն ատեն որ հայ սիրտ մը կը տրոփէ, Արարատը միշտ ալ պիտի մնայ հայկական:
ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ « Հրայր Դժոխք» ՊՄ
Արարատը`
Լոյսի Գագաթը

Արարատ լեռը Հայկական Լեռնաշխարհի ամենագեղեցիկ հրաշքն է: Անոր գագաթը, որ միշտ ձիւնով ծածկուած է, մեզի համար միշտ յոյս ներշնչող է ու անսահման գեղեցկութիւն է:
Երբ մենք կը նայինք Արարատին, կը տեսնենք մեր հայրենիքի ուժն ու ապրելու կարողութիւնը: Անոր ներկայութիւնը մեր հոգիներուն մէջ կ՛արթնցնէ յաւերժութեան մեծ զգացում մը:
Արարատը մեզի ցոյց կու տայ, որ մեր ապագան պայծառ պէտք է ըլլայ, ինչպէս` լերան գեղեցիկ լոյսը:
ԿԱՐԷՆ ԱՐԵՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ՊՄ
Արարատը` Մեր Յոյսը
Արարատ լեռը մեզի համար ամէն ինչ է: Ան մեր պատմութիւնն է, մեր հոգին ու հպարտութիւնն է:
Մենք կը հաւատանք, որ Արարատի վրայ հանգստացաւ Նոյեան տապանը, ու այնտեղէն սկսաւ մեր ազգային կեանքը: Այսօր թէեւ ան Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի, բայց մեր սրտերուն մէջ միշտ հայկական պիտի մնայ:
Արարատը ազատագրելու համար պէտք է ամուր պահենք մեր լեզուն ու մեր մշակոյթը: Երբ մենք գիտենք մեր պատմութիւնն ու կը մնանք հայ, մենք կը պահպանենք Արարատը` մեր ազգային խորհրդանիշը, որուն անպայման պիտի հասնինք…
ԱԼԵՔՍ ՉԵՐՔԵԶԵԱՆ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ՊՄ


