Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափորեան Փիլիսոփայութիւնը (1). Երկաթեայ Իրապաշտութիւն

January 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

1890-ին ծնունդ առած Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը անմիջապէս, կարճ ժամանակ ետք, կը վերանուանուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, որուն կազմակերպական ապակեդրոնացումը, այսինքն` ցանցային գործունէութիւնը, հիմնուելով կեդրոնացեալ նպատակներու վրայ, կը դառնայ հայ ժողովուրդի զարթօնքի երթը ամբողջացնող հիմնական շարժումը: Այս կազմակերպութեան հիմնադրութեան մէջ իրենց բաժինը ունեցան բազմաթիւ դէմքեր, սակայն ոեւէ դէմք նոյնքան կեդրոնական դեր չունեցաւ, որքան Քրիստափոր Միքայէլեան` «Միտք»-ը:

Ըմբռնելու համար Քրիստափոր Միքայէլեանը պէտք է անդրադառնալ ոչ միայն իր գործին, այլ նաեւ` իր միտքերուն, նիւթերը քննելու եւ ներկայացնելու ձեւին եւ ՀՅԴ-ի ամբողջ գոյութեան անհրաժեշտութիւնը բանաձեւող հաստատումներուն: Հետեւաբար հիմնականօրէն անդրադարձ պէտք է կատարել «Ամբոխային տրամաբանութիւն», «Պատմական չարիք», «Միութիւն թուրքերու հետ», «Հայ-քրտական յարաբերութիւնները» եւ «Կովկասահայ տագնապը» աշխատութիւններուն, որոնք յաջորդաբար հրատարակուած են «Դրօշակ»-ի էջերուն մէջ 1900-1903 թուականներուն:

Ապրիլ 1900-ին լոյս տեսած «Ամբոխային տրամաբանութիւն» աշխատութիւնը զուգադիպութիւն չէր: Քրիստափոր Միքայէլեան իր այս գրութեան ընդմէջէն կու գայ ներկայացնելու եւ հիմնաւորելու ոչ միայն ՀՅԴ-ի, այլ նաեւ` ամբողջ հայ յեղափոխական շարժման կարեւորութիւնը եւ դերը հայ կեանքէն ներս` մերժելով այն բոլոր քարոզչութիւնները, որոնց համաձայն, հայ յեղափոխականները իբր թէ ուղղակի եւ իսկական պատճառն են 1890-ական թուականներուն սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի գործադրած ջարդերուն: Քրիստափոր առաջին հերթին կը դատապարտէ ամբոխային տրամաբանութիւնը, որուն համաձայն, «…ամէն մի երեւոյթ, որին հետեւում է մի ուրիշը` անմիջական պատճառ է այդ հետագայ երեւոյթի» (Post hoc, ergo propter hoc): Իրականութեան մէջ Քրիստափոր Միքայէլեան ամբոխային տրամաբանութիւնը վտանգաւոր կը նկատէ, որովհետեւ շինծու մտածողութիւն մըն է, եւ` ոչ տրամաբանութիւն:

«Constructivism» (կառուցողական) քաղաքական մտածողութիւնը կը հաստատէ, որ հաւաքականութիւնները, կամ նոյնիսկ պետութիւններու միջեւ իրականացուող յարաբերութիւնները արդիւնք են դարեր շարունակ կազմուած սովորութիւններու, միտքերու փոխանակումներու եւ փոխշփումներու: 1980-ական եւ աւելի ուժեղ 1990-ական թուականներուն մէջտեղ եկած քաղաքական այս մտածողութեան սկզբնական հետքերը կը տեսնենք քրիստափորեան փիլիսոփայութեան մէջ, կամ` «Proto-Constructivism»-ի իբրեւ մեթոտաբանութիւն: Քրիստափոր կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան ընկերագաղափարական իրականութեան հաստատած ամբոխային տրամաբանութիւնը: Յաւելեալ հիմնաւորելու համար այս վերլուծումը, կը նշենք, որ Քրիստափոր «Proto-Constructivism»-ի աննուղակի օգտագործում կատարած է` ներկայացնելով եւրոպացի բազմաթիւ մտաւորականներու կարծիքները եւ վերլուծումները հայկական կոտորածներու դրդապատճառներուն մասին, որոնք բոլորն այլ հայ յեղափոխական շարժումը անմեղ կը նկատէին ու կը մատնանշէին այլ պատճառներ, որոնց շարքին են`

Ա.) Հայերուն հետ ազատ ու հաւասար պայմաններու մէջ մրցելու թուրքերու անկարողութիւնը:

Բ.) Հայութեան մտաւոր-բարոյական զարթօնքը, որ թուրքերուն համար համահաւասար է կայսրութեան կործանման:

Գ.) Հայկական նահանգներու սահմանային կապը Բարձրագոյն դրան մրցակից Ռուսիոյ հետ, ինչպէս նաեւ հայկական նահանգներուն մէջ իրականացուելիք բարեկարգումներուն շուրջ Ռուսիոյ հաւանական միջամտութիւնները:

Դ.) Եւրոպական մնացեալ պետութիւններու միջամտելու ձեւական պատրաստակամութիւնը, սակայն` գործնական բացակայութիւնը, որ յաւելեալ համարձակութիւն կու տայ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ին` իրականացնելու համար իր ծրագիրները:

Այստեղ Քրիստափոր Միքայէլեան օսմանեան շինծու մտածողութիւնը կը փորձէ փոխարինել հակաօսմանեան մտածողութեամբ` հիմնուելով օտար մտաւորականութեան ներկայացուցած թեզերուն վրայ` իբրեւ ներկայացուցիչներ դարեր առաջ զարթնած եւրոպական մտածողութեան: Յաւելեալ ճեղք մը բանալու նպատակով եւս Քրիստափոր Միքայէլեան կը մէջբերէ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը խօսքը, որուն հիման վրայ Օսմանեան կայսրութիւնը ծրագրած էր հայերը ամէն պարագայի ջարդել, պարզապէս որովհետեւ եւրոպական պետութիւնները բարեկարգումներ կը պարտադրէին Բարձրագոյն դրան: Նպատակը պարզ է. ճեղքել օսմանեան շինծու մտածողութիւնը օսմանցիներու լեզուով: Հետեւաբար «Proto-Constructivism»-ի միտքերու ուղղակի շփումը կը փոխարինուի անուղղակի շփումներով եւ Քրիստափոր Միքայէլեանի կողմէ ղեկավարուած բանավէճերով:

Շարունակելով` Քրիստափոր Միքայէլեան ընկերայինէն կը բարձրանայ պետութիւններու մակարդակին: Այստեղ ան կը ներկայացնէ այն երեւոյթը, որ Ռուսիոյ մէջ հայութիւնը կը նկատուի ամէնէն հաւատարիմ, խոնարհ ու կարգապահ ժողովուրդներէն մին, սակայն անոնք ենթարկուեցան ճնշումներու, գրաւուեցան անոնց կալուածները, փակուեցան դպրոցները, նոյնիսկ կաշկանդումի ենթարկուեցաւ եկեղեցին: Միաժամանակ, տակաւին հայերուն դաշնակից համարուող Ռուսիան սիրալիր եւ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէ իբր թէ իր թշնամի Օսմանեան կայսրութեան հետ: Քրիստափոր Միքայէլեանի միտքը պարզ է. առաջին հերթին` վերահաստատել, որ հայ յեղափոխական շարժման գոյութիւնը չէ, որ պատճառեց հայութեան հալածանքը, այլ` ընկերատնտեսական զանազան նկատառումներ եւ ներպետական կրօնական-ժողովրդագրական հաշիւներ: Աւելի՛ն. Քրիստափոր աննուղակի կոչ կ՛ուղղէ` առաջնորդուելու «իրապաշտ» մտածողութեամբ, այսինքն` ըմբռնել, որ պետութիւնները իրենց շահերը գերադաս կը նկատեն մարդկային կամ ընկերային որեւէ այլ հարցերէ, ինչպէս նաեւ` հաստատել, որ պետութիւնները առիթներ պէտք չունին փնտռելու, երբ կարողութիւնը ունին զանոնք ստեղծելու կամ յօրինելու. այլ խօսքով, «Casus Belli»-ներ (պատրուակներ) կը ներկայանան, երբ շահերը կամ պայմանները նպաստաւոր են, երբեք` զուգադիպութեամբ կամ «Post hoc, ergo propter hoc» ամբոխային նեղ տրամաբանութեամբ: Այս պարագային Քրիստափոր կը համախմբէ քաղաքական երկու մտածողութիւններ «Proto-Constructivism» եւ «Realism» (իրապաշտութիւն):

Բնականաբար, յաւելեալ հիմնաւորելու համար իր միտքերը, Քրիստափոր Միքայէլեան անդրադարձ կը կատարէ Պուլկարիոյ, Սերպիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ ապստամբած այլ ժողովուրդներու, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ աւելի քան դար մը անդուլ պայքար մղած են Բարձրագոյն դրան դէմ եւ` անկախութիւն հռչակած: Քրիստափոր այս օրինակները կը մէջբերէ բացատրելու համար, թէ ինչպէ՛ս այս ճնշուած ու թալանուած բոլոր ժողովուրդները յաջողեցան ոտքի կանգնիլ եւ թօթափել օսմանեան լուծը:

Ընկերվարական կամ «Socialist» մտքի գլխաւոր ներկայացուցիչ Քարլ Մարքս կ՛ըսէ, որ ճնշուած եւ օգտագործուած աշխատաւոր դասակարգը պէտք է միանայ եւ ապստամբի զինք գերի բռնած դրամատէրերուն դէմ: Աշխատաւորները հայերն են եւ օսմանեան լուծին ենթակայ մնացեալ ազգերը, իսկ դրամատէրը` Բարձրագոյն դուռը: Յաւելեալ նմանութիւն մը այն մօտեցումն է, որ ընկերատնտեսական իմաստով օսմանեան լուծին տակ ապրիլը անկարելի էր, որովհետեւ շահագործումը հասած էր անտանելի աստիճանի եւ հայութեան համար, ինչպէս նաեւ` Մարքսի աշխատաւորական խաւին համար, կար երկու ընտրանք` կա՛մ բնաջնջում,  կա՛մ դիմադրութիւն: Այսինքն Մարքսի դասակարգային պայքարը այստեղ կը վերածուի պետական դասակարգի եւ հակապետական դասակարգերու պայքարի: Յաւելեալ, Քրիստափոր կը մատնանշէ մարքսեան այլ հասկացողութիւն մը, որուն հիման վրայ ճնշուած ժողովուրդի շարքերէն ներս պէտք է ըլլայ միակամութիւն, որուն խիստ պակասը կը տեսնէ ան մեր իսկ ժողովուրդին մէջ:

Վերադառնալով «Realist» (իրապաշտական) ոճին, Քրիստափոր Միքայէլեան իր աշխատութեան մէջ յստակօրէն կը հաստատէ, որ ռուսը, Անգլիան եւ ընդհանուր Եւրոպան շահերու առեւտուրի եւ քաղաքական շատ անգամ բարոյականութենէ զուրկ հաշիւներու մէջ մխրճուած են: Ան կ՛ըսէ. «Թող դրոշմէ ուրեմն պատմութիւնը ժամանակակից Եւրոպայի ճակատին հրէշաւոր դաւաճանութեան յաւիտենական արատը…»: Այսինքն քրիստափորեան մտածողութիւնը կը հաստատէ նոր ընկերային մտքի կառուցուածք, որուն հիման վրայ հայը պէտք է մշակէ դաշինքներ` ըլլալով հեռատես ու ճանչնալով, որ քաղաքականութիւնը հրէշներու դաշտն է:

Իր եզրակացութիւններուն մէջ Քրիստափոր Միքայէլեան կը կատարէ երկու կարեւոր հաստատումներ.

Առաջին. «Այո՛, չկայ աշխարհումս ոչ մի աւելի կրթիչ օրինակ, քան, գործերի կենդանի օրինակը»:

Երկրորդ. «Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայելով երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին,- ահա ուր է մեր փրկութեան բանալին»:

Յստակ է բոլորին, որ Քրիստափոր Միքայէլեան գործի մարդ էր, որուն իբրեւ արդիւնք` իր աշխատութեան մէջ մարտահրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր այն դժգոհներուն, հակայեղափոխականներուն, անտարբերներուն եւ քննադատողներուն` ներկայացնելու ծրագիրներ, աշխատելաձեւեր կամ մտքեր, որոնք կրնային աւելի ազդու ըլլալ իրականացնելու համար հայ յեղափոխական շարժման նպատակները: Քրիստափոր ջանք կը թափէ աւելի եւս ճեղքելու քարացած ամբոխային տրամաբանութիւնը կամ Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ ոչ օսմանցիներու պարտադրուած շինծու մտածողութիւնը: Քրիստափոր կը մղէ բոլորը` նպաստելու աշխատանքին եւ դուրս գալու խոր թմբիրէն, ցոյց տալու «մարդավայել» նշոյլ մը:

Աւարտին Քրիստափոր Միքայէլեան կը պարզաբանէ, որ լռութեամբ ոչ մէկ արդիւնք կարելի է ունենալ եւ նոյնիսկ փոքր մակարդակի աշխատանք մը, որ կը ծառայէ գերագոյն նպատակի, ունի իր արժէքը: «Socialist», «Proto-Constructivist» եւ «Realist», իրարմէ անջատ քաղաքական մտածողութիւններէն հետքեր կը գտնենք «Ամբոխային տրամաբանութիւն» աշխատութեան մէջ, ինչ որ անակնկալ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ գործի կենդանի օրինակներով առաջնորդուող ղեկավարը պէտք է ունենայ նոյնքան իրապաշտ, նոյնքան հեռատես, նոյնքան միակամ եւ նոյնքան ամուր մտածողութիւն: Պէտք է ունենալ քրիստափորեան երկաթեայ իրապաշտութիւնը…

(Շար. 1)

 

 

 

Նախորդը

Պրիսմակէս. Ո՞վ Ես Դուն, Իտա Քար (1908-1974)

Յաջորդը

Պատանիին Էջը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.