Լոյս տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 45-րդ հատորի երկրորդ թիւը, որ 516 էջերուն մէջ կը բովանդակէ խմբային հարցազրոյց մը, ուսումնասիրութիւններ, նուիրուած` հայ արուեստին, լեզուաբանութեան, երաժշտութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան, գրաքննադատութեան, պատմութեան, Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ` մէկ հրապարակում, երեք հաղորդումներ եւ աշխատակիցներու համառօտ կենսագրականները:
1970-ին հրատարակուիլ սկսած «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը կը հրատարակուի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին կողմէ: Մինչեւ 2022 անիկա լոյս կը տեսնէր իբրեւ տարեգիրք, իսկ այնուհետեւ անիկա սկսաւ լոյս տեսնել իբրեւ վեցամսեայ: Ստորեւ` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 45-րդ հատորի երկրորդ գիրքին բովանդակութիւնը.
– Հարցում-պատասխան` Կարէն Ճալլաթեանի, Արքմենիկ Նիկողոսեանի, Թամար Պոյաճեանի եւ արհեստական բանականութեան հետ` «Արդի սփիւռքահայ գրականութիւնը» նիւթով:
– Վահրամ Լ. Շէմմասեան, «Մուսա Լերան գիւղերուն թաղամասերը, ընտանիքներն ու աշխատանքը»:
– Զաւէն Կնեազեան, «Հաճընի երգարուեստը»:
– Գագիկ Մարտոյեան, «Ձկնակերպ վիշապը եւ անգին քարը հայ բանահիւսութեան մէջ եւ աստղային երկնքում»:
– Տաթեւ Բադալեան, «Հայաստանը Եւրոտեսիլում»:
– Մանէ Խառատեան, «Էջեր հայկական ռոքի պատմութիւնից, մաս Գ.-հայկական ֆոլք-ռոքը որպէս ինքնութեան կրող»:
– Արփի Վարդումեան, «Եղիա Տնտեսեանի նորայայտ անստորագիր գիրքը»:
– Անի Մխիթարեան, «Հայկական կրկնագլուխ արծուի ծագումնաբանութեան շուրջ»:
– Արտակ Ասատրեան, «Արծաթը գրաւոր աղբիւրներում եւ հայ ժողովրդական ընկալումներում (պատմա-ազգագրական համառոտ ակնարկ)»:
– Ազնիւ Չիլինգարեան, «Իրականութեան պատկերներ արդի հայ արձակում»:
– Միհրան Մինասեան, «Հայերէն անծանօթ հրատարակութիւններ (Լրացուցիչ ցուցակ հայ տպագիր գիրքի մատենագիտութեան)»:
– Եուրի Աւետիսեան, «Զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցների ժանրեր եւ ոճ. ժանրային բազմազանութեամբ պայմանաւորուած ոճական
բազմազանութիւն»:
– Վարդան Մատթէոսեան, ««Իտալացի աղջկայ երգ» բանաստեղծութենէն մինչեւ «Մեր հայրենիք» օրհներգը:
– Կարէն Մկրտչեան, «Կրթական գործի կազմակեպման հարցը Իրանի հայօճախում»:
– Արմինէ Վահանեան, Թեհմինէ Մարտոյեան, «Վերապրողներու օրագրութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու ինքնարժեւորումի եւ հակազդեցութեան ներքին մեքանիզմներու հայելիներ»:
– Ֆաթիմա Սալահ, «Ինքնութեան սահմանը` փաստաթուղթերու եւ առօրեայ կեանքին միջեւ»:
– Վահէ Պօղոսեան, «Անգլիահայ գաղութին քաղաքականացումը. պատերազմը ի՞նչ տարողութեամբ փոխակերպեց անգլիահայերուն քաղաքական ինքնութիւնը 1913-1920 շրջանին»:
– Նարինէ Ս. Յակոբեան, «Համիդեան կոտորածները Տրապիզոնում 1895-ին»:
– Գոռ Ղազարեան, Հայկ Նազարեան, «Հայ-իրանական ռազմական համագործակցութիւնը ԺԸ. դարի 20-30-ականներին»:
– Յասմիկ Քելիկեան Պարան, «Չիթճեան ըՆտանիքին հաւաքածոն Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի ճիւղին մէջ»:
– Սուսաննա Ադամեան, «Հայ Եկեղեցու երախտաւորները. Սարգիս արքեպիսկոպոս Ջալալեանց (1810-1879)»:
– Անդրէյ Պասլարիու, «Մանուկի իջեւանատունը Բուխարեստում»:
– Միհրան Գալստեան, Յասմիկ Աբրահամեան, «Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի աշխատութիւններ (ՀԱԻԱ) – 6»:
– Արծուի Բախչինեան, «Անուշ Ասլիբէկեան, Վիլեամ Սարոյեանի դրամատուրգիայի բնոյթը եւ հայ բեմը»:
Գիրքը կարելի է ներբեռնել Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԱԱ գրադարանի ու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի հետեւեալ կայքէջերէն flib, arar.sci, tert.nla


