Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները. Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը

January 28, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անտիոք մեմլուքներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին աստիճանաբար սկսաւ անշքանալ: Քրիստոնէական մշակոյթի երբեմնի կեդրոն եւ հոծ բնակչութեամբ քաղաքը, Որոնդէս գետի արեւելեան ափին, Գուսէյր լերան ստորոտը, բերրի հողերով, այգիներով եւ ձիթաստաններով շրջապատուած, որ անցեալին 200-էն 250 հազար բնակչութիւն ունեցած էր, գաւառական կեդրոնի վերածուեցաւ:

Անտիոքի լատին պատրիարքութիւնը մեմլուքներու կողմէ քաղաքի գրաւումէն ետք, 1268-ին, Հռոմ տեղափոխուած էր: Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան այնուհետեւ Անտիոքի լատին տիտղոսաւոր պատրիարքներուն աթոռանիստը դարձաւ (տիտղոսաւոր վերջին պատրիարքը` Ռոպերթօ Վիչենթինի 1953-ին վախճանեցաւ, եւ 1964-ին պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս ջնջուեցաւ):

Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութիւնը 1342-ին Դամասկոս փոխադրուեցաւ եւ Մարիամիէ եկեղեցին աթոռանիստ դարձաւ:

* * *

Լենկթիմուր 1400-ին ներխուժեց Սուրիա, նուաճեց մեմլուքներու բանակը եւ գրաւեց Հալէպն ու Դամասկոսը: Սկսան զանգուածային ջարդերը, իսկ քրիստոնեաները ծանր կացութեան մատնուեցան:

Նոյն ժամանակ թուրքմէն ցեղերը զօրացան եւ սկսան յարձակումներ կազմակերպել Անտիոքի վրայ: Գարամանօղլու եւ Ռամազանօղլու աշիրէթները Ալաէտտին եւ Իպրահիմ բէկերու գլխաւորութեամբ կռուի բռնուեցան մեմլուքներուն հետ:

Տեւական պատերազմներու եւ անապահովութեան պայմաններուն տակ Անտիոքէն եւ այլ շրջաններէ հայեր լեռնային եւ յարաբերաբար աւելի ապահով վայրեր փոխադրուեցան եւ հաւանաբար անոնցմէ ոմանք Քեսապ ապաստան գտան:

* * *

Օսմանեան սուլթան Սելիմ Ա. 24 օգոստոս 1516-ին, Հալէպի մօտ, Մարժ Տապէքի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց մեմլուքներու բանակը: Մեմլուք սուլթան Աշրաֆ Գանսօ Ղուրի ինկաւ պատերազմի դաշտին վրայ եւ անոր յաջորդեց սուլթան Աշրաֆ Թուման բէկ, որ շարունակեց պատերազմը:

Օսմանցիներու յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը հրետանին էր, որ այդ ժամանակ աշխարհի լաւագոյնը կը նկատուէր:

Օսմանեան բանակը գրաւեց Հալէպը, Անտիոքը եւ արագօրէն յառաջանալով, հոկտեմբեր 9-ին` Դամասկոսը եւ մտաւ Պաղեստին:

Մեմլուք սուլթան Աշրաֆ Թուման բէկ նոր բանակ հաւաքեց, բայց Կազայի մէջ պարտուեցաւ օսմանցիներէն:

Սուլթան Սելիմ Ա. 1517 յունուարին մտաւ Եգիպտոս եւ քալեց Գահիրէի վրայ: Ռիտանիայի ճակատամարտին, յունուար 22-ին, մեմլուք բանակը ծանր հարուած ստացաւ: Մայրաքաղաքին շուրջ քանի մը օրուան կռիւներէ ետք, փետրուար 3-ին սուլթան Սելիմ մտաւ Գահիրէ: Աշրաֆ Թուման բէկ յաջողեցաւ փախուստ տալ, եւ վերակազմելով իր ուժերը քանի մը օր ետք փոքրիկ ջոկատով ներխուժեց Գահիրէ. սկսաւ կատաղի սպանդը: Մէկուկէս  ամսուան պայքարէ ետք Աշրաֆ Թուման բէկ մարտ 26-ին գերի ինկաւ եւ ապրիլ 13-ին մեմլուք մեծամեծներու հետ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Սուլթան Սելիմ Ա. ստացաւ Մեքքէի եւ Մետինէի բանալիները եւ սուրբ քաղաքներու ծառայի կոչումը: Քանի մը տարուան ընթացքին ան աւելի քան կրկնապատկեց Օսմանեան կայսրութեան տարածքները: Մահացաւ 1520-ին:

* * *

Մեր նախնիներուն, ինչպէս նաեւ Քեսապի շրջակայ թուրքմէններուն մօտ պահպանուած աւանդութեան համաձայն, սուլթան Սելիմի թագաւորութեան ժամանակ բարգաւաճեցան շրջանի բնակավայրերը: Կը պատմուէր, որ այս ժամանակ տարբեր վայրերէ հայ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ թուրքմէն աշիրէթներ եկած եւ բնակութիւն հաստատած են շրջանին մէջ:

Հողերու, արօտավայրերու պատկանելիութեան գծով կ՛ըսուէր, որ սուլթան Սելիմ այս կամ այն հողատարածքը կամ արօտավայրը այս կամ այն ընտանիքին, գերդաստանին, աշիրէթին տուած է, կամ այս հողատարածքին, այն արօտավայրին սահմանը սուլթան Սելիմ գծած է:

Մուսալագ գիւղի շրջակայ հողերու, արօտավայրերու պատկանելիութեան գծով օսմանեան վաւերաթուղթեր պահպանուած էին: Կ՛ըսուէր, որ այդ վաւերաթուղթերը շատ հին էին եւ մինչեւ սուլթան Սելիմի ժամանակները կը հասնէին:

* * *

Թուրքմէն աշիրէթները սկսան զօրանալ Քեսապի յարակից շրջաններուն մէջ: Ցեղապետ աղաները, յենած` իրենց աշիրէթական զինուած ուժերուն, նոր հողեր ու գիւղեր սկսան նուաճել եւ ոչ աշիրէթական գիւղացիներէն, ռայա նկատուող բնակիչներէն ու քրիստոնեաներէն տուրքեր գանձել: Աշիրէթները նաեւ յաճախ իրարու դէմ ցեղախմբային կռիւներ կը մղէին:

Պայըրի եւ Պուճաքի թուրքմէնները օսմանեան իշխանութիւններուն նեցուկը ապահովեցին եւ պարտականութիւն ստացան հսկելու դէպի Մեքքէ եւ Մետինէ հաճի ուխտաւորներու ապահովութեան:

Թուրքմէններու զօրացման եւ տարածման պայմաններուն տակ նուսէյրիներ (կամ ալեւիներ, որոնք քեսապցիներու կողմէ թաթ անունով ճանչցուած են) Նուսէյրի լեռներէն քշուեցան դէպի ծովեզերեայ շրջաններ: Անոնցմէ ոմանք հասան Ռաս Պասիթ (որ Միջերկրականի ափին պարսպապատ հին բնակավայր եղած է) եւ տարածուեցան Քեսապի յարակից շրջաններուն մէջ` մինչեւ Անտիոք եւ Ալեքսանտրէթ:

Ճսըր Շուղուր, Որոնդէս գետի ափին, առեւտրական ճամբու վրայ, կարեւոր կայան եւ շուկայ էր: Քրտական աշիրէթներ յաճախակի յարձակումներ կազմակերպելով կը հասնէին  այդ կողմերը: Հետագային քրտական Ռոսթոմ աշիրէթը իշխանութիւն հաստատեց, իբրեւ կեդրոն ունենալով Ճսըր Շուղուրը: Ռոսթոմներու իշխանութիւնը կը հասնէր մինչեւ Քեսապի մօտակայքը` Օրտու եւ Գուսէյր:

* * *

Քեսապ, Կասիոս լերան լանջին, զուտ հայաբնակ գիւղը հետզհետէ ընդարձակուեցաւ եւ Հաճընէն, Զէյթունէն, Մարաշէն, Պէյլանէն ու այլ վայրերէ եկած նոր վերաբնակիչներով ստուարացաւ:

Մեր պապերը կը հաստատէին, որ Քեսապի բնակչութիւնը ժամանակի ընթացքին խառնուած է եւ հետագային եկողները տեղացիներուն բարբառը, բարքերն ու սովորութիւնները որդեգրած են: Կարգ մը գերդաստաններու մօտ պահպանուած են իրենց նախահայրերու որ շրջանէն եկած ըլլալու մասին աւանդութիւններ:

Հին տոհմերը ժամանակի ընթացքին ճիւղաւորուած եւ տարբեր ազգանուններով ճանչցուած են:

Քեսապի մէջ գերդաստանները համախումբ ապրած են: Տուները, լերան թիկունքին, ոմանք` կէս գետնափոր, իրարու փակած էին: Փողոցները նեղ ու դարձդարձիկ էին: Կասիոսի բարձունքէն գահավիժող առուն Քեսապի մէջէն հոսելով գիւղը երկու` արեւելեան ու արեւմտեան թաղերու կը բաժնէր:

Քեսապի հայերը երկրագործներ, անասնապահներ եւ արհեստաւորներ էին: Անոնք հետզհետէ նոր հողեր ձեռք ձգեցին, գնեցին եւ շրջակայքին մէջ ագարակներ հաստատեցին, որոնք այնուհետեւ կազմաւորուեցան իբրեւ առանձին գիւղեր: Արհեստներէն զարգացան դարբնութիւնը, ատաղձագործութիւնը, կօշկակարութիւնը, ջուլհակութիւնը, մաղագործութիւնը եւ դերձակութիւնը: Ամէն արհեստ ժառանգաբար որդի ի հօրմէ կը փոխանցուէր:

Գալատուրանի հովիտը խիտ անտառներով ծածկուած էր եւ մեր պապերը կը պատմէին իրենց մեծերէն լսածը, որուն համաձայն ծառէ ծառ մագլցելով մինչեւ Չալմա կարելի էր բարձրանալ: Կը պատմուէր նաեւ որ Քէլ Ահմէտ անունով աղա մը Քեսապէն արեւմուտք տարածուող գօտիին մէջ հողատէր եղած է, որուն հողերը հետագային քեսապցիք գնած են: Գալատուրանի հովիտին մէջ, Գարատաշի մօտ տարածուող կալուածները Քլախմէտ կը կոչուին:

Կասիոսի բարձունքները, Կերճեւոտի  արեւակող լանջերը խոտառատ արօտավայրեր են: Մեր մեծերը կը պատմէին, որ սկիզբը երկու բորոտ այծերով մեր տոհմի նախնին Կերճեւոտի բարձունքներուն սկսած է անասպահութեան. այծերէն իւրաքանչիւրը ամէն տարի զոյգ-զոյգ ծնանած են, եւ այդպէսով այծերու բուծանումը ընդհանրացած է:

Կասիոսի արեւմտեան լանջին, Մուսալագ գիւղի թուրքերը լերան արեւելեան կողմը գտնուող Չանտըր գիւղի բնակիչներուն ցեղակից են եւ չանտըրցի կը կոչուին: Մուսալագի շրջակայքը ընկուզենիներով ծածկուած են: Գիւղին մէջ քեսապցի քանի մը ընտանիքներ կալուածներ եւ տուներ ունէին: Չանտըրցիներ եւ հայեր փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացուցին, ճանչնալով իրարու աղայութիւնը:

Քեսապի բնակիչները ցերեկը իրենց շրջակայ ագարակներուն մէջ կ՛աշխատէին, իսկ երեկոյեան Գիէղ (Գիւղ) այսինքն` Քեսապ կը վերադառնային: Համատարած անապահովութեան պայմաններուն տակ անոնք խոհեմութիւն չէին նկատեր իրենց ագարակներուն մէջ գիշերելու: Հետագային, աւելի ուշ կազմաւորուեցան շրջակայ գիւղերը:

Քեսապցի կարգ մը ընտանիքներ առեւտուրով կը զբաղէին: Ոմանք առեւտրական կապեր ունէին Եգիպտոսի հետ: Մսըրցենց գերդաստանը Եգիպտոսի հետ առեւտրական գործառնութիւններ հաստատած առաջին ընտանիքը եղած է: Մսըրցենց հետ գործակից եղած է Եսայի աղա: Ծխախոտ եւ երկրագործական ու անասնապահական արտադրութիւններ առագաստանաւերով Եգիպտոս կը տանէին եւ ֆրանկներու հետ փոխանակումներ կը կատարէին: Ֆրանկներ Եսայի աղայի պատրաստած համեղ ճաշը ուտելով իրարու «մանժէ» (կերէք) ըսած են, եւ այնուհետեւ Մանճէ Եսայի աղայի եւ գերդաստանին մականունը դարձած է:

Քեսապ եւ Ճսըր Շուղուր Լաթաքիայէն Անտիոք տարածուուղ գօտիին մէջ գլխաւոր շուկաներն էին: Քեսապցի փերեզակներ Պազարէն (այսինքն Ճսըր Շուղուրէն) էշերով ապրանք կը բերէին եւ մինչեւ հեռաւոր գիւղեր շրջագայելով առեւտուր կ՛ընէին:

Ջորեպանները արտաքին աշխարհին հետ գլխաւոր կապն էին: Անոնք լաւ ծանօթ էին երկրի չորս կողմերուն, գիւղերուն ու քաղաքներուն: Կային ջորեպաններ, որոնք մինչեւ Պոլիս եւ Եգիպտոս ուղեւորութիւններ կը կատարէին:

 

 

Նախորդը

Արարատը՝ Մեր Ժողովուրդի Խորհրդանիշը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը
Պատմական

Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը

January 21, 2026
Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան
Պատմական

Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան

January 14, 2026
Արցախը Հայաստանի Վերամիաւորելու Երկարատեւ Պայքարը
Պատմական

Արցախը Հայաստանի Վերամիաւորելու Երկարատեւ Պայքարը

December 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.