Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայկական Բանակի Անկրկնելի Հրամանատարի Կերպարին Դիմաց Կամ` Ինչո՞ւ Կը Յամենայ Սփիւռք Այցելելու Նախաձեռնութիւնը (28 Յունուար)

January 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Բացառիկ հերոս հրամանատարներ ունեցած ենք, պէտք է մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ արձանագրուին, եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուի անոնց հերոսութիւնը»:

Գնդապետ ՀԱՅԿ ԱՍՐԻԵԱՆ
(Armenian Public TV – 2021)

Վաւերագրական հաղորդաշարի մը ընթացքին  արձանագրուած գնդապետին վերեւի խօսքն ու պատգամը մեր յուզաշխարհը խռովեցին այն առումով, որ ան կ՛ակնարկէր հրամանատարի մը, որ մասնակից է եղած արցախեան երեք պատերազմներուն եւ ցոյց տուած այնպիսի քաջութիւն եւ հմտութիւն, սէր ու գուրգուրանք, հաւատք ու հայրենասիրութիւն, որոնցմով կրցած է հմայել, հոգեզինել եւ յարգանք պարտադրել բազմաթիւ զօրագունդերու, որոնք հանդէս են եկած իր հրամանատարութեան տակ ու պատուաբեր յաղթանակներ արձանագրած:

Թէ ինչո՞ւ հրամանատարին անունը չուզեցինք յիշել, պարզապէս որովհետեւ ան կը գտնուի շարքին հարիւրաւոր հրամանատարներու, որոնք` ծառայելով հայկական բանակին մէջ, իրենց կարգին, գերազանցած են իրենք զիրենք եւ ցոյց են տուած առասպելական արիութիւն եւ նուիրում յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:

Անոնցմէ շատեր հանգիստ կը ննջեն Եռաբլուրի սուրբ հողին մէջ:

Այո՛, բարեբախտութիւն է նման դաստիարակիչ հաղորդաշարերու ներկայացումը` առաջին հերթին ծանօթանալու հայածին հերոսներու եւ հրամանատարներու կեանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ պատեհ առիթ է, որ նորահաս սերունդը մօտէն ճանչնայ եւ ոգեւորուի նմանատիպ հայորդիներու հերոսապատումներով:

Հերոսապատում, որ մեր ժողովուրդին թագն ու պսակը հանդիսացաւ, հպարտութիւն ներշնչող ամէնէն ազդու զրահը եղաւ, որովհետեւ հայու դարաւոր երազն է եղած` ունենալ  անկախ պետականութիւն եւ սեփական բանակ` երաշխաւորելու հայ ազգի գոյատեւումը:

Արդ, մեր մտածումի կիզակէտին միշտ եղած է հրամանատարներու թողած ժառանգն ու անոնց տիպար յատկութիւնը լոյսին բերել, որովհետեւ անոնք, իրենց թիկունքին ունենալով հայդուկներու սքանչելի փաղանգներ, ցոյց տուած են ռազմավարի բարձրագոյն հմտութիւն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ հայկական բանակը առաջնորդած են դէպի լուսաւոր յաղթանակ: Անոնք, շնորհիւ իրենց կամքին ու տոկունութեան, կրցած են ապահովել հայրենիքի սահմաններուն եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը:

Իրօք, այդ յաղթանակներն են, որ ապահովեցին Հայաստանի անկախութիւնը, Արցախի երեսունամեայ անկախ գոյութիւնը եւ ազգային արժանապատութիւնը:

Արդարեւ, յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ Հայաստանի վերանկախացումէն եւ Արցախի ազատագրական պայքարի բռնկումէն ետք, եթէ երբեք գոյութիւն չունենային վաստակաւոր հայ սպաներ եւ զինուորներ (Խորհրդային բանակին ծառայած), արդեօք հայութիւնը պիտի կարենա՞ր յաղթանակներ ապահովել եւ հայկական բանակի կազմաւորման գործընթացը հեզասահօրէն շարունակել:

Միւս կողմէ, արդար է արձանագրել, որ արցախեան ազատամարտի թէ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին  ֆետայական ջոկատներու ծոցէն ծնունդ առին երիտասարդ հրամանատարներ, որոնք, շնորհիւ իրենց յանդուգն ու խիզախ նկարագիրին, հայրենապաշտի կազմաւորումին յաջողեցան անհաւասար մարտեր մղել թուրք-ազերի հորդաներու դէմ եւ ուժգնօրէն հարուածել թշնամին:

Աւելի՛ն. եղան նաեւ հրամանատարներ, որոնք ծնած էին հայրենիքէ հեռու, ապրած ու հասակ առած էին սփիւռքի մէջ, այդուհանդերձ, երբ ազգային ազատագրական պայքարի կանչը լսելի դարձաւ անոնց սրտին ու մտքին, անոնք առանց վարանելու լքեցին հանգիստ ու խաղաղ կեանքը, հասան հայրենիք ու նետուեցան ռազմի դաշտ:

Այո՛, հրաշալի տղաներ էին, որոնք ցոյց տուին ամէնէն նուիրական յատկութիւն, որակ ու արժանիք, մարտական ոգի ու թուրքին դէմ մարտնչելու պատրաստակամութիւն:

Անոնք հայրենի լեռներուն ու քաղաքներուն ծանօթացած էին հայ վարժարաններու մէջ, Հայոց պատմութեան գիրքերէն, սնած ու դաստիարակուած էին հայ ազատագրական շարժման հերոսներու շունչով, եւ ահա, երբ հայրենիքը պաշտպանելու ժամը հնչած էր, ոգի ի բռին նետուած էին պատերազմի դաշտ` յանուն հայ ժողովուրդի փրկութեան:

Այս տղաքը, հազարաւոր կռուողներու շարքին, մարտնչեցան, զարկին ու զարնուեցան եւ շատ շատերու նման արժանացան նահատակութեան փառապսակին:

Փաստօրէն, հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած անկրկնելի հրամանատարները իրենց զինուորներուն կողքին մարմնաւորեցին հայ զինուորին կերպարը, որ կռուիլ ու յաղթել գիտէ, եւ ի գին մեծ զոհողութեան` հայրենիքի ու պետականութեան հզօրացման անփոխարինելի երաշխիքը կը հանդիսանայ:

Այդուհանդերձ, հայկական բանակը ապրեցաւ տագնապներ, գտնուեցաւ դժուարին պայմաններու մէջ, ունեցաւ ընկրկումի պահեր, աւելի՛ն. շփոթի եւ խուճապի օրեր տեսաւ, պարզապէս որովհետեւ երեսուն տարիներու ընթացքին առաւելագոյն չափով քայլ չպահեց կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգացման հետ, ռազմական արհեստագիտութիւնն ու նոր զէնքերու ապահովումը մնացին լոկ խօսքեր ու խոստումներ, իսկ հայ զինուորին թիկունք կանգնելու եւ փտածութեան ու կաշառքի դէմ պայքարելու կոչերը մնացին ձայն բարբարոյ յանապատի:

Հայկական բանակի առաւելագոյն չափով սպառազինումն ու որակը բարձրացնելու ճիգերը խօսքի սահմանին մէջ տատանեցան, ոչ մէկ արդիւնքի յանգեցան:

Մինչ ազերիական բանակը տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատէր (1994-էն ի վեր) զինուիլ ու արդիականացնել իր զինուժը, պատրաստուելու համար մեծ պատերազմին (2020), անդին հայ կեանքի մէջ կը շարունակուէր իրար յօշոտելու գործընթացը:

Ճիշդ է, որ Ազրպէյճան օգտագործեց իր նաւթը եւ սպառազինեց սեփական բանակը` իր թիկունքին ունենալով Թուրքիոյ բացայայտ օժանդակութիւնը, միւս կողմէ, սակայն, մենք ի՞նչ ըրինք պատրաստուելու սպասուած պատերազմին: Հայկական պետական կարգն ու սարքը զբաղեցաւ թալանով եւ ներքին կեանքի հրահրումներով, այլապէս հասնելով այն օրուան, երբ թշնամի մութ թէ բացայայտ ուժեր համարձակեցան իրականացնել իրենց հակահայ ու դաւադիր ծրագիրները:

Ու այդ մեծագոյն դաւադրութիւնը եղաւ Արցախի կորուստն ու արցախահայութեան տեղահանումը:

Պատճա՞ռը, այսպէս ըսած, ինքնագոհութիւնն ու թշնամիին ուժը ստորագնահատելու հայկական հիւանդութիւնն էր, ինքնախաբէութիւնը կլանած էր մեզ ամբողջ երեսուն տարի:

Աւելի՛ն. երեք տասնամեակ հայ պետականութեան գլխին նստած ներկայացուցիչները զբաղած էին առեւտուրի ու թալանի գործառոյթներով, դիմահանդէսներ սարքելով եւ տժգոյն ժպիտներ բաշխելով աստի-անտի:

Անոնք` հայ պետական այրերը, փոխանակ աչալուրջ հսկողութեամբ եւ խորապէս հետեւելու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու, փոփոխուող դաշնակիցներու եւ շահերու ստեղծուած կացութեան, քարոզաբոյր ու սին խօսքեր կը հրամցնէին շուրջբոլոր:

Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական պատկերը փոփոխութիւն կրեց, Արցախի հողին վրայ թափուած հայ ազատամարտիկներու սուրբ արիւնը տակաւ մոռացութեան տրուեցաւ: Ազերի բանակը Հայաստանի կարգ մը սահմաններուն վրայ կը սպառնայ ու կը յոխորտայ, աննախատեսելի իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ, պատրաստուիլ է պէտք:

Միւս կողմէ, ներկայ օրերու դալուկ միտքեր կը փորձեն հաւատալ թուրքի խոստումին ու հայասիրութեան, այսպէս ըսած` բարիդրացնութեան: Ապրինք ու տեսնենք:

Հայկական բանակի օրը հայ իրականութեան ամէնէն սուրբ տօներէն մէկը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հայ ռազմական միտքն ու մարտական բազուկը ապացուցած է այս բիւրեղ ճշմարտութիւնը:

Փաստօրէն, հայ հրամանատարի կերպարն ու սպայակոյտի յանձնառու կեցուածքը եղած են լուսաշող զրահ, որով հայկական բանակին անդամագրուած տղաքն ու աղջիկները պատուով պէտք է կրեն զանոնք եւ պատերազմի դաշտին վրայ արժեւորեն իրենց ստացած ուսադիր աստղերը:

Հայկական բանակը արդի զէնքերով եւ ռազմական ունակութեամբ օժտելը աւելի քան հրամայական պահանջ է, որպէսզի տակաւ ռազմականացուող աշխարհին մէջ ան կարենայ պահել ու պահպանել Հայաստանը:

Յայտնապէս, վաստակաւոր եւ արժանահաւատ հայ սպաներու այցելութիւնը սփիւռքի օճախներ, բարոյահոգեբանական մղիչ ազդակ կրնայ ըլլալ նորահաս սերունդին, աւելի՛ն. կրնայ խթանել եւ ներշնչել բոլոր անոնք, որոնք կ՛երազեն ծառայել հայ մարտական ուժին:

Տօնդ շնորհաւ՛որ, հայկական բանակ:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Քրիստափորեան Փիլիսոփայութիւնը (2). Երկաթեայ Իրապաշտութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.