Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Իմամօղլուն Առաջադրեց Թուրքիոյ Նախագահի Թեկնածու

March 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն կը պահանջէ` արտակարգ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ մրցիլ Պոլսոյ կալանաւորուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հետ:

Կիրակի օր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամները յաջորդ նախագահական ընտրութեան մէջ կուսակցութեան թեկնածու ընտրած են Իմամօղլուն:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել կիրակի օր հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է, որ նախնական ընտրութեան մէջ Պոլսոյ պաշտօնազրկուած քաղաքապետին օգտին քուէարկած է շուրջ 15 միլիոն մարդ:

Իմամօղլուն ալ այս առնչութեամբ «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Կ՛ուզեմ Սիլիվրիի բանտէն ձեզի հետ կիսել զիս շատ ուրախացնող նորութիւն` տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք կը տառապին իշխանութեան ճնշումներէն, քայքայուած տնտեսութենէն, անկարողութենէն ու ապօրինութիւններէն, քուէարկած են եւ Էրտողանին ըսած` «բաւական է»:

Ընդդիմադիր քաղաքապետը ձերբակալուած է 19 մարտին, փտածութեան եւ ահաբեկիչներու հետ համագործակցելու մեղադրանքներով: Անոր կալանաւորումէն ետք երկրի մեծ քաղաքներուն մէջ սկսան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին աւելի քան 300 ցուցարարներ ձերբակալուեցան:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Թուրքիոյ մէջ Պոլսոյ քաղաքապետին ու այլ անձնաւորութիւններու բանտ դրուիլը»` նշելով, որ այդ քայլը «ժողովրդավարութեան նկատմամբ վտանգաւոր ոտնձգութիւն է», ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, որ Թուրքիան պէտք է յարգէ ընդդիմութեան ընտրուած ներկայացուցիչներու իրաւունքները:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փասքալ Քոնֆարօ շեշտեց. «Այդ յանձնառութիւններու յարգումը մեր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ հիմնական տարր է»:

Ան նշեց, որ Թուրքիան` իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու, «ազատօրէն որդեգրեց այդ առնչութեամբ յանձնառութիւնները»:

Նախորդը

Օրթէյկըս. «Իսրայէլի Կողքին Պիտի Կանգնինք, Ըլլայ Այդ Համասը, Հըզպալլան Կամ Հուսիները Քանդելու Ջանքերուն Մէջ»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Դեսպան. «Սիւնիքը Հայաստանի Անբաժան Մասն Է, Անոր Բնակիչները Իրաւունքը Ունին Խաղաղ, Առանց Մտահոգութեան Եւ Սպառնալիքներու Ապրելու»

RelatedPosts

Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.